Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Իմ կերակուրս է՝ Աստուծոյ կամքը ընել’

‘Իմ կերակուրս է՝ Աստուծոյ կամքը ընել’

Ի՞նչ բան քեզի մեծապէս հաճոյք կու տայ։ Արդեօք մարդկային փոխյարաբերութիւննե՞րը, ինչպէս՝ ամուսնութիւն, ընտանիք պահել կամ բարեկամութիւն հաստատել։ Շատ հաւանաբար, սիրելիներուդ հետ ճաշելը հաճելի կը գտնես։ Սակայն, որպէս Եհովայի ծառայ, մասնաւորապէս վարձահատոյց չէ՞ Աստուծոյ կամքը կատարելը, իր Խօսքը ուսումնասիրելը եւ բարի լուրը քարոզելը։

Ստեղծիչը մեծարելով, Դաւիթ թագաւոր տաղերգեց. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է» (Սաղ. 40։8)։ Հակառակ իր կեանքին մէջ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն, Դաւիթ անկեղծօրէն կը հրճուէր Աստուծոյ կամքը կատարելով։ Անշուշտ, Դաւիթ Եհովայի միակ երկրպագուն չէր որ Իրեն ծառայելէն հաճոյք առաւ։

Սաղմոս 40։8–ի խօսքերը կիրարկելով Մեսիային, կամ Քրիստոսին, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ [Յիսուս] աշխարհ եկաւ, ըսաւ. ‘Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար’։ Այն ատեն ըսի. ‘Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած’» (Եբ. 10։5-7

Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուսի հաճոյք կը պատճառէր՝ ստեղծագործութիւնը դիտելը, բարեկամներու հետ ըլլալը եւ միասնաբար ճաշելը (Մատ. 6։26-29. Յովհ. 2։1, 2. 12։1, 2)։ Սակայն, իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը եւ մեծագոյն հաճոյքն էր՝ իր երկնաւոր Հօր կամքը կատարել։ Արդարեւ, ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34. 6։38)։ Յիսուսի աշակերտները իրենց Տիրոջմէն սորվեցան իսկական երջանկութեան գաղտնիքը։ Անոնք անձկագին եւ յօժարակամ կերպով Թագաւորութեան պատգամը բաժնեցին ուրիշներու հետ (Ղուկ. 10։1, 8, 9, 17

‘ԳԱՑԷ՛Ք ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏԵՑԷՔ’

Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Այս յանձնարարութիւնը կատարելը կը պարփակէ՝ մարդոց քարոզել ո՛ւր որ գտնուին, հետաքրքրուողներուն վերայցելել եւ անոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարել։ Այս գործը կատարելը կրնայ մեզի մեծապէս հաճոյք պատճառել։

Սէրը մեզ կը մղէ որ շարունակենք քարոզել՝ հակառակ անտարբերութեան

Մարդիկ մեր պատգամով հետաքրքրուի՛ն կամ ոչ, ծառայութեան մէջ հաճոյք գտնելուն մէջ բանալի դեր կը խաղայ մեր կեցուածքը։ Ինչո՞ւ կը շարունակենք բարի լուրը ծանուցանել, թէեւ որոշ անտարբերութիւն կը դիմագրաւենք։ Քանի որ կը գիտակցինք թէ Թագաւորութեան մասին քարոզելով եւ աշակերտելով ցոյց կու տանք, թէ Աստուած եւ մեր դրացին կը սիրենք։ Իրապէս, կեանքեր վտանգի տակ են,– թէ՛ մեր եւ թէ մեր դրացիներուն կեանքը (Եզեկ. 3։17-21. Ա. Տիմ. 4։16)։ Նկատի առնենք կարգ մը կէտեր, որոնք մեր հաւատակիցներէն շատերուն օգնած են որ դժուար թաղամասերու մէջ, ծառայելու իրենց նախանձախնդրութիւնը պահպանեն կամ աւելցնեն։

ԱՄԷ՛Ն ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ

Ծառայութեան մէջ պատշաճ հարցումներ գործածելը յաճախ լաւ արդիւնք կու տայ։ Առտու մը, Ամալիա տեսաւ մարդ մը, որ զբօսավայրի մը մէջ լրագիր կը կարդար։ Ամալիան իրեն մօտեցաւ եւ հարցուց եթէ կարդացածին մէջ լաւ լուրեր կային։ Երբ մարդը ո՛չ ըսաւ, Ամալիան նշեց. «Ես եկած եմ ձեզի ուրախ լուրեր տալու Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին»։ Ասիկա մարդուն հետաքրքրութիւնը շարժեց, եւ ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Արդարեւ այդ զբօսավայրին մէջ, Ամալիան կրցաւ Աստուածաշունչի երեք ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

Ճէնիս իր գործատեղը քարոզելու թաղամաս ըրած է։ Երբ Դիտարան–էն յօդուած մը հետաքրքրեց պահակ մը եւ անոր գործակիցը, Ճէնիս առաջարկեց կանոնաւորաբար պարբերաթերթեր բերել իրենց։ Ան նոյնը ըրաւ այլ պահակի մը, որ զմայլած էր տեսնելով Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նիւթերու այլազանութիւնը։ Ասիկա ճամբան հարթեց որ պաշտօնակից մը պարբերաթերթերը խնդրէ։ «Եհովայէն ինչ մե՜ծ օրհնութիւն», կ’ըսէ Ճէնիս։ Վերջ ի վերջոյ, ան գործատեղը 11 անհատներու կանոնաւորաբար պարբերաթերթ յանձնեց։

ԴՐԱԿԱ՛Ն ԵՂԻՐ

Շրջագայող տեսուչ մը յանձնարարեց թէ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, հրատարակիչներ պէտք չէ տանտիրոջ հետ իրենց խօսակցութիւնը եզրափակեն պարզապէս ըսելով, թէ ուրիշ օր մը պիտի վերադառնան։ Փոխարէն, անոնք կրնան անհատին հարցնել. «Կ’ուզէ՞ք ձեզի ցոյց տամ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ինչպէ՛ս կը վարուի», կամ՝ «Ո՞ր օրը եւ ո՞ր ժամուն կ’ուզէք վերադառնամ, որպէսզի մեր խօսակցութիւնը շարունակենք»։ Շրջագայող տեսուչը տեղեկագրեց, թէ այցելած ժողովքներէն մէկուն մէջ, եղբայրներն ու քոյրերը այս մօտեցումը գործածելով՝ մէկ շաբթուան մէջ կրցան 44 ուսումնասիրութիւն սկսիլ։

Անմիջապէս վերադառնալը,– նոյնիսկ առաջին հանդիպումէն քանի մը օր ետք,– կրնայ շատ ազդու ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպիսով ցոյց կու տանք, թէ իսկապէս հետաքրքրուած ենք ազնուասիրտ անհատներու օգնելով որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Երբ կնոջ մը հարցուեցաւ թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, ան պատասխանեց. «Սկսայ ուսումնասիրել, քանի որ անոնք ինծի հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն եւ սէր ցոյց տուին»։

Տանտիրոջ կրնաս հարցնել. «Կ’ուզէ՞ք ձեզի ցոյց տամ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ինչպէ՛ս կը վարուի»

Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցը յաճախելէ կարճ ժամանակ ետք, Մատայի արդէն իսկ 15 ուսումնասիրութիւն կը վարէր եւ անոնցմէ զատ 5 ուսումնասիրութիւն ուրիշ հրատարակիչներու յանձնած էր։ Աստուածաշունչի իր աշակերտներէն ոմանք սկսան ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Ի՞նչ բան Մատայիի օգնեց որ այս ուսումնասիրութիւնները հաստատէ։ Ռահվիրայութեան դպրոցը շեշտած էր կրկին անգամ վերադառնալու կարեւորութիւնը, առաջին հանդիպումին հետաքրքրուած անհատները գտնելու համար։ Ուրիշ քոյր մը, որ շատերուն օգնած է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվելու, կ’ըսէ. «Անդրադարձած եմ թէ վերայցելութիւններ ընելու մէջ յարատեւելը, բանալի ազդակն է օգնելու անոնց, որոնք կ’ուզեն Եհովան ճանչնալ»։

Անմիջապէս վերայցելելը ցոյց կու տայ թէ իսկապէս հետաքրքրուած ենք ազնուասիրտ անհատներով, որոնք կ’ուզեն Աստուածաշունչը հասկնալ

Վերայցելութիւններ ընելը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելը ժրաջան աշխատանք կը պահանջէ։ Սակայն վարձատրութիւնը գերազանց է։ Թագաւորութեան քարոզչութեան նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կրնանք ուրիշներուն օգնել որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան», ինչ որ իրենց համար փրկութիւն պիտի նշանակէ (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Իսկ մեզի համար, անիկա կրնայ անբաղդատելի գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն պատճառել։