Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կազմակերպիչ Աստուած է

Եհովան կազմակերպիչ Աստուած է

«Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան» (Ա. ԿՈՐ. 14։33

1, 2. ա) Ո՞վ էր Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնը եւ ինչպէ՞ս զայն գործածեց։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հրեշտակային ստեղծագործութիւնը կազմակերպուած է։

ԵՀՈՎԱՆ, տիեզերքի Ստեղծիչը, կազմակերպուած կերպով կը գործէ։ Իր առաջին ստեղծագործութիւնն էր՝ իր հոգեղէն միածին Որդին, որ իր գլխաւոր խօսնակը ըլլալով կը կոչուի «Բանը»։ Բանը դարեր շարունակ Աստուծոյ ծառայած է, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր» եւ «ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ»։ Աւելի քան 2000 տարի առաջ, Աստուած Բանը երկիր ղրկեց, որպէս կատարեալ մարդ՝ Յիսուս Քրիստոս, ուր հաւատարմօրէն իր Հօր կամքը կատարեց (Յովհ. 1։1-3, 14

2 Իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, Աստուծոյ Որդին իր «ճարտարապետ»ն էր (Առ. 8։30)։ Եհովան անոր միջոցաւ երկինքի մէջ ուրիշ միլիոնաւոր հոգեղէն արարածներ գոյացուց (Կող. 1։16)։ Հրեշտակներուն մասին, Աստուածաշունչը կը տեղեկացնէ. «Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին [Եհովային] եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին» (Դան. 7։10)։ Այս բազմաթիւ հոգեղէն արարածներուն կ’ակնարկուի որպէս Եհովայի լաւ–կազմակերպուած «զօրքեր»ը (Սաղ. 103։21

3. Աստղերն ու մոլորակները որքա՞ն շատ են, եւ ինչպէ՞ս կազմակերպուած են։

3 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ֆիզիքական ստեղծագործութեան մասին, ինչպէս՝ անհամար աստղերն ու մոլորակները։ Լրագիր մը կը նշէ, թէ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը թելադրէ, որ «300 վեցիլիոն աստղեր կան, այսինքն՝ գիտնականներուն նախապէս հաշուածին երեք անգամը»։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Ասիկա կը նշանակէ՝ 3 եւ աջ կողմը 23 զէռօ, կամ 3 եռիլիոն անգամ 100 երկիլիոն» (Houston Chronicle)։ Աստղերը կազմակերպուած են որպէս աստղախումբեր, իւրաքանչիւրը պարունակելով երկիլիոնաւոր կամ նոյնիսկ եռիլիոնաւոր աստղեր եւ մոլորակներ։ Աստղախումբերուն մեծամասնութիւնը նաեւ կազմակերպուած է որպէս աստղախումբերու կոյտեր եւ աստղախումբերու գերկոյտեր։

4. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած երկրի վրայ իր ծառաները կը կազմակերպէ։

4 Արդար հոգեւոր արարածներուն նման, ֆիզիքական երկինքը եւս հիանալի կերպով կազմակերպուած է (Եսա. 40։26)։ Ուստի, տրամաբանական է եզրակացնել թէ Եհովան երկրի վրայ իր ծառաներն ալ կը կազմակերպէ։ Ան կ’ուզէ որ անոնք կարգապահ ըլլան, եւ ասիկա անհրաժեշտ է, քանի որ ընելիք շատ կարեւոր գործ մը ունին։ Եհովայի վաղեմի եւ այժմու երկրպագուներու հաւատարիմ ծառայութեան հոյակապ արձանագրութիւնը զօրաւոր ապացոյց է, որ Ան իրենց հետ եղած է եւ թէ «խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 14։33, 40

ՎԱՂԵՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

5. Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը ինչպէ՞ս ընդհատուեցաւ։

5 Երբ Եհովան առաջին մարդն ու կինը ստեղծեց, անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք» (Ծն. 1։28)։ Մարդկային ընտանիքը կազմակերպուած կերպով պիտի աճէր, որպէսզի երկիրը լեցնէր եւ Դրախտը ընդլայնէր, մինչեւ որ անիկա ամբողջ երկրագունդը ծածկէր։ Այդ կարգադրութեան իրագործուիլը ժամանակաւորապէս ընդհատուեցաւ, երբ Ադամ ու Եւա անհնազանդ գտնուեցան (Ծն. 3։1-6)։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովան տեսաւ թէ «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Առ ի արդիւնք, «երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ»։ Ուստի, Աստուած որոշեց համաշխարհային ջրհեղեղ բերել, որ անբարեպաշտ մարդիկը պիտի բնաջնջէր (Ծն. 6։5, 11-13, 17

6, 7. ա) Եհովան ինչո՞ւ Նոյին հաճեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Նոյի օրուան բոլոր անհաւատարիմ մարդոց ի՞նչ պատահեցաւ։

6 Բայց «Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ», որովհետեւ «իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր» եւ «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Եհովան իրեն ցուցմունք տուաւ որ հսկայ տապան մը շինէ (Ծն. 6։8, 9, 14-16)։ Տապանը այնպէս մը ծրագրուած էր, որ մարդոց եւ անասուններու կեանքը պահպանէր։ Հնազանդօրէն, «Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս», եւ իր ընտանիքին համագործակցութեամբ, կազմակերպուած կերպով շինարարական գործը ամբողջացուց։ Ապրող էակները տապան մտնելէ ետք, ‘Տէրը տապանը գոցեց’ (Ծն. 7։5, 16

7 Երբ Ք.Ա. 2370–ին Ջրհեղեղը եկաւ, Եհովան ‘երկրի երեսին վրայ եղող ամէն էակ ջնջեց’, բայց հաւատարիմ Նոյը եւ իր ընտանիքը պահպանեց (Ծն. 7։23)։ Այժմ երկրի բոլոր բնակիչները Նոյի եւ իր որդիներուն սերունդն են։ Բայց տապանէն դուրս եղող բոլոր անհաւատ մարդիկը բնաջնջուեցան, քանի որ մերժեցին մտիկ ընել Նոյին՝ «արդարութեան քարոզիչ»ին (Բ. Պետ. 2։5

Լաւ կազմակերպումը օգնեց ութ անհատներու որ Ջրհեղեղէն վերապրին (տե՛ս պարբերութիւն 6, 7)

8. Իսրայէլի մէջ լաւ կազմակերպումի ի՞նչ ապացոյց կար, երբ Աստուած պատուիրեց Խոստացեալ երկիրը մտնել։

8 Ջրհեղեղէն աւելի քան ութ դար ետք, Աստուած իսրայէլացիները կազմակերպեց որպէս ազգ։ Հարկ էր որ իրենց կեանքի բոլոր երեսակները, յատկապէս պաշտամունքը, լաւ կազմակերպուած ըլլային։ Օրինակ, բազմաթիւ քահանաներէն եւ ղեւտացիներէն զատ, «խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներ» կը ծառայէին (Ել. 38։8)։ Երբ Եհովա Աստուած իսրայէլացիներուն պատուիրեց Քանանի երկիրը մտնել, այդ սերունդը անհաւատարիմ գտնուեցաւ, ուստի անոնց ըսաւ. «Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու երդում ըրի, բացի Յեփոնէին որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէին որդիէն՝ Յեսուէն», որոնք Խոստացեալ երկիրը լրտեսելէ ետք, դրական տեղեկագրութիւն ներկայացուցին (Թուոց 14։30, 37, 38)։ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւելով, Մովսէս յետագային նշանակեց Յեսուն որպէս իր յաջորդը (Թուոց 27։18-23)։ Երբ Յեսուն իսրայէլացիները դէպի Քանանի երկիրը առաջնորդելու վրայ էր, Եհովան իրեն ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։9

9. Ռախաբ ինչպէ՞ս նկատեց Եհովան եւ Իր ժողովուրդը։

9 Եհովա Աստուած իսկապէս Յեսուին հետ էր, ո՛ւր որ ան երթար։ Օրինակ, նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, մինչ իսրայէլացիները Երիքով քաղաքին մօտ բանակած էին։ Ք.Ա. 1473–ին, Յեսուն երկու տղամարդ Երիքով ղրկեց՝ զայն լրտեսելու համար, եւ հոն անոնք Ռախաբ պոռնիկին հանդիպեցան։ Ան զիրենք իր տան տանիքը պահեց, քանի որ Երիքովի թագաւորը մարդիկ ղրկած էր որ զիրենք բռնեն։ Ռախաբ իսրայէլացի լրտեսներուն ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ. . . Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը. . . Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք. . . Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն»։ Ան աւելցուց. «Ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած» (Յես. 2։9-11)։ Քանի որ Ռախաբ ինքզինք դասեց Աստուծոյ կազմակերպութեան հետ, Աստուած զինք եւ իր ընտանիքը փրկեց, երբ իսրայէլացիները Երիքովը նուաճեցին (Յես. 6։25)։ Ռախաբ հաւատք դրսեւորեց, Եհովային հանդէպ ակնածանք ցոյց տուաւ եւ Իր ժողովուրդը յարգեց։

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ԵՌԱՆԴՈՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

10. Յիսուս ժամանակակից հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ի՞նչ ըսաւ, եւ ինչո՞ւ։

10 Յեսուի առաջնորդութեան ներքեւ, իսրայէլացիները քաղաք առ քաղաք նուաճելով, Քանանի երկիրը գրաւեցին։ Բայց յետագային ի՞նչ պատահեցաւ։ Դարերու ընթացքին, իսրայէլացիները կրկին անգամ Աստուծոյ օրէնքները բեկանեցին։ Երբ Եհովան իր Որդին երկիր ղրկեց, անոնց անհնազանդութիւնը եւ Իր խօսնակներուն մտիկ չընելը այնքան աչքառու դարձած էր, որ Յիսուս Երուսաղէմը կոչեց ‘մարգարէներ սպաննող’ (կարդա՛ Մատթէոս 23։37, 38)։ Աստուած հրեայ կրօնական առաջնորդները մերժեց, քանի որ իրեն անհաւատարիմ գտնուեցան։ Ուստի, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ» (Մատ. 21։43

11, 12. ա) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ առաջին դարուն, Եհովան հրեայ ազգը մերժեց եւ սկսաւ նոր կազմակերպութիւն մը օրհնել։ բ) Աստուածահաճոյ նոր կազմակերպութիւնը որոնցմէ՞ կը բաղկանար։

11 Ք.Ե. առաջին դարուն, Եհովան անհաւատարիմ իսրայէլ ազգը լքեց։ Սակայն, ասիկա չէր նշանակեր թէ Ան ա՛լ երկրի վրայ հաւատարիմ ծառաներէ բաղկացած կազմակերպութիւն մը պիտի չունենար։ Ան սկսաւ օրհնել եռանդուն նոր կազմակերպութիւն մը, որ կը կեդրոնանար Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր ուսուցումներուն վրայ։ Անիկա սկիզբ առաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ շուրջ 120 աշակերտներ հաւաքուած էին Երուսաղէմի մէջ, եւ «յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց»։ Ապա, «բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար» (Գործք 2։1-4)։ Այս սքանչելի դէպքը հաստատ ապացոյց էր, թէ Եհովան թիկունք կը կանգնէր իր նոր կազմակերպութեան, որ Քրիստոսի աշակերտներէն կը բաղկանար։

12 Այդ ոգեւորիչ օրը, Յիսուսի հետեւորդներուն վրայ «երեք հազար հոգիի չափ աւելցան»։ Ասկէ զատ, «Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին» (Գործք 2։41, 47)։ Առաջին դարու այդ քարոզիչներուն գործունէութիւնը այնքան ազդու էր, որ «Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին» (Գործք 6։7)։ Այսպիսով, բազմաթիւ անկեղծ անհատներ այս նոր կազմակերպութեան անդամներուն յայտարարած ճշմարտութիւնները ընդունեցին։ Քիչ ժամանակ ետք, Եհովան իր աջակցութեան նոյնանման ապացոյց տուաւ, երբ սկսաւ քրիստոնէական ժողովքէն ներս «հեթանոսներ»ը ընդունիլ (կարդա՛ Գործք 10։44, 45

13. Աստուծոյ նոր կազմակերպութիւնը ընելիք ի՞նչ գործ ունէր։

13 Քրիստոսի հետեւորդներուն աստուածատուր գործը յայտնի էր։ Յիսուս ինք օրինակ հանդիսացած էր, մկրտուելէ քիչ ետք սկսելով ‘երկնքի թագաւորութեան’ մասին քարոզել (Մատ. 4։17)։ Ան իր աշակերտներուն սորվեցուց նոյն գործը կատարել, ըսելով. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Քրիստոսի նախկին հետեւորդները հասկցան թէ իրենցմէ ի՛նչ պահանջուած էր։ Օրինակ, Պիսիդիայի Անտիոքին մէջ, Պօղոս ու Բառնաբաս հրեայ հակառակորդներուն համարձակօրէն ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’» (Գործք 13։14, 45-47)։ Առաջին դարէն ասդին, Աստուծոյ կազմակերպութեան երկրային մասը փրկութեան Իր կարգադրութիւնը կը գիտցնէ։

ՇԱՏԵՐ Կ’ՈՉՆՉԱՆԱՆ, ԲԱՅՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԻՆ

14. Առաջին դարու Երուսաղէմին ի՞նչ պատահեցաւ, բայց որո՞նք վերապրեցան։

14 Հրեաները ընդհանուր առմամբ բարի լուրը չընդունեցին, եւ իրենց աղէտ կը սպասէր, քանի որ Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուցած էր. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ» (Ղուկ. 21։20, 21)։ Յիսուսի նախագուշակածը կատարուեցաւ։ Հրէական ըմբոստութեան պատճառով, Ք.Ե. 66–ին Սեսդիոս Գաղիոսի առաջնորդութեամբ հռոմէական բանակը Երուսաղէմը պաշարեց։ Բանակը յանկարծ նահանջեց, եւ ասիկա Յիսուսի հետեւորդներուն պատեհութիւն տուաւ, որ Երուսաղէմէն եւ Հրէաստանէն հեռանան։ Պատմաբան Եւսեբիոսի համաձայն, շատեր Յորդանան գետը կտրելով, Պերեայի Պելլա քաղաքը փախան։ Ք.Ե. 70–ին, զօրավար Տիտոսի առաջնորդութեամբ հռոմէական բանակը վերադարձաւ եւ Երուսաղէմը կործանեց։ Սակայն, հաւատարիմ քրիստոնեաները ազատեցան, քանի որ Յիսուսի զգուշացումին անսացին։

15. Հակառակ ի՞նչ բաներու քրիստոնէութիւնը ուռճացաւ։

15 Առաջին դարուն, հակառակ Քրիստոսի հետեւորդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, հալածանքին եւ հաւատքի ուրիշ փորձերու, քրիստոնէութիւնը ուռճացաւ (Գործք 11։19-21. 19։1, 19, 20)։ Այդ նախկին քրիստոնեաները հոգեւորապէս զօրացան, քանի որ Աստուծոյ օրհնութիւնը ունէին (Առ. 10։22

16. Հաւատքին մէջ հաստատ մնալու համար, իւրաքանչիւր քրիստոնեայէ ի՞նչ պահանջուած էր։

16 Հաւատքին մէջ հաստատ մնալու համար, հարկ էր որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատապէս ջանք թափէր։ Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը, պաշտամունքի համար ժողովներուն կանոնաւորապէս ներկայ գտնուիլը եւ նախանձախնդրօրէն Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը անհրաժեշտ էին։ Այսպիսի գործունէութիւններ Եհովայի ժողովուրդին հոգեւոր առողջութեան եւ միութեան նպաստեցին, ճիշդ ինչպէս որ ներկայիս կը նպաստեն։ Անոնք որոնք լաւ–կազմակերպուած ժողովքներուն կ’ընկերակցէին, երէցներու եւ օգնական ծառաներու յօժարակամ ջանքերէն մեծապէս կ’օգտուէին (Փլպ. 1։1. Ա. Պետ. 5։1-4)։ Եւ որքա՛ն ուրախալի ըլլալու էր, երբ շրջագայող երէցներ, ինչպէս՝ Պօղոս, ժողովքներու կ’այցելէին (Գործք 15։36, 40, 41)։ Յատկանշական է նմանութիւնը մեր պաշտամունքին եւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն պաշտամունքին միջեւ։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան թէ՛ վաղեմի եւ թէ այժմու իր ծառաները կազմակերպած է *։

17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

17 Այս վերջին օրերուն մէջ, մինչ Սատանայի աշխարհը իր վախճանին կը մօտենայ, Եհովայի տիեզերական կազմակերպութեան երկրային մասը արագօրէն յառաջ կ’ընթանայ։ Անոր հետ քայլ կը պահե՞ս։ Հոգեւորապէս կը յառաջդիմե՞ս։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այդ մէկը ընել։

^ պարբ. 16 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2002 թիւին մէջ, «Քրիստոնեաները հոգիով ու ճշմարտութիւնով կը պաշտեն» եւ «Անոնք կը շարունակեն ճշմարտութեան մէջ քալել» յօդուածները։ Աստուծոյ կազմակերպութեան երկրային մասին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ տրուած են Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկին մէջ։