Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան 100 տարուան իշխանութիւնը ի՛նչ իրագործած է

Թագաւորութեան 100 տարուան իշխանութիւնը ի՛նչ իրագործած է

«Մեծ եւ սքանչելի են գործերդ, Եհո՛վա Աստուած. . . յաւիտենականութեան Թագաւոր» (ՅԱՅՏ. 15։3, ՆԱ

1, 2. ա) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Թագաւորութիւնը պիտի գայ։

Ք.Ե. 31–ի գարնան, Կափառնայումի մօտակայ լերան մը վրայ, Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատ. 6։10)։ Ներկայիս, շատեր Թագաւորութեան գալուն նկատմամբ կասկածներ ունին։ Բայց մենք վստահ ենք որ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար մեր մատուցած անկեղծ աղօթքները պիտի պատասխանուին։

2 Եհովան Թագաւորութիւնը պիտի գործածէ՝ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ իր ընտանիքը միացնելու համար։ Այս աստուածային նպատակը պիտի իրականանայ (Եսա. 55։10, 11)։ Իրականութեան մէջ, Եհովան արդէն մեր օրերուն Թագաւոր եղած է, ինչպէս կը փաստեն անցեալ 100 տարուան ոգեւորիչ դէպքերը։ Ան մեծ եւ սքանչելի գործեր կ’ընէ իր միլիոնաւոր հաւատարիմ հպատակներուն ի նպաստ (Զաք. 14։9. Յայտ. 15։3)։ Բայց Եհովային Թագաւոր ըլլալը եւ իր Թագաւորութեան գալը երկու տարբեր բաներ են։ Այս երկու դէպքերը ինչպէ՞ս կը տարբերին եւ ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԹԱԳԱԴՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԼԾՈՒԻ

3. ա) Յիսուս ե՞րբ թագադրուեցաւ եւ ո՞ւր։ բ) Ինչպէ՞ս կը փաստես թէ Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուեցաւ (տե՛ս ստորանիշը)։

3 19–րդ դարուն վերջաւորութեան սկսաւ լոյս սփռուիլ մարգարէութեան մը վրայ, որ 2500 տարի առաջ Դանիէլ արձանագրած էր. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի» (Դան. 2։44)։ Աստուածաշունչի Աշակերտները տասնամեակներ շարունակ ցոյց կու տային, թէ 1914–ը նշանակալից պիտի ըլլար։ Այդ օրերուն շատեր լաւատես էին։ Գրագէտ մը կը նշէ. «1914–ին, աշխարհս յոյսով եւ խոստումներով լեցուն էր»։ Բայց Ա. Աշխարհամարտը սկսելով, Աստուածաշունչի մարգարէութեան ճշգրիտ ըլլալը յայտնի եղաւ։ Սովերը, երկրաշարժները եւ համաճարակները, ինչպէս նաեւ ա՛յլ աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը վճռականօրէն ապացուցանեցին, թէ 1914–ին Յիսուս Քրիստոս երկնքի մէջ սկսած էր իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը *։ Իր Որդին թագադրելով որպէս Մեսիական Թագաւոր, Եհովան ա՛յլ առումով Թագաւոր եղաւ։

4. Նորաթագ Թագաւորը անմիջական ի՞նչ քայլ առաւ, եւ ապա իր ուշադրութիւնը որո՞նց դարձուց։

4 Աստուծոյ նորաթագ Թագաւորին առաջին առաքելութիւնն էր պատերազմիլ իր Հօր գլխաւոր Հակառակորդին՝ Սատանային դէմ։ Յիսուս եւ իր հրեշտակները երկնքէն վռնտեցին Բանսարկուն եւ անոր դեւերը։ Ասիկա մե՜ծ ուրախութիւն պատճառեց երկնքի մէջ, բայց երկրի վրայ աննախընթաց ողբերգութիւն բերաւ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9, 12)։ Ապա, Թագաւորը իր ուշադրութիւնը դարձուց իր երկրային հպատակներուն, որպէսզի զանոնք զտէ, կրթէ եւ կազմակերպէ՝ Աստուծոյ կամքը ընելու։ Նկատի առնենք թէ անոնց հնազանդութիւնը Յիսուսի առաջնորդութեան ինչպէ՛ս լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։

ՄԵՍԻԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՀՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԶՏԷ

5. 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը, ինչպիսի՞ մաքրում տեղի ունեցաւ։

5 Թագադրուած Թագաւորը երկինքը Սատանային եւ անոր դեւերուն ազդեցութենէն մաքրելէ ետք, Եհովան Յիսուսին հրահանգեց որ իր երկրային հետեւորդներուն հոգեւոր վիճակը քննէ եւ զտէ։ Մաղաքիա մարգարէն ասիկա նկարագրեց որպէս հոգեւոր մաքրում (Մաղ. 3։1-3)։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս մաքրումը տեղի ունեցաւ 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը *։ Եհովայի տիեզերական ընտանիքին մաս կազմելու համար, պէտք է մաքուր կամ սուրբ ըլլանք (Ա. Պետ. 1։15, 16)։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր պաշտամունքը սուտ կրօնքով կամ քաղաքականութեամբ ապականուի։

6. Հոգեւոր սնունդը ինչպէ՞ս կը հայթայթուի եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։

6 Ապա, Յիսուս իր թագաւորական հեղինակութիւնը գործածեց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» մը նշանակելու։ Այս ծառան կանոնաւորաբար սննդարար հոգեւոր կերակուր պիտի հայթայթէր անոնց՝ որոնք Յիսուսի հոգատարութեան ներքեւ «մէկ հօտ» կը կազմեն (Մատ. 24։45-47. Յովհ. 10։16)։ 1919–էն ի վեր օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մը, «ծառաներ»ը կերակրելու ծանր պատասխանատուութիւնը հաւատարմօրէն շալկած է։ Այս խումբին հայթայթած առատ հոգեւոր սնունդը մեզի կ’օգնէ հաւատքին մէջ աճելու։ Անիկա կ’ամրացնէ մեր վճռականութիւնը, որպէսզի շարունակենք հոգեւորապէս, բարոյապէս, ինչպէս նաեւ մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ մաքուր մնալ։ Ասկէ զատ, այս հոգեւոր սնունդը մեզ կը կրթէ եւ կը պատրաստէ, որ լիակատար բաժին բերենք ամէնէն կարեւոր աշխատանքին մէջ,– քարոզչութիւնը։ Այս կարգադրութիւններէն լիովին կ’օգտուի՞ս։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ՀՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԿՐԹԷ, ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՔԱՐՈԶԵՆ

7. ա) Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս ի՞նչ կարեւոր աշխատանք սկսաւ։ բ) Այս աշխատանքը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուէր։

7 Իր երկրային ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։ Ան երեքուկէս տարի այս աշխատանքը իր կեանքին առանցքը դարձուց, իսկ իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատ. 10։7)։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս կանխագուշակեց թէ իր հետեւորդները այդ պատգամը պիտի տարածէին «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ան խոստացաւ, թէ անձամբ այս կարեւոր աշխատանքին պիտի աջակցէր մինչեւ այս դրութեան վախճանը (Մատ. 28։19, 20

8. Թագաւորը իր երկրային հետեւորդները ինչպէ՞ս գործի մղեց։

8 1919–ին, ‘Արքայութեան աւետարանը’ նոր իմաստ մը պարփակեց (Մատ. 24։14)։ Թագաւորը երկնքի մէջ կ’իշխէր եւ մաքրուած երկրային հպատակներու պզտիկ խումբ մը հաւաքած էր։ Այս խումբը ջանասիրութեամբ ընդառաջեց Յիսուսի յստակ ցուցմունքին, որ աշխարհի տարածքին քարոզեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ կ’իշխէ (Գործք 10։42)։ Օրինակ, Թագաւորութեան թիկունք կանգնողներէն շուրջ 20,000 ներկայ գտնուեցան սեպտեմբեր 1922–ի միջազգային համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ)։ Պահ մը երեւակայէ ներկաներուն խանդավառութիւնը, երբ Եղբայր Ռատըրֆորտ «Թագաւորութիւն» խորագրով դասախօսութիւն մը տուաւ եւ ըսաւ. «Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը»։ Երկու հազար պատուիրակներ ընդառաջեցին՝ մասնակցելով մասնաւոր «Ծառայութեան օր»ուան, այցելելով տուներ, որոնք համաժողովին վայրէն մինչեւ 72 քմ. հեռու էին։ Խթանուած պատուիրակ մը բացագանչեց. «Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու կոչը, ոչ ալ համախմբուած եղբայրներուն նախանձախնդրութիւնը»։ Ան միակը չէր որ այդպէս արտայայտուեցաւ։

9, 10. ա) Թագաւորութիւնը ծանուցանողները մարզելու ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են։ բ) Անձամբ այս մարզումէն ինչպէ՞ս օգտուած ես։

9 1922–ին, 58 երկիրներու մէջ աւելի քան 17,000 Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ կային։ Բայց անոնք մարզումի պէտք ունէին։ Առաջին դարուն, ապագայ Թագաւորը իր աշակերտներուն յստակ ուղղութիւններ տուաւ թէ ի՛նչ, ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս քարոզեն (Մատ. 10։5-7. Ղուկ. 9։1-6. 10։1-11)։ Նոյնպէս, ներկայիս Յիսուս վստահ կ’ըլլայ որ բոլոր քարոզիչները ատակ ուսուցիչներ ըլլալու հարկ եղած ցուցմունքները ստանան եւ գործիքները ունենան (Բ. Տիմ. 3։17)։ Քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ, Յիսուս իր հպատակները ծառայութեան համար կը մարզէ։ Օրինակ, Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին միջոցաւ,– որ ամէն շաբաթ աշխարհի տարածքին տեղի կ’ունենայ աւելի քան 111,000 ժողովքներու մէջ,– աւելի քան եօթը միլիոն քարոզիչներ կը մարզուին, որպէսզի քարոզեն եւ ուսուցանեն այնպիսի՛ կերպով մը, որ ամէն տեսակ մարդոց կ’օգնէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։20-23

10 Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին կողքին, աստուածաշնչական ուրիշ դպրոցներ հաստատուած են մարզելու ժողովքի երէցները, ռահվիրաները, ամուրի եղբայրները, զոյգերը, մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները ու անոնց կիները, շրջագայող տեսուչները ու անոնց կիները եւ միսիոնարները *։ Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոցը յաճախող դասարանի մը աշակերտները, դպրոցին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը յայտնեցին հետեւեալ կերպով. «Մեր ստացած իւրայատուկ մարզումը, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը խորացուց եւ մեզ աւելի լաւ կերպով պատրաստեց ուրիշներուն օգնելու համար»։

11. Հակառակ Սատանայի յարձակումներուն, Յիսուսի հետեւորդները ինչպէ՞ս կրցած են քարոզչութիւնը շարունակել։

11 Թշնամի Սատանան բարի լուրը քարոզելու եւ ուսուցանելու բոլոր հսկայ ջանքերը կը տեսնէ։ Ան կը գործածէ ուղղակի ե՛ւ խորամանկ յարձակումներ Թագաւորութեան պատգամին եւ զայն քարոզողներուն վրայ, որպէսզի աշխատանքը կասեցնէ։ Բայց ի զուր։ Եհովան իր Որդին բազմեցուցած է իր աջ կողմը, «ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր» (Եփ. 1։20-22, ԱԾ)։ Որպէս Թագաւոր, Յիսուս իր հեղինակութիւնը կը գործածէ իր աշակերտները պաշտպանելու եւ առաջնորդելու, որպէսզի իր Հօր կամքը կատարուի *։ Բարի լուրը այժմ կը քարոզուի եւ ազնուասիրտ միլիոնաւորներ Եհովային ճամբաները կը սորվին։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է որ այս մեծ գործին մէջ բաժին կը բերենք։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ՀՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

12. 1914–էն ի վեր, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս աւելի լաւ կերպով կազմակերպուած են։

12 Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուելէ ի վեր, Թագաւորը բարելաւած է այն կերպը, որով Աստուծոյ ծառաները կազմակերպուած են իր Հօր կամքը ընելու (կարդա՛ Եսայի 60։17)։ 1919–ին, իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ ծառայութեան տեսուչ մը նշանակուեցաւ, որպէսզի քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առնէ։ 1927–ին, կիրակի օրերը կանոնաւորաբար տունէ տուն ծառայելը կազմակերպուեցաւ։ 1931–ին, ճշմարիտ երկրպագուները սկսան ճանչցուիլ որպէս Եհովայի վկաներ, ինչ որ զիրենք մղեց որ Թագաւորութեան գործին մէջ աւելի՛ն ընեն (Եսա. 43։10-12)։ 1938–էն սկսեալ, ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները ա՛լ քուէարկութեամբ չէին ընտրուեր։ Փոխարէն, նշանակում ստանալու համար, անոնք պէտք էր Աստուածաշունչի պահանջներուն գոհացում տային։ 1972–ին, ժողովքի վերատեսչութիւնը սկսաւ նշանակուիլ երէցներու մարմինի, փոխանակ մէկ տեսուչի։ Երէցներ կամ օգնական ծառաներ ըլլալու որակեալ եղբայրները քաջալերութիւն ստացան, որ ձգտին ‘հովուելու Աստուծոյ հօտը որ իրենց մէջ է’ (Ա. Պետ. 5։2)։ 1976–ին, Կառավարիչ մարմինին վեց յանձնախումբերը կազմակերպուեցան, որպէսզի Թագաւորութեան համաշխարհային գործին վրայ վերահսկեն։ Պատշաճօրէն, Եհովայի նշանակած Թագաւորը աստիճանաբար իր Թագաւորութեան հպատակները աստուածպետականօրէն կազմակերպած է։

13. Թագաւորութեան 100 տարուան իշխանութեան իրագործումները քեզի ինչպէ՞ս ազդած են։

13 Պահ մը մտածէ թէ Մեսիական Թագաւորը ի՛նչ իրագործած է իր իշխանութեան առաջին 100 տարիներուն ընթացքին։ Ան Եհովայի անուան համար ժողովուրդ մը սրբած է։ 239 երկիրներու մէջ, ան Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը առաջնորդած է եւ միլիոնաւորներու ուսուցանած է Եհովայի ճամբաներուն մասին։ Ան միացուցած է աւելի քան եօթը միլիոն հաւատարիմ հպատակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անձնուրացօրէն կը մղուի Իր Հօր կամքը կատարելու (Սաղ. 110։3)։ Իրապէս, Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ Եհովայի գործերը մեծ ու սքանչելի են։ Տակաւին աւելի ոգեւորիչ դէպքեր ապագային տեղի պիտի ունենան։

ՄԵՍԻԱԿԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

14. ա) Երբ կ’աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ», իրականութեան մէջ Աստուծմէ ի՞նչ կը խնդրենք։ բ) 2014–ի մեր տարուան համարը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ յարմար է։

14 Թէեւ Եհովան իր Որդին Մեսիական Թագաւոր թագադրեց 1914–ին, բայց ասիկա «քու թագաւորութիւնդ գայ» աղօթքին լման պատասխանը չէր (Մատ. 6։10)։ Աստուածաշունչին մէջ կանխագուշակուած էր, որ Յիսուս ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը պիտի տիրէր’ (Սաղ. 110։2)։ Սատանայի հակակշռին տակ եղող մարդկային կառավարութիւնները տակաւի՛ն կը հակառակին Թագաւորութեան։ Երբ կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, Աստուծմէ կը խնդրենք որ Մեսիական Թագաւորը եւ իր իշխանակիցները վերջ դնեն մարդկային իշխանութեան եւ Թագաւորութեան երկրային հակառակորդներուն։ Այսպիսով պիտի կատարուի Դանիէլ 2։44–ի խօսքը, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը «այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»,– Թագաւորութեան քաղաքական թշնամիները պիտի բնաջնջէ (Յայտ. 6։1, 2. 13։1-18. 19։11-21)։ Այս դէպքը շատ շուտով տեղի պիտի ունենայ։ Ուրեմն, մինչ երկնքի մէջ Յիսուսի իշխանութեան վրայ 100 տարի անցած է, որքա՜ն յարմար է որ 2014–ի մեր տարուան համարն է՝ Մատթէոս 6։10–ը, որ կ’ըսէ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։

2014–ի տարուան համարը. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատթէոս 6։10

15, 16. ա) Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին ի՞նչ դէպքեր տեղի պիտի ունենան։ բ) Որպէս Մեսիական Թագաւոր, Յիսուսի վերջին ըրածը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եւ ատիկա Եհովայի նպատակին նկատմամբ ի՞նչ պիտի նշանակէ։

15 Մեսիական Թագաւորը Աստուծոյ թշնամիները բնաջնջելէ ետք, ան Սատանան եւ անոր դեւերը անդունդը պիտի նետէ, ուր 1000 տարի պիտի մնան (Յայտ. 20։1-3)։ Առանց այդ չար ազդեցութեան, Թագաւորութիւնը արագօրէն պիտի օգնէ մարդոց, որպէսզի Յիսուսի փրկանքի զոհէն օգտուին, եւ պիտի չքացնէ Ադամական մեղքին ազդեցութիւնները։ Թագաւորը պիտի յարուցանէ անհամար միլիոնաւորներ, որոնք գերեզմանին մէջ կը ննջեն, եւ կրթական յայտագրի մը միջոցաւ անոնց պիտի սորվեցնէ Եհովային մասին (Յայտ. 20։12, 13)։ Եդեմի պարտէզին նման, ամբողջ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածուի, եւ բոլոր հաւատարիմները կատարեալ պիտի ըլլան։

16 Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, Մեսիական Թագաւորութիւնը իր նպատակը իրագործած պիտի ըլլայ։ Ապա, Յիսուս Թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ իր Հօր (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։24-28)։ Այլեւս հարկ պիտի չըլլայ որ Եհովային եւ իր երկրային զաւակներուն միջեւ միջնորդ մը ըլլայ։ Երկնքի մէջ Աստուծոյ բոլոր որդիները եւ երկրի վրայ անոր զաւակները միացած պիտի ըլլան որպէս իր տիեզերական ընտանիքը։

17. Թագաւորութեան համար ի՞նչ վճռած ես ընել։

17 Թագաւորութեան իշխանութեան 100 տարուան ոգեւորիչ դէպքերը մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ հարցերուն ղեկը Եհովային ձեռքին մէջ է եւ թէ երկրագունդի նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործուի։ Ուստի, շարունակե՛նք իր հաւատարիմ հպատակները ըլլալ եւ ծանուցանենք Թագաւորը եւ անոր Թագաւորութիւնը։ Մենք վստահ ենք, որ Եհովան շուտով պիտի պատասխանէ մեր անկեղծ աղօթքին. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։

^ պարբ. 10 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 2012 թիւին «Աստուածպետական դպրոցները Եհովայի սիրոյն ապացոյցն են» յօդուածը, էջ 13-17 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 11 Կարգ մը երկիրներու մէջ տարուած օրինական յաղթանակներու մասին կարդալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2013 թիւը, էջ 30։