Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրական տեսակէտ պահպանե՛նք

Դրական տեսակէտ պահպանե՛նք

«Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի. . . [թող] անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ» (ԺՈՂ. 11։8

1. Եհովային ո՞ր օրհնութիւնները կրնան մեզի օգնել ուրախ ըլլալու։

ԵՀՈՎԱՆ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք, եւ իր առատ օրհնութիւնները մեզի կ’օգնեն որ ուրախութիւն գտնենք։ Օրինակ, ան մեզի կեանք պարգեւած է։ Մեզ ճշմարիտ պաշտամունքին քաշած ըլլալով, կրնանք մեր կեանքը գործածել զինք փառաբանելու (Սաղ. 144։15. Յովհ. 6։44)։ Եհովան իր սէրը մեզի բացայայտ կը դարձնէ եւ կ’օգնէ, որ իր ծառայութեան մէջ յարատեւենք (Եր. 31։3. Բ. Կոր. 4։16)։ Մենք կը վայելենք հոգեւոր դրախտը, ուր առատ հոգեւոր սնունդ եւ սիրալիր եղբայրութիւն կան։ Ասկէ զատ, ապագայի նկատմամբ թանկագին յոյս ունինք։

2. Աստուծոյ կարգ մը հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ բանի դէմ կը մաքառին։

2 Ուրախանալու այս պատճառները ունենալով հանդերձ, Աստուծոյ կարգ մը հաւատարիմ ծառաները իրենց անձին հանդէպ ունին բացասական մտածումներ, որոնց դէմ կը մաքառին։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք կը զգան թէ Եհովան ո՛չ զիրենք, ոչ ալ իրենց ծառայութիւնը կ’արժեւորէ։ Իսկ յարատեւ բացասական զգացումներ ունեցողներուն համար, «շատ տարի» կեանքը վայելելու գաղափարը երեւակայութիւն կրնայ թուիլ։ Իրենց համար կեանքը կարծես թէ իրարայաջորդ մութ օրեր է (Ժող. 11։8

3. Ի՞նչ բաներ բացասական զգացումներ կը պատճառեն։

3 Յուսախաբութիւնները, հիւանդութիւնը կամ ծերութիւնը բացասական զգացումներ կը պատճառեն (Սաղ. 71։9. Առ. 13։12. Ժող. 7։7)։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է գիտակցի թէ սիրտը «խաբեբայ» է եւ կրնայ մեզ մեղադրել, նոյնիսկ երբ Աստուած մեզի կը հաճի (Եր. 17։9. Ա. Յովհ. 3։20)։ Բանսարկուն Աստուծոյ ծառաներուն մասին սուտեր կը տարածէ։ Եւ Սատանային մտածելակերպը ունեցողները կը ջանան մեզ համոզել, թէ Աստուծոյ աչքին անարժէք ենք,– ինչպէս որ անհաւատ Եղիփազ Յոբի ըսաւ։ Բայց ատիկա սուտ մըն էր եւ մինչեւ այսօր ալ է (Յոբ 4։18, 19

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Սուրբ Գիրքին մէջ, Եհովան կը հաւաստիացնէ թէ պիտի ըլլայ անոնց հետ, որոնք «մահուան շուքի ձորին մէջ» կը քալեն (Սաղ. 23։4)։ Ան մեզի հետ կ’ըլլայ, զոր օրինակ, իր Խօսքին միջոցաւ։ Աստուածաշունչը «Աստուծմէ զօրութիւն առած [է] ամրոցներ քակելու», ներառեալ՝ սխալ ըմբռնումներ եւ բացասական գաղափարներ (Բ. Կոր. 10։4, 5)։ Ուստի, նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել՝ դրական տեսակէտ մշակելու եւ պահպանելու համար։ Ասկէ կրնաս անձամբ օգտուիլ, ինչպէս նաեւ ուրիշները քաջալերելու կերպեր գտնել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ԴՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏ ՄՇԱԿԵԼՈՒ

5. Ո՞ր փորձը կրնայ մեզի օգնել դրական տեսակէտ ունենալու։

5 Պօղոս առաքեալ նկարագրեց կարգ մը բաներ, որոնք կրնան մեզի օգնել դրական տեսակէտ պահպանելու։ Ան Կորնթոսի ժողովքը խրատեց. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք» (Բ. Կոր. 13։5)։ «Հաւատք»ը Աստուածաշունչի մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնէական հաւատալիքներն է։ Եթէ Աստուածաշունչին սորվեցուցածը խօսքով ու գործով կատարենք, ապա այս փորձէն կ’անցնինք եւ ցոյց կու տանք թէ ‘հաւատքին մէջն’ ենք։ Անշուշտ, չենք կրնար զատել եւ ընտրել այն հաւատալիքները, որոնց պիտի հետեւինք։ Պէտք է Աստուածաշունչի բոլո՛ր քրիստոնէական ուսուցումներուն հնազանդինք (Յակ. 2։10, 11

6. Ինչո՞ւ պէտք է մենք մեզ փորձենք տեսնելու թէ «հաւատքին մէ՞ջն» ենք (տե՛ս բացման պատկերը)։

6 Թերեւս վարանիս այս փորձը ընելու, մանաւանդ երբ զգաս թէ պիտի ձախողիս։ Բայց մեզի հանդէպ Եհովայի ունեցած տեսակէտը աւելի՛ կարեւոր է մեր խորհածէն, իսկ իր մտածելակերպը վեհ՝ մերինէն (Եսա. 55։8, 9)։ Ան իր երկրպագուները կը քննէ, ոչ թէ զիրենք դատապարտելու համար, այլ՝ իրենց մէջ լաւ յատկութիւնները փնտռելու եւ իրենց օգնելու։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը գործածես փորձելու թէ «հաւատքին մէ՞ջն» ես, դուն քեզ Աստուծոյ անկիւնէն դիտած պիտի ըլլաս. ինչ որ կրնայ քեզի օգնել որ չմտածես թէ անարժէք ես, այլ յիշես թէ Աստուծոյ աչքին թանկագի՛ն ես։ Այսպէս, կարծես թէ մութ սենեակի մը վարագոյրները կը բանաս, որպէսզի լոյսը ներթափանցէ։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հաւատարիմ մարդոց օրինակէն։

7 Այս ինքնաքննութիւնը ընելու ազդու կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչին մէջ նշուած հաւատարիմ մարդոց օրինակին վրայ խոկալ։ Անոնց պարագաները կամ զգացումները քու պարագաներուդ եւ զգացումներուդ հետ համեմատէ, եւ դուն քեզի հարց տուր որ եթէ իրենց պարագային մէջ գտնուէիր, ի՛նչ պիտի ընէիր։ Տեսնենք երեք օրինակներ, որոնք կը լուսաբանեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել՝ ստուգելու համար որ «հաւատքին մէ՞ջն» ենք։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ նաեւ որ քու անձիդ հանդէպ դրական տեսակէտ մշակես։

ԱՂՔԱՏ ՈՐԲԵՒԱՅՐԻՆ

8, 9. ա) Աղքատ որբեւայրին ի՞նչ պարագայ ունէր։ բ) Որբեւայրին թերեւս ի՞նչ բացասական զգացումներ ունեցաւ։

8 Երուսաղէմի տաճարին մէջ, Յիսուս նշմարեց աղքատ որբեւայրի մը, որուն օրինակը կրնայ մեզի օգնել դրական տեսակէտ պահպանելու՝ հակառակ մեր սահմանափակումներուն (կարդա՛ Ղուկաս 21։1-4)։ Նկատի առ որբեւայրիին պարագան. ան իր ամուսինը կորսնցնելուն խոր ցաւին պէտք էր տոկար։ Միեւնոյն ժամանակ, ագահ կրօնական առաջնորդներ իրեն նման ‘որբեւայրիներու տուները կ’ուտէին’, փոխանակ անոնց օգնելու (Ղուկ. 20։47)։ Ան ա՛յնքան աղքատ էր, որ կրնար տաճարին նուիրատուութիւն ընել միայն այն ինչ որ աշխատաւոր մը կրնար քանի մը վայրկեանուան մէջ շահիլ։

9 Փորձէ երեւակայել թէ որբեւայրին ի՛նչ զգաց, երբ իր երկու լումայով տաճարին գաւիթը մտաւ։ Արդեօք ան կը մտածէ՞ր թէ որքա՜ն չնչին գումար նուիրատուութիւն պիտի ընէր համեմատած այն ինչ որ նախապէս կու տար, երբ իր ամուսինը ողջ էր։ Արդեօք ան պիտի ամչնա՞ր երբ տեսնէր թէ միւսները որքա՜ն մեծ գումարներ նուիրատուութիւն կ’ընէին, թերեւս մտածելով որ իր նուիրատուութիւնը անարժէք է։ Նոյնիսկ եթէ այսպիսի զգացումներ ունեցաւ, ան ճշմարիտ պաշտամունքին ի նպաստ իր լաւագոյնը տուաւ։

10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ որբեւայրին Աստուծոյ աչքին թանկարժէք էր։

10 Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ որբեւայրին ե՛ւ անոր նուիրատուութիւնը Եհովային աչքին թանկարժէք էին։ Ան ըսաւ թէ «աղքատ որբեւարին [հարուստներէն] աւելի ձգեց»։ Թէեւ անոր նուիրատուութիւնը ուրիշներուն տուածին հետ պիտի խառնուէր, բայց Յիսուս մասնաւորաբար զինք գովեց։ Տաճարի նուիրատուութիւնները հաւաքողները բնա՛ւ պիտի չգիտնային, թէ այս երկու լուման եւ անոնց տէրը Եհովայի աչքին որքա՜ն թանկարժէք էին։ Ասով հանդերձ, կարեւորագոյն բանը Աստուծո՛յ տեսակէտն էր, եւ ոչ թէ ուրիշներու կարծիքը կամ նոյնիսկ որբեւայրիին տեսակէտը ինքն իր մասին։ Կրնա՞ս այս պատմութիւնը գործածել փորձելու թէ «հաւատքին մէ՞ջն» ես։

Աղքատ որբեւայրիին օրինակէն ի՞նչ դաս կրնաս քաղել (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

11. Որբեւայրիին պատմութենէն ի՞նչ դաս կրնաս քաղել։

11 Եհովային տալու կարողութիւնդ կախեալ է պարագաներէդ։ Տարիքի կամ հիւանդութեան պատճառաւ, ոմանք սահմանափակ կերպով բարի լուրի քարոզչութեան կը մասնակցին։ Արդեօք պէ՞տք է մտածեն թէ չ’արժեր իրենց ծառայութեան ժամերը տեղեկագրել։ Նոյնիսկ եթէ երիտասարդ ես կամ լաւ առողջութիւն ունիս, կրնայ ըլլալ որ զգաս թէ ջանքերդ միայն փոքր մասն են այն միլիոնաւոր ժամերուն, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը տրամադրէ սուրբ ծառայութեան համար։ Աղքատ որբեւայրիին պատմութենէն կը սորվինք, թէ Եհովան կը նշմարէ ե՛ւ կ’արժեւորէ իւրաքանչիւր արարք որ իրեն համար կը գործուի, մա՛նաւանդ դժուար պարագաներու ներքեւ։ Պահ մը մտածէ անցեալ տարուան պաշտամունքիդ մասին։ Եհովայի նուիրած ժամերէդ մէկը մասնայատուկ զոհողութիւն պահանջե՞ց։ Եթէ այո՛, կրնաս վստահ ըլլալ որ ան այդ ժամուն իրագործածդ կ’արժեւորէ։ Երբ աղքատ որբեւայրիին նման Եհովայի ծառայութեան մէջ ամէն կարելիդ կ’ընես, վաւերական պատճառ ունիս հաւատալու թէ ‘հաւատքին մէջն’ ես։

«Ա՛Ռ ԻՄ ՀՈԳԻՍ»

12-14. ա) Բացասական զգացումները ինչպէ՞ս Եղիային ազդեցին։ բ) Եղիան ինչո՞ւ բացասական զգացումներ ունեցաւ։

12 Եղիա մարգարէն Եհովային հաւատարիմ էր եւ զօրաւոր հաւատք ունէր։ Բայց առիթով մը ան ա՛յնքան յուսախաբ զգաց, որ Եհովայէն խնդրեց որ զինք մեռցնէ՝ ըսելով. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս» (Գ. Թագ. 19։4)։ Անոնք որոնք այսպիսի յուսախաբութիւն չեն համտեսած, կրնան մտածել թէ Եղիայի աղօթքը պարզապէս ‘անսանձ խօսակցութիւն’ էր (Յոբ 6։3, ՆԱ)։ Բայց անոր զգացումները իսկական էին, եւ նկատի առ թէ փոխանակ Եղիայի դէմ բարկանալու, Եհովան անոր օգնեց։

13 Եղիան ինչո՞ւ այդպէս կը զգար։ Ասկէ քիչ առաջ, ան կատարած էր հրաշք մը, որ փաստեց թէ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է։ Այդ հրաշքէն ետք, Բահաղի 450 մարգարէ սպաննուեցան (Գ. Թագ. 18։37-40)։ Հաւանաբար Եղիան յուսաց որ Աստուծոյ ժողովուրդը այժմ ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի վերադառնար, բայց ատիկա չպատահեցաւ։ Չար Յեզաբէլ թագուհին Եղիայի պատգամաւոր ղրկեց, ըսելով որ զինք պիտի մեռցնէր։ Իր կեանքին վրայ վախնալով, Եղիա Իսրայէլէն դէպի անապատ փախաւ՝ Յուդայէն անցնելով (Գ. Թագ. 19։2-4

14 Անապատին մէջ առանձին ըլլալով, ան սկսաւ մտածել թէ որպէս մարգարէ ոչինչ իրագործած էր։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։ Ան ըսել ուզեց թէ իր մահացած նախահայրերուն հողին ու ոսկորին նման անօգուտ էր։ Իրականութեան մէջ, ան իր անձնական չափանիշներով ինքզինք քննեց եւ որոշեց թէ ձախող անձ մըն էր, եւ Եհովային ու ուրիշներուն համար արժէք չունէր։

15. Աստուած ինչպէ՞ս Եղիան հաւաստիացուց, թէ զինք տակաւին կ’արժեւորէր։

15 Ամենակալը Եղիային հանդէպ տարբեր տեսակէտ ունէր։ Եղիան Եհովային աչքին արժէքաւոր մնաց, եւ Եհովան վստահ եղաւ որ ան ասիկա գիտնայ։ Ան հրեշտակ մը ղրկեց զինք զօրացնելու, ինչպէս նաեւ ուտելիք եւ խմելիք հայթայթեց, որպէսզի դէպի Քորեբ լեռ 40 օրուան ճամբորդութեան ընթացքին դիմանայ։ Ասկէ զատ, երբ Եղիան խորհեցաւ թէ իրմէ զատ ուրիշ ո՛չ մէկ իսրայէլացի Եհովայի հաւատարիմ մնացած էր, Աստուած իր այս սխալ գաղափարը ազնուօրէն սրբագրեց։ Նկատի առ նաեւ, թէ Եհովան Եղիայի տուաւ նոր նշանակումներ, եւ Եղիան զանոնք ընդունեց։ Եհովայի օգնութիւնը ստանալով, ան իր կորովը վերանորոգեց եւ վերադարձաւ իր պաշտօնին որպէս մարգարէ (Գ. Թագ. 19։5-8, 15-19

16. Եհովան ո՞ր կերպերով քեզի աջակցած է։

16 Եղիայի փորձառութիւնը կրնայ քեզի օգնել ստուգելու թէ հաւատքին մէջ ես եւ քեզ մղել որ դրական տեսակէտ պահպանես։ Առաջին, մտածէ այն կերպերուն մասին, որոնցմով Եհովան քեզի աջակցած է։ Կրնա՞յ ըլլալ որ երէց մը կամ ուրիշ հասուն քրիստոնեայ մը ճիշդ ժամանակին քեզի օգնած է (Գաղ. 6։2)։ Աստուածաշունչին, մեր հրատարակութիւններուն եւ ժողովներուն միջոցաւ կրցա՞ծ ես զգալ թէ Եհովան քեզ կը հոգայ։ Յաջորդ անգամ երբ այս կերպերէն մէկով օգտուիս, մտածէ օգնութեան իսկական Աղբիւրին մասին եւ Անոր շնորհակալութեան աղօթք մատուցանէ (Սաղ. 121։1, 2

17. Եհովան իր ծառաներուն մէջ ի՞նչ բան կ’արժեւորէ։

17 Երկրորդ, յիշէ թէ բացասական տեսակէտը կրնայ մեզ սխալ կերպով առաջնորդել։ Կարեւորագոյն բանը Աստուծո՛յ տեսակէտն է (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։4)։ Եհովան մեր նուիրումը եւ հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ, եւ մեր իրագործումներուն տարողութեան համաձայն չէ որ մեզ արժէքաւոր կը սեպէ։ Եւ ինչպէս որ Եղիայի պարագան էր, կրնայ ըլլալ որ կարծածէդ աւելի՛ իրագործած ես Եհովային համար։ Հաւանաբար ժողովքին մէջ կան անհատներ, որոնց դրականօրէն ազդած ես. ինչպէս նաեւ թաղամասին մէջ կան մարդիկ, որոնք ճշմարտութիւնը լսած են՝ տարած ջանքերուդ շնորհիւ։

18. Եհովային կողմէ քեզի տրուած նշանակում մը ի՞նչ կը փաստէ։

18 Երրորդ, նկատէ թէ Եհովային կողմէ իւրաքանչիւր նշանակում փաստ է որ ան քեզի հետ է (Եր. 20։11)։ Եղիային նման, կրնայ ըլլալ որ յուսախաբ ըլլաս, քանի որ ծառայութիւնդ անպտուղ կը թուի կամ կարգ մը հոգեւոր նպատակակէտեր՝ անհասանելի։ Բայց, տակաւին բարի լուրը քարոզելու եւ Աստուծոյ անունը կրելու մեծագոյն առանձնաշնորհումը կը վայելես։ Հաւատարիմ մնա՛։ Ապա, ինչպէս Յիսուս ըսաւ, պիտի կարենաս «տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» մտնել (Մատ. 25։23

«ՎՇՏԱԼԻԻՆ ԱՂՕԹՔԸ»

19. 102–րդ սաղմոսը յօրինողը ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուէր։

19 102–րդ սաղմոսը յօրինողը յուսահատ էր։ Այս վշտալին ֆիզիքական կամ զգացական մեծ նեղութենէ կը տառապէր։ Ասկէ զատ, ան անկարող էր իր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել (Սաղ. 102, մակագրութիւն)։ Ան կեդրոնացած էր իր ցաւին, մենակութեան եւ անձնական զգացումներուն վրայ (Սաղ. 102։3, 4, 6, 11)։ Ան խորհեցաւ թէ Եհովան կ’ուզէր զինք նետել (Սաղ. 102։10

20. Աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել բացասական մտածումներու դէմ մաքառող անհատին։

20 Բայց եւ այնպէս, սաղմոսերգուն տակաւին կրնար իր կեանքը գործածել Եհովային փառք բերելու (կարդա՛ Սաղմոս 102։19-21)։ Ինչպէս որ Սաղմոս 102–ը կը յայտնէ, նոյնիսկ ‘հաւատքին մէջ’ եղողները կրնան վիշտ ունենալ եւ չկարենան ուրիշ բանի վրայ կեդրոնանալ։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Նման եղայ տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին», կարծես ան միայն խնդիրներով շրջապատուած էր (Սաղ. 102։7)։ Եթէ երբեք այդպէս զգաս, սաղմոսերգուին նման սիրտդ Եհովային առջեւ բաց։ Աղօթքներդ կրնան քեզի օգնել որ բացասական մտածումներու դէմ պայքարիս։ Եհովան կը խոստանայ, թէ «տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ» (Սաղ. 102։17)։ Այդ խոստումին վստահէ՛։

21. Բացասական զգացումներու դէմ մաքառողը ինչպէ՞ս կրնայ աւելի դրական տեսակէտ ունենալ։

21 102–րդ սաղմոսը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի դրական տեսակէտ ունենալ։ Սաղմոսերգուն ասիկա ըրաւ՝ իր ուշադրութիւնը Եհովայի հետ իր ունեցած փոխյարաբերութեան վրայ կեդրոնացնելով (Սաղ. 102։12, 27)։ Ան մխիթարուեցաւ գիտնալով որ Եհովան միշտ մատչելի պիտի ըլլար իր ժողովուրդին օգնելու դժուար պարագաներու ներքեւ։ Ուստի, եթէ բացասական զգացումները ժամանակաւորապէս արգելք կը հանդիսանան որ ուզածիդ չափ Աստուծոյ ծառայես, ասոր մասին աղօթէ։ Աստուծմէ խնդրէ որ աղօթքդ լսէ ոչ միայն խնդիրէդ հանգստանալու համար, այլեւ՝ որպէսզի ‘Տէրոջը անունը պատմուի’ (Սաղ. 102։20, 21

22. Իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան հաճեցնել։

22 Արդարեւ, կրնանք Աստուածաշունչը գործածել փաստելու թէ հաւատքին մէջն ենք եւ թէ Եհովայի աչքին թանկարժէք անհատներ ենք։ Վստահաբար, ներկայ աշխարհին մէջ չենք կրնար բոլոր բացասական զգացումները կամ վհատութիւնը չքացնել. բայց տակաւին իւրաքանչիւրս կրնա՛նք Եհովան հաճեցնել եւ փրկուիլ՝ իր ծառայութեան մէջ հաւատարմօրէն տոկալով (Մատ. 24։13