Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկային տկարութիւնը կը նկատե՞ս այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ

Մարդկային տկարութիւնը կը նկատե՞ս այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ

«Մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են» (Ա. ԿՈՐ. 12։22

1, 2. Պօղոս ինչո՞ւ կրցաւ տկարներուն կարեկցիլ։

ԲՈԼՈ՛ՐՍ երբեմն տկար կը զգանք։ Հարբուխը կամ գերզգայնութիւնը կրնայ մեզ այնքա՛ն տկարացնել, որ թերեւս մեր առօրեայ գործունէութիւնները կատարելը դժուար գտնենք։ Երեւակայէ թէ տկար կը զգաս, ոչ թէ մէկ կամ երկու շաբաթ, այլ՝ ամիսներէ ի վեր։ Այս պարագային, պիտի չգնա՞հատէիր եթէ ուրիշներ քեզի հանդէպ կարեկից գտնուէին։

2 Պօղոս առաքեալ գիտէր ի՛նչ ըսել է՝ ժողովքէն ներս եւ անկէ դուրս եղող ճնշումներէ ազդուիլ եւ նոյնիսկ տկարանալ։ Մէկ անգամէ աւելի ան զգաց թէ այլեւս չէր կրնար յարատեւել (Բ. Կոր. 1։8. 7։5)։ Խորհրդածելով իր կեանքին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, Պօղոս ըսաւ. «Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար» (Բ. Կոր. 11։29)։ Եւ քրիստոնէական ժողովքի զանազան անդամները մարդկային մարմինի անդամներուն նմանցնելով, ան ըսաւ թէ անոնք որոնք «շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են» (Ա. Կոր. 12։22)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ինչո՞ւ աւելի տկար թուող անհատները պէտք է նկատենք այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ։ Եւ ասիկա ընելը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգտէ։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

3. Ժողովքին մէջ աջակցութեան կարիք ունեցողներուն նկատմամբ մեր տեսակէտը ի՞նչ բանէ կրնայ ազդուիլ։

3 Կ’ապրինք մրցակցական ոգի ունեցող աշխարհի մը մէջ, ուր զօրութիւնն ու երիտասարդութիւնը սովորաբար կը մեծարուին։ Շատեր ամէն բան կ’ընեն որ իրենց ուզածին հասնին, յաճախ ճզմելով տկարներուն զգացումները։ Այսպիսի վարուելակերպ չենք հանդուրժեր, սակայն թերեւս անգիտակցաբար բացասական տեսակէտ զարգացնենք անոնց հանդէպ, որոնք շարունակ աջակցութեան կարիք ունին, նոյնիսկ ժողովքին մէջ։ Բայց կրնա՛նք աւելի հաւասարակշռուած տեսակէտ մը զարգացնել, որ Աստուծոյ տեսակէտին նման է։

4, 5. ա) Ա. Կորնթացիս 12։21-23–ի լուսաբանութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ մարդկային տկարութեան մասին Եհովայի տեսակէտը ըմբռնելու։ բ) Տկարներուն օգնելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

4 Մարդկային տկարութեան նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը կրնանք գիտնալ լուսաբանութեան մը միջոցաւ, որ Պօղոս առաքեալ տուաւ կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ։ 12–րդ գլուխին մէջ, ան մեզի կը նշէ, թէ նոյնիսկ մարմնի ամէնէն ստորին կամ ամէնէն տկար անդամը պաշտօն ունի (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 12։12, 18, 21-23)։ Կարգ մը բարեշրջականներ ասոր չեն հաւատար։ Այսուհանդերձ, կազմախօսութեան յայտնաբերումները կը նշեն, թէ կարեւոր պաշտօններ ունին մարմնին այն մասերը, որոնք նախապէս անպէտ համարուած էին *։ Օրինակ, ոմանք ոտքի ճկոյթին օգտակար ըլլալը հարցականի տակ առած են, սակայն այժմ ի յայտ կու գայ թէ անիկա ամբողջ մարմնին հաւասարակշռութեան կ’ազդէ։

5 Պօղոսի լուսաբանութիւնը կը շեշտէ թէ քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները օգտակար են։ Մարդուն արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընող Սատանային հակառակը, Եհովան իր բոլոր ծառաները, ներառեալ՝ աւելի տկար թուողները, «հարկաւոր» կը նկատէ (Յոբ 4։18, 19)։ Ասիկա ի մտի ունենալը իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ, որ ուրախ զգանք մեր դերին նկատմամբ տեղական ժողովքին մէջ եւ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին համաշխարհային ժողովքին մէկ մասը։ Օրինակ, մտածէ այն պահուն մասին, երբ տարեցի մը օգնեցիր որ քալէ։ Թերեւս ստիպուեցար դանդաղ քալել։ Օգտակար դառնալը գործնական նպատակի չծա՞ռայեց եւ քեզ չո՞ւրախացուց։ Արդարեւ, ուրիշներուն կարիքներուն ընդառաջելով, իրենց հոգ տանելու ուրախութիւնը կը վայելենք, եւ երկայնամտութեան, սիրոյ ու հասունութեան մէջ կ’աճինք (Եփ. 4։15, 16)։ Մեր գթառատ Հայրը գիտէ թէ այն ժողովքը որ իր բոլոր անդամները կ’արժեւորէ, ինչ որ ալ ըլլան անոնց սահմանափակումները, հաւասարակշռութիւն եւ սէր կ’արտացոլէ։

6. Պօղոս երբեմն «տկար» եւ «զօրաւոր» բառերը ինչպէ՞ս գործածեց։

6 Հետաքրքրական է որ կորնթացիներուն ուղղած նամակին մէջ, Պօղոս «տկար» եւ «տկարութիւն» բառերը գործածեց, առաջին դարու քրիստոնեաներուն նկատմամբ անհաւատներու տեսակէտին, ինչպէս նաեւ իր անձին հանդէպ իր տեսակէտին ակնարկելու (Ա. Կոր. 1։26, 27. 2։3)։ Երբ ան խօսեցաւ «զօրաւոր»ներու մասին, իր նպատակը չէր ոմանց զգացնել թէ գերադաս են (Հռով. 15։1)։ Փոխարէն, ան կ’ըսէր թէ աւելի փորձառու քրիստոնեաները պէտք է երկայնամիտ ըլլան անոնց հանդէպ, որոնք տակաւին ճշմարտութեան մէջ չէին արմատացած։

ՄԵՐ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՃՇԴԵԼՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ

7. Ի՞նչ բան թերեւս պատճառ դառնայ որ կարիք ունեցողներուն օգնելէ խոյս տանք։

7 Երբ թշուառներուն կ’աջակցինք, ոչ միայն Եհովան կ’ընդօրինակենք, այլ նաեւ իր հաճութիւնը կը շահինք (Սաղ. 41։1. Եփ. 5։1)։ Սակայն, գիտակից ենք թէ կարիք ունեցող անհատներու հանդէպ մեր բացասական տեսակէտը երբեմն պատճառ կ’ըլլայ որ իրենց օգնելէ ետ կենանք։ Կամ, քանի որ վստահ չենք թէ ի՛նչ պէտք է ըսենք, թերեւս ամչնանք եւ հեռու կենանք անոնցմէ, որոնք դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ Սինթիան *, քոյր մը՝ որուն ամուսինը զինք լքեց, կ’ըսէ. «Եթէ եղբայրները քեզմէ խոյս տան կամ չվարուին այնպէս՝ ինչպէս կ’ակնկալես որ մօտիկ բարեկամներ վարուին, վիրաւորուած կը զգաս։ Երբ փորձութիւններէ կ’անցնիս, պէտք ունիս որ մարդիկ կողքիդ կանգնին»։ Վաղեմի Դաւիթը գիտէր ի՛նչ ըսել է անտեսուիլ (Սաղ. 31։12

8. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ աւելի կարեկից ըլլանք։

8 Հաւանաբար աւելի կարեկից պիտի ըլլանք, եթէ յիշենք թէ մեր սիրելի եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք տկարացած են վատ պարագաներու բերմամբ,– վատառողջութիւն, կրօնապէս բաժնուած ընտանիք կամ ընկճուածութիւն։ Թերեւս օր մը մենք ալ այսպիսի կացութիւն մը դիմագրաւենք։ Խոստացեալ երկիրը մտնելէ առաջ, ըսուեցաւ իսրայէլացիներուն՝ որոնք Եգիպտոսի մէջ աղքատ եւ տկար էին, որ իրենց տառապեալ եղբայրներուն «խստասրտութիւն» չընեն։ Եհովան ակնկալեց որ անոնք աղքատները օգնութեան արժանի սեպեն (Բ. Օր. 15։7, 11. Ղեւ. 25։35-38

9. Երբ դժուարութիւններ դիմագրաւողներուն կ’օգնենք, մեր նախապատուութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ. լուսաբանէ։

9 Փոխանակ դատելու կամ կասկածամիտ ըլլալու, հարկ է որ հոգեւոր մխիթարութիւն մատուցանենք անբարենպաստ պարագայ ունեցողներուն (Յոբ 33։6, 7. Մատ. 7։1)։ Լուսաբանենք. երբ շարժանիւ վարող անհատ մը, արկած մը ունենալով կը բերուի հիւանդանոց, բժիշկները նախ կը փորձե՞ն ստուգել թէ արդեօք ի՛նքն էր արկածին պատճառը։ Ո՛չ. անոնք անմիջապէս հարկ եղած բժշկական խնամքը կու տան։ Նոյնպէս, եթէ հաւատակից մը անձնական խնդիրներու պատճառաւ տկարացած է, մեր նախապատուութիւնը պէտք է ըլլայ՝ իրեն հոգեւոր աջակցութիւն հայթայթել (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14

10. Տկար թուող անհատներէն ոմանք ինչպէ՞ս «հաւատքով հարուստ» են։

10 Եթէ պահ մը կանգ առնելով տկար թուող եղբայրներուն պարագաներուն մասին խորհրդածենք, անոնց տկարութիւնը թերեւս տարբեր աչքով դիտենք։ Մտածէ՛ այն քոյրերուն մասին, որոնք տարիներ շարունակ ընտանեկան հակառակութիւն դիմագրաւած են։ Ոմանք թերեւս արտաքին երեւոյթով խեղճ են, բայց արտակարգ հաւատք եւ ներքին զօրութիւն ցոյց չե՞ն տար։ Երբ կը տեսնես թէ միայնակ մայր մը իր զաւակներուն հետ մէկտեղ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ կը գտնուի, անոր հաւատքով եւ վճռականութեամբ չե՞ս տպաւորուիր։ Ի՞նչ ըսել պատանիներու մասին, որոնք ճշմարտութեան կը կառչին, հակառակ դպրոցական վատ ազդեցութիւններուն։ Ամենայն համեստութեամբ կը գիտակցինք թէ այսպիսիներ, որոնք թերեւս տկար թուին, կրնան այնքա՛ն «հաւատքով հարուստ» ըլլալ, որքա՛ն այն եղբայրները՝ որոնք աւելի նպաստաւոր պայմաններ ունին (Յակ. 2։5

ՏԵՍԱԿԷՏԴ ՅԱՐՄԱՐՑՈՒՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՏԵՍԱԿԷՏԻՆ

11, 12. ա) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մարդկային տկարութեան նկատմամբ մեր տեսակէտը ճշդենք։ բ) Ահարոնի հետ Եհովայի գործառնութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

11 Որպէսզի կարենանք մարդկային տկարութեան նկատմամբ մեր տեսակէտը Եհովայի տեսակէտին յարմարցնել, օգտակար է նկատի առնել թէ իր ծառաներուն առնչուող կարգ մը հարցեր ինչպէ՛ս ձեռք առաւ (կարդա՛ Սաղմոս 130։3)։ Օրինակ, եթէ Մովսէսին հետ ներկայ ըլլայիր, երբ Ահարոն ոսկի հորթը շինեց, Ահարոնի տկար չքմեղանքը լսելով ի՞նչ պիտի զգայիր (Ել. 32։21-24)։ Կամ, ինչպէ՞ս պիտի նկատէիր Ահարոնի կեցուածքը, երբ իր քրոջմէն՝ Մարիամէն ազդուելով Մովսէսը քննադատեց, քանի որ օտար կնոջ հետ ամուսնացած էր (Թուոց 12։1, 2)։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր, երբ Մերիպայի ջուրին հարցով Ահարոն եւ Մովսէս չպատուեցին Եհովան (Թուոց 20։10-13

12 Իւրաքանչիւր պարագային, Եհովան կրնար Ահարոնը տեղւոյն վրայ պատժել։ Բայց ան զատորոշեց թէ Ահարոն վատ անձ մը չէր կամ չափազանց յանցաւոր չէր։ Այնպէս կը թուի թէ Ահարոն թոյլ տուաւ որ պարագաները եւ ուրիշներուն ազդեցութիւնը զինք շեղեցնեն։ Սակայն, երբ իր սխալները նշուեցան, ան անմիջապէս զանոնք ընդունեց եւ Եհովայի դատավճիռներուն թիկունք կանգնեցաւ (Ել. 32։26. Թուոց 12։11. 20։23-27)։ Եհովան Ահարոնի հաւատքին եւ զղջական կեցուածքին վրայ կեդրոնացաւ։ Դարեր ետք, Ահարոն եւ իր զարմը տակաւին յիշուեցան որպէս Եհովայէն վախցողներ (Սաղ. 115։10-12. 135։19, 20

13. Մեր մտածելակերպը ինչպէ՞ս կրնանք ճշդել։

13 Որպէսզի մեր մտածելակերպը Եհովայի մտածելակերպին յարմարցնենք, հարկ է որ տկար թուող անհատներուն նկատմամբ մեր տեսակէտը վերլուծենք (Ա. Թագ. 16։7)։ Օրինակ, ինչպէ՞ս կը հակազդենք երբ պատանի մը զբօսանքը խոհեմութեամբ չ’ընտրեր կամ անհոգ կեցուածք կ’ունենայ։ Փոխանակ չափէ դուրս քննադատական ըլլալու, ինչո՞ւ չմտածենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել իրեն օգնելու որ հասունութեան դիմէ։ Անհատի մը օգնելու համար նախաձեռնութիւնը առնելով՝ հասկացողութեան եւ սիրոյ մէջ կ’աճինք։

14, 15. ա) Եհովան ինչպէ՞ս զգաց երբ Եղիան ժամանակաւորապէս քաջութիւնը կորսնցուց։ բ) Եղիայի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Նաեւ, ուրիշներուն հանդէպ մեր տեսակէտը կ’ընդլայնենք, նկատի առնելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ իր կարգ մը վհատած ծառաներուն հետ։ Անոնցմէ մէկն էր Եղիան։ Թէեւ ան անվախօրէն Բահաղի 450 մարգարէներուն մարտահրաւէր ուղղած էր, սակայն Յեզաբէլ թագուհիին երեսէն փախաւ, երբ տեղեկացաւ թէ թագուհին կը մտադրէր զինք սպաննել։ Ան շուրջ 150 քմ. քալելով Բերսաբէէ հասաւ եւ ապա անապատին խորքերը գնաց։ Կիզիչ արեւուն տակ այս ճամբորդութենէն սպառած ըլլալով, ան ծառի մը տակ նստաւ եւ «սրտանց մեռնիլ ուզեց» (Գ. Թագ. 18։19. 19։1-4

Եհովան Եղիային սահմանափակումները հաշուի առաւ եւ զինք քաջալերելու համար հրեշտակ մը ղրկեց (տե՛ս պարբերութիւն 14, 15)

15 Եհովան ինչպէ՞ս զգաց երբ տեսաւ որ իր հաւատարիմ մարգարէն վհատած է։ Զինք մերժե՞ց, քանի որ ժամանակաւորապէս ընկճուեցաւ եւ քաջութիւնը կորսնցուց։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովան Եղիային սահմանափակումները հաշուի առաւ եւ հրեշտակ մը ղրկեց։ Հրեշտակը երկու անգամ մարգարէին ըսաւ որ ուտէ, որպէսզի բաւարար ոյժ ունենալով շարունակէ իր ճամբորդութիւնը (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 19։5-8)։ Այո, նոյնիսկ որեւէ ուղղութիւն տալէ առաջ, Եհովան իր մարգարէին մտիկ ըրաւ եւ իրեն օգնելու համար գործնական քայլեր առաւ։

16, 17. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Եղիայի հանդէպ Եհովայի հոգատարութիւնը։

16 Մեր հոգածու Աստուածը ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել։ Պէտք չէ խրատ տալու մէջ արագ ըլլանք (Առ. 18։13)։ Աւելի լաւ կ’ըլլայ՝ նա՛խ մեր կարեկցութիւնը արտայայտենք անոնց, որոնք իրենց անձնական պարագաներուն պատճառաւ կը խորհին թէ նուազ արժէք ունին (Ա. Կոր. 12։23)։ Ապա ի վիճակի պիտի ըլլանք իսկական կարիքին համաձայն յարմար կերպով վարուելու։

17 Օրինակ, մտաբերէ նախապէս նշուած Սինթիան, որուն ամուսինը զինք ու իր երկու աղջիկները լքեց։ Անոնք զգացին թէ մինակ են։ Կարգ մը Վկաներ ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Սինթիան կը բացատրէ. «Երբ անոնց հեռաձայնելով պատահածը պատմեցինք, միայն 45 վայրկեան ետք անոնք արդէն մեր տունը եկած էին։ Անոնք արցունք կը թափէին։ Առաջին երկու–երեք օրերը մեզ առանձին չթողուցին։ Իսկ քանի որ լաւ չէինք ուտեր եւ շատ զգացական դարձած էինք, ժամանակ մը իրենց տունը բացին մեզի»։ Ասիկա հաւանաբար միտքդ բերէ Յակոբոսին գրածը. «Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. ‘Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’, բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է» (Յակ. 2։15-17)։ Իր շրջանի եղբայրներուն ու քոյրերուն ժամանակայարմար աջակցութեան շնորհիւ, Սինթիան եւ իր երկու աղջիկները իրենց վհատեցուցիչ փորձառութենէն միայն վեց ամիս ետք կրցան օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ (Բ. Կոր. 12։10

ՇԱՏԵՐ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆ

18, 19. ա) Ժամանակաւորապէս տկար եղողներուն ինչպէ՞ս կրնանք օգնել։ բ) Երբ տկարներուն կ’աջակցինք, որո՞նք կ’օգտուին։

18 Թերեւս փորձառաբար գիտես, թէ տկարացնող հիւանդութենէ մը ապաքինիլը կրնայ ժամանակ առնել։ Նմանապէս, քրիստոնեայ մը՝ որ անձնական խնդիրներու կամ դժուար փորձութիւններու պատճառով տկարացած է, հոգեւորապէս զօրանալու համար կրնայ ժամանակի կարօտիլ։ Ճիշդ է որ ան իր հաւատքը պէտք է զօրացնէ՝ անձնական ուսումնասիրութեամբ, աղօթելով եւ քրիստոնէական այլ գործունէութիւններով։ Բայց մենք երկայնամիտ պիտի ըլլա՞նք մինչեւ որ ան իր հաւասարակշռութիւնը վերագտնէ։ Եւ մինչ այդ, պիտի շարունակե՞նք սէր ցոյց տալ ու զգացնել թէ տակաւին արժէքաւոր է ժողովքին մէջ (Բ. Կոր. 8։8

19 Բնաւ մի՛ մոռնար թէ մեր եղբայրներուն թիկունք կանգնելով, կը վայելենք այն ուրախութիւնը որ միայն տալէն յառաջ կու գայ։ Նաեւ կարեկցութիւն եւ համբերութիւն ցոյց տալու մեր կարողութիւնը կը մշակենք, իսկ ամբողջ ժողովքը ջերմութեան եւ սիրոյ մէջ կ’աճի։ Ասկէ աւելին, կ’ընդօրինակենք Եհովան, որ իւրաքանչիւր անհատ արժէքաւոր կը նկատէ։ Արդարեւ, «տկարներուն օգնութիւն ընել» յորդորին ընդառաջելու լաւ պատճառներ ունինք (Գործք 20։35

^ պարբ. 4 Իր գրքին մէջ, Չարլզ Տարուին մարմնի կարգ մը անդամները որպէս «անպէտ» նկարագրեց (The Descent of Man)։ Իր ջատագովներէն մէկը պնդեց թէ մեր մարմնին մէջ շատ մը «մնացական գործարաններ» կան, ներառեալ՝ կցաղիքը եւ թիւմագեղձը։

^ պարբ. 7 Անունը փոխուած է։