Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Նիսան 14–ին, Պասեքի գառնուկը օրուան ո՞ր պահուն պիտի մորթուէր։

Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կ’ըսեն, թէ գառնուկը պէտք էր մորթուէր «երկու իրիկուններուն մէջտեղ», այսինքն՝ արեւամուտէն ետք բայց մթութիւնը տիրելէ առաջ (Ել. 12։6, ստորանիշ. 12/15, էջ 18-19

Իմաստուն ընտրութիւններ ընելու համար, պատանիները ո՞ր աստուածաշնչական սկզբունքները կրնան գործածել։

Երեք սկզբունքներ կան՝ 1) Առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը (Մատ. 6։19-34). 2) Ուրիշներուն ծառայելով ուրախութիւն գտնել (Գործք 20։35). 3) Երիտասարդութեան ատեն Աստուծոյ ծառայել (Ժող. 12։1. 1/15, էջ 19-20

1914–էն ի վեր ո՞ր չորս ձիաւորները կ’արշաւեն։

Յիսուս՝ ճերմակ ձիու վրայ հեծնողը, երկինքը Սատանայէն ու անոր դեւերէն մաքրած է։ Շառագոյն ձիուն վրայ հեծնողը կը ներկայացնէ մարդկութիւնը տառապեցնող պատերազմները։ Սեւ ձիուն վրայ հեծնողը կը պատկերացնէ սովը։ Դեղին ձիուն վրայ հեծնողը ժանտախտի միջոցաւ մահ կը պատճառէ, միլիոնաւորներու կեանքը խլելով (Յայտ. 6։2-8. 2/1, էջ 6-7

«Գառնուկին հարսանիքը» ե՞րբ տեղի կ’ունենայ (Յայտ. 19։7

«Գառնուկին հարսանիքը» տեղի կ’ունենայ, Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս իր յաղթանակը ամբողջացնելէ ետք, այսինքն՝ Մեծ Բաբելոնը կործանուելէ եւ Արմագեդոնը վերջ գտնելէ ետք (2/15, էջ 10

Յիսուսի ժամանակակից հրեաները ինչո՞ւ Մեսիային ‘կը սպասէին’ (Ղուկ. 3։15

Չենք կրնար հաստատել թէ առաջին դարու հրեաները, Մեսիային առնչութեամբ Դանիէլի մարգարէութիւնը հասկցած էին այնպէս՝ ինչպէս ներկայիս կը հասկնանք (Դան. 9։24-27)։ Այսուհանդերձ, անոնք թերեւս լսեցին կարգ մը հովիւներու տրուած հրեշտակային յայտարարութիւնը կամ Աննա մարգարէուհիին խօսքերը, երբ տաճարին մէջ մանուկ Յիսուսը տեսաւ։ Նաեւ, մոգեր եկան փնտռելու «ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ» (Մատ. 2։1, 2)։ Իսկ յետագային, Յովհաննէս Մկրտիչ նշեց թէ մօտ ատենէն Քրիստոս պիտի յայտնուէր (2/15, էջ 26-27

Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ մեր այոն ո՛չ ընելէ (Բ. Կոր. 1։18

Ճիշդ է որ երբեմն վաւերական պատճառով մը չենք կրնար մեր խօսքին տէրը ըլլալ։ Բայց եթէ բան մը խոստանանք, մեր ամէն կարելին պէտք է ընենք որ զայն պահենք (3/15, էջ 32

Ինչպէ՞ս կրնանք պոռնկագրութիւն դիտելու փորձութեան դէմ դնել։

Երեք օգտաւէտ քայլեր կան՝ 1) Երբ տռփական տեսարանի մը հանդիպինք, անմիջապէս մեր աչքերը անկէ դարձնենք. 2) Մեր միտքը պահպանենք, դրական բաներու վրայ կեդրոնանալով եւ Աստուծոյ աղօթելով. 3) Պոռնկագրութիւն բովանդակող ֆիլմերէ եւ կայքէջերէ հեռու կենանք (4/1, էջ 10-12

Ի՞նչ չակնկալուած հետեւանքներ յառաջ կու գան, երբ քրիստոնեան իր ընտանիքը կը ձգէ՝ ուրիշ երկրի մը մէջ դրամ շահելու համար։

Երբ ծնողներ ընտրեն իրենց ընտանիքին հետ չապրիլ, զաւակները զգացական եւ բարոյական գետնի վրայ կը վնասուին։ Անոնք թերեւս սկսին իրենց ծնողքէն դժգոհիլ։ Իսկ իր կողակիցէն հեռու ապրող անհատը կրնայ անբարոյութիւն գործելու փորձութիւնը դիմագրաւել (4/15, էջ 19-20

Ցցահարուած ոճրագործներուն սրունքները ինչո՞ւ կը կոտրէին։

Հռոմայեցիները կարգ մը ոճրագործներ կը ցցահարէին։ Հրեաները պահանջեցին որ Յիսուսի կողքին ցցահարուած ոճրագործներուն սրունքները կոտրուէին։ Ասիկա անոնց շունչ առնելը ա՛լ աւելի պիտի դժուարացնէր, անոնց մահը արագացնելով։ Ուստի, ամբողջ գիշերը ցիցին վրայ պիտի չմնային (Բ. Օր. 21։22, 23. 5/1, էջ 11

Ի՞նչ չորս հարցումներ պէտք է ի մտի ունենանք, երբ ծառայութեան մէջ մարդոց կը մօտենանք։

Որո՞նց կը մօտենամ։ Ո՞ւր կը մօտենամ անոնց։ Ե՞րբ կը մօտենամ անոնց։ Ինչպէ՞ս պէտք է մօտենամ անոնց (5/15, էջ 12-15

Ծխելը որքա՞ն մահացու եղած է։

Նախորդ դարուն, անիկա 100,000,000 մարդիկ մեռցուցած է։ Ներկայիս, անիկա ամէն տարի շուրջ 6,000,000 կեանք կը խլէ (6/1, էջ 3