Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՛ս ամուսնալուծուած հաւատակիցներուն աջակցիլ

Ինչպէ՛ս ամուսնալուծուած հաւատակիցներուն աջակցիլ

Հաւանաբար կը ճանչնաս ամուսնալուծուած անհատ մը,– թերեւս մէկէ աւելի անհատներ,– քանի որ ամուսնալուծումը համատարած դարձած է։ Օրինակ, Լեհաստանի մէջ փնտռտուք մը ի յայտ բերաւ, թէ մեծ հաւանականութիւն կայ որ 3-6 տարի ամուսնացած 30 տարեկան անհատները ամուսնալուծուին։

Արդարեւ, ըստ Սպանիոյ մէջ հաստատութեան մը տեղեկագրութեան, «վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան թէ [Եւրոպայի մէջ], ամուսնացողներուն կէսը պիտի ամուսնալուծուի» (Institute for Family Policy)։ Այլ բարգաւաճ երկիրներու մէջ պարագան նոյնն է։

ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

Այս համատարած արդիւնքը ի՞նչ կը պարփակէ։ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամուսնութեան փորձառու խրատատու մը նշեց. «Ամուսնալուծումը կը պաշտօնականացնէ ինչ որ արդէն իսկ պատահած է,– յարաբերութեան վերջ գտնելը եւ անոր յաջորդող բաժանումը,– բան մը որ զգացականօրէն մեծ ցաւ կը պատճառէ»։ Ան աւելցուց թէ յաճախ ամուսնալուծման կը յաջորդէ «զօրաւոր եւ ծայրայեղ զգացումներու ալիք մը, ինչպէս՝ զայրոյթ, ափսոսանք, յուսախաբութիւն, յուսահատութիւն եւ ամօթ»։ Երբեմն ասիկա կ’արթնցնէ անձնասպան ըլլալու մտքեր։ «Երբ դատարանը ամուսնալուծումը կը վաւերացնէ, յաջորդ հանգրուանը կը սկսի։ Ամուսնալուծուած անհատը, պարապութեան եւ օտարացումի զգացումներով ջախջախուած, կրնայ հարց տալ. ‘Հիմա որ ամուսնալուծուեցայ, իրապէս ո՞վ եմ ես։ Կեանքիս նպատակը ի՞նչ է’»։

Մտաբերելով տարիներ առաջ իր ունեցած զգացումները, Էվա կ’ըսէ. «Երբ ամուսնալուծումը վերջնական եղաւ, մեծ ամօթ կը զգայի երբ դրացիներս ու գործակիցներս զիս ‘ամուսնալուծուած’ կը պիտակէին։ Բարկութեամբ լեցուած էի։ Երկու պզտիկ զաւակ ունենալով, հարկ էր որ թէ՛ մայր ու թէ հայր ըլլայի անոնց» *։ Էտէմ, որ 12 տարի որպէս յարգուած երէց ծառայած էր, կը նշէ. «Ինքնայարգանքս այնքա՛ն կորսնցուցած եմ, որ երբեմն բարկութեամբ կը լեցուիմ եւ հակամէտ կ’ըլլամ կղզիանալու»։

ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐԱԳՏՆԵԼՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ

Իրենց ապագային նկատմամբ մտահոգուելով՝ ոմանք,– նոյնիսկ երկար տարիներ,– պայքարած են որպէսզի իրենց հաւասարակշռութիւնը վերագտնեն։ Անոնք թերեւս եզրակացնեն թէ ուրիշներ իրենցմով չեն հետաքրքրուած։ Ասկէ զատ, սիւնակագիր մը կ’ըսէ թէ անոնք այլեւս հարկ է որ «իրենց սովորութիւնները փոխեն եւ սորվին առանձին իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել»։

Սթանիսուաֆ կը մտաբերէ. «Երբ ամուսնալուծուեցանք, կինս թոյլ չէր տար որ երկու աղջիկներս տեսնեմ։ Ասիկա պատճառ դարձաւ որ խորհիմ թէ այլեւս ո՛չ ոք ինձմով հետաքրքրուած էր եւ թէ նոյնիսկ Եհովան զիս լքած էր։ Ապրելու փափաքս կորսնցուցի։ Բայց ժամանակի ընթացքին, անդրադարձայ թէ մտածելակերպս որքա՜ն սխալ էր»։ Վանտա անունով ամուսնալուծուած կին մը եւս ապագային նկատմամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Վստահ էի որ ատեն մը ետք, մարդիկ՝ ներառեալ հաւատակիցներ, ո՛չ ինձմով, ոչ ալ զաւակներովս պիտի հետաքրքրուէին։ Սակայն, հիմա կրնամ տեսնել թէ եղբայրները ինչպէ՛ս մեզ շրջապատեցին եւ ինծի օգնեցին, մինչ կը ջանայի զաւակներս մեծցնել այնպէս մը որ Եհովային երկրպագուները դառնան»։

Այսպիսի մեկնաբանութիւններէ կրնաս զատորոշել թէ ամուսնալուծումէն ետք, ոմանք բացասական զգացումներով կը ջախջախուին։ Անոնք թերեւս իրենց անձին նկատմամբ խեղաթիւրուած տեսակէտ զարգացնեն, խորհելով թէ չնչին արժէք ունին եւ ուրիշներու հետաքրքրութեան արժանի չեն։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան քննադատական աչքով նայիլ իրենց շուրջիններուն։ Առ ի արդիւնք, թերեւս սկսին խորհիլ թէ ժողովքի անդամները պաղ վերաբերմունք ունին եւ անկարեկից են։ Սակայն, Սթանիսուաֆի եւ Վանտայի փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ ամուսնալուծուած անհատներ ի վերջոյ կ’անդրադառնան, թէ իրենց եղբայրներն ու քոյրերը իրենցմով իսկապէս հետաքրքրուած են։ Արդարեւ, հաւատակիցներ մասնայատուկ հոգատարութիւն մատակարարած են, նոյնիսկ երբ իրենց տուած օգնութիւնը սկիզբը չէ նշմարուած։

ԵՐԲ ՄԻԱՅՆԱԿ ԵՒ ՄԵՐԺՈՒԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԶԳԱՑՈՒՄԸ ԳԼՈՒԽ ՑՑԷ

Ի մտի ունեցիր թէ հակառակ մեր թափած ջանքերուն, ամուսնալուծուած հաւատակիցները թերեւս ատեն–ատեն միայնակ զգան։ Ամուսնալուծուած քոյրերը յատկապէս կրնան այն տպաւորութիւնը ունենալ, թէ քիչեր իրենցմով հետաքրքրուած են։ Ալիսիան կ’ըսէ. «Ամուսնալուծմանս վրայ ութ տարի անցած է։ Բայց տակաւին երբեմն ստորին կը զգամ։ Այսպիսի պահերու, կը միտիմ մեկուսանալ եւ լալով անձիս վրայ խղճալ»։

Մինչ բնական է որ ամուսնալուծուած անհատ մը այսպիսի զգացումներ ունենայ, բայց եւ այնպէս Աստուածաշունչը կը խրատէ որ չմեկուսանանք։ Այս խրատին չանսալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ամէն տեսակ գործնական իմաստութիւն մերժենք (Առ. 18։1)։ Միայնակ զգացող անհատը պէտք է հասկնայ թէ գործնական իմաստութիւն է խուսափիլ հակառակ սեռէն կրկին անգամ խրատ կամ մխիթարութիւն հայցելէ, որպէսզի անպատշաճ ռոմանթիկ զգացումներ չզարգանան։

Ամուսնալուծուած հաւատակիցները կրնան խառնիճաղանճ զգացումներով ողողուած ըլլալ, ինչպէս՝ ապագային նկատմամբ մտահոգութիւն եւ մենակութեան ու նոյնիսկ մերժուած ըլլալու զգացում։ Գիտակցելով որ այսպիսի զգացումներ սովորական են եւ զանոնք յաղթահարելը դժուար է, եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատարմօրէն պէտք է աջակցինք, Եհովան ընդօրինակելով (Սաղ. 55։22. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ անոնք մեծապէս պիտի արժեւորեն որեւէ օգնութիւն որ իրենց կը մատուցանենք։ Արդարեւ, անոնք ժողովքէն ներս իսկական բարեկամներու կողմէ աջակցութիւն պիտի գտնեն (Առ. 17։17. 18։24

^ պարբ. 6 Կարգ մը անուններ փոխուած են։