ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովան իսկապէ՛ս ինծի օգնած է
Երբ նոր ամուսնացած էի, շոգեկառքով Էվլինի հետ հասայ Հորնփէյն գիւղաքաղաքը, որ հիւսիսային Օնդէրիոյի մէջ կը գտնուի, Քանատա։ Առտու էր եւ խիստ ցուրտ էր։ Տեղացի եղբայր մը մեզ դիմաւորեց, եւ իր կնոջ ու զաւակին հետ միասնաբար նախաճաշեցինք։ Ապա ձիւնին մէջէն քալելով տունէ տուն քարոզեցինք։ Իսկ կէսօրէ ետք, որպէս շրջանային տեսուչ առաջին դասախօսութիւնս տուի։ Միայն մենք կայինք՝ հինգ հոգի. ուրիշ ո՛չ ոք ներկայ էր։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մէջ, 1957–ին, այդ դասախօսութեանս ընթացքին ներկաներու պզտիկ թիւը զիս չնեղացուց։ Ես միշտ չափազանց ամչկոտ եղած եմ։ Երբ տղեկ էի, կը պահուըտէի երբ մեր տունը հիւրեր գային, նոյնիսկ եթէ զանոնք կը ճանչնայի։
Պիտի զարմանաք եթէ գիտնաք թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ նշանակումներուս մեծամասնութիւնը ինձմէ պահանջած է շատ մարդոց հետ գործառնութիւն ունենալ, ըլլա՛ն բարեկամներ կամ օտարներ։ Բայց շարունակ մաքառած եմ ամչկոտութեան եւ ինքնավստահութեան պակասի դէմ, ուստի այդ նշանակումներուն մէջ ունեցած յաջողութեանս վարկը ինծի չ’երթար։ Փոխարէն, տեսած եմ Եհովայի խոստումին ճշմարիտ ըլլալը. «Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսա. 41։10)։ Եհովան գլխաւորաբար հաւատակիցներուս միջոցով ինծի օգնած է։ Ձեզի պատմեմ անոնցմէ ոմանց մասին, սկսելով մանկութենէս։
ԱՆ ԳՈՐԾԱԾԵՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԸ ԵՒ ՊԶՏԻԿ ՍԵՒ ՏԵՏՐԱԿ ՄԸ
1940–ական թուականներուն, պայծառ կիրակի առտու մը, Էլսի Հընթինկֆորտ եկաւ մեր ագարակը, հարաւ–արեւմտեան Օնդէրիոյի մէջ։ Մայրս դուռը բացաւ, մինչ հայրս ինծի պէս ամչկոտ ըլլալով, ներսը
ինծի հետ նստած մտիկ ըրաւ։ Խորհելով թէ քոյր Հընթինկֆորտը վաճառուհի էր եւ թէ մայրս պիտի գնէր իրեր, որոնց կարիք չունէինք, հայրս ի վերջոյ ուղղուեցաւ դէպի դուռը՝ ըսելու համար թէ չէինք հետաքրքրուած։ «Դուք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ չէ՞ք հետաքրքրուած», հարցուց քոյր Հընթինկֆորտ։ «Անշուշտ ատով հետաքրքրուած ենք», պատասխանեց հայրս։Քոյր Հընթինկֆորտ լաւագոյն ատենին մեզի այցելեց։ Ծնողքս Քանատայի Միացեալ եկեղեցիին գործունեայ անդամներ էին, բայց վերջերս որոշած էին զայն ձգել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քահանան եկեղեցիին նախասրահին մէջ ցանկ մը կախեց, որ կարգաւ կը նշէր նուիրատուութիւն ընողներուն անունները, սկսելով ամենաշատ տուողէն։ Ծնողքս համեստ պայմաններ ունենալով, ընդհանրապէս ցանկին վերջաւորութեան կը նշուէին, եւ եկեղեցիին մեծաւորները իրենց վրայ կը ճնշէին որ աւելի տան։ Ուրիշ քահանայ մը խոստովանեցաւ, թէ չուզելով իր գործը կորսնցնել, կը սորվեցնէր բաներ, որոնց չէր հաւատար։ Ուստի, եկեղեցին ձգեցինք, բայց մեր հոգեւոր կարիքը գոհացնելու կերպ մը կը փնտռէինք։
Քանի որ այն ատեն Քանատայի մէջ Եհովայի վկաներու գործունէութիւնը արգիլուած էր, մեր ընտանիքին հետ ուսումնասիրութիւն վարելու ատեն քոյր Հընթինկֆորտ գործածեց միայն Աստուածաշունչը եւ նոթեր, որոնք արձանագրած էր իր պզտիկ սեւ տետրակին մէջ։ Յետագային, երբ ան գիտակցեցաւ թէ զինք կառավարութեան պիտի չմատնէինք, մեզի բերաւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան աւարտին, զգուշութեամբ հրատարակութիւնները կը պահէինք *։
Հակառակութիւն եւ այլ խոչընդոտներ դիմագրաւելով հանդերձ, քոյր Հընթինկֆորտ նախանձախնդրութեամբ բարի լուրը կը քարոզէր։ Անոր եռանդը զիս տպաւորեց եւ մղեց որ ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնեմ։ Ծնողքս Եհովայի վկայ ըլլալէ մէկ տարի ետք, Աստուծոյ իմ նուիրումս խորհրդանշեցի մկրտութեամբ, որ տեղի ունեցաւ 27 փետրուար 1949–ին, մետաղեայ տաշտի մը մէջ, որ հողագործները կը գործածէին անասուններուն ջուր խմցնելու։ 17 տարեկան էի։ Անկէ ետք, վճռեցի լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկել։
ԵՀՈՎԱՆ ՕԳՆԵՑ ՈՐ ՔԱՋ ԸԼԼԱՄ
Անմիջապէս ռահվիրայ ըլլալու վարանեցայ, քանի որ խորհեցայ թէ նա՛խ պէտք է որ որոշ Ա. Մն. 28։10)։ Այդ ազնիւ քաջալերութեամբ, ռահվիրայութեան սկսայ նոյեմբեր 1951–ին։ Ունէի միայն 40 տոլար, գործածուած հեծանիւ եւ նոր պայուսակ։ Բայց Եհովան միշտ վստահ կ’ըլլար որ ինծի պէտք եղած բաները ունենայի։ Որքա՜ն երախտապարտ եմ որ Թէտ զիս քաջալերեց ռահվիրայ ըլլալու։ Ասիկա յաւելեալ օրհնութիւններու առաջնորդեց։
գումար ձեռք ձգեմ։ Ուստի, ատեն մը աշխատեցայ դրամատան մը եւ գրասենեակի մը մէջ։ Սակայն անփորձ պատանի ըլլալով, հազիւ դրամ շահէի՝ զայն կը ծախսէի։ Թէտ Սարճընդ անունով եղբայր մը զիս յորդորեց, որ քաջ ըլլամ եւ Եհովային հաւատք ընծայեմ (1952–ի օգոստոսի վերջաւորութեան, գիշեր մը Թորոնթոյէն հեռաձայն ստացայ։ Եհովայի վկաներու Քանատայի մասնաճիւղը զիս կը հրաւիրէր որ սեպտեմբերին Բեթէլի ծառայութեան սկսիմ։ Թէեւ ամչկոտ էի եւ մասնաճիւղը բնաւ չէի այցելած, բայց խանդավառ էի, քանի որ ուրիշ ռահվիրաներ հիանալի բաներ ըսած էին Բեթէլին մասին։ Երբ հոն հասայ, շուտով զգացի թէ տանս մէջ եմ։
«ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ՈՐ ԻՐԵՆՑՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԵՍ»
Բեթէլի մէջ ըլլալէ երկու տարի ետք, Թորոնթոյի մէկ ժողովքին մէջ, Պիլ Եէգոսը փոխարինեցի որպէս ժողովքի ծառայ (այժմ կը ճանչցուի որպէս երէցներու մարմինի համակարգող)։ Միայն 23 տարեկան ըլլալով, զգացի թէ պարզամիտ գիւղացի տղայ մըն եմ։ Բայց եղբայր Եէգոս խոնարհութեամբ եւ սիրալիրօրէն ինծի ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ ընեմ։ Եւ Եհովան իսկապէս օգնեց։
Կարճահասակ եւ խնդումերես եղբայր Եէգոսը մարդոցմով հետաքրքրուած էր։ Ան եղբայրները կը սիրէր եւ անոնց կողմէ սիրուած էր։ Ան կանոնաւորաբար անոնց տուները կ’այցելէր, եւ ոչ թէ միայն երբ խնդիրներ կ’ունենային։ Պիլ Եէգոսը զիս քաջալերեց որ նոյնը ընեմ, եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիմ։ Ան ըսաւ. «Եղբայրներուն ցոյց տուր որ իրենցմով հետաքրքրուած ես։ Ատիկա թերութիւններու բազմութիւն մը պիտի ծածկէ»։
ԿԻՆՍ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ԿԸ ԴՐՍԵՒՈՐԷ
Յունուար 1957–էն ի վեր Եհովան մասնայատուկ կերպով ինծի օգնած է։ Այդ ամիս ամուսնացայ Էվլինի հետ, որ Գաղաադի դպրոցին 14–րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղած էր։ Մեր ամուսնութենէն առաջ, ան Քեպէք ֆրանսախօս նահանգին մէջ կը ծառայէր։ Այդ օրերուն, Քեպէքը կաթողիկէ եկեղեցիին հակակշռին տակ էր։ Անոր համար Էվլինի նշանակումը շատ դժուար էր, բայց ան հաւատարմօրէն անոր ու Եհովային կառչեցաւ։
Էվլին նաեւ հաւատարմութեամբ ինծի կառչած է (Եփ. 5։31)։ Իրականութեան մէջ, իր հաւատարմութիւնը փորձի ենթարկուեցաւ հազիւ թէ ամուսնացանք։ Ծրագրած էինք Ֆլորիտա ճամբորդել (ԱՄՆ), բայց մեր ամուսնութեան յաջորդ օրը, մասնաճիւղը ինձմէ խնդրեց որ մէկ շաբաթ տեւող ժողովի մը ներկայ ըլլամ, Քանատայի Բեթէլին մէջ։ Անշուշտ, այս ժողովը մեր ծրագիրները խանգարեց, բայց Էվլին ու ես ուզեցինք ընել այն ինչ որ Եհովան մեզմէ խնդրեց։ Ուստի մեր մեղրալուսինը չեղեալ նկատեցինք։ Այդ շաբաթ, ան մասնաճիւղին մօտակայքը քարոզչութեան մասնակցեցաւ։ Թաղամասը Քեպէքի թաղամասէն շատ տարբեր ըլլալով հանդերձ, ան տոկաց։
Այդ շաբթուան վերջաւորութեան անակնկալի եկայ, երբ նշանակուեցայ շրջանային տեսուչ՝ հիւսիսային
Օնդէրիոյի մէջ։ Ես նոր ամուսնացած էի, միայն 25 տարեկան եւ շատ անփորձ, բայց Եհովային վստահելով գացինք։ Քանատայի ձմրան ամէնէն ցուրտ օրերէն մէկուն, գիշերով շոգեկառք ելանք քանի մը փորձառու շրջագայող տեսուչներու հետ, որոնք իրենց նշանակումներուն կը վերադառնային։ Անոնք մեզ շա՜տ քաջալերեցին։ Եղբայր մը նոյնիսկ պնդեց որ անկողին ունեցող իր բաժնեակը առնենք, որպէսզի չստիպուինք ամբողջ գիշերը շոգեկառքին անհանգստաւէտ նստարանին վրայ նստիլ։ Առաւօտուն, մեր ամուսնութենէն միայն 15 օր ետք, Հորնփէյնի մէջ պզտիկ խումբին այցելեցինք, ինչպէս որ սկիզբը նշեցի։Էվլինին ու ինծի ա՛լ աւելի փոփոխութիւններ կը սպասէին։ 1960–ի վերջաւորութեան, մինչ որպէս նահանգային տեսուչ կը ծառայէի, հրաւէր ստացայ Գաղաադի դպրոցին 36–րդ դասարանը յաճախելու,– տասը ամիս տեւող դասընթացք մը, որ փետրուար 1961–ին պիտի սկսէր Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Վստահաբար հրճուեցայ, բայց ուրախութիւնս նուազեցաւ՝ գիտնալով որ Էվլինը չէր հրաւիրուած։ Փոխարէն, իրմէ խնդրուեցաւ որ նամակ մը գրէ, նշելով թէ յօժար է որ ես ու ինք առնուազն տասը ամիս իրարմէ հեռու մնանք։ Էվլին լացաւ, բայց որոշեցինք որ դպրոցը յաճախեմ, եւ ան ուրախ էր որ Գաղաադի մէջ արժէքաւոր մարզում պիտի ստանայի։
Այդ ժամանակամիջոցին, Էվլին Քանատայի մասնաճիւղին մէջ ծառայեց։ Ան մասնայատուկ առանձնաշնորհում ունեցաւ՝ սենեկակից ըլլալով օծեալ քրոջ մը,– Մարկրէթ Լովէլ։ Անշուշտ, Էվլին ու ես զիրար շատ կը կարօտնայինք։ Սակայն Եհովայի օգնութեամբ, մեր ժամանակաւոր նշանակումներուն մէջ յարատեւեցինք։ Եհովային եւ Իր կազմակերպութեան աւելի օգտակար ըլլալու համար՝ միասին ըլլալու մեր ժամանակը զոհելու իր կամեցողութիւնը զիս շատ տպաւորեց։
Շուրջ երեք ամիս Գաղաադի դպրոցը յաճախելէ ետք, եղբայր Նաթան Նոր, որ այդ ատեն համաշխարհային գործը կ’առաջնորդէր, ինծի արտասովոր հրաւէր մը ներկայացուց։ Ան հարցուց եթէ յօժար էի Գաղաադի դպրոցը ձգելու եւ Քանատա վերադառնալու, որպէսզի ժամանակաւորապէս ծառայեմ որպէս Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցի ուսուցիչ։ Եղբայր Նոր ըսաւ որ ստիպուած չէի հրաւէրը ընդունիլ։ Կրնայի Գաղաադի դպրոցը ամբողջացնել եւ ապա հաւանաբար միսիոնարական գործին նշանակուիլ։ Ան նաեւ նշեց որ եթէ որոշէի Քանատա վերադառնալ, թերեւս անգամ մը եւս Գաղաադի դպրոցը չյաճախէի, եւ ժամանակի ընթացքին հաւանաբար նշանակումս ըլլար դաշտին մէջ ծառայել, Քանատայի մէջ։ Ան ըսաւ որ կնոջս հետ խօսակցիմ եւ ապա որոշում մը կայացնեմ։
Քանի որ Էվլին արդէն իսկ ինծի ըսած էր թէ աստուածպետական նշանակումները ինչպէ՛ս կը նկատէր, անմիջապէս եղբայր Նորին ըսի. «Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզմէ ի՛նչ որ խնդրէ, պատրաստ ենք ընելու»։ Մենք միշտ խորհած ենք, թէ մեր նախընտրութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք է երթանք ո՛ւր որ Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզ ղրկէ։
Ուստի, ապրիլ 1961–ին, Պրուքլինը ձգեցի եւ Քանատա վերադարձայ, Թագաւորութեան
ծառայութեան դպրոցին մէջ ուսուցանելու համար։ Յետագային, սկսանք ծառայել որպէս Բեթէլի ընտանիքի անդամներ։ Ապա, շատ զարմացայ երբ հրաւէր ստացայ յաճախելու Գաղաադի 40–րդ դասարանը, որ 1965–ին պիտի սկսէր։ Անգամ մը եւս հարկ էր որ Էվլին նամակ գրէր որ յօժար էր իրարմէ հեռու ըլլալու։ Բայց քանի մը շաբաթ ետք, երկուքս ալ հրճուեցանք, երբ ինք ալ հրաւէր ստացաւ դպրոցը ինծի հետ յաճախելու։Երբ Գաղաադի դպրոցը հասանք, եղբայր Նոր մեզի ըսաւ որ այն աշակերտները, որոնք ֆրանսերէն լեզուի դասընթացք պիտի ստանային, ինչպէս՝ մենք, Ափրիկէ պիտի ղրկուէին։ Սակայն վկայականներու բաշխումի ատեն, կրկին ղրկուեցանք Քանատա, եւ նշանակուեցայ մասնաճիւղի տեսուչ (այժմ կը ճանչցուի որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգող)։ Միայն 34 տարեկան ըլլալով՝ եղբայր Նորին ըսի. «Ես շատ անփորձ եմ»։ Բայց ան զիս հանգստացուց։ Եւ սկիզբէն ի վեր, ջանացած եմ Բեթէլի մէջ տարիքով ինձմէ մեծ եւ աւելի փորձառու եղբայրներու խորհուրդը փնտռել, նախքան ծանրակշիռ որոշումներ կայացնելս։
ԲԵԹԷԼ՝ ՎԱՅՐ ՄԸ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ԵՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ
Բեթէլի ծառայութիւնը ինծի սքանչելի պատեհութիւններ տուած է ուրիշներէն սորվելու։ Ես կը յարգեմ ու մեծապէս կ’արժեւորեմ Մասնաճիւղի յանձնախումբին միւս անդամները։ Նաեւ վրաս լաւ ազդեցութիւն ունեցած են հարիւրաւոր եղբայրներ ու քոյրեր, երիտասարդ թէ տարեց, որոնց ծանօթացած ենք մասնաճիւղին մէջ եւ մեր ծառայած ժողովքներուն մէջ։
Բեթէլի ծառայութիւնը նաեւ թոյլ տուած է որ ուրիշներուն սորվեցնեմ եւ անոնց հաւատքը զօրացնեմ։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ըսաւ. «Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար»։ Ան նաեւ նշեց. «Այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։2. 3։14)։ Երբեմն, հաւատակիցներ ինծի կը հարցնեն թէ Բեթէլի ծառայութեան մէջ անցուցած 57 տարիներուս ընթացքին, ի՛նչ դասեր սորված եմ։ Իմ պարզ պատասխանս է. «Յօժարակամ կերպով եւ փութաջանօրէն ընել ի՛նչ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը քեզմէ կը խնդրէ, օգնութեան համար Եհովային ապաւինելով»։
Կարծես թէ երէկ էր որ Բեթէլ հասայ, որպէս ամչկոտ եւ անփորձ պատանի մը։ Սակայն, այսքան տարի Եհովան ‘աջ ձեռքէս բռնած է’։ Մասնաւորապէս հաւատակիցներու ազնուութեամբ եւ ժամանակայարմար հոգատարութեամբ, ան կը շարունակէ զիս վստահեցնել. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ» (Եսա. 41։13)։
^ պարբ. 10 22 մայիս 1945–ին, Քանատայի կառավարութիւնը արգիլումը վերցուց։