Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Աստուածաշնչական ժամանակներուն, անհատ մը ինչո՞ւ դիտումնաւոր կերպով իր հանդերձները կը պատռէր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կը նկարագրէ բազմաթիւ պարագաներ, ուր անհատներ իրենց հանդերձները պատռեցին։ Այսպիսի արարք մը կրնայ այժմու ընթերցողներուն տարօրինակ թուիլ, սակայն հրեաներուն համար զօրաւոր զգացումներ կը բացայայտէր, ինչպէս՝ յուսահատութիւն, վիշտ, նուաստացում, բարկութիւն կամ սուգ։

Օրինակ, Ռուբէն «իր հանդերձները պատռեց», երբ տեսաւ թէ Յովսէփը ազատելու իր ծրագիրը ջուրը ինկած էր։ Անոնց հայրը՝ Յակոբ «պատռեց իր հանդերձները», երբ խորհեցաւ թէ վայրի գազան մը գիշատած էր Յովսէփը (Ծն. 37։18-35)։ Յոբ «իր պատմուճանը պատռեց», երբ իմացաւ թէ իր բոլոր զաւակները սպաննուած էին (Յոբ 1։18-20)։ Պատգամաբեր մը, որ «իր լաթերը պատռեր էր», Հեղի քահանայապետին եկաւ ու պատմեց, թէ իսրայէլացիները պատերազմի մէջ յաղթուած էին, Հեղիին երկու որդիները սպաննուած էին եւ ուխտին տապանակը գրաւուած էր (Ա. Թագ. 4։12-17)։ Երբ Յովսիա թագաւորին առջեւ օրէնքներու գիրքը կարդացուելով ժողովուրդին յանցանքները ցցուն դարձան, ան «իր հանդերձները պատռեց» (Դ. Թագ. 22։8-13

Յիսուսի դատավարութեան ատեն, երբ Կայիափա քահանայապետը սեպեց թէ Յիսուս հայհոյութիւն ըրաւ, «իր հանդերձները պատռեց» (Մատ. 26։59-66)։ Րաբունական աւանդութիւն մը նշեց, թէ եթէ աստուածային անունը հայհոյուի, լսողը իր հանդերձները պէտք է պատռէ։ Սակայն, Երուսաղէմի տաճարին կործանումէն ետք, րաբունական ուրիշ կարծիք մը ըսաւ, թէ «ներկայիս երբ աստուածային անունը կը հայհոյուի, հարկ չկայ որ լսողը իր հանդերձները պատռէ, այլապէս՝ անոր հանդերձները պիտի մաշին»։

Անշուշտ, հանդերձներ պատռելու արարքը Աստուծոյ աչքին անարժէք էր, եթէ անհատին վիշտը կեղծ էր։ Ուստի, Աստուած իր ժողովուրդին ըսաւ որ ‘իրենց սրտե՛րը պատռեն եւ ոչ թէ իրենց հանդերձները, եւ իրեն վերադառնան’ (Յվլ. 2։13