Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ

Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնին հետեւէ

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (ՄԱՏ. 7։12

1. Տարբերութիւն կ’ընէ՞ թէ մարդոց հետ ինչպէս կը վարուինք ծառայութեան մէջ. օրինակ մը տուր (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՔԱՆԻ մը տարի առաջ, Ֆիճիի մէջ քրիստոնեայ զոյգ մը արշաւի կը մասնակցէր, մարդիկը հրաւիրելու որ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։ Մինչ անոնք կնոջ մը կը խօսէին իր տան առջեւ, սկսաւ անձրեւել։ Եղբայրը հովանոց մը կնոջ տուաւ, իսկ ինք ու իր կինը մէկ հովանոց գործածեցին։ Յիշատակատօնին, զոյգը շատ ուրախացաւ երբ տեսաւ թէ կինը ներկայ էր։ Ան նշեց որ զոյգին ըսածներէն շատ բան չէր յիշեր. բայց այնքան տպաւորուած էր իրենց վարուելակերպով, որ փափաքեցաւ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ։ Արդարեւ, զոյգը գործադրած էր այն ինչ որ յաճախ կը կոչուի Ոսկի կանոնը։

2. Ի՞նչ է Ոսկի կանոնը, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն գործադրել։

2 Ի՞նչ է Ոսկի կանոնը։ Անիկա այն խրատն է որ Յիսուս տուաւ, երբ ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատ. 7։12)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ կանոնը գործադրել։ Գլխաւորաբար երկու քայլով։ Նախ, մենք մեզի պէտք է հարց տանք. «Եթէ ես դիմացի անհատը ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի ուզէի որ ինծի հետ վարուէր»։ Ապա, մեր լաւագոյնը ընենք անհատին հետ նոյն կերպով վարուելու (Ա. Կոր. 10։24

3, 4. ա) Բացատրէ թէ Ոսկի կանոնը ինչո՛ւ չի կիրարկուիր միայն հաւատակիցներու հետ գործառնութեանց։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Ընդհանրապէս Ոսկի կանոնը կը կիրարկենք՝ հաւատակիցներուն հետ մեր գործառնութեանց։ Բայց Յիսուս ըսել չուզեց թէ մեր այս նկատառութիւնը ցոյց տանք միայն հաւատքի ընտանիներուն։ Իրականութեան մէջ, ան Ոսկի կանոնը նշեց, երբ կը քննարկէր թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք առհասարակ մարդոց հետ, եւ նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հետ (կարդա՛ Ղուկաս 6։27, 28, 31, 35)։ Եթէ Ոսկի կանոնը մեր թշնամիներուն պէտք է կիրարկենք, որքա՛ն աւելի անոր պէտք է հետեւինք երբ կը վկայենք մարդոց, որոնցմէ շատեր թերեւս «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած են» (Գործք 13։48, ՆԱ

4 Այժմ պիտի քննարկենք չորս հարցումներ, որոնք կրնանք ի մտի ունենալ երբ ծառայութեան կը մասնակցինք։ Ո՞վ են այն անհատները, որոնց կը մօտենամ։ Ո՞ւր կը մօտենամ անոնց։ Ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը անոնց մօտենալու։ Ինչպէ՞ս պէտք է մօտենամ անոնց։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, այս հարցումները կրնան օգնել որ մեր քարոզած անհատներուն զգացումները նկատի առնենք եւ ըստ այնմ մեր մօտեցումը յարմարցնենք (Ա. Կոր. 9։19-23

ՈՐՈ՞Ւ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՄ

5. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի ուղղել։

5 Ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անձը ունի իր յատուկ ենթահողը եւ խնդիրները (Բ. Մն. 6։29)։ Երբ կը փորձես բարի լուրը մէկու մը հետ բաժնել, դուն քեզի հարցուր. «Եթէ ես դիմացի անհատը ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի ուզէի որ զիս նկատէ։ Պիտի ուզէի՞ որ ան զիս սեպէր պարզապէս շրջակայքի անորոշ մէկ բնակիչը, թէ ոչ պիտի նախընտրէի որ զիս անհատապէս ճանչնար»։ Այսպիսի հարցումներ նկատի առնելը կրնայ մեզի յիշեցնել որ իւրաքանչիւր տանտիրոջ հետ վարուինք որպէս իւրայատուկ անհատ։

6, 7. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ ծառայութեան մէջ հանդիպինք մէկու մը որ յարձակողական է։

6 Ո՛չ ոք կ’ուզէ «բացասական անհատ» կոչուիլ։ Բացատրենք. մենք որպէս քրիստոնեաներ, մեր լաւագոյնը կ’ընենք կիրարկելու աստուածաշնչական այն խրատը, որ կ’ըսէ թէ ‘մեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով ըլլայ’ (Կող. 4։6)։ Սակայն անկատար ըլլալով, երբեմն կ’ըսենք բաներ՝ որոնց համար ետքը կ’ափսոսանք (Յակ. 3։2)։ Եթէ պատահի որ մէկու մը հետ անքաղաքավար կերպով խօսինք,– թերեւս վատ օրուան մը պատճառաւ,– պիտի չուզենք «կոպիտ» կամ «անփափկանկատ» կոչուիլ։ Պիտի յուսանք որ ան հասկացող գտնուի։ Ուրեմն, ուրիշներուն նոյն նկատառութիւնը ցոյց պէտք չէ՞ տանք։

7 Եթէ ծառայութեան մէջ հանդիպիս մէկու մը, որ յարձակողական կը թուի, փորձէ հասկնալ թէ ան ինչո՛ւ այդպէս կը վարուի։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ան գործատեղը կամ դպրոցին մէջ ճնշումի տակ է։ Արդեօք ան առողջապահական լուրջ խնդի՞ր կը դիմագրաւէ։ Շատ մը պարագաներու, տանտէրեր որոնք սկիզբը դժգոհ էին, լաւ հակազդեցին երբ Եհովայի վկաները իրենց հետ հեզութեամբ եւ յարգանքով վարուեցան (Առ. 15։1. Ա. Պետ. 3։15

8. Ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք ամէն տեսակ մարդոց հետ Թագաւորութեան պատգամը բաժնելէ։

8 Մենք ամէն տեսակ մարդոց կը քարոզենք։ Օրինակ, միայն վերջին քանի մը տարիներուն, Դիտարան–ի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ, աւելի քան 60 փորձառութիւններ հրատարակուեցան։ Այս յօդուածներուն նշած կարգ մը անհատները նախապէս գող, գինեմոլ, աւազակախումբի անդամ կամ թմրամոլ էին։ Ուրիշներ քաղաքագէտներ, կրօնական առաջնորդներ կամ աշխարհիկ գործի վրայ կեդրոնացած անհատներ էին։ Ոմանք անբարոյ կենցաղակերպ կը վարէին։ Սակայն, բոլորն ալ բարի լուրին ականջ տուին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունեցին, իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցին եւ ճշմարտութիւնը որդեգրեցին։ Ուստի, բնաւ պէտք չէ ենթադրենք թէ որոշ մարդիկ անկարելի է որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Փոխարէն, կը գիտակցինք թէ ամէն տեսակ մարդիկ կրնա՛ն բարի լուրին ընդառաջել (Ա. Կոր. 9։22

Ո՞ՒՐ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՄ ՄԱՐԴՈՑ

9. Ինչո՞ւ ուրիշներուն տուները պէտք է յարգենք։

9 Ծառայութեան մէջ ո՞ւր կը մօտենանք մարդոց։ Յաճախ իրենց տուները կ’երթանք (Մատ. 10։11-13)։ Կը գնահատենք երբ ուրիշներ մեր տունը եւ սեփականութիւնը կը յարգեն։ Մեր տունը մեզի համար կարեւոր է, ուր կ’ուզենք առանձնութիւն եւ ապահովութիւն ունենալ։ Մեր դրացիներուն հանդէպ նոյն յարգանքը պէտք է ցուցաբերենք։ Ուստի տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք թէ իրենց տան նկատմամբ ինչպէ՛ս կը վարուինք (Գործք 5։42

10. Ծառայութեան մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն նեղութիւն տալէ խուսափիլ։

10 Ոճիրով լեցուն այս աշխարհին մէջ, շատ մը տանտէրեր օտարներէն կը կասկածին (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Պէտք չէ պատճառ տանք որ այս կասկածը աւելնայ։ Օրինակ, սեպենք թէ տան մը կը մօտենանք եւ դուռը կը զարնենք։ Եթէ ո՛չ մէկը դուռը բանայ, թերեւս ուզենք պատուհանէն ներս նայիլ կամ տան շուրջը քալել, տանտէրը փնտռելով։ Շրջանիդ մէջ, այդպէս վարուիլը կրնա՞յ տանտիրոջ նեղութիւն պատճառել։ Դրացինե՞րը ինչ պիտի խորհին։ Ճիշդ է որ ծառայութեան մէջ պէտք է կարելի եղածին չափ շատ մարդոց վկայենք (Գործք 10։42)։ Մեր պատգամը դրական է եւ մեր շարժառիթը պատշաճ է (Հռով. 1։14, 15)։ Այսուհանդերձ, իմաստութեամբ կը վարուինք եւ չենք ըներ որեւէ բան, որ թաղամասի մարդիկը անտեղիօրէն կը խանգարէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի» (Բ. Կոր. 6։3)։ Երբ մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց տունը եւ սեփականութիւնը կը յարգենք, ոմանք կրնան մեր վարուելակերպով հրապուրուիլ եւ ճշմարտութեան գալ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։12

Տանտիրոջ սեփականութիւնն ու առանձնութիւնը միշտ յարգենք (տե՛ս պարբերութիւն 10)

Ե՞ՐԲ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՄ ՄԱՐԴՈՑ

11. Ինչո՞ւ կը գնահատենք, երբ ուրիշներ մեր ժամանակը կը յարգեն։

11 Որպէս քրիստոնեաներ, մեր մեծամասնութիւնը բազմազբաղ կեանք կը վարէ։ Որպէսզի կարենանք մեր պարտաւորութիւնները կատարել, նախապատուութիւններ կը դնենք եւ մեր յայտագիրը ուշադրութեամբ կը ծրագրենք (Եփ. 5։16. Փլպ. 1։10)։ Եթէ մեր յայտագիրը բանով մը ընդհատուի, կը նեղանանք։ Ուստի, կը գնահատենք երբ ուրիշներ մեր ժամանակը յարգեն եւ գիտակցին որ թերեւս իրենց հետ անցընելիք շատ ժամանակ չունինք։ Ոսկի կանոնը ի մտի ունենալով, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ տանտէրերը կը յարգենք։

12. Ինչպէ՞ս կրնանք զատորոշել թէ ո՛րն է թաղամասի մարդոց մօտենալու լաւագոյն ժամանակը։

12 Պէտք է ջանանք զատորոշել թէ տանտէրերուն քով ուղղուելու լաւագոյն ժամանակը ո՛րն է։ Մեր թաղամասին մէջ, մարդիկ ընդհանրապէս ե՞րբ տունը կ’ըլլան։ Ե՞րբ հաւանական է որ մեզ ընդունին։ Լաւ կ’ըլլայ որ կերպեր գտնենք մեր յայտագիրը ըստ այնմ ճշդելու։ Կարգ մը տեղեր, տունէ տուն ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր կ’ըլլայ կէսօրէ ետք կամ իրիկնադէմ։ Եթէ շրջանիդ մէջ այս է պարագան, կրնա՞ս յայտագիրդ այնպէս մը դասաւորել որ դռնէ դուռ ծառայութեանդ առնուազն մէկ մասը այդ ժամերուն ընես (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Վստահաբար Եհովան պիտի օրհնէ որեւէ զոհողութիւն որ կ’ընենք, թաղամասի մարդոց յարմար եղող ժամերուն ծառայելու համար։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք տանտիրոջ յարգանք ցոյց տալ։

13 Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնանք անհատը յարգել։ Երբ մեր պատգամով հետաքրքրուած անհատ մը գտնենք, պէտք է իրեն լաւ վկայութիւն տանք, բայց այցելութիւնը երկար պէտք չէ տեւէ։ Թերեւս տանտէրը այդ ժամանակը յատկացուցած է կարեւոր բան մը ընելու։ Եթէ ըսէ որ զբաղած է, կրնանք նշել թէ մեր խօսակցութիւնը կարճ պիտի պահենք,– եւ մեր խօսքին տէրը ըլլանք (Մատ. 5։37)։ Զրոյցին աւարտին, լաւ կ’ըլլայ որ անհատին հարցնենք թէ ե՛րբ իրեն յարմար է որ դարձեալ հանդիպինք։ Հրատարակիչներէն ոմանք ազդու գտած են ըսել. «Կը փափաքիմ ձեզի դարձեալ այցելել։ Կ’ուզէ՞ք որ նախքան գալս հեռաձայնեմ կամ կարճ հաղորդագրութիւն ուղարկեմ»։ Թաղամասի մարդոց յայտագրին յարմարելով, Պօղոսի օրինակին կը հետեւինք, որ ‘չէր փնտռեր իր անձին օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին’ (Ա. Կոր. 10։33

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՄՕՏԵՆԱՄ ՄԱՐԴՈՑ

14-16. ա) Ինչո՞ւ մեր այցելութեան նպատակը պէտք է յստակ դարձնենք տանտիրոջ. լուսաբանէ։ բ) Շրջագայող տեսուչ մը ի՞նչ մօտեցում ազդու գտած է։

14 Մտապատկերենք թէ օր մը մէկը մեզի կը հեռաձայնէ, բայց անոր ձայնը չենք ճանչնար։ Օտար ըլլալով հանդերձ, ան կը հարցնէ թէ ի՛նչ են մեր նախասիրած ճաշերը։ Հարց կու տանք թէ ո՛վ է հեռաձայնողը եւ իրապէս ի՛նչ կ’ուզէ։ Քաղաքավար ըլլալով, թերեւս իրեն հետ հակիրճ կերպով զրուցենք, բայց ետքը հաւանաբար հասկցնենք թէ կը նախընտրենք խօսակցութիւնը կեցնել։ Միւս կողմէ, մտապատկերէ թէ հեռաձայնող անհատը ինքզինք կը ծանօթացնէ, մեզի կը գիտցնէ թէ սննդառութեան մարզին մէջ կ’աշխատի եւ ազնուութեամբ կ’ըսէ թէ օգտակար տեղեկութիւններ ունի։ Այս պարագային, հաւանաբար աւելի յօժար պիտի ըլլանք իրեն մտիկ ընելու։ Իրականութեան մէջ, կը գնահատենք երբ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը չեն պահեր, մինչ մեզի հետ կը խօսին։ Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնանման քաղաքավարութիւն ցոյց տալ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց։

15 Շատ մը թաղամասերու մէջ, տանտիրոջ պէտք է յստակ դարձնենք թէ ի՛նչ նպատակաւ իրեն կ’այցելենք։ Ճիշդ է որ արժէքաւոր տեղեկութիւններ պիտի հաղորդենք, բայց սեպէ թէ առանց մենք մեզ ծանօթացնելու, անմիջապէս մեր բացումը կը սկսինք՝ հարցնելով. «Եթէ կարող ըլլայիք երկրի վրայ որեւէ խնդիր լուծել, ո՞ր խնդիրը պիտի լուծէիք»։ Գիտենք թէ այս հարցումին նպատակն է գիտնալ դիմացի անհատին մտածումը եւ ապա խօսակցութիւնը ուղղել Աստուածաշունչին։ Սակայն, տանտէրը թերեւս հարց տայ. «Այս օտարը ո՞վ է, եւ ինչո՞ւ ինծի այս հարցումը կ’ուղղէ։ Ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ»։ Ուստի պէտք է ջանանք տանտէրը հանգստացնել (Փլպ. 2։3, 4)։ Ինչպէ՞ս։

16 Շրջագայող տեսուչ մը հետեւեալ մօտեցումը ազդու գտած է։ Բարեւ տալէ ետք, ան տանտիրոջ կու տայ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը, եւ կ’ըսէ. «Այսօր շրջանին մէջ բոլորին կը բաժնենք այս թերթիկը։ Անիկա կը քննարկէ 6 հարցումներ, որոնք շատերու մտքէն կ’անցնին»։ Եղբայրը կը տեղեկագրէ թէ մարդոց մեծամասնութիւնը կը հանգստանայ, անգամ մը որ գիտնայ թէ ի՛նչ է մեր այցելութեան նպատակը։ Այն ատեն, յաճախ աւելի դիւրին կ’ըլլայ խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Շրջագայող տեսուչին յաջորդ քայլը կ’ըլլայ՝ անհատին հարցնել. «Երբեք այս հարցումներէն մէկուն մասին մտածա՞ծ էք»։ Եթէ տանտէրը հարցում մը ընտրէ, եղբայրը թերթիկին մէջէն կը քննարկէ Աստուածաշունչին պատասխանը։ Այլապէս, ինք հարցում մը կը զատէ եւ քննարկութիւնը կը շարունակէ, առանց տանտէրը նեղ կացութեան մատնելու։ Անշուշտ, զրոյց մը սկսելու շատ կերպեր կան։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, նախքան մեր այցելութեան նպատակը գիտցնելը, բարեւ տալու կարգ մը սովորութիւններու պէտք է հետեւինք։ Բանալին է՝ մեր ներկայացումը յարմարցնել շրջանի մարդոց մօտենալու կերպին։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԴ ՄԷՋ ՈՍԿԻ ԿԱՆՈՆԻՆ ՀԵՏԵՒԻԼ

17. Ըստ յօդուածին, Ոսկի կանոնին հետեւելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։

17 Ուրեմն, Ոսկի կանոնին հետեւելու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ Իւրաքանչիւր տանտիրոջ հետ կը վարուինք որպէս իւրայատուկ անհատ։ Անոր տունը եւ սեփականութիւնը կը յարգենք։ Կը ջանանք ծառայութեան մասնակցիլ այն պահերուն, երբ շատ հաւանական է որ տանտէրերը տունը գտնուին ու մեզ ընդունին։ Եւ մեր պատգամը կը ներկայացնենք այնպիսի կերպով մը, որ շրջանի մարդիկը կը մղէ մտիկ ընելու։

18. Ծառայութեան մէջ Ոսկի կանոնը ի գործ դնելով, ի՞նչ օգուտներ յառաջ կու գան։

18 Ծառայութեան մէջ ուրիշներու հետ վարուելով ինչպէս որ կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին, շատ օգուտներ կը ստանանք։ Երբ ազնիւ եւ նկատառու կերպով վարուինք, թոյլ կու տանք որ մեր լոյսը փայլի, աստուածաշնչական սկզբունքներուն արժէքը ցցուն կ’ընենք եւ մեր երկնաւոր Հօր փառք կը բերենք (Մատ. 5։16)։ Մեր մօտենալու կերպով կրնանք շատեր ճշմարտութեան հրապուրել (Ա. Տիմ. 4։16)։ Մարդիկ Թագաւորութեան պատգամը ընդունի՛ն կամ ոչ, գոհունակ կ’ըլլանք գիտնալով որ մեր ծառայութիւնը կատարելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք (Բ. Տիմ. 4։5)։ Իւրաքանչիւրս ընդօրինակենք Պօղոս առաքեալը, որ ըսաւ. «Այս բոլորը կ’ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ» (Ա. Կոր. 9։23, Անթիլիաս)։ Այս նպատակով, թող որ ծառայութեան մէջ միշտ գործադրենք Ոսկի կանոնը։