Հարցումներ ընթերցողներէն
Քրիստոնեաներուն համար դիակիզումը պատշա՞ճ է։
Աստուածաշունչը դիակիզութեան շուրջ մասնաւոր առարկութիւն չ’ըներ։
Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք թէ կարգ մը մեռեալներու դիակները կամ ոսկորները այրուեցան (Յես. 7։25. Բ. Մն. 34։4, 5)։ Ասիկա թերեւս կը նշանակէր թէ այդ մարդիկը պատշաճ թաղումի արժանի չէին։ Սակայն, դիակիզումը միշտ այս նշանակութիւնը չունէր։
Սաւուղ թագաւորին եւ իր երեք որդիներուն մահուան արձանագրութիւնը կը պարզէ այս մէկը։ Անոնք մահացան մինչ փղշտացիներուն հետ կը կռուէին։ Որդիներէն մէկն էր Յովնաթան, Դաւիթի սերտ բարեկամն ու հաւատարիմ աջակցողը։ Երբ Գաղաադի Յաբիսի քաջ իսրայէլացիները տեղեկացան թէ ինչ պատահած էր, չորս դիակները առին, զանոնք այրեցին եւ ապա ոսկորները թաղեցին։ Յետագային, Դաւիթ այդ իսրայէլացիներուն ըրածը գովեց (Ա. Թագ. 31։2, 8-13. Բ. Թագ. 2։4-6)։
Մեռելներուն աստուածաշնչական յոյսն է յարութիւնը,– Աստուծոյ կողմէ անձին ետ կեանքի բերուիլը։ Մեռելը դիակիզուի կամ ոչ, Եհովայի կարողութիւնը սահմանափակ չէ. Ան կրնայ նոր մարմինով անձը վերակենդանացնել։ Երեք հաւատարիմ եբրայեցիները, որոնք Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին հրամանով կրակի հնոցին մէջ մեռնելու վտանգը դիմագրաւեցին, պէտք չունէին վախնալու որ եթէ այրուէին, Աստուած պիտի չկարենար զիրենք յարուցանել (Դան. 3։16-18)։ Այս էր պարագան նաեւ Եհովայի այն հաւատարիմ ծառաներուն, որոնք նացի համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ մահը եւ ապա դիակիզումը դիմագրաւեցին։ Աստուծոյ բազմաթիւ հաւատարիմ ծառաներ պայթումներու պատճառով կամ ուրիշ կերպերով ոչնչացած են, առանց որեւէ հետք ձգելու։ Բայց եւ այնպէս, անոնց յարութիւնը երաշխաւորուած է (Յայտ. 20։13)։
Եհովան անհատ մը յարուցանելու համար պէտք չունի անոր նախկին մարմինը վերակազմելու, ինչպէս որ կ’ապացուցանէ օծեալ քրիստոնեաներուն երկնային կեանք ստանալը։ Յիսուսի նման, որ «կենդանի [եղաւ] հոգիով», օծեալ քրիստոնեաները կը յարուցանուին որպէս նոյն անձը, բայց հոգեղէն մարմինով։ Անոնց ֆիզիքական մարմնէն ո՛չ մէկ մաս իրենց հետ երկինք կ’երթայ (Ա. Պետ. 3։18. Ա. Կոր. 15։42-53. Ա. Յովհ. 3։2)։
Դիակը այրուի կամ ոչ, յարութեան մեր յոյսը հիմնուած է մեր հաւատքին վրայ, թէ Աստուած իր խոստումները կատարելու կարողութիւնը ե՛ւ փափաքը ունի (Գործք 24։15)։ Ճիշդ է որ լիովին չենք ըմբռներ թէ անցեալին Աստուած յարութեան հրաշքը ինչպէ՛ս կատարեց կամ թէ ապագային ինչպէ՛ս պիտի կատարէ։ Այսուհանդերձ Եհովային կը վստահինք։ Ան Յիսուսը յարուցանելով՝ «հաւաստիք» տուած է (Գործք 17։31, ԱԾ. Ղուկ. 24։2, 3)։
Դիակին ի՛նչ ընելու նկատմամբ, լաւ կ’ըլլայ որ քրիստոնեաները հաշուի առնեն համայնքին սովորութիւնները, շուրջիններուն զգացումները եւ օրինական պահանջները (Բ. Կոր. 6։3, 4)։ Ապա, անձնական կամ ընտանեկան որոշում է, թէ մեռելը պիտի դիակիզուի կամ ոչ։