Անձնուրաց ծառայողներ. Արեւմտեան Ափրիկէ
Մինչ Բասքալ Փղոսկրեայ Ափունքի մէկ աղքատ շրջանին մէջ կը մեծնար, շատ փափաքեցաւ աւելի լաւ կեանք ունենալ։ Կռփամարտութիւնը սիրող ըլլալով՝ ան մտածեց. ‘Ո՞ւր կրնամ մարզական աստղ դառնալու եւ հարստանալու պատեհութիւն գտնել’։ Շուրջ 25 տարեկանին, ան եզրակացուց թէ Եւրոպան այդ դուռը իր առջեւ պիտի բանար։ Բայց ճամբորդութեան հարկ եղած օրինաւոր թուղթերը չունենալով, ան անօրէն կերպով Եւրոպա պիտի մտնէր։
1998–ին, 27 տարեկանին, Բասքալ իր ճամբորդութիւնը սկսաւ։ Նախ մտաւ Կանա, ապա Թօկօ եւ Պենին, եւ ի վերջոյ հասաւ Նիկէրի Պիրնի Նքոննի քաղաքը։ Այժմ ճամբորդութեան վտանգաւոր մասը սկսելու վրայ էր։ Դէպի հիւսիս ճամբորդելու համար, ան պէտք էր բեռնակառքերու միջոցաւ ձրիաբար փոխադրուելով Սահարա անապատը կտրէր։ Ապա, Միջերկրական ծովը հասնելով՝ ան նաւով մը պիտի անցնէր Եւրոպա։ Բասքալ այսպէս ծրագրած էր. բայց Նիկէրի մէջ երկու բան պատճառ եղան որ իր միտքը փոխէ։
Առաջին, ան ա՛լ դրամ չունէր։ Երկրորդ, ան ծանօթացաւ Նոյէ անունով ռահվիրայի մը, որ սկսաւ իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Բասքալ իր սորվածներէն խորապէս ազդուեցաւ եւ կեանքի հանդէպ իր տեսակէտը փոխեց։ Անոր նիւթական նպատակակէտերը փոխարինուեցան հոգեւոր հետաքրքրութիւններով։ Դեկտեմբեր 1999–ին, Բասքալ մկրտուեցաւ։ Իր երախտապարտութիւնը ցոյց տալու համար, ան 2001–ին սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել Նիկէրի այն նոյն քաղաքին մէջ, ուր ճշմարտութիւնը լսած էր։ Ան ինչպէ՞ս կը զգայ իր ծառայութեան հանդէպ։ «Լաւագո՛յն կենցաղակերպը ունիմ», կ’ըսէ ան։
ԱՓՐԻԿԷԻ ՄԷՋ ԳՈՀՈՒՆԱԿ ԿԵԱՆՔ
Բասքալի նման, շատեր նկատած են որ աւելի՛ գոհունակ կեանք կը վարեն, երբ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեն։ Այսպիսի նպատակակէտեր հետապնդելու համար, ոմանք Եւրոպայէն Ափրիկէ փոխադրուած են, որպէսզի ծառայեն հոն՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Իրականութեան մէջ, Եւրոպայէն շուրջ 65 Վկաներ,– 17–էն 70 տարեկան,– փոխադրուեցան Արեւմտեան Ափրիկէի կարգ մը երկիրներ, ինչպէս՝ Թօկօ, Նիկէր, Պենին եւ Պուրգինա Ֆասօ *։ Ի՞նչ բան զիրենք քաջալերեց որ այս հսկայ քայլը առնեն եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
Էն–Ռաքէլ, որ Դանիայէն է, կը պատմէ. «Ծնողքս որպէս միսիոնարներ ծառայեցին Սենեկալի մէջ։ Անոնք միշտ խանդավառութեամբ կը խօսէին միսիոնարական կեանքին մասին, ուստի ուզեցի որ ես ալ այդ կենցաղակերպը ունենամ»։ Շուրջ 15 տարի առաջ, երբ Էն–Ռաքէլ իր 20–ական տարիքին մէջ էր, փոխադրուեցաւ Թօկօ, ուր նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը մէջ կը
ծառայէ։ Իր փոխադրութիւնը ինչպէ՞ս ուրիշները քաջալերեց։ Ան կ’ըսէ. «Յետագային իմ կրտսեր քոյրս եւ եղբայրս իրենք ալ Թօկօ եկան»։Օրէլ անունով 70 տարեկան ֆրանսացի ամուսնացած եղբայր մը կը պատմէ. «Հինգ տարի առաջ, երբ թոշակառու եղայ, ընտրութեան մը առջեւ գտնուեցայ. կա՛մ Ֆրանսայի մէջ հանդարտ կեանք մը վարելով Դրախտին սպասել եւ կամ ծառայութիւնս ընդարձակելու քայլեր առնել»։ Օրէլ վերջինը նախընտրեց։ Շուրջ երեք տարի առաջ, ան եւ իր կինը՝ Ալպէր–Ֆէյեթ, փոխադրուեցան Պենին։ Օրէլ կ’ըսէ. «Հոս Եհովային ծառայելը ցարդ մեր ըրած լաւագոյն բանն էր»։ Ան ժպտելով կը պատմէ. «Մեր ծովեզերեայ թաղամասին կարգ մը մասերը մեզի Դրախտը կը յիշեցնեն»։
Գլոտոմիր եւ իր կինը՝ Լիսիան, 16 տարի առաջ Ֆրանսայէն Պենին փոխադրուեցան։ Սկիզբը, անոնք իրենց ընտանիքն ու բարեկամները շատ կարօտցան եւ վախցան որ չկարենան նոր կենցաղակերպին յարմարիլ։ Բայց անոնց վախը շուտով փարատեցաւ, քանի որ շատ ուրախութիւն գտան։ Գլոտոմիր կ’ըսէ. «Այս 16 տարիներուն ընթացքին, առանձնաշնորհում ունեցանք միջին հաշիւով ամէն տարի մէկ անհատի օգնելու, որպէսզի ճշմարտութիւնը ընդունի»։
Սեպասդեանը եւ Ժոաննան, Ֆրանսայէն ամուսնացած զոյգ մը, 2010–ին Պենին փոխադրուեցան։ Սեպասդեան կը պատմէ. «Ժողովքին մէջ ընելիք շատ բան կայ։ Հոս ծառայելով կարծես արագօրէն ընթացող աստուածպետական մարզումի դասընթացք կ’առնենք»։ Իսկ դաշտի ծառայութեան մէջ, մարդիկ ինչպէ՞ս կը հակազդեն։ Ժոաննա կ’ըսէ. «Մարդիկ ճշմարտութեան ծարաւ են։ Նոյնիսկ երբ չենք քարոզեր, մարդիկ ճամբան մեզ կը կեցնեն, որպէսզի աստուածաշնչական հարցումներ ուղղեն կամ մեր հրատարակութիւնները առնեն»։ Փոխադրուիլը ինչպէ՞ս իրենց ամուսնութեան ազդած է։ Սեպասդեան կը նշէ. «Անիկա մեր ամուսնութիւնը ամրացուցած է։ Կնոջս հետ ամբողջ օրը ծառայելը հաճոյք է»։
Էրիք եւ իր կինը Քաթի ռահվիրայութիւն կ’ընեն Պենինի հիւսիսը, ուր քիչ բնակչութիւն կայ։ Շուրջ տասը տարի առաջ, մինչ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրէին, անոնք սկսան ուշադրութիւն ընծայել այն յօդուածներուն, որոնք կը խօսին քարոզչութեան մասին՝ ո՛ւր որ մեծ կարիք կայ, ինչպէս նաեւ սկսան լիաժամ ծառաներու հետ խօսակցիլ։ Ասիկա իրենց մէջ փափաք դրաւ որ արտասահման փոխադրուին,– ինչ որ ըրին 2005–ին։ Անոնք տպաւորիչ աճման ականատես եղած են։ Էրիք կ’ըսէ. «Երկու տարի առաջ, Թանկիէթա քաղաքին մէջ մեր խումբը 9 հրատարակիչ ունէր, հիմա ունինք՝ 30։ Կիրակի օրը, 50–էն 80 հոգի ժողովին ներկայ կը գտնուի։ Այս աճումը տեսնելով ի՜նչ անբաղդատելի ուրախութիւն կը զգանք»։
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ԲՆՈՐՈՇԵԼ ԵՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ
Փոխադրուողները ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են։ 33 տարեկան Պենիամին, Էն–Ռաքէլի եղբայրն է։ 2000–ին, Դանիայի մէջ ան խօսեցաւ միսիոնարի մը հետ, որ Թօկոյի մէջ կը ծառայէր։ Պենիամին կը վերյիշէ. «Երբ միսիոնարին ըսի, թէ կ’ուզեմ ռահվիրայ ըլլալ, ան ըսաւ. ‘Կրնաս Թօկոյի մէջ ռահվիրայութիւն ընել’»։ Պենիամին ասոր մասին մտածեց։ Ան կ’ըսէ. «Այդ ատեն նոյնիսկ 20 տարեկան չէի, բայց երկու մեծ քոյրերս արդէն Թօկոյի մէջ կը ծառայէին, ինչ որ փոխադրուիլս դիւրացուց»։ Բայց հոն յաւելեալ մարտահրաւէր մը կար։ Ան կը բացատրէ. «Բնաւ ֆրանսերէն չէի գիտեր։ Առաջին 6 ամիսները դժուար էին, քանի որ չէի կրնար հաղորդակցիլ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին, ան յառաջդիմեց, եւ այժմ կը ծառայէ Պենինի Բեթէլին մէջ, ուր ժողովքներուն հրատարակութիւններ կը յանձնէ եւ Համակարգիչի բաժանմունքին կ’օգնէ։
Վերոնշեալ Էրիքն ու Քաթին Ֆրանսայէն Պենին փոխադրուելէ առաջ, օտարախօս դաշտի մը մէջ ծառայեցին։ Արեւմտեան Ափրիկէն ինչպէ՞ս տարբեր էր։ Քաթին կ’ըսէ. «Յարմար բնակարան գտնելը դիւրին չէր։ Ամիսներ ապրեցանք տան մը մէջ, ուր ելեկտրականութիւն եւ ջուր չկային»։ Էրիք կ’աւելցնէ. «Մինչեւ ուշ գիշեր մօտակայքը բարձրաձայն երաժշտութիւն կը նուագուէր։ Այսպիսի բաներու նկատմամբ պէտք է համբերատար ըլլալ եւ յարմարելու պատրաստ ըլլալ»։ Երկուքը կը համաձայնին, թէ «նոր թաղամասերու մէջ ծառայելու ուրախութիւնը կը գերազանցէ որեւէ դժուարութիւն»։
Միշէլ եւ Մարի–Անյես, 50–ական տարիքին մէջ եղող ֆրանսացի զոյգ մը, շուրջ 5 տարի առաջ Պենին փոխադրուեցան։ Սկիզբը, անոնք մտահոգ էին։ Միշէլ կ’ըսէ, թէ ոմանք խորհեցան, թէ իրենց փոխադրուիլը վտանգաւոր քայլ մըն էր։ Ան կ’աւելցնէ. «Այսպիսի քայլ առնելը կրնայ վախցնել, եթէ չգիտնաս թէ Եհովան թիկունք կը կանգնի։ Ուստի փոխադրուեցանք Եհովային համար եւ Եհովային հետ»։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՊԱՏՐԱՍՏԵՍ
Փորձառու փոխադրուողները կը շեշտեն հետեւեալ կերպով նախապատրաստուելու կարեւորութիւնը. առաջուընէ ծրագրել, սորվիլ յարմարիլ, որոշ պիւտճէի կառչիլ եւ Եհովային ապաւինիլ (Ղուկ. 14։28-30)։
Վերոնշեալ Սեպասդեան կ’ըսէ. «Փոխադրուելէ առաջ, ես եւ Ժոաննան երկու տարուան համար դրամ խնայեցինք՝ ժամանցի ծախսերը նուազեցնելով եւ անհարկի ապրանքներ չգնելով»։ Որպէսզի շարունակեն արտասահման քարոզել, անոնք տարին քանի մը ամիս Եւրոպայի մէջ կ’աշխատին, իսկ մնացեալ ամիսները Պենինի մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընեն։
Մարի–Թերեզ փոխադրուող 20 ամուրի քոյրերէն է, որոնք Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ կը ծառայեն։ Ան Ֆրանսայի մէջ որպէս հանրակառքի վարորդ կ’աշխատէր, բայց 2006–ին արտօնութիւն առաւ որ մէկ տարի չաշխատի, որպէսզի Նիկէրի մէջ ռահվիրայութիւն ընէ։ Շատ չանցած, ան զգաց թէ իրապէս կ’ուզէր այսպիսի կեանք վարել։ Մարի–Թերեզ կը պատմէ. «Ֆրանսա վերադառնալէ ետք, գործատիրոջս հետ խօսեցայ թէ կ’ուզէի գործի յայտագիրս ճշդել, եւ ան համամիտ գտնուեցաւ։ Այժմ, մայիսէն օգոստոս Ֆրանսայի մէջ կ’աշխատիմ որպէս հանրակառքի վարորդ, իսկ սեպտեմբերէն ապրիլ Նիկէրի մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ»։
‘Թագաւորութիւնը առաջ խնդրողները’ կրնան վստահ ըլլալ որ մնացեալ բոլոր անհրաժեշտ «բաները» իրենց պիտի տրուին (Մատ. 6։33)։ Լուսաբանենք. նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ ֆրանսացի ամուրի քրոջ մը՝ Սաֆիրայի, որ իր 20–ական տարիքին մէջ է եւ որպէս ռահվիրայ կը ծառայէ Պենինի մէջ։ 2011–ին, ան Ֆրանսա վերադարձաւ աշխատելու համար, որպէսզի բաւարար գումար ձեռք ձգելով կարենայ յաւելեալ տարի մը (վեցերորդ) Ափրիկէի մէջ ռահվիրայութիւն ընել։ Սաֆիրա կը պատմէ. «Ուրբաթ օր էր, գործիս վերջին օրը, բայց տակաւին պէտք ունէի որ 10 օր ալ աշխատիմ, որպէսզի մէկ տարուան հարկ եղած գումարը ունենամ։ Ֆրանսայի մէջ կրնայի միայն երկու շաբաթ մնալ։ Ուստի, Եհովային աղօթեցի եւ պարագաս բացատրեցի։ Անկէ քիչ ետք, աշխատանքի գործակալութիւն մը ինծի հեռաձայնեց եւ հարցուց եթէ կրնայի միայն երկու շաբաթ մէկու մը տեղ աշխատիլ»։ Երկուշաբթի օր Սաֆիրան գնաց աշխատավայրը, որպէսզի փոխարինուող պաշտօնեան զինք մարզէր։ Ան կը պատմէ. «Ի՜նչ զարմացայ, երբ իմացայ թէ անիկա քոյր մըն էր, որ պէտք ունէր 10 օր արձակուրդ առնելու, որպէսզի Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը յաճախէր։ Տնօրէնը արձակուրդ պիտի տար միայն եթէ քոյրը փոխարինող մը գտնէր։ Ինծի պէս, ան ալ Եհովայի աղաչած էր որ միջամտէ»։
ԻՍԿԱԿԱՆ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ ՄԸ
Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր տարիներ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ ծառայած են եւ հոն հաստատուած են։ Ոմանք կրցած են քանի մը տարի ծառայել, ապա իրենց հայրենիքը վերադարձած են։ Բայց նոյնիսկ այսօր, այդ նախկին փոխադրուողները տակաւին իրենց արտասահման ծառայութենէն կ’օգտուին։ Անոնք սորված են թէ կեանքի մէջ իսկական գոհունակութիւնը Եհովային ծառայելէն կու գայ։
^ պարբ. 6 Պենինի մասնաճիւղը կը վերահսկէ քարոզչութեան վրայ այդ չորս ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ։