Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յառաջդիմելու համար՝ «ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛»

Յառաջդիմելու համար՝ «ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛»

ԵՐԲ իր ժողովուրդը Ք.Ա. 537–ին Բաբելոնը ձգեց, Եհովան դէպի Երուսաղէմ իրենց ուղիով հետաքրքրուած էր։ Ան անոնց ըսաւ. «Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք. շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները, քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք» (Եսա. 62։10)։ Երեւակայէ թէ հրեաներէն ոմանք ասիկա ինչպէս ըրած ըլլալու էին։ Առջեւէն գացող խումբեր թերեւս փոսերը լեցուցին եւ անհարթ տեղերը շտկեցին, օգտակար դառնալով իրենց եղբայրներուն, որոնք հայրենիք կը վերադառնային։

Կրնանք ասիկա օրինակ սեպել շաւիղի մը, որ հոգեւոր նպատակակէտերու կ’առաջնորդէ։ Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր ծառաները այդ շաւիղը բռնեն, առանց անտեղի խոչընդոտներու հանդիպելու։ Իր Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին» (Առ. 4։26)։ Ըլլա՛ս պատանի կամ երիտասարդ, կրնաս այդ աստուածային խրատին իմաստութիւնը տեսնել։

ԼԱՒ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՎ ՃԱՄԲԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԷ

Թերեւս լսած ես պատանիի մը նկատմամբ մարդոց խօսքը. «Իրեն փայլուն ապագայ կը սպասէ»։ Երիտասարդները ընդհանուր առմամբ լաւ առողջութիւն, սրամտութիւն եւ յաջողութիւն գտնելու զօրաւոր փափաք կ’ունենան։ Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն կ’ըսէ. «Երիտասարդներուն զարդը անոնց ուժն է» (Առ. 20։29)։ Այն երիտասարդը որ իր տաղանդներն ու կորովը Եհովային ծառայելու համար կը գործածէ, կրնայ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնիլ եւ իսկական ուրախութիւն գտնել։

Սակայն ինչպէս կը նշմարես, այս աշխարհին մէջ մեր պատանիներուն կարողութիւնները մեծապէս կ’արժեւորուին։ Երբ պատանի Վկայ մը դպրոցին մէջ փայլուն աշակերտ ըլլայ, դպրոցի խրատատու մը, ուսուցիչ մը կամ դասընկեր մը թերեւս Վկային վրայ ճնշում բանեցնէ որ բարձրագոյն ուսում ձեռք ձգէ, որպէս քայլ մը՝ այս աշխարհին մէջ յաջողութիւն գտնելու։ Կամ, մարզական ատակութիւն ունեցող պատանի եղբայր մը կամ քոյր մը յանձնարարութիւն կը ստանայ, որ մարզանքը իր ասպարէզը դարձնէ։ Այսպիսի կացութեան մը առջեւ գտնուա՞ծ ես, կամ գիտե՞ս մէկը որ այսպիսի ճնշում կը դիմագրաւէ։ Ի՞նչ բան քրիստոնեային պիտի օգնէ որ իմաստունօրէն ընտրութիւն ընէ։

Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնան անհատին օգնել որ կեանքի լաւագոյն ճամբով ընթանայ։ Ժողովող 12։1–ը կը նշէ. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ Ինչպէ՞ս կրնաս դուն կամ երիտասարդ մը լաւագոյն կերպով ‘Ստեղծիչը յիշել’։

Նկատի առ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ ապրող Էրիքի * պարագան։ Ան կը սիրէր ֆութպոլ խաղալ։ Երբ ան 15 տարեկան եղաւ, արդէն իսկ ազգային խումբի մը հետ կը խաղար։ Ասիկա կը նշանակէր թէ շատ չանցած կրնար ակնկալել Եւրոպայի մէջ մարզում ստանալու որակեալ սեպուիլ, եւ այսպէս արհեստավարժ ասպարէզ ունենալ։ Բայց արդեօք «Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» խրատը ինչպէ՞ս պիտի կիրարկէր։ Եւ ասիկա ի՞նչ դաս կը բովանդակէ քեզի կամ երիտասարդ մէկ բարեկամիդ։

Իր դպրոցական տարիներուն, Էրիք սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ուստի ան սկսաւ սորվիլ թէ իր Ստեղծիչը մարդկութեան խնդիրները մէկ անգամ ընդմիշտ պիտի լուծէր։ Էրիք գիտակցեցաւ թէ որքան կարեւոր է որ իր ժամանակն ու կորովը գործածէ Աստուծոյ կամքը կատարելու։ Այս կարեւոր իրողութեան ի տես, Էրիք որոշեց արհեստավարժ ֆութպոլիստ չըլլալ։ Փոխարէն, ան մկրտուեցաւ եւ ինքզինք հոգեւորապէս զօրացուց։ Ժամանակի ընթացքին, ան օգնական ծառայ եղաւ եւ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը յաճախեց։

Եթէ մարզական ասպարէզի մը հետամուտ ըլլար, Էրիք հաւանաբար համբաւ եւ հարստութիւն շահէր։ Բայց ան ըմբռնեց Աստուածաշունչին սա սկզբունքին ճիշդ ըլլալը. «Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է ու անոր երեւակայութեանը մէջ բարձր բերդի պէս է» (Առ. 18։11)։ Արդարեւ, այն ապահովութիւնը որ կը թուի թէ անհատը հարստութեան միջոցով կը շահի, իրականութեան մէջ խաբէական է։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք անյագօրէն հարստութեան հետամուտ կ’ըլլան, ընդհանրապէս ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’ (Ա. Տիմ. 6։9, 10

Ուրախ ենք որ շատ մը երիտասարդներ երջանկութիւն եւ մնայուն ապահովութիւն գտած են, լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով։ Էրիք կ’ըսէ. «Եհովայի լիաժամ ծառայողներու մեծ ‘խումբին’ միացած եմ։ Անիկա լաւագոյն խումբն է՝ որուն կրնամ պատկանիլ, եւ Եհովային շնորհապարտ եմ որ ինծի ցոյց տուաւ իսկական երջանկութեան եւ յաջողութեան միակ կերպը»։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Փոխանակ աշխարհային նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալու, ինչո՞ւ Եհովային առջեւ «ճամբաներդ» չհաստատես, ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցելով (տե՛ս « Ձեռք ձգել օգուտներ՝ որոնք համալսարանը չի կրնար ապահովել» շրջանակը)։

ՃԱՄԲՈՒԴ ՎՐԱՅԷՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ ՎԵՐՑՈ՛ՒՐ

Զոյգ մը երբ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը այցելեց, հոն ծառայող բեթէլականներուն ուրախութիւնը շօշափեց։ Քոյրը յետագային գրեց. «Մենք մեր սովորամոլութեան մէջ չափէ դուրս հանգիստ դարձած էինք»։ Զոյգը որոշեց ծառայութեան աւելի մեծ առանձնաշնորհումներու համար ժամանակ ու կորով տրամադրել։

Անոնց ընելիք փոփոխութիւնները դժուար թուեցան։ Բայց օր մը, անոնք այդ օրուան համարին վրայ խոկացին, որ էր՝ Յովհաննէս 8։31. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք»։ Ասիկա ի մտի ունենալով, անոնք պատճառաբանեցին. «Մեր կեանքը պարզ դարձնելու համար ի՛նչ զոհողութիւն ալ ընենք, կ’արժէ»։ Անոնք իրենց ընդարձակ տունը ծախեցին, այլ բեռներէ ձերբազատուեցան եւ փոխադրուեցան ժողովք մը, որ օգնութեան կարիք ունէր։ Այժմ անոնք ռահվիրայութիւն կ’ընեն, բայց նաեւ կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահներ կառուցանելու եւ նահանգային համաժողովներուն մէջ կամաւոր կ’ըլլան։ Անոնք ի՞նչ կը զգան։ «Կ’ապշինք տեսնելով այն ուրախութիւնը որ կը վայելենք աւելի պարզ կեանք վարելով, ընելով այն ինչ որ Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզ կը քաջալերէ որ ընենք»։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ՄՆԱ՛

Սողոմոն գրեց. «Քու աչքերդ ուղիղ թող նային ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան» (Առ. 4։25)։ Ճիշդ ինչպէս որ ինքնաշարժ վարողը իր գացած ճամբուն վրայ կեդրոնացած կը մնայ, մենք ալ պէտք է խուսափինք շեղումներէ, որոնք կրնան մեզ ետ պահել հոգեւոր նպատակակէտեր դնելէ եւ անոնց հասնելէ։

Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր կրնաս դնել եւ անոնց հասնիլ։ Լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելը վստահաբար լաւ նպատակակէտ մըն է։ Ուրիշ ընտրութիւն մը կրնայ ըլլալ՝ ծառայել մօտակայ ժողովքի մը մէջ, որ իր մեծ թաղամասը ծածկելու համար փորձառու քարոզիչներու կարիք ունի։ Կամ, թերեւս ժողովք մը ատակ հրատարակիչներ ունի, սակայն բաւարար երէցներ եւ օգնական ծառաներ չունի։ Կրնա՞ս այս կերպերէն մէկուն միջոցով օգտակար դառնալ։ Այս առնչութեամբ ինչո՞ւ շրջանային տեսուչին հետ չխօսիս։ Իսկ եթէ կ’ուզես աւելին ընել, կրնաս տեղեկութիւն խնդրել հեռաւոր ժողովքներու մասին, որոնք օգնութեան կարիք ունին *։

Վերադառնանք Եսայի 62։10–ի մէջ նկարագրուած տեսարանին։ Հրեաներէն ոմանք ծանր աշխատած ըլլալու էին իրենց հայրենիքը տանող ճամբան շտկելու, դիւրացնելով Աստուծոյ ժողովուրդին վերադարձը։ Եթէ ջանք կը թափես սուրբ ծառայութեան մէջ նպատակակէտերու հասնելու, մի՛ յանձնուիր։ Աստուծոյ օգնութեամբ, դո՛ւն ալ կրնաս այդ նպատակակէտերուն հասնիլ։ Շարունակէ՛ Եհովայէն իմաստութիւն խնդրել, մինչ կը ջանաս առջեւդ դրուած խոչընդոտները վերցնել։ Ժամանակի ընթացքին, շատ հաւանաբար պիտի տեսնես թէ Ան ինչպէ՛ս քեզի կ’օգնէ որ ‘ոտքերուդ շաւիղները շտկես’ (Առ. 4։26

^ պարբ. 8 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 18 Տե՛ս Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը, էջ 111-112 (անգլերէնով)։