Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն»

«Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն»

«Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ. . . չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն» (Բ. ԹԵՍ. 2։1, 2

1, 2. Խաբէութիւնը ինչո՞ւ ա՛յսքան համատարած է, եւ անոր մէկ տեսակը ի՞նչ է (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԱՅՍ աշխարհին մէջ, ստութիւնն ու խաբէութիւնը շատ սովորական բան դարձած են։ Ասիկա պէտք չէ մեզ զարմացնէ։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ Բանսարկու Սատանան հմուտ խաբեբայ մըն է եւ աշխարհի իշխանն է (Ա. Տիմ. 2։14. Ա. Յովհ. 5։19)։ Մինչ այս աշխարհին վախճանին կը հասնինք, Սատանայի բարկութիւնը կը սաստկանայ, քանի որ միայն «քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտ. 12։12)։ Ուստի կրնանք ակնկալել, որ Բանսարկուէն ազդուողները հետզհետէ աւելի անպարկեշտ պիտի դառնան ու մասնաւորաբար պիտի ջանան խաբել Եհովային ծառայողները։

2 Երբեմն լրատուամիջոցները Եհովայի ծառաներուն եւ անոնց հաւատալիքներուն մասին մոլորեցուցիչ խօսքեր ու բացայայտ սուտեր կ’ըսեն։ Լրագիրներու գլխաւոր լուրերը, հեռատեսիլի վաւերագրական յայտագիրները եւ համացանցի կայքէջեր կը գործածուին սուտեր տարածելու։ Ոմանք կը նեղանան եւ նոյնիսկ կը բարկանան, երբ առանց իրողութիւնները քննելու՝ այսպիսի սուտերու հաւատան։

3. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ խաբէութեան զոհը չերթանք։

3 Թշնամիին այս ռազմավարութեան դէմ դնելու համար, երախտապարտ ենք որ ունինք Աստուծոյ Խօսքը, որ ‘օգտակար է շտկելու համար’ (Բ. Տիմ. 3։16)։ Պօղոս առաքեալի գրութիւններէն ի յայտ կու գայ, թէ առաջին դարու Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներէն ոմանք սուտերու ականջ տալով՝ մոլորեցան։ Պօղոս զանոնք յորդորեց. «Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն» (Բ. Թես. 2։1, 2)։ Պօղոսի այդ սիրալիր յորդորէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք կիրարկել։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՅԱՐՄԱՐ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4. Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները «Տէրոջը օր»ուան մասին ի՞նչ ազդարարութիւն ստացան, եւ ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։

4 Թեսաղոնիկէի ժողովքին յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս ուշադրութիւն հրաւիրեց «Տէրոջը օր»ուան վրայ։ Ան չուզեց որ իր եղբայրները խաւարի մէջ կամ անպատրաստ վիճակի մէջ ըլլան։ Փոխարէն, զանոնք որպէս «լուսոյ որդիներ» յորդորեց, որ «արթուն ու զգաստ ըլլան» (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6Ներկայիս, կը սպասենք Մեծ Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ կործանման։ Ասիկա Եհովայի մեծ օրուան սկիզբը պիտի նշէ։ Երախտապարտ ենք որ Եհովայի նպատակին իրագործման մասին մեր հասկացողութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ։ Նաեւ, ժողովքին միջոցաւ կանոնաւորաբար ժամանակայարմար յիշեցումներ կը ստանանք, որպէսզի զգաստ մնանք։ Այս կրկնակի ազդարարութիւնները նկատի առնելը կրնայ զօրացնել մեր վճռականութիւնը, որ մեր բանականութեամբ Աստուծոյ սուրբ ծառայութիւն մատուցանենք (Հռով. 12։1

Պօղոսի նամակները ժամանակայարմար ազդարարութիւններ տուին քրիստոնեաներուն (Տե՛ս պարբերութիւն 4, 5)

5, 6. ա) Թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս ի՞նչ բանի մասին գրեց։ բ) Աստուած Յիսուսի միջոցաւ շուտով ի՞նչ պիտի ընէ, եւ մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

5 Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն իր առաջին նամակը ղրկելէ քիչ ետք, Պօղոս երկրորդ նամակ մըն ալ գրեց։ Անոր մէջ, անոնց ուշադրութեան յանձնեց գալիք նեղութիւնը, երբ Տէր Յիսուս աստուածային դատաստան ի գործ պիտի դնէր անոնց վրայ, «որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր» (Բ. Թես. 1։6-8)։ Երկրորդ գլուխը կը յայտնէ, թէ ժողովքին մէջ ոմանք խռովեցան եւ վախցան, երբ լսեցին թէ Եհովային օրը մօտալուտ է,– կարծես արդէն հասած է (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։1, 2Այդ նախկին քրիստոնեաները միայն սահմանափակ հասկացողութիւն ունէին Եհովային նպատակին իրագործման մասին։ Պօղոս այս մէկը խոստովանեցաւ, երբ մարգարէութեան առնչութեամբ ըսաւ. «Շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի» (Ա. Կոր. 13։9, 10)։ Սակայն Պօղոսի, Պետրոս առաքեալի եւ հաւատարիմ ա՛յլ օծեալներու գրած ներշնչեալ զգուշացումները կրնային զիրենք զինել, որ իրենց հաւատքը պահպանեն։

6 Անոնց մտածմունքը ճշդելու համար, Պօղոս ներշնչման ներքեւ գրեց, թէ Եհովային օրը գալէն առաջ, մեծ հաւատուրացութիւն պիտի ըլլար եւ «անօրէնութեան մարդը» պիտի յայտնուէր *։ Անկէ ետք, իր յարմար ժամանակին, Տէր Յիսուսը «պիտի կորսնցնէ[ր]» բոլոր անոնք՝ որոնք խաբուած էին։ Առաքեալը բացատրեց, թէ այս դատաստանը անոնց վրայ պիտի գար, քանի որ «անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին» (Բ. Թես. 2։3, 8-10)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ճշմարտութիւնը որքա՞ն կը սիրեմ։ Կ’ուսումնասիրե՞մ այս պարբերաթերթը եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հայթայթուած միւս հրատարակութիւնները, որպէսզի Աստուածաշունչի ուսուցումներու հասկացողութիւնս այժմէական պահեմ’։

ԸՆԿԵՐԱԿԻՑՆԵՐԴ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԸՆՏՐԷ

7, 8. ա) Նախկին քրիստոնեաները ի՞նչ կարգ մը վտանգներ դիմագրաւեցին։ բ) Ներկայիս ի՞նչ բան մասնայատուկ վտանգ է ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար։

7 Քրիստոնեաներուն համար, հաւատուրացներուն ուսուցումները միակ վտանգները չեն։ Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է»։ Առաքեալը նշեց, թէ «մէկ քանիները [արծաթսիրութեան] անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին» (Ա. Տիմ. 6։10)։ «Մարմնին գործերը» ե՛ւս վտանգներ կը ներկայացնեն (Գաղ. 5։19-21

8 Պօղոս շեշտակի կերպով թեսաղոնիկեցիները «սուտ առաքեալներ»է զգուշացուց։ Անոնց մէջ կային մարդիկ, որոնք ‘ծուռ բաներ կը խօսէին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար’ (Բ. Կոր. 11։4, 13. Գործք 20։30)։ Յիսուս յետագային Եփեսոսի ժողովքը գովեց, քանի որ չկրցան ‘չարերուն տանիլ’, եւ ըսաւ. «Փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են» (Յայտ. 2։2)։ Հետաքրքրական է որ թեսաղոնիկեցիներուն յղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս սա յորդորը տուաւ. «Ձեզի կը պատուիրենք, եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ ե՛տ քաշուիք ամէն եղբօրմէ, որ անկարգութեամբ կը վարուի»։ Ապա յատկապէս նշեց քրիստոնեաներ, որոնք ‘չեն ուզեր գործել’ (Բ. Թես. 3։6, 10)։ Ուստի, եթէ ծոյլ անհատէ մը խուսափիլը կարեւոր էր, որքա՜ն աւելի անհրաժեշտ էր խուսափիլ անհատէ մը, որ սկսած էր հաւատուրացի պէս վարուիլ։ Այսպիսիներու հետ ընկերակցիլը շա՛տ վտանգաւոր էր։ Պարագան նոյնն է ներկայիս (Առ. 13։20

9. Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք, եթէ մէկը սկսի իր ենթադրութիւնները ներկայացնել կամ քննադատական խօսքեր ըսել։

9 Մեծ նեղութեան եւ այս չար աշխարհի վախճանին կը մօտենանք, ուստի առաջին դարուն տրուած այդ ներշնչեալ զգուշացումները աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան։ Վստահաբար չենք ուզեր ‘Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած ըլլալ’ եւ կորսնցնել յաւիտեան ապրելու հեռանկարը,– ըլլայ անիկա երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ (Բ. Կոր. 6։1)։ Եթէ ժողովի ներկայ գտնուող անհատներէն մէկը փորձէ մեզ մղել որ անձնական ենթադրութիւններ ընենք կամ քննադատական խօսակցութիւններ ունենանք, պէտք է շատ զգոյշ ըլլանք (Բ. Թես. 3։13-15

«ՊԻ՛ՆԴ ԲՌՆԵՑԷՔ. . . ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»

10. Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն յորդոր տրուեցաւ, որ պահեն ո՞ր աւանդութիւնները։

10 Պօղոս Թեսաղոնիկէի եղբայրները յորդորեց, որ ‘հաստատ կենան’ եւ իրենց սորվածներուն կառչին (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։14Անոնք ի՞նչ «աւանդութիւններ» սորված էին։ Վստահաբար ոչ թէ սուտ կրօնքի աւանդութիւնները, այլ՝ Յիսուսի ուսուցումները եւ ինչ որ ներշնչման ներքեւ Պօղոս եւ ուրիշներ գրած էին։ Պօղոս Կորնթոսի եղբայրները գովեց, քանի որ ‘ամէն բանի մէջ զինք կը յիշէին ու պատուէրները կը պահէին՝ ինչպէս ինք իրենց աւանդած էր’ (Ա. Կոր. 11։2)։ Այս ուսուցումները վստահելի աղբիւրէ եկած էին։

11. Երբ կը խաբուին, ոմանք ի՞նչ կերպերով կ’ազդուին։

11 Երբ եբրայեցիներուն կը գրէր, Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց թէ քրիստոնեայ մը կրնայ երկու կերպերով իր հաւատքը կորսնցնել եւ հաստատուն չկայնիլ (կարդա՛ Եբրայեցիս 2։1. 3։12Ան խօսեցաւ ‘պակսելու’ կամ ‘քշուելու’ (ՆԱ) մասին, ինչպէս նաեւ ‘ապստամբելու’ կամ ‘հեռանալու’ (ԱԾ) մասին։ Լուսաբանենք. դժուար է նշմարել թէ ինչպէ՛ս ձկնորսի մը նաւակը կը սկսի կամաց–կամաց ծովափէն հեռու քշուիլ, բայց ի վերջոյ անիկա շատ հեռացած կ’ըլլայ։ Միւս կողմէ, ձկնորսը ի՛նք կրնայ որոշել նաւակը ծովեզերքէն հեռացնել։ Երկու օրինակներն ալ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ եթէ անհատ մը թոյլ տայ որ խաբուի կամ ճշմարտութեան հանդէպ իր վստահութիւնը խախտի։

12. Ո՞ր արդի հետապնդումները կրնան մեր հոգեւորութեան վնասել։

12 Թեսաղոնիկեցիներէն ոմանք այդ կերպերով խաբուած ըլլալու էին։ Նոյնը կրնա՞յ պատահիլ այսօր։ Ժամանակ վատնող հետապնդումները շա՛տ են։ Պահ մը մտածէ թէ որքա՜ն ժամանակ կ’անցնի, մինչ ընկերային ցանցերու միջոցաւ մարդոց հետ կապ կը պահենք, ելեկտրոնային նամակներ կը կարդանք ու կը պատասխանենք, անյագօրէն մեր սիրած զբաղումներով կը տարուինք կամ շարունակ մարզական խաղերու կը հետեւինք։ Այս գործունէութիւններէն իւրաքանչիւրը կրնայ քրիստոնեայի մը կեդրոնացումը շեղեցնել եւ նախանձախնդրութիւնը տկարացնել։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Սրտագին աղօթքը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը, ժողովներու ներկայ գտնուիլը եւ բարի լուրի քարոզչութիւնը կրնան վնասուիլ։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի չխախտինք մեր մտքէն։

ԽԱԽՏՈՒԵԼՈՒ ԴԷՄ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻԼ

13. Ինչպէս կանխագուշակուած էր, ներկայիս շատեր ինչպիսի՞ կեցուածք ունին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը պաշտպանել։

13 Պէտք է յիշենք թէ Սատանայի աշխարհին վախճանը մօտ է եւ թէ վտանգաւոր է ընկերակցիլ անհատներու հետ, որոնք չեն ընդունիր թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Պետրոս առաքեալ մեր ժամանակներուն մասին գրեց. «Ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’» (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Աստուծոյ Խօսքին առօրեայ ընթերցանութիւնն ու կանոնաւոր ուսումնասիրութիւնը մեզի պիտի օգնեն, որ կեդրոնանանք թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր ենք, այսինքն՝ երբեք չմոռնանք թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ ենք։ Կանխագուշակուած հաւատուրացութիւնը շատոնց մէջտեղ եկաւ եւ կը շարունակէ մինչեւ օրս։ «Անօրէնութեան մարդը» տակաւին գոյութիւն ունի եւ Աստուծոյ ծառաներուն կը հակառակի։ Այս բոլոր պատճառներուն համար, միշտ ի մտի ունենանք թէ Եհովայի օրը մօտ է (Սոփ. 1։7

Լաւ պատրաստութիւնը եւ ծառայութեան մէջ բաժին բերելը կրնան մեզի օգնել որ չխախտինք մեր մտքէն (Տե՛ս պարբերութիւն 14, 15)

14. Աստուծոյ ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը ինչպէ՞ս պաշտպանութիւն է։

14 Բարի լուրը կանոնաւորաբար քարոզելը կ’օգնէ որ չխախտինք մեր մտքէն։ Ուստի, Քրիստոս Յիսուսի պատուէրը իր հետեւորդներուն, որ բոլոր ազգերէ մարդիկ աշակերտեն եւ անոնց սորվեցնեն իր ուսուցումներուն հնազանդիլ, զիրենք պաշտպանող խրատ մըն էր (Մատ. 28։19, 20)։ Այս պատուէրին հնազանդիլը կը պահանջէ որ քարոզչութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլանք։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ Թեսաղոնիկէի եղբայրները անհոգութեամբ կը քարոզէին ու կ’ուսուցանէին, պարզապէս զայն պարտականութիւն սեպելով։ Յիշէ անոնց ուղղուած Պօղոսի խօսքերը. «Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։ Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք» (Ա. Թես. 5։19, 20)։ Մեր ուսումնասիրած ու մարդոց հետ բաժնած մարգարէութիւնները ի՛րապէս հոյակապ են։

15. Ի՞նչ օգտակար բաներ կրնանք ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին նկատի առնել։

15 Անշուշտ բոլորս կ’ուզենք մեր ընտանիքներուն օգնել, որ բարի լուրի աւելի՛ որակեալ քարոզիչներ ըլլան։ Այս գծով, բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց ընտանեկան պաշտամունքի մէկ մասը կը գործածեն ծառայութեան մարզուելու։ Թերեւս կրնաս զայն գործածել որ ընտանիքի անդամները իրենց վերայցելութիւններուն համար նախապատրաստուին։ Վերայցելութեան ընթացքին ի՞նչ բանի մասին խօսիլ։ Ո՞ր նիւթերը կրնան տանտէրերու հետաքրքրութիւնը ա՛լ աւելի շարժել։ Ե՞րբ մեծապէս յարմար է վերայցելել։ Շատեր նաեւ ընտանեկան պաշտամունքին մէկ մասը կը տրամադրեն ժողովներուն նիւթերը նկատի առնելու։ Ընտանեօք կրնա՞ք մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու պատրաստուիլ։ Ժողովներուն մասնակցելով՝ ձեր հաւատքը պիտի զօրանայ, ինչ որ ձեզի պիտի օգնէ որ չխախտիք ձեր մտքէն (Սաղ. 35։18)։ Արդարեւ, ընտանեկան պաշտամունքը մեզ պիտի պաշտպանէ ենթադրութիւններէ եւ կասկածներէ։

16. Ի՞նչը կը մղէ օծեալները որ չխախտին իրենց մտքէն։

16 Տարիներու ընթացքին, Եհովան իր ժողովուրդը օրհնած է Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու յաւելեալ հասկացողութեամբ։ Ասիկա մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ապագային հոյակապ վարձատրութիւն պիտի ունենանք։ Օծեալները անձկագին կը սպասեն որ Քրիստոսի հետ ըլլան երկինքը։ Վստահաբար այս յոյսը զիրենք կը մղէ, որ չխախտին իրենց մտքէն։ Ինչ որ Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն գրեց, ներկայիս կը կիրարկուի օծեալներուն. ‘Մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած ձեզ ընտրեց Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը’ (Բ. Թես. 2։12

17. Ի՞նչ քաջալերութիւն կը գտնես Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-5–ի մէջ։

17 Եւ անոնք՝ որոնք անձկագին կը սպասեն երկրագունդի վրայ յաւիտեան ապրելու, նմանապէս պէտք է ջանան չխախտիլ իրենց մտքէն։ Եթէ երկրային յոյս ունիս, լուրջի առ այն քաջալերութիւնը որ Պօղոս Թեսաղոնիկէի օծեալներուն տուաւ (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-5Իւրաքանչիւրս պէտք է խորապէս գնահատենք այդ խօսքերը։ Արդարեւ, թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած նամակները կարեւոր զգուշացումներ կու տան ենթադրութիւններու կամ հարցական գաղափարներու մասին։ Քանի որ վախճանին մօտ ենք, շատ երախտապարտ ենք այս զգուշացումներուն համար։

^ պարբ. 6 Ինչպէս որ կը կարդանք Գործք 20։29, 30–ի մէջ, Պօղոս նշեց թէ քրիստոնէական ժողովքին մէջէն «այնպիսի՛ մարդիկ պիտի [ելլէին], որոնք ծուռ բաներ պիտի [խօսէին]՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ Ժամանակի ընթացքին, մէջտեղ եկան կղերականութիւնը եւ աշխարհական դասը։ Ք.Ե. երրորդ դարուն, արդէն յստակ էր որ քրիստոնէական աշխարհի կղերները որպէս խումբ կը կազմէին «անօրէնութեան մարդը» (տե՛ս Դիտարան–ի 1 փետրուար 1990 թիւը, էջ 10-14, անգլերէնով)։