Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնազոհութեան հոգին պահպանե՛նք

Անձնազոհութեան հոգին պահպանե՛նք

«Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ» (ՄԱՏ. 16։24

1. Յիսուս ինչպէ՞ս անձնազոհութեան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։

ԵՐԲ երկրի վրայ էր, Յիսուս անձնազոհութեան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Աստուծոյ կամքը իր անձնական փափաքներէն եւ հանգիստէն առաջ դասեց (Յովհ. 5։30)։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով, ան փաստեց թէ անձնազոհութեան իր հոգին անսահման էր (Փլպ. 2։8

2. Անձնազոհութեան հոգին ինչպէ՞ս կրնանք ցուցաբերել եւ ինչո՞ւ պէտք է ցուցաբերենք։

2 Յիսուսի հետեւորդները ըլլալով, հարկ է որ անձնազոհութեան հոգին դրսեւորենք։ Անձնազոհութեան հոգի ունենալ կը նշանակէ, թէ անհատը պատրաստ է իր անձնական շահը զոհելու, որպէսզի ուրիշներուն օգնէ։ Առումով մը, անիկա անձնասիրութեան հակառակն է (կարդա՛ Մատթէոս 16։24)։ Անձնուրաց հոգին կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներուն զգացումները եւ նախընտրութիւնները մերինէն առաջ դասենք (Փլպ. 2։3, 4)։ Յիսուս սորվեցուց թէ անձնազոհութիւնը մեր պաշտամունքին կեդրոնն է։ Ինչպէ՞ս։ Քրիստոնէական սէրը մեզ կը մղէ, որ անձնազոհ հոգի ունենանք։ Եւ այս սէրը Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտներուն առանձնայատկութիւնն է (Յովհ. 13։34, 35)։ Պահ մը մտածէ թէ ի՜նչ օրհնութիւններ կը վայելենք, քանի որ մաս կը կազմենք համաշխարհային եղբայրութեան մը, որ անձնազոհութեան հոգին կը ցուցաբերէ։

3. Ի՞նչը կրնայ մեր անձնազոհ հոգին տկարացնել։

3 Բայց կը դիմագրաւենք թշնամի մը, որ կրնայ մեր անձնազոհ հոգին աստիճանաբար տկարացնել։ Անիկա անձնասէր ըլլալու մեր հակումն է։ Յիշէ թէ Ադամն ու Եւան ինչպէ՛ս անձնասիրութիւն ցուցաբերեցին։ Եւան անձնասէր ցանկութիւն դրսեւորեց, երբ ուզեց Աստուծոյ նման ըլլալ, իսկ Ադամը՝ երբ ուզեց իր կինը հաճեցնել (Ծն. 3։5, 6)։ Ադամն ու Եւան ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռացնելէ ետք, Բանսարկուն շարունակեց մարդիկը փորձութեան ենթարկել, որ անձնասէր ըլլան։ Ան այս ռազմավարութիւնը փորձեց նոյնիսկ Յիսուսին հետ (Մատ. 4։1-9)։ Մեր օրերուն, Սատանան յաջողապէս մարդոց մեծամասնութիւնը մոլորեցուցած է, զիրենք մղելով որ բազմաթիւ կերպերով անձնասիրութիւն ցուցաբերեն։ Ասիկա մեր ուշադրութեան արժանի է, քանի որ տիրող անձնասէր հոգին կրնայ մեզի ազդել (Եփ. 2։2

4. ա) Ներկայիս, կրնա՞նք եսասէր հակումները չքացնել. բացատրէ՛։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

4 Անձնասիրութիւնը կարելի է համեմատել երկաթի ժանգին հետ։ Եթէ երկաթէ առարկայ մը օդի եւ ջուրի ենթարկուի, կը սկսի ժանգոտիլ։ Իսկական վտանգը կը կայանայ ժանգը անտեսելուն մէջ, թոյլ տալով որ անիկա տարածուի այն աստիճան որ առարկան վնասուի։ Համանման կերպով, թէեւ ներկայիս չենք կրնար մեր անկատարութիւնը եւ եսասէր հակումները չքացնել, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք ատոնց վտանգներուն եւ շարունակե՛նք այսպիսի հակումներու դէմ պայքարիլ (Ա. Կոր. 9։26, 27)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անձնասիրութեան նշանները զատորոշել։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք աւելի մեծ տարողութեամբ անձնազոհ հոգի մշակել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ԱՆՁՆԱՍԷՐ ՀԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՔՆՆԵԼՈՒ

5. ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս հայելիի մը կը նմանի (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Անձնասիրութիւնը քննելու ատեն, ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափինք։

5 Ճիշդ ինչպէս որ հայելին կը գործածենք մեր դրսերեւոյթը քննելու, նմանապէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել մեր ներսի մարդը քննելու եւ գտնուած որեւէ թերութիւն սրբագրելու (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25)։ Այս մարզին մէջ սակայն, հայելին օգտակար պիտի ըլլայ միայն եթէ զայն պատշաճ կերպով գործածենք։ Օրինակ, եթէ պարզապէս հայելիին վրայ արագ ակնարկ մը նետենք, թերեւս չնշմարենք փոքր բայց լուրջ բիծ մը։ Կամ եթէ անկիւնէ մը հայելիին նայինք, թերեւս ուրիշի մը պատկերը տեսնենք։ Համանման կերպով, երբ Աստուածաշունչը կը գործածենք անձնասիրութեան նման թերութիւն մը քննելու, պէտք է աւելի՛ն ընենք քան պարզապէս զայն կարդալ կամ ուրիշներուն թերութիւնները երեւան հանելու համար գործածել։

6. Կատարեալ օրէնքին մէջ ինչպէ՞ս ‘կը կենանք’։

6 Լուսաբանենք. կրնայ ըլլալ որ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կը կարդանք, բայց տակաւին չենք տեսներ անձնասէր հակումներ, որոնք օրէ օր մեր մէջ կը զարգանան։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ թէ Յակոբոսին տուած հայելիին օրինակին մէջ, անհատը «դիտելով կը տեսնէ ինքզինք»։ Հոս, Յակոբոսի գործածած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ ուշադրութեամբ քննել։ Ուրեմն, անհատը ուշադրութեամբ հայելիին կը նայէր, բայց տակաւի՛ն խնդիր մը կար։ Յակոբոս ըսաւ. «Կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր»։ Արդ, ան հայելիին առջեւէն հեռացաւ առանց իր տեսածին նկատմամբ բան մը ընելու։ Առ ի հակապատկեր, յաջող մարդը ոչ միայն «կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի», այլեւ՝ «անոր մէջ կը կենայ»։ Փոխանակ Աստուծոյ Խօսքին կատարեալ օրէնքը լքելու, ան անոր մէջ կը կենայ, այսինքն՝ կը շարունակէ անոր ուսուցումներուն հետեւիլ։ Յիսուս համանման կէտ մը ցցուն ըրաւ, երբ ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք» (Յովհ. 8։31

7. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել անձնասիրութեան հետքերը զատորոշելու։

7 Ուրեմն, անձնասէր հակումներու դէմ պայքարելու համար, պէտք է նա՛խ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ կարդաս։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ տեսնելու այն ինչ որ հարկ է որ բարելաւես։ Բայց պէտք է անկէ աւելի՛ն ընես. պրպտումներ ըրէ։ Աստուածաշունչի պատմութիւն մը կարդացած ատեն, դուն քեզ հոն պատկերացուր եւ հարց տուր. ‘Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի վարուէի։ Արդեօք ճիշդ կերպով պիտի վարուէի՞’։ Կարեւորագոյն բանն է, որ կարդացածիդ վրայ խոկալէ ետք, ջանաս զանիկա կիրարկել (Մատ. 7։24, 25)։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս Սաւուղ թագաւորին եւ Պետրոս առաքեալին օրինակները մեզի կ’օգնեն, որ մեր անձնազոհ հոգին պահպանենք։

ՍԱՒՈՒՂ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱԶԴԱՐԱՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԷՆ ՍՈՐՎԷ

8. Սաւուղ թագաւոր ի՞նչ կեցուածքով իր իշխանութիւնը սկսաւ, եւ ինչպէ՞ս զայն ցուցաբերեց։

8 Անձնասիրութիւնը կրնայ մեր անձնազոհ հոգին քանդել։ Իսրայէլի Սաւուղ թագաւորը այս մարզին մէջ մեզի ազդարարական օրինակ կը հանդիսանայ։ Իր իշխանութեան սկիզբը, ան համեստ ու խոնարհ էր (Ա. Թագ. 9։21)։ Ան մերժեց պատժել իր իշխանութեան դէմ խօսող իսրայէլացիները, թէեւ կրնար իր աստուածատուր դիրքը արդարացիօրէն պաշտպանել (Ա. Թագ. 10։27)։ Սաւուղ Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունելով՝ ամմոնացիներու դէմ յաջող պատերազմ մղեց։ Անկէ ետք, ան խոնարհաբար յաղթանակին վարկը Եհովային տուաւ (Ա. Թագ. 11։6, 11-13

9. Սաւուղ ինչպէ՞ս սկսաւ անձնասէր դառնալ։

9 Յետագային, Սաւուղ թոյլ տուաւ անձնասէր մտածելակերպին եւ հպարտութեան որ ժանգի պէս իր սրտին մէջ զարգանան։ Երբ ամաղեկացիները պարտութեան մատնեց, ան իր անձնական ցանկութիւնները Եհովայի հնազանդելէն առա՛ջ դասեց։ Սաւուղ ագահօրէն աւարը պահեց փոխանակ Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելով զայն բնաջնջելու։ Ասկէ զատ, ան յանդգնօրէն իր անձին համար «յաղթութեան նշան» կանգնեցուց (Ա. Թագ. 15։3, 9, 12)։ Երբ Սամուէլ մարգարէն անոր ըսաւ, թէ Եհովան իր ըրածին չհաճեցաւ, Սաւուղ ջանաց ինքզինք արդարացնել եւ կեդրոնացաւ Աստուծոյ պատուէրին այն մասին վրայ, որուն հնազանդած էր։ Ան նոյնիսկ ուրիշները մեղադրեց իր գործած սխալին համար (Ա. Թագ. 15։16-21)։ Իսկ հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ որ ան աւելի հետաքրքրուի իր համբաւով, քան Աստուծոյ հետ իր վայելած բարեկամութեամբ (Ա. Թագ. 15։30)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Սաւուղին օրինակը որպէս հայելի գործածել, որպէսզի անձնազոհ հոգին պահպանենք։

10, 11. ա) Սաւուղի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք անձնազոհ հոգի պահպանելուն մասին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Սաւուղի վատ ընթացքէն խուսափիլ։

10 Առաջին, Սաւուղի օրինակը կը սորվեցնէ որ չափազանց ինքնավստահ չըլլանք։ Անձնազոհ հոգին ինքնաբերաբար չի գար. ուրեմն, պէտք է յարատեւաբար զայն մշակենք (Ա. Տիմ. 4։10)։ Յիշէ թէ Սաւուղ Աստուծոյ հաճութիւնը որոշ ժամանակ մը վայելեց, բայց դէմ չդրաւ անձնասէր հակումներու, որոնք սկսան իր մէջ արմատ նետել։ Ի վերջոյ, իր անհնազանդութեան պատճառաւ, Եհովան զինք մերժեց։

11 Երկրորդ, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ չկեդրոնանանք միայն մեր կեանքի յաջող երեսակներուն վրայ, անտեսելով բարելաւումի կարիք ունեցող երեսակները։ Ասիկա պիտի նմանէր հայելին գործածելուն, որ մեր նոր հագուստներով հիանանք, առանց նշմարելու թէ մեր երեսին վրայ կեղտ կայ։ Նոյնիսկ եթէ Սաւուղի նման հպարտ կամ չափազանց ինքնավստահ չենք, պէտք է խուսափինք որեւէ հակումէ, որ կրնայ մեզ մղել նոյն վատ ընթացքին հետեւելու։ Եթէ խրատ ստանանք, չքմեղանքներ չփնտռենք կամ ուրիշը չմեղադրենք։ Աւելի լաւ է խրատը սիրայօժար ընդունիլ (կարդա՛ Առակաց 25։12

12. Լուրջ մեղք գործելու պարագային, անձնազոհ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

12 Լաւ, լուրջ մեղք գործելու պարագային, ի՞նչ կարելի է ընել։ Սաւուղ իր համբաւով հետաքրքրուած էր, եւ ասիկա՛ թոյլ չտուաւ որ հոգեւորապէս ապաքինի։ Առ ի հակապատկեր, անձնազոհ հոգին կրնայ մեզ մղել օգնութիւն խնդրելու, որքա՛ն ալ զգանք թէ սեւերես պիտի ելլենք (Առ. 28։13. Յակ. 5։14-16)։ Օրինակ, եղբայր մը 12 տարեկանին սկսաւ պոռնկագրութիւն դիտել, եւ տասնամեակ մը շարունակեց ասիկա գաղտնաբար ընել։ Ան կը պատմէ. «Շատ դժուար էր կնոջս եւ երէցներուն խոստովանիլ, թէ ի՛նչ կ’ընէի։ Բայց հիմա որ խոստովանած եմ, կը զգամ թէ կռնակէս հսկայ բեռ մը վերցուած է։ Բարեկամներէս ոմանք յուսախաբ եղան, երբ իմացան թէ ա՛լ օգնական ծառայ չեմ։ Բայց գիտեմ թէ Եհովան այժմ իմ ծառայութեամբս ա՛լ աւելի ուրախ է քան՝ երբ պոռնկագրութիւն կը դիտէի. եւ ի՛ր տեսակէտն է որ զիս ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ»։

ՊԵՏՐՈՍԻ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԸ

13, 14. Պետրոս ինչպէ՞ս անձնասէր հակումներ ցուցաբերեց։

13 Երբ Յիսուսի կողմէ կը մարզուէր, Պետրոս առաքեալ անձնազոհ հոգի ցուցաբերեց (Ղուկ. 5։3-11)։ Բայց հարկ էր որ անձնասէր հակումներու դէմ դնէր։ Օրինակ, ան բարկացաւ երբ Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները Յիսուսէ խնդրեցին, որ իրենց կարկառուն դիրքեր տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ։ Թերեւս Պետրոս խորհեցաւ թէ այդ դիրքերէն մէկը ի՛րը պէտք է ըլլայ, քանի որ Յիսուս արդէն իրեն համար ըսած էր թէ մասնայատուկ դեր պիտի ունենար (Մատ. 16։18, 19)։ Յամենայն դէպս, Յիսուս զգուշացուց Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, ինչպէս նաեւ Պետրոսն ու միւս առաքեալները, որպէսզի չջանան անձնասէր հոգի մշակել եւ իրենց եղբայրներուն վրայ ‘տիրել’ (Մար. 10։35-45

14 Թէեւ Յիսուս փորձեց Պետրոսի մտածելակերպը փոխել, բայց Պետրոս շարունակեց անձնասէր հակումներ դրսեւորել։ Երբ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ, թէ ժամանակաւորապէս զինք պիտի լքէին, Պետրոս ինքզինք միւսներէն աւելի բարձրացուց, դաւանելով թէ միայն ի՛նք հաւատարիմ պիտի մնար (Մատ. 26։31-33)։ Բայց իր ինքնավստահութիւնը տեղին չէր, քանի որ այդ գիշեր չկրցաւ անձնազոհ հոգի ցուցաբերել։ Իր անձը պաշտպանելու համար, Պետրոս Յիսուսը երեք անգամ ուրացաւ (Մատ. 26։69-75

15. Պետրոսի օրինակը ինչո՞ւ քաջալերական է։

15 Հակառակ իր մաքառումին եւ ձախողութիւններուն, Պետրոսի կեանքը քաջալերական օրինակ մըն է։ Անձնական ջանք թափելով եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Պետրոս կրցաւ իր անձնասէր հակումները յաղթահարել եւ ժուժկալութիւն ու անձնազոհ սէր ցուցաբերել (Գաղ. 5։22, 23)։ Ան կրցաւ տոկալ բազմաթիւ փորձութիւններու, որոնց դժուար էր նախապէս տոկալ։ Երբ Պօղոս առաքեալ զինք ամէնուն առջեւ յանդիմանեց, Պետրոս խոնարհ կեցուածք ցուցաբերեց (Գաղ. 2։11-14)։ Եւ այդ խրատը ստանալէն ետք, Պօղոսի դէմ քէն չպահեց, ոչ ալ զգաց որ իր համբաւը բացասականօրէն ազդուեցաւ։ Ան շարունակեց Պօղոսի մասին խօսիլ որպէս «սիրելի եղբայր» (Բ. Պետ. 3։15)։ Պետրոսի օրինակը կրնայ մեզի օգնել որ անձնազոհ հոգի մշակենք։

Սրբագրուելէ ետք, Պետրոս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Մենք ալ համանման կերպով պիտի հակազդե՞նք (տե՛ս պարբերութիւն 15)

16. Ինչպէ՞ս կրնանք դժուար պարագաներու ներքեւ անձնազոհութեան հոգին ցուցաբերել։

16 Պահ մը մտածէ թէ ինչպէ՛ս կը հակազդես դժուար պարագաներու ներքեւ։ Երբ քարոզչութեան պատճառաւ Պետրոս եւ առաքեալները բանտարկուեցան եւ ապա ծեծուեցան, անոնք ուրախացան՝ քանի որ «Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու» (Գործք 5։41)։ Դուն եւս կրնաս հալածանքը պատեհութիւն նկատել՝ Պետրոսը ընդօրինակելու եւ Յիսուսի քայլերուն հետեւելու, անձնազոհութեան հոգին ցուցաբերելով (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։20, 21)։ Այս տեսակէտը կրնայ նոյնիսկ օգնել, եթէ երէցներէն հարկ եղած կրթութիւն ստանաս։ Վիրաւորուելու տեղ՝ Պետրոսի օրինակին հետեւէ (Ժող. 7։9

17, 18. ա) Մեր հոգեւոր նպատակակէտերուն առնչութեամբ մենք մեզի ի՞նչ կրնանք հարց տալ։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անձնասիրութեան հետքեր նշմարենք մեր սրտին մէջ։

17 Պետրոսի օրինակը կրնայ նաեւ քեզի օգնել որ Եհովայի պաշտամունքին մէջ նպատակակէտեր դնես։ Այս նպատակակէտերուն կրնաս անձնազոհութեան հոգիով հետամուտ ըլլալ։ Բայց ուշադիր եղիր որ այսպիսի հետապնդում մը երեւելիութիւն ձեռք ձգելու ցանկութեամբ չըլլայ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ինչո՞ւ կ’ուզեմ ծառայութիւնս բարելաւել։ Արդեօք քանի որ Յակոբոսին ու Յովհաննէսին նման կ’ուզեմ ուրիշներու գովասանքի՞ն արժանանալ կամ աւելի հեղինակութի՞ւն ձեռք ձգել’։

18 Եթէ նշմարես թէ սրտիդ մէջ անձնասիրութեան հետքեր կան, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ մտածելակերպդ եւ զգացումներդ սրբագրելու, ապա աւելի աշխատէ իրե՛ն փառք բերելու (Սաղ. 86։11)։ Նաեւ կրնաս հետամուտ ըլլալ նպատակակէտերու, որոնք քեզ շատ աչքառու չեն դարձներ։ Օրինակ, թերեւս ջանաս աւելի լիակատար կերպով մշակել հոգիին պտուղին այն երեսակը, որ դժուար կը սեպես։ Կամ եթէ ժրաջանօրէն ժողովի բաժինդ կը պատրաստես, բայց Թագաւորութեան սրահի մաքրութեամբ շատ չես հետաքրքրուիր, կրնաս նպատակակէտ դնել՝ Հռովմայեցիս 12։16–ի խրատը կիրարկել (կարդա՛

19. Աստուծոյ Խօսքին հայելիին մէջ մեր տեսածով չվհատելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։

19 Երբ Աստուծոյ Խօսքին հայելիին մէջ մենք մեզի ուշադրութեամբ նայինք եւ տեսնենք թերութիւններ,– նոյնիսկ անձնասէր հակումներու ապացոյցներ,– կրնանք վհատիլ։ Եթէ երբեք ասիկա քեզի պատահի, Յակոբոսի լուսաբանութեան յաջող մարդուն վրայ խոկա՛։ Յակոբոս չնշեց թէ մարդը որքա՛ն արագ իր տեսած խնդիրները լուծեց կամ կրցաւ իւրաքանչիւր թերութիւն ճշդել. փոխարէն, Յակոբոս կ’ըսէ թէ ան ‘կատարեալ օրէնքին մէջ կեցաւ’ (Յակ. 1։25)։ Մարդը յիշեց ի՛նչ տեսաւ հայելիին մէջ եւ շարունակեց աշխատիլ բարելաւուելու համար։ Արդարեւ, քու անձիդ հանդէպ դրական տեսակէտ պահպանէ, իսկ անկատարութիւններուդ հանդէպ՝ հաւասարակշռուած տեսակէտ (կարդա՛ Ժողովող 7։20)։ Շարունակէ կատարեալ օրէնքին ակնկառոյց նայիլ եւ ջանա՛ անձնազոհութեան հոգիդ պահպանել։ Եհովան կը փափաքի քեզի օգնել, ինչպէս որ օգնած է բազմաթիւ ուրիշներու, որոնք անկատար ըլլալով հանդերձ՝ իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը կրնան ունենալ եւ ունին։