Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշներուն օգնենք որ իրենց հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնեն

Ուրիշներուն օգնենք որ իրենց հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնեն

«Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (ՍԱՂ. 32։8

1, 2. Եհովան իր երկրային ծառաները ինչպէ՞ս կը նկատէ։

ԵՐԲ ծնողներ իրենց զաւակներուն խաղալը կը դիտեն, յաճախ կը զմայլին տեսնելով անոնց բնածին կարողութիւնները։ Այս փորձառութիւնը ունեցա՞ծ ես։ Թերեւս երեխայ մը մարզական կարողութիւն ունի, մինչ իր եղբայրը կամ քոյրը կը սիրէ ճատրակ խաղալ կամ գծելու ձիրք ունի։ Բայց զաւակներուն տաղանդները ինչ որ ալ ըլլան, ծնողներուն համար հաճոյք է անոնց հնարաւորութիւնները զատորոշել։

2 Եհովան եւս իր երկրային զաւակներով խորապէս կը հետաքրքրուի։ Ան իր այժմու ծառաները «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» կը նկատէ (Ան. 2։7)։ Անոնք յատկապէս իրենց հաւատքին եւ նուիրուածութեան համար թանկագին են։ Սակայն, թերեւս նկատած ես թէ հաւատակիցներուդ մէջ բազմատեսակ տաղանդներ կան։ Կարգ մը եղբայրներ հանրապէս դասախօսելու ձիրքը ունին, մինչդեռ ուրիշներ կազմակերպելու մէջ վարպետ են։ Շատ մը քոյրեր դիւրաւ օտար լեզուներ կը սորվին եւ ծառայութեան մէջ կը գործածեն, մինչ ուրիշներ արտակարգ օրինակ կը հանդիսանան ուրիշները քաջալերելու կամ հիւանդներուն հոգ տանելու մէջ (Հռով. 16։1, 12)։ Այսպիսի քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքին մէկ անդամը ըլլալը չե՞նք գնահատեր։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

3 Սակայն, հաւատակիցներէն ոմանք, ներառեալ՝ պատանի կամ նոր մկրտուած եղբայրներ, թերեւս զգան թէ ժողովքին մէջ տակաւին տեղ չունին։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել որ իրենց հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնեն։ Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք անոնց մէջ լաւ յատկութիւններ գտնել, Եհովան ընդօրինակելով։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԼԱՒ ԲԱՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍՆԷ

4, 5. Դատաւորաց 6։11-16–ի արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան իր ծառաներուն հնարաւորութիւնները կը տեսնէ։

4 Քանի մը աստուածաշնչական արձանագրութիւններ կը յայտնեն, թէ Եհովան իր ծառաներուն մէջ կը տեսնէ ոչ միայն լաւ բաները, այլեւ անոնց հնարաւորութիւնները։ Օրինակ, երբ Գեդէօն ընտրուեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդը մադիանացիներու կեղեքումէն ազատելու, ան ապշած ըլլալու էր հրեշտակին ողջոյնէն. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։ Այնպէս կը թուի թէ Գեդէօն ինքզինք բնաւ «զօրաւոր» չէր զգար, եւ խորհեցաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատելու կարող չէ։ Բայց Եհովան իր ծառային մասին շա՛տ աւելի դրական տեսակէտ ունէր (կարդա՛ Դատաւորաց 6։11-16

5 Եհովան Գեդէօնին վստահեցաւ որ իսրայէլը ազատէ, քանի որ անոր հմտութիւնները տեսած էր։ Օրինակ, հրեշտակը նկատած էր, թէ Գեդէօն ինչպէս ամբողջ ուժով ցորենը կը ծեծէր։ Ուրիշ բան մըն ալ հրեշտակին ուշադրութիւնը գրաւած էր։ Աստուածաշնչական ժամանակներուն, հողագործները ընդհանրապէս ցորենը կը ծեծէին բացօթեայ տեղ մը, ուր հովը կրնար թեփը մէկդի նետել։ Գեդէօն սովորականէն դուրս, գաղտնաբար ցորեն կը ծեծէր հնձանին մէջ, որպէսզի իր չնչին հունձքը մադիանացիներէն պահէր։ Ի՜նչ սրամտութիւն։ Զարմանալի չէ որ Եհովայի աչքին Գեդէօն ոչ թէ միայն զգոյշ հողագործ մըն էր, այլեւ խորագէտ մարդ մը։ Արդարեւ Եհովան անոր հնարաւորութիւնը զատորոշեց եւ իրեն հետ գործեց։

6, 7. ա) Ամովսի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ինչպէ՞ս կը տարբերէր կարգ մը իսրայէլացիներու տեսակէտէն։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Ամովս տգէտ չէր։

6 Նմանապէս, Ամովս մարգարէին պարագան կը յայտնէ, թէ Եհովան իր ծառային հնարաւորութիւնը տեսաւ, հակառակ որ շատերու աչքին թերեւս անկարեւոր կը թուէր։ Ամովս ինքզինք նկարագրեց որպէս արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող կամ ծակող։ Երբ Եհովան Ամովսը նշանակեց որպէսզի Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը դատապարտէ, իսրայէլացիներէն ոմանք թերեւս խորհեցան թէ ասիկա լաւ ընտրութիւն մը չէր (կարդա՛ Ամովս 7։14, 15

7 Ամովս մեկուսացած գիւղէ մը եկած էր, բայց իր ատենուան սովորութիւններուն եւ կառավարիչներուն առնչութեամբ իր գիտելիքները կ’ապացուցանեն թէ տգէտ չէր։ Ան Իսրայէլի իրավիճակներուն քաջատեղեակ էր, եւ հաւանաբար ճամբորդող վաճառականներու հետ գործառնութիւն ունենալով՝ դրացի ազգերուն մասին ալ տեղեակ էր (Ամովս 1։6, 9, 11, 13. 2։8. 6։4-6)։ Կարգ մը աստուածաշնչագէտներ կ’ըսեն թէ Ամովս գրելու ձիրք ունէր։ Ան ոչ միայն պարզ եւ ազդու բառեր ընտրեց, այլեւ զուգահեռականութիւն եւ բառախաղ գործածեց։ Իսկապէս, Ամովսի համարձակ պատասխանը Ամասիա քահանային, որ փտած էր, հաստատեց թէ Եհովան զատած էր ճիշդ անձը եւ կրնար գործածել անոր կարողութիւնները, որոնք առաջին հերթին թերեւս աչքի չէին զարներ (Ամովս 7։12, 13, 16, 17

8. ա) Եհովան Դաւիթին ի՞նչ հաւաստիք տուաւ։ բ) Սաղմոս 32։8–ի խօսքերը ինչո՞ւ ինքնավստահութիւն կամ ձիրք չունեցողները կը քաջալերեն։

8 Այո՛, Եհովան իր իւրաքանչիւր ծառային հնարաւորութիւնը կը նշմարէ։ Ան Դաւիթ թագաւորը հաւաստիացուց թէ զինք միշտ պիտի առաջնորդէր, ‘իր աչքը իր վրան ըլլալով’ (կարդա՛ Սաղմոս 32։8)։ Ասիկա մեզ պէտք չէ՞ քաջալերէ։ Նոյնիսկ եթէ ինքնավստահութեան պակաս ունինք, Եհովան կրնա՛յ օգնել որ մեր անձէն մեր ակնկալածէն աւելին ընենք եւ հասնինք նպատակակէտերու, որոնք մեր մտքին ծայրէն իսկ չէին անցներ։ Ճիշդ ինչպէս որ մարզիչը անփորձ մագլցող մը ուշադրութեամբ կը դիտէ, որպէսզի օգնէ որ ան գտնէ ձեռք դնելու լաւագոյն տեղերը, նոյնպէս Եհովան պատրաստ է մեզ առաջնորդելու մինչ հոգեւորապէս կը յառաջդիմենք։ Եհովան նաեւ կրնայ հաւատակիցներ գործածել մեզի օգնելու, որ մեր հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնենք։ Ինչպէ՞ս։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԼԱՒ ԲԱՆԵՐԸ ՓՆՏՌԵՆՔ

9. Ուրիշներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուելու Պօղոսի յորդորը ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել։

9 Պօղոս բոլոր քրիստոնեաները յորդորեց որ հաւատակիցներու բարօրութեամբ հետաքրքրուին (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։ Պօղոսի խրատին միտք բանին այն է, թէ ուրիշներուն տաղանդները պէտք է նկատենք եւ անոնց մասին խօսինք։ Ինչպէ՞ս կը զգանք երբ մէկը մեր ըրած յառաջդիմութեան մասին կ’արտայայտուի։ Ընդհանրապէս կը մղուինք աւելի յառաջդիմելու, մեր լաւագոյնը ընելով։ Նմանապէս, մեր հաւատակիցներուն ըրած ջանքերը գովելով, անոնց կ’օգնենք որ հոգեւորապէս աճին։

10. Մասնաւորապէս որո՞նք մեր ուշադրութեան կարիքը ունին։

10 Մասնաւորապէս մեր ուշադրութիւնը որո՞ւ պէտք է դարձնենք։ Անշուշտ բոլորս ատեն–ատեն մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը կ’ունենանք։ Սակայն պատանի կամ նոր մկրտուած եղբայրները իսկապէս կարիքը ունին զգալու, թէ ժողովքի գործունէութիւններուն մէջ պարփակուած են, եւ այսպէս մեր մէջ տեղ ունի՛ն։ Այլապէս, անոնց փափաքը յաւելեալ պատասխանատուութիւններու ձգտելու,– ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը կը քաջալերէ,– կրնայ մարիլ (Ա. Տիմ. 3։1

11. ա) Երէց մը ինչպէ՞ս պատանիի մը օգնեց որ ամչկոտութիւնը յաղթահարէ։ բ) Ժիւլիանի փորձառութենէն ի՞նչ դաս կը քաղես։

11 Լուտովիք անունով երէց մը, որ պատանի եղած ատեն իրեն հանդէպ այսպիսի հետաքրքրութիւն ցուցաբերուեցաւ, կ’ըսէ. «Երբ եղբօր մը հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեմ, ան աւելի արագ կը յառաջդիմէ»։ Ժիւլիանի մասին, որ ամչկոտ պատանի մըն էր, Լուտովիք կ’ըսէ. «Քանի որ Ժիւլիան երբեմն անճոռնի կերպով կը փորձէր օգտակար դառնալ, իր վարուելակերպը անբնական էր։ Բայց կը նշմարէի թէ ան շատ ազնիւ էր եւ ժողովքին մէջ ուրիշներուն իսկապէս կ’ուզէր օգնել։ Ուստի, փոխանակ իր շարժառիթները հարցականի տակ առնելու, կեդրոնացայ իր դրական յատկութիւններուն վրայ եւ ջանացի զինք քաջալերել»։ Ժամանակի ընթացքին, Ժիւլիան օգնական ծառայ ըլլալու որակեալ դարձաւ, եւ այժմ ան կանոնաւոր ռահվիրայ է։

ՕԳՆԵՆՔ ՈՐ ԻՐԵՆՑ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻՈՎԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵՆ

12. Որպէսզի կարենանք անհատի մը օգնել որ իր լաւագոյնը տայ, ի՞նչ յատկութիւն անհրաժեշտ է որ ունենանք. օրինակ մը տուր։

12 Բնական է որ եթէ կ’ուզենք ուրիշին օգնել որ իր հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնէ, պէտք է զատորոշող ըլլանք։ Ինչպէս որ Ժիւլիանի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, հարկ է որ անհատին տկար կէտերէն անդին նայինք եւ զատորոշենք իր լաւ յատկութիւններն ու հմտութիւնները, որոնք կրնան աւելի մշակուիլ։ Յիսուս այս կերպով Պետրոս առաքեալի հետ վարուեցաւ։ Թէեւ Պետրոս երբեմն կը թուէր անհաստատ ըլլալ, սակայն Յիսուս իրեն Կեփաս անունը տալով՝ որ կը նշանակէ Վէմ, նախագուշակեց թէ ժայռի նման անխախտ պիտի ըլլար (Յովհ. 1։42

13, 14. ա) Մարկոսի պարագային Բառնաբաս ինչպէ՞ս զատորոշում ցոյց տուաւ։ բ) Երէց մը ինչպէ՞ս օգնեց Ալեքսանտրէին (տե՛ս բացման պատկերը)։

13 Բառնաբաս նոյնանման զատորոշում ցոյց տուաւ Յովհաննէսի պարագային, որուն հռոմէական մականունը Մարկոս էր (Գործք 12։25)։ Բառնաբասի հետ Պօղոսի առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին, Մարկոս իրենց «սպասաւորութիւն» կ’ընէր, թերեւս իրենց ֆիզիքական կարիքները հոգալով։ Սակայն, երբ Պամփիւլիա հասան, Մարկոս յանկարծ իր ընկերակիցները նեղ կացութեան մատնեց՝ Երուսաղէմ վերադառնալով։ Անոնք ստիպուեցան առանց իրեն ճամբորդել դէպի հիւսիս, աւազակներով լեցուն շրջանէ մը անցնելով (Գործք 13։5, 13)։ Սակայն ըստ երեւոյթին, Բառնաբաս Մարկոսի անկայուն վարուելակերպէն անդին տեսաւ եւ յետագային ուզեց անոր մարզումը ամբողջացնել (Գործք 15։37-39)։ Ասիկա երիտասարդ Մարկոսի օգնեց որ Եհովայի հասուն մէկ ծառան դառնայ։ Հետաքրքրական է որ ան Հռոմի մէջ բանտարկուած Պօղոսի հետ բարեւներ ղրկեց կողոսացիներու ժողովքին, եւ նոյն նամակին մէջ առաքեալը զինք գովեց (Կող. 4։10)։ Երեւակայէ թէ Բառնաբաս որքա՜ն գոհունակ զգացած ըլլալու էր, երբ Պօղոս նոյնիսկ խնդրեց Մարկոսի աջակցութիւնը (Բ. Տիմ. 4։11

14 Ալեքսանտրէ՝ վերջերս նշանակուած երէց մը, կը մտաբերէ թէ ինչպէ՛ս եղբօր մը խորատես կերպէն օգտուեցաւ. «Երբ տարիքով աւելի պզտիկ էի, հանրապէս աղօթելը ինծի համար իսկական պայքար մըն էր։ Երէց մը ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս կրնամ նախապատրաստուիլ եւ աւելի հանդարտ զգալ։ Փոխանակ այլեւս թոյլ չտալու որ աղօթեմ, ան պատեհութիւններ ընծայեց որ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն կանոնաւորաբար աղօթեմ։ Ժամանակի ընթացքին, աւելի ինքնավստահ դարձայ»։

15. Պօղոս եղբայրներուն հանդէպ իր գնահատութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտեց։

15 Երբ քրիստոնեայի մը մէջ լաւ յատկութիւն մը նշմարենք, իրեն կ’արտայայտե՞նք թէ զայն որքա՜ն կ’արժեւորենք։ Հռովմայեցիս նամակին 16–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս նշեց աւելի քան 20 հաւատակիցներ, որոնք իրենց յատկութիւններուն պատճառաւ իրեն սիրելի դարձած էին (Հռով. 16։3-7, 13)։ Օրինակ, Պօղոս դիտել տուաւ թէ Անդրոնիկոս եւ Յունիա Քրիստոսի աւելի երկար ժամանակ ծառայած էին քան ինք, այսպէս շեշտելով անոնց համբերատարութիւնը։ Ան նաեւ Ռուփոսի մօր մասին ջերմօրէն խօսեցաւ, թերեւս ակնարկելով իրեն հանդէպ անոր նախապէս ցուցաբերած սիրալիր հոգատարութեան։

Ֆրետերիք (ձախ) քաջալերեց Ռիքոն որ Եհովային ծառայելու նկատմամբ վճռական մնայ (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Երբ պատանի մը գովասանք ստանայ, արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

16 Երբ անկեղծ գովասանք կու տանք, լաւ արդիւնքներ կրնանք ձեռք ձգել։ Նկատի առ Ռիքօ անունով ֆրանսացի պատանիի մը օրինակը, որ յուսահատեցաւ՝ երբ իր անհաւատ հայրը իր մկրտութեան հակառակ կեցաւ։ Ռիքոն խորհեցաւ թէ Եհովային լիովին ծառայելու համար, հարկ էր որ սպասէր մինչեւ օրինական տարիքը։ Ան նաեւ տխուր էր, քանի որ դպրոցը զինք կը ծաղրէին։ Ֆրետերիք՝ ժողովքին մէկ երէցը, որմէ խնդրուած էր տղուն հետ ուսումնասիրել, կը պատմէ. «Ռիքոն գովեցի, քանի որ այս հակառակութիւնը կը յայտնէր, թէ ան իր հաւատքը արտայայտելու պէտք եղած քաջութիւնը ունէր»։ Այս գովասանքի խօսքերը օրինակելի մնալու Ռիքոյին վճռականութիւնը զօրացուցին եւ իրեն օգնեցին որ իր հօր աւելի մօտենայ։ Ան մկրտուեցաւ՝ 12 տարեկանին։

Ժերոմ (աջ) Ռայընին օգնեց որ միսիոնար ըլլալու որակումներուն գոհացում տայ (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն օգնել որ յառաջդիմեն։ բ) Միսիոնար մը պատանի եղբայրներու ինչպէ՞ս օգնեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

17 Ամէն անգամ որ լաւ ձեռք–առնուած նշանակումներուն կամ գովասանքի արժանի ջանքերուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք, մեր հաւատակիցներուն դրդապատճառ կու տանք որ Եհովային աւելի լիակատար կերպով ծառայեն։ Սիլվին *, որ տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի Բեթէլին մէջ կը ծառայէ, ըսաւ թէ քոյրերը կրնան եղբայրները գովելու մէջ բաժին բերել։ Ան նշեց թէ կիները կրնան տարբեր մանրամասնութիւններ կամ ջանքեր նկատել եւ զանոնք արժեւորել։ Ուստի անոնց «քաջալերութեան խօսքերը կրնան փորձառու եղբայրներուն ըսածները լրացնել»։ Ան աւելցուց. «Ինծի համար, գովելը պարտականութիւն է» (Առ. 3։27)։ Ժերոմ՝ Ֆրանսական Կուիանայի մէջ միսիոնար մը, բազմաթիւ պատանի եղբայրներու օգնած է որ միսիոնարական ծառայութեան որակեալ դառնան։ Ան կ’ըսէ. «Նկատած եմ թէ երբ պատանի եղբայրները կը գովեմ մասնայատուկ բանի մը համար որ ծառայութեան մէջ ըրին կամ իրենց իմաստալից մեկնաբանութիւններուն համար, անոնց ինքնավստահութիւնը կ’աւելնայ։ Առ ի արդիւնք, անոնք իրենց կարողութիւնները ա՛լ աւելի կը մշակեն»։

18. Պատանի եղբայրներուն հետ գործելը ինչո՞ւ օգտակար է։

18 Կրնանք նաեւ հաւատակիցները մղել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, իրենց հետ աշխատելով։ Երէց մը կրնայ համակարգիչ գործածող պատանիէ մը խնդրել, որ jw.org կայքէն կարգ մը տեղեկութիւններ տպէ, որոնք համակարգիչ չունեցող տարեցներուն օգտակար են։ Կամ, եթէ Թագաւորութեան սրահին առնչութեամբ որոշ գործեր պիտի կատարես, կրնաս պատանիէ մը խնդրել որ քեզի հետ աշխատի։ Այսպիսի նախաձեռնութիւններ քեզի պատեհութիւններ պիտի տան, որ պատանիներու հնարաւորութիւնները զատորոշես, զանոնք գովես ու արդիւնքը տեսնես (Առ. 15։23

ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ՇԻՆԵՆՔ

19, 20. Ինչո՞ւ ուրիշներուն պէտք է օգնենք որ յառաջդիմեն։

19 Երբ Եհովան Յեսուն նշանակեց որ իսրայէլացիները առաջնորդէ, ան նաեւ Մովսէսին պատուիրեց որ Յեսուն ‘զօրացնէ’ եւ անոր ‘սիրտ տայ’ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 3։28)։ Հետզհետէ աւելի անհատներ մեզի կը միանան երկրապարփակ ժողովքին մէջ։ Բոլոր փորձառու քրիստոնեաները,– ոչ միայն երէցները,– կրնան պատանի կամ նորեկ եղբայրներուն օգնել, որ իրենց հնարաւորութիւնները լիովին զարգացնեն։ Այսպիսով ա՛լ աւելի անհատներ լիաժամ ծառայութեան պիտի ձեռնարկեն, եւ շատեր «կարող [պիտի] ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։2

20 Ըլլանք անդամներ լաւ–հաստատուած ժողովքի մը կամ պզտիկ խումբի մը, որ կը յառաջդիմէ դէպի ժողովք ըլլալու, թող որ ապագային համար շինենք։ Բանալի ազդակ մըն է ընդօրինակել Եհովան, որ միշտ իր ծառաներուն մէջ լաւ բաները կը փնտռէ։

^ պարբ. 17 Անունը փոխուած է։