Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի կազմակերպութեան հետ յառաջ կ’ընթանա՞ս

Եհովայի կազմակերպութեան հետ յառաջ կ’ընթանա՞ս

«Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են» (Ա. ՊԵՏ. 3։12

1. Ո՞ր կազմակերպութիւնը հաւատուրաց իսրայէլը փոխարինեց որպէս Եհովայի անուան համար ժողովուրդ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԱՌԱՋԻՆ դարու քրիստոնէական ժողովքին հաստատման եւ ներկայիս ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատման վարկը արդարացիօրէն Եհովային կ’երթայ։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Քրիստոսի նախկին հետեւորդներէն բաղկացած կազմակերպութիւնը հաւատուրաց իսրայէլը փոխարինեց որպէս Եհովայի անուան համար ժողովուրդ։ Ք.Ե. 70–ին, աստուածահաճոյ նոր կազմակերպութիւնը Երուսաղէմի կործանումէն վերապրեցաւ (Ղուկ. 21։20, 21)։ Առաջին դարու այդ դէպքերը նախընթաց էին զարգացումներու, որոնք Եհովայի այժմու ծառաները կը պարփակեն։ Շուտով Սատանայի աշխարհը վերջ պիտի գտնէ, բայց Աստուծոյ կազմակերպութիւնը «վերջին օրեր»էն պիտի վերապրի (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ասկէ ինչպէ՞ս վստահ ենք։

2. Յիսուս «մեծ նեղութեան» մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի սկսի։

2 Յիսուս իր անտեսանելի ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին մասին ըսաւ. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3, 21)։ Այս աննախընթաց նեղութիւնը պիտի սկսի, երբ Եհովան կործանէ «Մեծ Բաբելոն»ը,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը,– գործածելով քաղաքական ուժերը (Յայտ. 17։3-5, 16)։ Ապա ի՞նչ պիտի պատահի։

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔԸ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ՀԱՐԹԷ ԱՐՄԱԳԵԴՈՆԻՆ

3. Սուտ կրօնքը կործանուելէն ետք, Եհովայի ժողովուրդին ի՞նչ պիտի պատահի։

3 Սուտ կրօնքը կործանուելէն ետք, Սատանան եւ իր աշխարհին զանազան տարրերը Եհովայի ծառաներուն վրայ պիտի յարձակին։ Օրինակ, ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգին’ առնչութեամբ, Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ. «Դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ»։ Քանի որ Եհովայի վկաները զինուած չեն եւ երկրագունդին վրայ ամէնէն խաղաղասէր ժողովուրդն են, պիտի թուի թէ դիւրին պատառ են (Եզեկ. 38։1, 2, 9-12

4, 5. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ Իր ժողովուրդը բնաջնջելու Սատանայի ջանքերուն։

4 Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ Իր ժողովուրդը բնաջնջելու Սատանայի ջանքերուն։ Ան իրենց ի նպաստ պիտի միջամտէ, որպէս տիեզերքի Գերիշխան իր իրաւունքը ի գործ դնելով։ Ան իր ժողովուրդին վրայ յարձակումը կը համարէ յարձակում ի՛ր վրայ (կարդա՛ Զաքարիա 2։8)։ Ուստի, մեր երկնաւոր Հայրը անմիջապէս պիտի գործէ, որպէսզի մեզ ազատէ։ Այդ ազատումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Սատանայի աշխարհին կործանումով՝ Արմագեդոնին,– «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը (Յայտ. 16։14, 16

5 Արմագեդոնին առնչութեամբ մարգարէութիւն մը կ’ըսէ. «‘Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի. անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։ Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’» (Եր. 25։31-33)։ Արմագեդոնը այս ամբարիշտ աշխարհին վերջ պիտի դնէ. բայց Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը պիտի վերապրի։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՛Ւ ՆԵՐԿԱՅԻՍ Կ’ՈՒՌՃԱՆԱՅ

6, 7. ա) «Մեծ բազմութիւն»ը կազմող անհատները ուրկէ՞ կու գան։ բ) Վերջին տարիներուն ի՞նչ յաւելումներ արձանագրուած են։

6 Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը վերապրի եւ կ’ուռճանայ, քանի որ իրեն մաս կազմող մարդիկը Իր հաճութիւնը ունին։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին» (Ա. Պետ. 3։12)։ Արդարներուն մէջ կայ «մեծ բազմութիւն մը», որոնք «մեծ նեղութենէն եկողներ» են (Յայտ. 7։9, 14)։ Այս վերապրողները ո՛չ թէ պարզապէս «բազմութիւն մը»ն են, այլ՝ «մեծ բազմութիւն մը»ն են։ Դուն քեզ կը տեսնե՞ս «մեծ նեղութենէն» վերապրող այս բազմութեան մէջ։

7 «Մեծ բազմութիւն»ը կազմող անհատները ուրկէ՞ կու գան։ Քարոզչութեան շնորհիւ է որ անոնք կը հաւաքուին։ Յիսուս նախագուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14)։ Այս վերջին օրերուն մէջ, Աստուծոյ կազմակերպութեան հիմնական գործը այս է։ Եհովայի վկաներուն համաշխարհային քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործունէութեան առ ի արդիւնք, միլիոնաւորներ սորված են Աստուած պաշտել «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» (Յովհ. 4։23, 24)։ Օրինակ, 2003-2012–ի ծառայութեան տարիներուն ընթացքին, աւելի քան 2,707,000 անհատներ Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին մկրտուելով։ Աշխարհի տարածքին այժմ կան աւելի քան 7,900,000 Վկաներ, եւ իրենց կ’ընկերակցին միլիոնաւորներ, մանաւանդ տարեկան Յիշատակատօնին առթիւ։ Մենք այս թիւերով չենք պարծենար, քանի որ ‘Աստուա՛ծ կ’աճեցնէ’ (Ա. Կոր. 3։5-7)։ Արդարեւ, ակնյայտ է թէ մեծ բազմութիւնը տարիէ տարի կը բազմանայ։

8. Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ ուշագրաւ աճ կ’արձանագրէ։

8 Եհովայի երկրպագուները արտասովոր կերպով բազմացած են, քանի որ ինք իր Վկաներուն թիկունք կը կանգնի (կարդա՛ Եսայի 43։10-12)։ Այս յաւելումը նախագուշակուած էր սա մարգարէական խօսքերուն մէջ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա» (Եսա. 60։22)։ Օծեալ մնացորդը ատեն մը «քիչուոր» էր, բայց ուրիշ հոգեւոր իսրայէլացիներ Աստուծոյ կազմակերպութեան բերուելով՝ շատուոր եղաւ (Գաղ. 6։16)։ Տարիներու ընթացքին Եհովայի օրհնութեան շնորհիւ, մեծ բազմութեան հաւաքումով՝ յաւելումը կը շարունակուի։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶՄԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

9. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ Խօսքին խոստացած փայլուն ապագան վայելել։

9 Ըլլա՛նք օծեալ քրիստոնեաներ կամ մեծ բազմութեան անդամներ, կրնանք Աստուծոյ Խօսքին խոստացած փայլուն ապագան վայելել։ Բայց հարկ է որ Եհովայի պահանջներուն գոհացում տանք (Եսա. 48։17, 18)։ Նկատի առ իսրայէլացիները Մովսիսական օրէնքին ներքեւ։ Օրէնքին մէկ նպատակն էր իսրայէլացիները պաշտպանել, անոնց տալով օգտաւէտ կանոններ բազմաթիւ հարցերու առնչութեամբ, ինչպէս՝ սեռային վարք, առեւտրական գործունէութիւններ, երեխայի հոգատարութիւն եւ պատշաճ վարուելակերպ (Ել. 20։14. Ղեւ. 19։18, 35-37. Բ. Օր. 6։6-9)։ Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալը մեզի նոյնանման կերպերով կ’օգտէ, եւ անշուշտ իր կամքը կատարելը ծանր բան չենք նկատեր (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Իրականութեան մէջ, ինչպէս որ իսրայէլացիները Օրէնքով պաշտպանուած էին, մենք ալ երբ Եհովա Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն կ’ենթարկուինք, ոչ միայն կը պաշտպանուինք, այլ նաեւ ‘առողջ կ’ըլլանք հաւատքին մէջ’ (Տիտ. 1։13

10. Ինչո՞ւ պէտք է ժամանակ յատկացնենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ շաբաթական Ընտանեկան պաշտամունքին։

10 Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը զանազան կերպերով յառաջ կ’ընթանայ։ Օրինակ, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը հետզհետէ աւելի կը յստականայ։ Ասիկա կ’ակնկալենք, քանի որ «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ» (Առ. 4։18)։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. «Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու մեր հասկացողութեան մէջ եղած ճշդումներուն հետ քայլ կը պահե՞մ։ Սովորութիւն դարձուցա՞ծ եմ Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ։ Մեր հրատարակութիւնները անյագօրէն կը կարդա՞մ։ Ես ու սիրելիներս ամէն շաբաթ Ընտանեկան պաշտամունք կ’ունենա՞նք»։ Մեր մեծամասնութիւնը համաձայն պիտի գտնուի, թէ այս բաները ընելը այդքան ալ դժուար չէ։ Յաճախ բուն կէտն է՝ զանոնք կատարելու համար ժամանակ յատկացնել։ Եւ որքա՜ն կարեւոր է աստուածաշնչական ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ, զայն կիրարկել եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել,– մանաւանդ հիմա որ մեծ նեղութիւնը շա՛տ մօտ է։

11. Վաղեմի տօները եւ այժմու ժողովներն ու համաժողովները ի՞նչ կերպերով օգտակար եղած են։

11 Եհովայի կազմակերպութիւնը մեր լաւագոյն շահերուն ի նպաստ կը գործէ, երբ մեզ կը քաջալերէ որ Պօղոս առաքեալի խրատին անսանք. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։ Տարեկան տօները եւ պաշտամունքի այլ հաւաքոյթները իսրայէլացիները հոգեւորապէս կերտեցին. ասկէ զատ, ուրախալի առիթներ էին, ինչպէս՝ Նէեմիայի օրուան մասնայատուկ Տաղաւարահարաց տօնը (Ել. 23։15, 16. Նէ. 8։9-18)։ Նոյնանման կերպով մեր ժողովներէն եւ համաժողովներէն կ’օգտուինք։ Թող որ լիովին օգտագործենք մեր հոգեւոր առողջութեան եւ ուրախութեան նպաստող այս կարգադրութիւնները (Տիտ. 2։2

12. Քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

12 Աստուծոյ կազմակերպութեան ընկերակցելով, «Աստուծոյ բարի լուրի սուրբ գործին» մասնակցելու ուրախութիւնը կը վայելենք (Հռով. 15։16, ՆԱ)։ Այս «սուրբ գործ»ին մէջ բաժին բերելը մեզ Եհովային՝ «Սուրբ»ին՝ «գործակից»ները կ’ընէ (Ա. Կոր. 3։9. Ա. Պետ. 1։15)։ Բարի լուրը քարոզելը Եհովայի անունը կը սրբացնէ։ Եւ անկասկած հոյակապ առանձնաշնորհում է որ «երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարան»ը մեզի վստահուած է (Ա. Տիմ. 1։11

13. Հոգեւոր առողջութիւնը եւ կեանքը ինքնին ինչէ՞ կախեալ են։

13 Աստուած կ’ուզէ որ մեր հոգեւոր առողջութիւնը պահպանենք, իրեն յարելով եւ իր կազմակերպութեան գործունէութիւններուն թիկունք կանգնելով։ Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է, որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու» (Բ. Օր. 30։19, 20)։ Մեր կեանքը կախեալ է Եհովային կամքը կատարելէն, զինք սիրելէն, իր ձայնին ականջ տալէն եւ իրեն յարելէն։

14. Եղբայր մը Եհովայի կազմակերպութեան տեսանելի մասին նկատմամբ ի՞նչ խորհեցաւ։

14 Եղբայր Փրայս Հիյուզ, որ վճռականօրէն Աստուծոյ կառչեցաւ եւ Իր կազմակերպութեան հետ շարունակ քայլ պահեց, իր կենսագրութեան մէջ նշեց. «Ես շատ երախտապարտ եմ որ 1914–էն առաջ իսկ սկսած եմ Եհովայի նպատակներուն մասին գիտութիւն ստանալ։ . . .Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանը եղած է՝ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան մօտիկ մնալ։ Սկիզբի փորձառութենէս սորվեցայ, թէ որքա՜ն անմտութիւն է մարդկային տրամաբանութեան վստահիլ։ Անմիջապէս որ այդ կէտին նկատմամբ զօրաւոր համոզում ունեցայ, հաստատօրէն մտադրեցի հաւատարիմ կազմակերպութեան կողքին մնալ։ Ուրիշ ի՞նչ ձեւով մէկը կրնայ Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը ունենալ»։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՅԱՌԱՋ ԸՆԹԱՆԱԼ

15. Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակը կը յայտնէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդենք երբ ճշդումներ կատարուին։

15 Եթէ կ’ուզենք անհատապէս Եհովայի հաճութիւնն ու օրհնութիւնը ունենալ, հարկ է որ իր կազմակերպութեան թիկունք կանգնինք եւ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու մեր հասկացողութեան մէջ եղած ճշդումները ընդունինք։ Նկատի առ հետեւեալը. առաջին դարուն, հազարաւոր հրեայ քրիստոնեաներ Օրէնքին համար նախանձախնդիր էին եւ անկէ ձերբազատուիլը դժուար կը գտնէին (Գործք 21։17-20)։ Սակայն եբրայեցիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակին օգնութեամբ, անոնք ընդունեցին այն իրողութիւնը, թէ ‘օրէնքին համեմատ պատրաստուած’ զոհերով չէ որ սրբուած էին, այլ՝ «Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը» (Եբ. 10։5-10)։ Անկասկած, այդ հրեայ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը իրենց մտածելակերպը ճշդեցին եւ հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։ Մենք ալ պէտք է ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք եւ լայնամտութեամբ ընդունինք որեւէ ճշդում Աստուծոյ Խօսքին մեր հասկացողութեան մէջ կամ քարոզելու գործին մէջ։

16. ա) Ի՞նչ օրհնութիւններ նոր աշխարհին մէջ կեանքը հիանալի պիտի դարձնեն։ բ) Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ բանի անձկալից կը սպասես։

16 Բոլոր անոնք որոնք Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ կը մնան, յարատեւաբար իրմէ պիտի օրհնուին։ Հաւատարիմ օծեալները մեծ օրհնութիւններ պիտի վայելեն որպէս Քրիստոսին ժառանգակիցներ (Հռով. 8։16, 17)։ Եթէ երկրային յոյսը ունինք, երեւակայէ թէ որքա՜ն սքանչելի պիտի ըլլայ Դրախտին մէջ ապրիլ։ Այժմ որքա՜ն ուրախ ենք որ ուրիշներուն կը պատմենք Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մասին (Բ. Պետ. 3։13Սաղմոս 37։11–ը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Մարդիկ «տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին» եւ «իրենց ձեռքերուն գործերը» պիտի վայելեն (Եսա. 65։21, 22)։ Այլեւս կեղեքում, աղքատութիւն եւ անօթութիւն պիտի չըլլան (Սաղ. 72։13-16)։ Մեծ Բաբելոնը ո՛չ մէկը պիտի խաբէ, քանի որ այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ (Յայտ. 18։8, 21)։ Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն եւ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւն պիտի ունենան (Եսա. 25։8. Գործք 24։15)։ Ի՜նչ ոգեւորիչ հեռանկարներ ունին միլիոնաւորներ, որոնք Եհովայի նուիրուած են։ Որպէսզի այսպիսի աստուածաշնչական խոստումներու կատարումը անձամբ վայելենք, պէտք է շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել, Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ յառաջ ընթանանք եւ միշտ անոր հետ քայլ պահենք։

Դուն քեզ Դրախտին մէջ կը տեսնե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 16)

17. Եհովայի պաշտամունքին եւ իր կազմակերպութեան նկատմամբ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

17 Քանի որ այս աշխարհի վախճանը շատ մօտ է, թող որ հաւատքին մէջ հաստատ մնանք եւ երախտապարտ ըլլանք Աստուծոյ պաշտամունքի կարգադրութեան համար։ Սաղմոսերգու Դաւիթ այս կեցուածքը ունենալով՝ տաղերգեց. «Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն ու ասիկա կ’աղաչեմ, որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար» (Սաղ. 27։4)։ Թող որ իւրաքանչիւրս Աստուծոյ յարինք, իր ժողովուրդին հետ քայլ պահենք եւ շարունակենք իր կազմակերպութեան հետ յառաջ ընթանալ։