Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տարեցները հոգալ

Տարեցները հոգալ

«Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով» (Ա. ՅՈՎՀ. 3։18

1, 2. ա) Կարգ մը ընտանիքներ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։ բ) Ծնողներն ու զաւակները ինչպէ՞ս կրնան նոր պարագային ընկերակցող մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել։

ՇԱՏ դժուար է ընդունիլ այն գաղափարը թէ ծնողքդ, որ ժամանակին կայտառ ու ինքնաբաւ էր, այլեւս ինքզինքին հոգ տանելու կարող չէ։ Թերեւս մայրդ կամ հայրդ ինկած եւ իր ազդրը կոտրած է, այլեւս տունին ճամբան չի գիտեր կամ լուրջ հիւանդութեամբ բռնուած է։ Միւս կողմէ, տարեցը թերեւս չհաշտուի իր փոխուած պարագաներուն հետ, որոնք այժմ իր անկախութիւնը կը սահմանափակեն (Յոբ 14։1)։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգտակար դառնալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց հոգ տանիլ։

2 Տարեցները հոգալու նկատմամբ յօդուած մը կ’ըսէ. «Թէեւ դժուար է ծերութեան առնչուող հարցեր քննարկել, սակայն այն ընտանիքը, որ ընտրութիւնները քննարկած է եւ հաւանական լուծումներ ծրագրած է, աւելի ի վիճակի պիտի ըլլայ հարցերը ձեռք առնելու, ի՛նչ որ ալ պատահի»։ Պէտք է գիտակցինք թէ կարելի չէ խուսափիլ ծերութեան խնդիրներէն։ Անոր համար շա՛տ կարեւոր է, որ որպէս ընտանիք նախապատրաստուինք։ Տեսնենք թէ ընտանիքի անդամները ինչպէ՛ս կրնան սիրալիրօրէն համագործակցիլ, այս մարտահրաւէրներէն ոմանց հետ գլուխ ելլելու համար։

«ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ»ՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳՐԵԼ

3. Ընտանիքը ի՞նչ կրնայ ընել, երբ տարեց ծնողքը սկսի աւելի՛ հոգատարութեան պէտք ունենալ (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Ժամանակ կու գայ, երբ տարեցներուն մեծամասնութիւնը ա՛լ կարող չ’ըլլար ինքզինքին լիովին հոգ տանիլ եւ օգնութեան կարիք կ’ունենայ (կարդա՛ Ժողովող 12։1-7)։ Այս պարագային, տարեց ծնողքը եւ անոնց չափահաս զաւակները պէտք է միասնաբար որոշեն ո՛րն է լաւագոյն եւ յարմարագոյն հոգատարութիւնը։ Յաճախ իմաստութիւն է ընտանեօք քննարկել թէ ի՛նչ տեսակի օգնութեան կարիք կայ, այդ օգնութիւնը ինչպէ՛ս պիտի տրուի եւ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր անհատ կրնայ համագործակցիլ։ Բոլորը պէտք է իրենց լաւագոյնը ընեն իրապաշտ ըլլալու եւ բացէ ի բաց հաղորդակցելու։ Ապահո՞վ է որ ծնողքը շարունակէ առանձին ապրիլ *։ Նկատի առէք թէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ կրնայ ընել, որպէսզի ծնողքը հարկ եղած օգնութիւնը ստանայ (Առ. 24։6)։ Թերեւս ոմանք ի վիճակի են ամէն օր անոնց օգնելու, իսկ ուրիշներ կրնան դրամական օգնութիւն մատակարարել։ Իւրաքանչիւրը պէտք է իր դերը գիտնայ. բայց ժամանակի ընթացքին, պարտականութիւնները կրնան փոխուիլ կամ ընտանիքի անդամները կրնան հերթով կատարել տարբեր պատասխանատուութիւններ։

4. Ընտանիքը ի՞նչ օգնութիւն կրնայ ստանալ։

4 Երբ ծնողքիդ հոգ տանելու սկսիս, ջանա՛ անոնց վիճակը մանրամասնօրէն հասկնալ։ Եթէ ծնողը հետզհետէ վատթարացող հիւանդութենէ կը տառապի, նկատի առ թէ յաջորդաբար ի՛նչ պիտի պատահի (Առ. 1։5)։ Կապ պահէ կառավարական գործակալութիւններու հետ, որոնք տարեցներու յատուկ սպասարկութիւններ կը մատակարարեն։ Տես թէ ի՛նչ յայտագիրներ կրնան ծնողքիդ օգնել, որ աւելի լաւ հոգատարութիւն ստանան կամ անոնց հոգ տանելու ջանքերդ դիւրացնել։ Մինչ կը մտածես այս դժուար փոփոխութիւններուն մասին, թերեւս սկսիս անհաճելի զգացումներ ունենալ, ինչպէս՝ խոր տխրութիւն, ցնցում կամ շփոթութիւն։ Մտածումներդ վստահելի բարեկամի մը հետ բաժնէ։ Ամէնէն կարեւորը, սիրտդ Եհովայի առջեւ բաց։ Ան մտքի խաղաղութիւն պիտի շնորհէ քեզի, որպէսզի որեւէ պարագայի հետ գլուխ ելլես (Սաղ. 55։22. Առ. 24։10. Փլպ. 4։6, 7

5. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է առողջապահական ընտրութիւններու մասին բաւական առաջ տեղեկութիւններ հաւաքել։

5 Կարգ մը տարեցներ եւ անոնց ընտանիքները բաւական առաջ տեղեկութիւններ կը հաւաքեն առողջապահական ընտրութիւններու մասին, նկատի առնելու համար թէ ո՛րը գործնական պիտի ըլլայ գալիք օրերուն. տարեց ծնողը զաւակի՞ն հետ ապրի, խնամատա՞ն մէջ ապրի կամ ուրիշ մատչելի ընտրութիւն մը ընել։ Այսպիսով, ընտանիքը կրնայ նախապատրաստուիլ յառաջացած տարիքին ընկերակցող հաւանական խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն համար (Սաղ. 90։10)։ Այն ընտանիքը որ նախապէս չի ծրագրեր, կը ստիպուի արագ որոշումներ կայացնել, երբ ի վերջոյ խնդիրներու առջեւ գտնուի։ Մասնագէտ մը կ’ըսէ թէ ասիկա ընդհանրապէս «ամէնէն անյարմար ժամանակն է այսպիսի որոշում կայացնելու»։ Որոշումները արագօրէն կայացուելու պարագային, ընտանիքի անդամները կրնան ճնշուած ըլլալ եւ հակասական կարծիքներ ունենալ։ Բայց երբ նախապէս ծրագրենք, շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ փոփոխութիւններու յարմարիլ (Առ. 20։18

Ընտանիքը կրնայ քննարկել տարեց ծնողին կարիքները ինչպէ՛ս գոհացնել (տե՛ս պարբերութիւն 6-8)

6. Ինչո՞ւ օգտակար է քննարկել թէ տարեց ծնողքը ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պիտի ապրի։

6 Թերեւս դժուար թուի ծնողքիդ հետ խօսիլ տան մէջ փոփոխութիւններ ընելու կամ օրին մէկը փոխադրուելու կարիքին մասին։ Բայց, շատեր ըսած են թէ այսպիսի քննարկումներ յետագային որքա՜ն գործնական եղած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ աւելի դիւրին է դժուար հարցեր քննարկել, յարգանքով մտիկ ընել եւ գործնական քայլեր ծրագրել, խնդիրները ծագելէն առաջ։ Հանդարտ մթնոլորտի մէջ, ուր ընտանիքի անդամները կրնան բացէ ի բաց իրենց նախընտրութիւններուն մասին արտայայտուիլ, իրարու մօտիկ պիտի զգան եւ յիշեն իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սէրը։ Նոյնիսկ երբ տարեցները ուզեն առանձին մնալ եւ երկար ժամանակ իրենք իրենց հոգ տանին, օգտակար պիտի ըլլայ զաւակներուն հետ քննարկել, թէ երբ կարիքը ծագի, ո՛ր տեսակի հոգատարութիւնը պիտի նախընտրեն։

7, 8. Ընտանիքը ի՞նչ բաներու մասին պէտք է խօսի եւ ինչո՞ւ։

7 Ո՛վ ծնողներ, այսպիսի քննարկութիւններու ընթացքին, ձեր զաւակներուն յայտնեցէք ձեր փափաքները, նիւթական կարողութիւնները եւ նախընտրութիւնները։ Այսպէս, երբ օր մը անկարող դառնաք յարմար որոշումներ կայացնելու, անոնք ի վիճակի պիտի ըլլան ձեր ուզած որոշումը առնելու։ Վստահաբար, անոնք պիտի ուզեն ձեր փափաքները յարգել եւ կարելի եղածին չափ ձեր անկախութիւնը պահպանել (Եփ. 6։2-4)։ Օրինակի համար, կ’ակնկալէ՞ք որ ձեր զաւակներէն մէկը ձեզի ըսէ որ իր տունը փոխադրուիք, թէ ոչ ուրիշ ակնկալութիւններ ունիք։ Իրապաշտ եղէք ու յիշեցէք թէ ձեր ընտանիքին անդամները կրնան տարբեր գաղափարներ ունենալ։ Եւ ամէնուն հետ,– ըլլա՛յ ծնող կամ զաւակ,– ժամանակ կ’առնէ որ իրենց մտածելակերպը ճշդեն։

8 Բոլորը պէտք է գիտակցին, որ ծրագրելով եւ քննարկութիւններ ընելով բազմաթիւ խնդիրներէ կը խուսափին (Առ. 15։22)։ Խօսակցեցէք բժշկական խնամքի եւ նախընտրութիւններու մասին։ Այսպիսի նիստերու ընթացքին, Եհովայի վկաներու գործածած առողջապահական խնամքի փոխանորդագիրին մէջ նշուած կէտերը վստահաբար պէտք է նկատի առնուին։ Իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի գիտնալու մատչելի դարմանումներուն մասին եւ որոշ դարմանում մը ընդունելու կամ մերժելու։ Այս ուղղութեամբ, բժշկական կանխայայտ ցուցմունքը կը նշէ անհատին փափաքները։ Առողջապահական խնամքի փոխանորդագիրին մէջ վստահելի գործակալ մը նշանակելը թոյլ պիտի տայ անոր, որ ատենին յարմար որոշումներ կայացնէ։ Պարփակուած անհատները պէտք է կարեւոր թուղթերու օրինակները ունենան։ Ոմանք այսպիսի օրինակներ պահած են իրենց կտակին եւ ա՛յլ անհրաժեշտ թուղթերու հետ, ինչպէս՝ ապահովագիր, դրամատնային թուղթեր, պաշտօնական փաստաթուղթեր, եւ այլն։

ՆՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

9, 10. Ե՞րբ ծնողները յաւելեալ օգնութեան պէտք կ’ունենան։

9 Ընդհանրապէս, ընտանիքի բոլոր անդամները կ’ուզեն որ տարեցները իրենց անկախութիւնը պահպանեն։ Երբ ծնողները կրնան եփել, մաքրութիւն ընել, դեղ առնել եւ լաւ կերպով հաղորդակցիլ, զաւակները հարկ չեն ունենար անոնց առօրեայ կեանքին մէջ չափէ դուրս պարփակուելու։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, երբ ծնողները սկսին մոռացկոտ դառնալ, դժուարաւ քալել կամ չկարենան գնում ընել, հարկ է որ զաւակները ճշդումներ ընեն։

10 Կրնայ ըլլալ որ տարեցները շփոթութեան մատնուին կամ ընկճուին։ Անոնք կը սկսին իրենց լսողութիւնը, տեսողութիւնը կամ յիշողութիւնը կորսնցնել, կամ արտաքնոցը գործածելու դժուարութիւն ունենալ։ Եթէ ասոնցմէ ոմանք պատահին, բժշկական խնամքը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ուստի, երբ խնդիրը ծագի, անմիջապէս բժիշկին դիմեցէք։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ զաւակները առաջնորդութիւնը առնեն բժշկական եւ ա՛յլ անձնական հարցերու մէջ։ Վստահ ըլլալու համար թէ ծնողները լաւագոյն հոգատարութիւնը կը ստանան, զաւակները իրենց ի նպաստ կը խօսին, կարեւոր փաստաթուղթեր կը լեցնեն, ժամադրութիւններու կը հասցնեն, եւ այլն (Առ. 3։27

11. Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի ծնողքը փոփոխութիւններու դիւրաւ յարմարի։

11 Ո՛վ զաւակներ, եթէ ձեր ծնողքը առողջապահական մնայուն խնդիրներ ունի, թերեւս հարկ ըլլայ որ իրենց հոգատարութեան կամ ապրած տան մէջ փոփոխութիւններ մտցուին։ Փոփոխութիւնները ո՛րքան փոքր ըլլան, յարմարիլը ա՛յնքան դիւրին կ’ըլլայ։ Եթէ ձեր ծնողքէն հեռու կ’ապրիք, արդեօք բաւարա՞ր է որ հաւատակից մը կամ դրացի մը կանոնաւորաբար այցելէ ձեր ծնողքին եւ անոնց մասին ձեզմէ մէկուն տեղեկացնէ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք միայն ճաշ եփելու եւ մաքրութիւն ընելու մէջ օգնութեան ձեռք կ’ուզեն։ Արդեօք տան մէջ պզտիկ փոփոխութիւններ մտցնելը կը դիւրացնէ՞ որ անոնք ապահովաբար շարժին, լոգնան, եւ այլն։ Ծնողները թերեւս միայն տունին հոգ տանողի պէտք ունին։ Բայց եթէ այլեւս ապահով չէ զիրենք առանձին ձգել, յաւելեալ մնայուն օգնութեան հարկ պիտի ըլլայ։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, տես թէ տեղականօրէն ինչ տեսակի սպասարկութիւններ մատչելի են (կարդա՛ Առակաց 21։5) *։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ Կ’ԵԼԼԵՆ

12, 13. Կարգ մը չափահաս զաւակներ ի՞նչ ըրած են իրենցմէ հեռու ապրող ծնողքը պատուելու համար։

12 Սիրալիր զաւակները կ’ուզեն որ իրենց ծնողքը հանգիստ ըլլայ։ Անոնք մտքի խաղաղութիւն կ’ունենան, երբ գիտնան թէ իրենց ծնողքը հարկ եղած հոգատարութիւնը կը ստանայ։ Որոշ պարտաւորութիւններու պատճառաւ սակայն, բազմաթիւ չափահաս զաւակներ իրենց ծնողքէն հեռու կ’ապրին։ Անոնցմէ ոմանք արձակուրդները օգտագործած են ծնողքին այցելելու, անոնց կարիքները հոգալու եւ առտնին գործերը կատարելու համար։ Կանոնաւորաբար,– նոյնիսկ ամէն օր,– հեռաձայնելը, նամակներ գրելը կամ ել–մակներ ուղարկելը, ծնողքը կը հաւաստիացնէ թէ սիրուած է (Առ. 23։24, 25

13 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, պէտք է որոշէք թէ ձեր ծնողքը ո՛ր տեսակի հոգատարութեան պէտք ունի։ Եթէ հեռաւոր շրջանի մէջ կ’ապրիք եւ եթէ ձեր ծնողքը Վկայ է, կրնաք անոնց ժողովքի երէցներուն հետ խօսիլ եւ անոնց խրատը խնդրել։ Ամէնէն կարեւորը, հարցին շուրջ Եհովային աղօթեցէք (կարդա՛ Առակաց 11։14)։ Նոյնիսկ եթէ ձեր ծնողքը Վկայ չէ, պէտք է ‘պատուէք ձեր հայրն ու մայրը’ (Ել. 20։12. Առ. 23։22)։ Անշուշտ, ո՛չ բոլոր ընտանիքները նոյն որոշումը պիտի կայացնեն։ Ոմանք կ’որոշեն իրենց տարեց ծնողը իրենց տունը կամ իրենց մօտ շրջան մը փոխադրել։ Բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Կարգ մը ծնողներ թերեւս չուզեն իրենց չափահաս զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ ապրիլ։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք նախընտրեն առանձին ապրիլ եւ իրենց զաւակներուն վրայ բեռ չըլլալ։ Ոմանք թերեւս նախընտրեն տնային խնամք ստանալ, քանի որ կրնան ծախսերը ծածկել (Ժող. 7։12

14. Հոգ տանողները թերեւս ի՞նչ խնդիրներ դիմագրաւեն։

14 Բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ, հոգատարութեան պատասխանատուութեան մեծամասնութիւնը կը մնայ մէկ զաւակին վրայ, որ ծնողքին ամէնէն մօտը կ’ապրի։ Բայց ծնողքին հոգ տանողները պէտք է հաւասարակշռեն իրենց ծնողքին կարիքները իրենց անձնական ընտանիքին կարիքներուն հետ։ Իւրաքանչիւր անհատի տրամադրած ժամանակն ու կորովը սահման ունի։ Եթէ հոգ տանողին պարագան փոխուի, ընտանիքը պէտք է ընթացիկ կարգադրութիւնները նկատի առնէ։ Արդեօք կրնա՞յ ըլլալ որ միայն մէկ հոգի բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ շալկած է։ Միւս զաւակները կրնա՞ն բան մը ընել, թերեւս հերթով ծնողքին հոգ տանիլ։

15. Ի՞նչ կարելի է ընել որ հոգ տանողը յոգնութենէն չմաշի։

15 Երբ տարեց ծնողը յարատեւ հոգատարութեան պէտք ունենայ, վտանգ կայ որ հոգ տանողը յոգնութենէն մաշի (Ժող. 4։6)։ Սիրալիր զաւակները կ’ուզեն իրենց ամէն կարելին ընել ծնողքին հոգ տանելու համար, բայց շարունակական պարտականութիւնները կրնան ջախջախիչ ըլլալ։ Այս պարագային, հոգ տանողները պէտք է իրապաշտ ըլլան, հաւանաբար օգնութիւն խնդրեն։ Ատենէ ատեն անոնց աջակցիլը կարելի կը դարձնէ, որ ծնողքը լաւ հոգատարութիւն ստանայ առանց խնամատան պէտք ըլլալու։

16, 17. Տարեց ծնողքի հոգատարութեան մէջ զաւակները ի՞նչ մարտահրաւէրներ թերեւս դիմագրաւեն եւ ինչպէ՞ս կրնան գլուխ ելլել (տե՛ս նաեւ «Գնահատական հոգատարութիւն» շրջանակը)։

16 Նեղացուցիչ է տեսնել սիրալիր ծնողքին ծերութեան ցաւալի հետեւանքները։ Բազմաթիւ հոգ տանողներ կ’ունենան զանազան զգացումներ, ինչպէս՝ տխրութիւն, նեղութիւն, յուսախաբութիւն, բարկութիւն, յանցապարտութիւն, նոյնիսկ զայրոյթ։ Ատեններ, տարեց ծնող մը թերեւս անազնիւ խօսքեր ըսէ կամ երախտապարտ չգտնուի։ Այս պարագային, մի՛ վիրաւորուիր։ Մասնագէտ հոգեբոյժ մը կ’ըսէ, որ եթէ նեղացուցիչ զգացումներ ունինք, պէտք է նախ խոստովանինք որ զանոնք ունինք եւ ապա ջանանք մեր անձին հանդէպ գէշ չզգալ։ Զգացումներուդ մասին կողակիցիդ, ընտանիքի անդամի մը կամ վստահելի բարեկամի մը հետ խօսէ։ Այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան քեզի օգնել որ զգացումներդ հասկնաս եւ հաւասարակշռուած ըլլաս։

17 Ժամանակ կու գայ, երբ ընտանիքը այլեւս ո՛չ դրամական միջոց, ոչ ալ հմտութիւն կ’ունենայ, որ շարունակէ տան մէջ սիրելի անհատի մը հոգ տանիլ։ Թերեւս խնամատան հոգատարութիւնը անհրաժեշտ սկսի ըլլալ։ Քրիստոնեայ քոյր մը գրեթէ ամէն օր խնամատուն կ’երթար իր մօր այցելելու։ Իր ընտանիքին մասին կ’ըսէ. «Մաման օրը 24 ժամ հոգատարութեան պէտք ունէր, բայց մենք կարող չէինք այս մէկը ընել։ Խնամատան հոգատարութեան ընտրութիւնը ընելը դիւրին որոշում մը չէր։ Զգացական գետնի վրայ շա՛տ դժուար էր։ Բայց եւ այնպէս, անիկա լաւագոյն լուծումն էր իր կեանքին վերջին ամիսներուն համար։ Եւ ինքը այս որոշումին համամիտ գտնուեցաւ»։

18. Հոգ տանողները ի՞նչ բանէ վստահ կրնան ըլլալ։

18 Ձեր ծնողքին հոգ տանելու պատասխանատուութիւնները կրնան բարդ եւ զգացականօրէն դժուար ըլլալ։ Տարեցներու հոգատարութեան մէջ հասարակաց մէկ լուծում չկայ։ Բայց երբ ուշադրութեամբ ծրագրէք, ընտանեօք համագործակցիք, լաւ կերպով հաղորդակցիք եւ ամէնէն կարեւորը Եհովային աղօթէք, պիտի կարենաք ձեր սիրելիները պատուելու պատասխանատուութիւնը կատարել։ Ասիկա ընելով, գոհունակ պիտի զգաք, գիտնալով որ անոնք հարկ եղած հոգատարութիւնը եւ ուշադրութիւնը կը ստանան (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4-8)։ Ամէնէն կարեւորը մտքի խաղաղութիւն պիտի ունենաք եւ Եհովան ձեզ առատապէս պիտի օրհնէ (Փլպ. 4։7

^ պարբ. 3 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, բնական եւ թերեւս նախընտրելի է որ ծնողներ իրենց չափահաս զաւակներուն հետ բնակին։

^ պարբ. 11 Եթէ ձեր տարեց ծնողքը տակաւին իր տան մէջ կ’ապրի, վստահ եղէք թէ վստահելի հոգ–տանողներ տան բանալիները ունին, որպէսզի ստիպողական պարագային կարենան ձեռնտու ըլլալ։