Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես»

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես»

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (ՄԱՏ. 22։37

1. Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն փոխադարձ սէրը ինչո՞ւ աճեցաւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, ըսաւ. «Ես Հայրը կը սիրեմ» (Յովհ. 14։31)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Հայրը կը սիրէ Որդին» (Յովհ. 5։20)։ Ասիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ։ Վերջ ի վերջոյ, Յիսուս իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, դարեր շարունակ Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն էր (Առ. 8։30)։ Մինչ միասին կը գործէին, Որդին իր Հօր յատկութիւններուն մասին շատ բան սորվեցաւ, եւ զինք սիրելու անհամար պատճառներ ունեցաւ։ Արդարեւ, սերտ ընկերակցութիւնը պատճառ դարձաւ որ իրենց փոխադարձ սէրը աճի։

2. ա) Սէրը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

2 Սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ» (Սաղ. 18։1)։ Աստուծոյ հանդէպ այսպէս պէտք է զգանք, քանի որ մեզի հանդէպ գուրգուրանք ունի։ Ան մեզի հանդէպ իր սէրը պիտի ցուցաբերէ, եթէ իրեն հնազանդինք (կարդա՛ Բ. Օրինաց 7։12, 13)։ Բայց իսկապէս կրնա՞նք անտեսանելի Աստուածը սիրել։ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան սիրել։ Ինչո՞ւ զինք պէտք է սիրենք, իսկ իրեն հանդէպ մեր սէրը ինչպէ՞ս կրնանք դրսեւորել։

ԻՆՉՈ՛Ւ ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԻՐԵԼ

3, 4. Ինչո՞ւ կարելի է որ Աստուած սիրենք։

3 «Աստուած Հոգի է». ուստի չենք կրնար զինք տեսնել (Յովհ. 4։24)։ Այսուհանդերձ կարելի է որ Աստուած սիրենք, եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ որ այս սէրը արտայայտենք։ Օրինակ, Մովսէս իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ. Օր. 6։5

4 Ինչո՞ւ կրնանք Աստուծոյ հանդէպ խոր սէր ունենալ։ Քանի որ ան մեզ ստեղծեց հոգեւոր կարիքով եւ մեզ օժտեց սէր արտայայտելու կարողութեամբ։ Երբ մեր հոգեւոր կարիքը պատշաճ կերպով գոհացուի, Եհովային հանդէպ մեր սէրը կ’աճի, եւ ուրախ ըլլալու հաստատ հիմ կ’ունենանք։ «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է», ըսաւ Յիսուս (Մատ. 5։3)։ Պաշտելու բնածին փափաքին նկատմամբ, Ա. Գ. Մորիսըն ըսաւ. «Վախով, հիացմունքով եւ ակնածանքով պէտք է լեցուինք, տեսնելով թէ ամէնուրեք մարդ արարածը միշտ փնտռած է եւ ուզած է հաւատալ գերագոյն էակի մը» (Man Does Not Stand Alone

5. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուած փնտռելը ապարդիւն չէ։

5 Աստուած փնտռելը ապարդի՞ւն է։ Ո՛չ, քանի որ ան կ’ուզէ որ զինք գտնենք։ Պօղոս առաքեալ այս մէկը յստակացուց, երբ վկայութիւն կու տար Արիսպագոսի մէջ, որմէ կը տեսնուէր Պարթենոն,– Աթենաս աստուածուհիի տաճարը։ Երեւակայէ թէ հոն ես, մինչ Պօղոս կը խօսի Աստուծոյ մասին, «որ ստեղծեց աշխարհը եւ ինչ որ կայ անոր մէջ», եւ ապա կը բացատրէ թէ ան «ձեռակերտ տաճարներու մէջ» չի բնակիր։ Առաքեալը կ’աւելցնէ թէ Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին։ Յատուկ ժամանակաշրջաններ սահմանեց եւ բնակութեան սահմաններ ճշդեց անոնց, որպէսզի զԱստուած փնտռեն, եւ թերեւս խարխափելով գտնեն զայն։ Եւ արդարեւ հեռու ալ չէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն» (Գործք 17։24-27, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։ Այո՛, կարելի է որ մարդիկ Աստուած գտնեն։ Աւելի քան 7,5 միլիոն Վկաներ զինք ‘գտած են’, եւ զինք իսկապէս կը սիրեն։

Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԻՐԵԼ

6. Յիսուս ի՞նչ բանի ակնարկեց որպէս «առաջին ու մեծ պատուիրանքը»։

6 Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեր սրտէն բխի։ Յիսուս այդ մէկը յստակացուց, երբ փարիսեցի մը իրեն հարցուց. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը» (Մատ. 22։34-38

7. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած սիրել մեր ա) «բոլոր սրտով», բ) «բոլոր անձով», եւ գ) «բոլոր մտքով»։

7 Երբ ըսաւ թէ պէտք է մեր «բոլոր սրտով» Եհովան սիրենք, Յիսուս ըսել ուզեց թէ պէտք է Եհովան սիրենք մեր ամբողջ այլաբանական սրտով, որ կը պարփակէ մեր փափաքներն ու զգացումները։ Նաեւ զինք պէտք է սիրենք մեր «բոլոր անձով», այսինքն մեր ամբողջ կեանքով եւ էութեամբ։ Ասկէ զատ, պէտք է Աստուած սիրենք մեր «բոլոր մտքով», այսինքն մեր ամբողջ մտային կարողութեամբ։ Մէկ խօսքով, լիովին եւ առանց վերապահութեան պէտք է Եհովան սիրենք։

8. Լիովին Աստուած սիրելը մեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։

8 Եթէ ամբողջ սրտով, անձով եւ մտքով Աստուած կը սիրենք, իր Խօսքը ժրաջանօրէն պիտի սերտենք, սրտանց պիտի ընենք ինչ որ մեզմէ կը խնդրէ եւ նախանձախնդրօրէն Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի ծանուցանենք (Մատ. 24։14. Հռով. 12։1, 2)։ Եհովայի հանդէպ մեր իսկական սէրը մեզ ա՛լ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն (Յակ. 4։8)։ Այժմ նկատի առնենք Եհովան սիրելու կարգ մը պատճառներ։

ԻՆՉՈ՛Ւ ԵՀՈՎԱՆ ՊԷՏՔ Է ՍԻՐԵՆՔ

9. Ինչո՞ւ կը սիրես Եհովան որպէս Ստեղծիչ եւ Մատակարար։

9 Եհովան մեր Ստեղծիչն ու Մատակարարն է։ «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք», ըսաւ Պօղոս (Գործք 17։28)։ Եհովան մեզի տուած է մեր հոյակապ երկրային տունը (Սաղ. 115։16)։ Ան նաեւ կը հայթայթէ ուտելիք եւ ուրիշ բաներ, որոնց կարիքը ունինք գոյատեւելու համար։ Հետեւաբար, Լիւստրայի կռապաշտ բնակիչներուն Պօղոս կրնար ըսել. «Կենդանի Աստուածը. . . ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով» (Գործք 14։14-16)։ Ասիկա պատճառ մը չէ՞ որ մեր Մեծ Ստեղծիչն ու սիրալիր Մատակարարը սիրենք (Ժող. 12։1

10. Մեղքն ու մահը վերցնելու Աստուծոյ կարգադրութեան ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

10 Աստուած կարելի դարձուցած է որ Ադամէն ժառանգուած մեղքն ու մահը վերցուին (Հռով. 5։12)։ Իսկապէս, «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։8, 9)։ Անկասկած, մեր սիրտը Եհովայի սիրով կը յորդի, քանի որ ան կարելի դարձուցած է որ մեր մեղքերը ներուին, եթէ զղջանք եւ Յիսուսի փրկանքի զոհաբերութեան հաւատք ընծայենք (Յովհ. 3։16

11, 12. Ի՞նչ կերպերով Եհովան մեզի յոյս տուած է։

11 Եհովան ‘կու տայ յոյս, որ մեզ կը լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով’ (Հռով. 15։13)։ Աստուածատուր յոյսը մեզ կարող կը դարձնէ որ հաւատքի փորձութիւններուն տոկանք։ Օծեալները՝ որոնք ‘մինչեւ մահ հաւատարիմ կ’ըլլան, կենաց պսակը պիտի ստանան’ (Յայտ. 2։10)։ Երկրային յոյս ունեցող ուղղամիտները յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելեն խոստացեալ աշխարհածաւալ Դրախտին մէջ (Ղուկ. 23։43)։ Այսպիսի հեռանկարներու ինչպէ՞ս կը հակազդենք։ «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողին հանդէպ մեր սրտերը ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ եւ սիրով չե՞ն լեցուիր (Յակ. 1։17

12 Աստուած մեզի տուած է յարութեան սրտապնդիչ յոյսը (Գործք 24։15)։ Անկասկած, խորապէս կը յուզուինք երբ սիրելի մը մահանայ, բայց քանի որ յարութեան հեռանկարը ունինք, ‘չենք տրտմիր ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին’ (Ա. Թես. 4։12)։ Սէրէ մղուած՝ Եհովա Աստուած կը տենչայ մեռելները յարուցանել, մանաւանդ հաւատարիմ մարդիկը, ինչպէս՝ ուղղամիտ Յոբ (Յոբ 14։15)։ Երեւակայէ այն ուրախութիւնը, երբ յարուցեալները հո՛ս երկրի վրայ դարձեալ կեանքի բերուին։ Մեր սրտերը որքա՜ն սիրով կը լեցուին մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի հանդէպ, որ մեզի տուած է յարութեան այս սքանչելի յոյսը։

13. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած իրապէս մեզ կը հոգայ։

13 Եհովան իսկապէս մեզ կը հոգայ (կարդա՛ Սաղմոս 34։6, 18, 19. Ա. Պետրոս 5։6, 7Քանի որ գիտենք թէ մեր սիրալիր Աստուածը մի՛շտ պատրաստ է իրեն հաւատարիմ եղողներուն օգնելու, ‘իր արօտին ոչխարներուն’ մէկ մասը ըլլալով ապահով կը զգանք (Սաղ. 79։13)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ սէրը յստակ պիտի դառնայ Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ մեզի ի նպաստ իր կատարելիք բոլոր բաներով։ Երբ Յիսուս Քրիստոս երկիրը մաքրէ բռնութենէն, հակառակութենէն եւ ամբարշտութենէն, հնազանդ մարդկութիւնը մնայուն խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ պիտի օրհնուի (Սաղ. 72։7, 12-14, 16)։ Չե՞ս համաձայնիր թէ այսպիսի հեռանկարներ մեզի պատճառ կու տան, որ մեր հոգածու Աստուածը սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով, զօրութեամբ եւ մտքով (Ղուկ. 10։27

14. Աստուած ի՞նչ անգին առանձնաշնորհումով մեզ պատուած է։

14 Եհովան մեզ որպէս իր վկաները ծառայելու անգին առանձնաշնորհումով պատուած է (Եսա. 43։10-12)։ Աստուած կը սիրենք, քանի որ մեզի այս պատեհութիւնը տուած է որ Իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնինք եւ տառապանքով լի աշխարհին մէջ մարդոց իսկական յոյս տանք։ Ասկէ զատ, հաւատքով ու համոզումով կը խօսինք, քանի որ ուրախ լուրեր կը ծանուցանենք, հիմնուելով ճշմարիտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ, որուն յոյս–ներշնչող խոստումները անպայման պիտի կատարուին (կարդա՛ Յեսու 21։45. 23։14)։ Անշուշտ, օրհնութիւններուն շարքը եւ Եհովան սիրելու մեր պատճառները անվերջ են։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք իրեն հանդէպ մե՛ր սէրը դրսեւորել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՍԷՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ԴՐՍԵՒՈՐԵԼ

15. Աստուծոյ Խօսքը սերտելը եւ կիրարկելը ինչպէ՞ս մեզի կրնան օգնել։

15 Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն սերտէ եւ կիրարկէ։ Այսպէս ընելը ցոյց կու տայ թէ Աստուած կը սիրենք եւ իսկապէս կ’ուզենք որ իր խօսքը ‘մեր շաւիղներուն լոյս’ ըլլայ (Սաղ. 119։105)։ Եթէ կը տառապինք, կրնանք մխիթարութիւն գտնել այսպիսի սիրալիր խօսքերէ. «Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր. իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 51։17. 94։18, 19)։ Եհովան տառապեալներուն կ’ողորմի, եւ Յիսուս նմանապէս մարդոց կը խղճայ (Եսա. 49։13. Մատ. 15։32)։ Աստուածաշունչի սերտողութեան շնորհիւ Եհովայի սիրալիր հետաքրքրութեան այնքան կը գիտակցինք, որ կը մղուինք զինք խորապէս սիրելու։

16. Կանոնաւորաբար աղօթելը ինչպէ՞ս պատճառ կը դառնայ որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը աճի։

16 Աստուծոյ կանոնաւորաբար աղօթէ։ Մեր աղօթքները մեզ Եհովային՝ «աղօթքի լսող»ին ա՛լ աւելի կը մօտեցնեն (Սաղ. 65։2)։ Երբ նկատենք թէ Աստուած մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։ Օրինակ, թերեւս շօշափած ենք թէ ան թոյլ չի տար որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք (Ա. Կոր. 10։13)։ Եթէ մտահոգ ենք եւ ջերմեռանդ աղօթքներով իրեն կը դիմենք, պիտի ունենանք «Աստուծոյ խաղաղութիւնը», որ անբաղդատելի է (Փլպ. 4։6, 7)։ Երբեմն, թերեւս լռելեայն աղօթենք, ինչպէս Նէեմիան ըրաւ, եւ ապա անդրադառնանք թէ աղօթքը պատասխանուեցաւ (Նէ. 2։1-6)։ Մինչ ‘ստէպ աղօթքի կը կենանք’ եւ կը գիտակցինք թէ Եհովան մեր աղերսանքներուն կը պատասխանէ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աճի, ինչպէս նաեւ մեր վստահութիւնը կ’աւելնայ թէ հաւատքի յաւելեալ փորձերու մէջ ան մեզի պիտի օգնէ (Հռով. 12։12

17. Եթէ Աստուած կը սիրենք, ժողովներու ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս պիտի նկատենք։

17 Ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ գտնուիլը սովորութիւն դարձուր (Եբ. 10։24, 25)։ Իսրայէլացիները կը համախմբուէին Եհովայի մասին լսելու եւ սորվելու, որպէսզի իրեն հանդէպ ակնածանք ունենան եւ իր Օրէնքը կատարեն (Բ. Օր. 31։12)։ Եթէ իսկապէս Աստուած կը սիրենք, իր կամքը կատարելը ծանր բան պիտի չըլլայ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Ուստի, ժողովներու ներկայ գտնուիլը որեւէ պատճառով թեթեւի չառնենք։ Վստահաբար չենք ուզեր Եհովայի հանդէպ մեր առաջին սէրը կորսնցնել (Յայտ. 2։4

18. Աստուծոյ սէրը մեզ կը մղէ բարի լուրին առնչութեամբ ի՞նչ ընելու։

18 Նախանձախնդրօրէն «աւետարանին ճշմարտութիւնը» բաժնէ ուրիշներուն հետ (Գաղ. 2։5)։ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ Մեսիական Թագաւորութեան մասին խօսելու։ Արմագեդոնին, իր սիրելի Որդին ‘ճշմարտութեան համար պիտի հեծնէ’ (Սաղ. 45։4. Յայտ. 16։14, 16)։ Որքա՜ն ուրախալի է աշակերտելու գործին մէջ բաժին բերել, մարդոց օգնելով որ սորվին Աստուծոյ սիրոյն մասին եւ իր խոստացած նոր աշխարհին մասին (Մատ. 28։19, 20

19. Իր հօտը հովուելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը ինչո՞ւ պէտք է գնահատենք։

19 Իր հօտը հովուելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը գնահատէ (Գործք 20։28)։ Երէցները հայթայթում մըն են Եհովային կողմէ, որ միշտ մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունենալով կը գործէ։ Անոնք «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս [են], չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» (Եսա. 32։1, 2)։ Որքա՜ն կը գնահատենք, երբ սաստիկ փոթորիկէն ապաստանարան կը գտնենք եւ երբ ապառաժին շուքը մեզ կիզիչ արեւէն կը փրկէ։ Այս պատկերաւոր արտայայտութիւնները մեզի կ’օգնեն տեսնելու, թէ երէցները պէտք եղած հոգեւոր օգնութիւնն ու թարմացումը կը հայթայթեն։ Մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն հնազանդելով, ցոյց կու տանք թէ որպէս պարգեւ տրուած այս տղամարդիկը կ’արժեւորենք, եւ կ’ապացուցանենք թէ կը սիրենք Աստուած ու Քրիստոս՝ ժողովքին Գլուխը (Եփ. 4։8. 5։23. Եբ. 13։17

Եհովան հայթայթած է հովիւներ, որոնք հօտով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուին (տե՛ս պարբերութիւն 19)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԴ ԽՈՐԱՑՈՒՐ

20. Եթէ Աստուած կը սիրես, Յակոբոս 1։22-25–ին ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջես։

20 Եթէ Աստուծոյ հետ սիրալիր փոխյարաբերութիւն ունիս, պիտի ըլլաս ‘խօսքը կատարող եւ ոչ թէ միայն լսող’ (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25)։ ‘Կատարողը’ ունի հաւատք, որ գործեր յառաջ կը բերէ, ինչպէս՝ նախանձախնդրօրէն քարոզել եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Քանի որ Աստուած իսկապէս կը սիրես, պիտի հնազանդիս իր ‘կատարեալ օրէնքին’, որ ամբողջովին կ’ընդգրկէ քեզի տուած իր պահանջները (Սաղ. 19։7-11

21. Սրտագին աղօթքներդ ինչի՞ կը նմանին։

21 Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէրդ պատճառ պիտի դառնայ որ սրտագին աղօթքով յաճախ իրեն դիմես։ Բացայայտօրէն, Օրէնքի ուխտին ներքեւ ամէն օր խունկ վառելուն ակնարկելով, սաղմոսերգու Դաւիթ տաղերգեց. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս» (Սաղ. 141։2. Ել. 30։7, 8)։ Թող որ Աստուծոյ ուղղուած խոնարհ աղաչանքներդ, անկեղծ աղերսանքներդ եւ փառաբանութեան ու շնորհակալութեան սրտաբուխ խօսքերդ անուշաբոյր խունկին նման ըլլան, որ կը խորհրդանշէ ընդունելի աղօթքներ (Յայտ. 5։8

22. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ կէտ պիտի քննարկենք։

22 Յիսուս ըսաւ որ պէտք է սիրենք Աստուած ու մեր ընկերը (Մատ. 22։37-39)։ Եհովան եւ իր սկզբունքները սիրելը կ’օգնէ մեզի որ մարդոց հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ մեր ընկերը սիրենք։ Յաջորդ յօդուածը այս կէտը կը քննարկէ։