Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայր մը կորսնցնել. Հայր մը գտնել

Հայր մը կորսնցնել. Հայր մը գտնել

ՀԱՅՐՍ ծնաւ 1899–ին՝ Աւստրիոյ Կրաց քաղաքին մէջ, ուստի Ա. Աշխարհամարտին պատանի էր։ 1939–ին Բ. Աշխարհամարտը սկսելէն անմիջապէս ետք, ան գերմանական բանակին զինուորագրուեցաւ։ Ան սպաննուեցաւ 1943–ին, մինչ Ռուսաստանի մէջ կը պատերազմէր։ Ցաւօք սրտի, այսպէս է որ հայրս կորսնցուցի, երբ միայն երկու տարեկան էի։ Բնաւ առիթ չունեցայ զինք ճանչնալու, եւ հայր մը ունենալու կարօտը կը քաշէի, մանաւանդ տեսնելով թէ դպրոցին մէջ տղոց մեծամասնութիւնը հայր ունէր։ Յետագային, երբ պատանի եղայ, մխիթարուեցայ տեղեկանալով մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր մասին,– գերագոյն Հայր մը որ անմահ է։

ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ

Որպէս տղեկ

Երբ եօթը տարեկան էի, սկաուտ եղայ։ Սկաուտները համաշխարհային կազմակերպութիւն մըն են, որ 1908–ին հաստատուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, բրիտանական բանակի գնդապետ Ռապըրթ Սթիվենսըն Սմիթ Պէյտըն–Փաուըլին կողմէ։ 1916–ին ան երեխաներուն համար հաստատեց գայլիկութիւնը։

Շաբաթավերջի բանակումները կը սիրէի,– վրաններու մէջ քնանալ, համազգեստ հագնիլ եւ թմբուկի ձայնով տողանցել։ Մասնաւորաբար հաճելի կը գտնէի այն ժամանակը, որ միւս սկաուտներուն հետ կ’անցընէի, ներառեալ՝ գիշերը խարոյկին շուրջ երգելը եւ անտառին մէջ խաղեր խաղալը։ Նաեւ շատ բան սորվեցանք բնութեան մասին, ինչ որ ինծի թոյլ տուաւ որ Ստեղծիչին գործերը գնահատեմ։

Սկաուտներուն քաջալերութիւն կը տրուի՝ ամէն օր բարի արարք մը կատարել։ Ասիկա իրենց ընդհանուր նշանաբանն է։ Մենք զիրար կ’ողջունէինք ըսելով. «Մի՜շտ պատրաստ»։ Այս մէկը սրտիս կը խօսէր։ Աւելի քան 100 տղայէ բաղկացած մեր խումբին կէսը կաթողիկէ էր, միւս կէսը՝ բողոքական, իսկ մէկ հոգի՝ պուտտայական։

1920–էն սկսեալ, քանի մը տարին անգամ մը սկաուտական միջազգային համախմբումներ կը կայացուին։ 1951–ի օգոստոսին, մասնակցեցայ 7–րդ Սկաուտական համաշխարհային ճամբարին, Աւստրիոյ Պադ Իշլի մէջ, իսկ 1957–ի օգոստոսին՝ 9–րդ Սկաուտական համաշխարհային ճամբարին, Անգլիոյ Պիրմինկհէմի մօտ եղող Սըթթն Փարքին մէջ, ուր 85 երկիրներէ եւ շրջաններէ եկած էին շուրջ 33,000 սկաուտներ։ Նաեւ, շուրջ 750,000 այցելուներ ունեցանք, ներառեալ՝ Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին։ Ինծի համար ասիկա համաշխարհային եղբայրութեան կը նմանէր. բայց այդ ատեն չէի գիտեր թէ շուտով պիտի ծանօթանայի շա՜տ աւելի տպաւորիչ եղբայրութեան մը,– հոգեւոր եղբայրութիւն։

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՅԻ ՄԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՄ

Ռուտի Չիկկէրլ, խմորեղէնի խոհարարապետ, առաջին անձն էր որ ինծի վկայեց

1958–ի գարնան, Աւստրիոյ Կրաց քաղաքին Կրէնտ Հօթէլ Վիսլըր պանդոկին մէջ որպէս սպասեակ իմ աշկերտութիւնս վերջացնելու վրայ էի։ Հոն, Ռուտոլֆ Չիկկէրլ, գործակիցս որ խմորեղէնի խոհարարապետ էր, ինծի անպաշտօն կերպով վկայեց։ Նախապէս բնաւ ճշմարտութեան մասին չէի լսած։ Ան նախ Երրորդութեան վարդապետութեան ակնարկեց եւ ըսաւ որ անիկա աստուածաշնչական ուսուցում մը չէ։ Ես Երրորդութիւնը պաշտպանեցի եւ ուզեցի փաստել թէ իր ըսածը սխալ է։ Կը սիրէի գործակիցս եւ մտադրեցի զինք համոզել որ կաթողիկէ եկեղեցիին վերադառնայ։

Ռուտոլֆ, որուն Ռուտի կը կանչէինք, իմ ուզածիս պէս ինծի բերաւ Աստուածաշունչ մը,– կաթողիկէ թարգմանութիւն։ Սկսայ զայն կարդալ, բայց նշմարեցի թէ Ռուտի Աստուածաշունչիս մէջ դրած էր Դիտարանի ընկերութեան կողմէ հրատարակուած թերթիկ մը։ Զայն չընդունեցի, քանի որ կը խորհէի թէ այսպիսի հրատարակութեան մը խօսքերը կրնային այնպէս մը շարադրուած ըլլալ որ ճիշդ թուին, մինչդեռ սխալ են։ Սակայն յօժար էի իրեն հետ Աստուածաշունչը քննարկելու։ Ռուտի խորատեսութիւն գործածելով ուրիշ հրատարակութիւն չբերաւ ինծի։ Գրեթէ երեք ամիս, ատեն–ատեն Աստուածաշունչի քննարկութիւններ կ’ունենայինք, որոնք յաճախ մինչեւ ուշ գիշեր կը տեւէին։

Կրացի մէջ աշկերտութիւնս աւարտելէ ետք, մայրս դրամ յատկացուց որ յաւելեալ ուսում առնեմ պանդոկային տնտեսութեան քոլէճի մը մէջ։ Ուստի, փոխադրուեցայ Պադ Հօֆկասդայն, Ալպեան լեռներու մէկ ձորին մէջ գիւղաքաղաք մը, ուր քոլէճը կը գտնուէր։ Քոլէճը կապ ունէր Պադ Հօֆկասդայնի Կրէնտ Հօթէլին հետ, ուր երբեմն կ’աշխատէի՝ գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար։

ԵՐԿՈՒ ՄԻՍԻՈՆԱՐ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Իլզէ Ունթըրտորֆըր եւ Էլֆրիտէ Լօր, 1958–ին սկսան ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել

Ռուտին իմ նոր հասցէս ուղարկեց Վիեննայի մասնաճիւղին, որ իր կարգին զայն ուղարկեց երկու միսիոնար քոյրերու,– Իլզէ Ունթըրտորֆըր եւ Էլֆրիտէ Լօր *։ Օր մը պանդոկի ընդունարարը զիս կանչեց եւ ըսաւ, որ երկու կիներ դուրսը ինքնաշարժի մը մէջ կը սպասեն որ ինծի հետ խօսին։ Ես զարմացայ, քանի որ այսպիսի բան մը չէի ակնկալեր։ Բայց գացի տեսնելու թէ ո՛վ են։ Յետագային տեղեկացայ թէ անոնք ծառայած էին որպէս սուրհանդակ Վկաներ նացի Գերմանիոյ մէջ, երբ Բ. Աշխարհամարտէն առաջ Վկաներու գործունէութիւնը արգիլուած էր։ Նոյնիսկ պատերազմը սկսելէն առաջ, Գերմանիոյ գաղտնի ոստիկանութիւնը (Կեսթափօ) զիրենք ձեռբակալած էր եւ Լիխթընպուրկի համակեդրոնացման ճամբարը ղրկած էր։ Ապա, պատերազմին ընթացքին, անոնք Պերլինի մօտ գտնուող Ռավընսպրիւքի ճամբարը ղրկուած էին։

Քոյրերը մօրս տարիքը ունենալով, անշուշտ զիրենք յարգեցի։ Ասոր համար չուզեցի իրենց ժամանակը վատնել՝ իրենց հետ քննարկութիւններ ունենալով եւ ապա թերեւս քանի մը շաբաթ կամ քանի մը ամիս ետք ըսելով որ չեմ ուզեր շարունակել։ Ուստի իրենցմէ խնդրեցի որ միայն առաքելական յաջորդութեան կաթողիկէ վարդապետութեան շուրջ համարներու ցանկ մը բերեն, եւ ես զայն շրջանիս քահանային կը տանիմ ու անոր հետ կը քննարկեմ։ Մտածեցի թէ այսպէս ընելով պիտի բնորոշէի ճշմարտութիւնը։

ՃՇՄԱՐԻՏ ՍՈՒՐԲ ՀՕՐ ՄԱՍԻՆ ՍՈՐՎԻԼ

Առաքելական յաջորդութեան կաթողիկէ ուսուցումը կը նշէ, թէ Պետրոս առաքեալէն սկսեալ՝ պապերու անընդհատ յաջորդութիւն եղած է (Եկեղեցին սխալ կերպով կը մեկնաբանէ Մատթէոս 16։18, 19–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը)։ Կաթոլիկութիւնը նաեւ կը դաւանի թէ վարդապետական հարցերու առնչութեամբ պապը անսխալական է, երբ կը խօսի յԱթոռոյ կամ պաշտօնական հանգամանքով։ Ես ասոր կը հաւատայի եւ կը խորհէի որ եթէ պապը, որ կաթողիկէներու կողմէ կը կոչուի Սուրբ Հայր, վարդապետական հարցերու շուրջ անսխալական է եւ ըսած է թէ Երրորդութիւնը ճիշդ է, ուրեմն անիկա ճիշդ պէտք է ըլլայ։ Բայց եթէ ան անսխալական չէ, այս պարագային Երրորդութիւնը կրնայ սխալ ըլլալ։ Զարմանալի չէ որ շատ մը կաթողիկէներու համար, առաքելական յաջորդութիւնը ամէնէն կարեւոր ուսուցումն է, քանի որ անոր ճիշդ կամ սխալ ըլլալը կ’ազդէ կաթողիկէ միւս ուսուցումներուն։

Երբ քահանային այցելեցի, ան չկրցաւ հարցումներուս պատասխանել, բայց իր դարակէն հանեց առաքելական յաջորդութիւնը քննարկող գիրք մը եւ առաջարկեց որ զայն տունը կարդամ։ Գիրքը կարդացի եւ իրեն վերադարձայ ա՛լ աւելի հարցումներով։ Վերջ ի վերջոյ, քահանան չկարենալով հարցումներուս պատասխանել, ըսաւ. «Ո՛չ ես կրնամ քեզ համոզել, ոչ ալ դուն՝ զիս։ . . .Քեզի յաջողութիւն կը մաղթեմ»։ Այսպէս յայտնեց որ ա՛լ չէր ուզեր ինծի հետ որեւէ յաւելեալ քննարկութիւն ունենալ։

Այդ հանգրուանին, պատրաստ էի Աստուածաշունչը սերտելու Իլզէին եւ Էլֆրիտէին հետ։ Անոնք ինծի շատ բան սորվեցուցին ճշմարիտ Սուրբ Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ մասին (Յովհ. 17։11)։ Շրջանին մէջ տակաւին ժողովք չկար, ուստի երկու քոյրերը ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած ընտանիքի մը տան մէջ ժողովներ կը վարէին։ Քիչեր ներկայ կը գտնուէին։ Մկրտուած եղբայր մը չըլլալով, երկու քոյրերը ժողովը կը վարէին՝ նիւթերուն մեծամասնութիւնը միասնաբար նկատի առնելով։ Ժամանակ առ ժամանակ, այլ տեղէ եղբայր մը կու գար եւ վարձուած սրահի մը մէջ դասախօսութիւն կու տար։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԻԼ

Իլզէն եւ Էլֆրիտէն սկսան ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել հոկտեմբեր 1958–ին, եւ երեք ամիս ետք՝ յունուար 1959–ին մկրտուեցայ։ Մկրտութենէս առաջ, հարցուցի եթէ կրնայի իրենց հետ տունէ տուն ծառայութեան մասնակցիլ, տեսնելու համար որ քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս կը կատարուի (Գործք 20։20)։ Առաջին անգամ միասնաբար քարոզելէ ետք, հարցուցի եթէ կրնայի թաղամաս մը ունենալ. ուստի ինծի գիւղ մը նշանակեցին։ Հոն առանձին կ’երթայի, տունէ տուն կը քարոզէի եւ հետաքրքրուող անհատներուն կը վերայցելէի։ Առաջին եղբայրը, որուն հետ տունէ տուն ծառայեցի, մեզի այցելող շրջանային տեսուչն էր։

1960–ին, քոլէճը աւարտելէ ետք, ծննդավայրս վերադարձայ, ջանալով ազգականներուս օգնել որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվին։ Մինչեւ օրս, անոնցմէ ո՛չ մէկը ճշմարտութիւնը որդեգրած է, բայց ոմանք որոշ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։

ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

20–ական տարիքիս մէջ

1961–ին, ժողովքներուն մէջ կարդացուեցաւ մասնաճիւղին կողմէ ուղարկուած նամակ մը, որ ռահվիրայութիւնը կը քաջալերէր։ Ամուրի եւ առողջ ըլլալով, ռահվիրայութիւն չընելու որեւէ չքմեղանք չունէի։ Մտածեցի քանի մը ամիս եւս աշխատիլ եւ ինքնաշարժ մը գնել, ռահվիրայութեան յօգուտ։ Այս կէտին շուրջ շրջանային տեսուչին՝ Քուրդ Քունի կարծիքը հայցեցի։ Ան նշեց. «Յիսուս եւ առաքեալները լիաժամ ծառայելու համար, ինքնաշարժի կարիքը ունէի՞ն»։ Այս խօսքը ինծի համար բաւարար էր։ Ծրագրեցի կարելի եղածին չափ շուտ ռահվիրայութեան սկսիլ։ Բայց քանի որ շաբաթը 72 ժամ կ’աշխատէի պանդոկի մը ճաշարանին մէջ, նախ հարկ էր որ փոփոխութիւններ ընէի։

Տնօրէնին հարցուցի եթէ կ’արտօնէ որ միայն 60 ժամ աշխատիմ։ Ան առաջարկս ընդունեց եւ աշխատավարձս նոյնը ձգեց։ Շատ չանցած, իրմէ խնդրեցի որ շաբաթը միայն 48 ժամ աշխատիմ։ Ան այս խնդրանքս ալ ընդունեց եւ նոյն գումարը վճարեց։ Յաջորդ խնդրանքս էր աշխատիլ շաբաթը 36 ժամ, կամ 6 օր՝ օրը 6 ժամ, եւ այս խնդրանքս ալ շնորհուեցաւ։ Զարմանալին այն էր, որ շարունակեցի նոյն գումարը ստանալ։ Այդպէս թուեցաւ թէ տնօրէնը չէր ուզեր որ գործս ձգէի։ Այս յայտագիրը ունենալով, կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկեցի, որ ամիսը 100 ժամ ծառայութիւն կը պահանջէր։

Չորս ամիս ետք, որպէս մասնաւոր ռահվիրայ եւ ժողովքի ծառայ նշանակուեցայ պզտիկ ժողովքի մը մէջ, Գարինթիա նահանգին Շփիթալ ան տեր Տրաու գիւղաքաղաքին մէջ։ Այն ատեն, մասնաւոր ռահվիրայէն կը պահանջուէր ամիսը 150 ժամ ծառայել։ Ռահվիրայ ծառայակից չունէի, բայց մեծապէս երախտապարտ էի որ ծառայութեան մէջ ինծի աջակցեցաւ քոյր Կէրթրուտ Լօպնէր, որ ժողովքի ծառային օգնականն էր *։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

1963–ին, սկսայ շրջանային գործին մասնակցիլ։ Երբեմն շոգեկառքով ժողովքէ ժողովք կը ճամբորդէի, ծանր պայուսակներ շալկելով։ Եղբայրներուն մեծամասնութիւնը ինքնաշարժ չունէր, ուստի ո՛չ մէկը կրնար զիս շոգեկառքի կայարանէն բերել։ Եւ նկատառու ըլլալով, փոխանակ թաքսի առնելու, քալելով կ’երթայի այն տունը՝ ուր պիտի մնայի։

1965–ին, հրաւիրուեցայ Գաղաադի դպրոցին 41–րդ դասարանը յաճախելու։ Դասընկերներէս շատերը եւս ամուրի էին։ Շատ զարմացայ, երբ շրջանաւարտութեան օրը կրկին Աւստրիա նշանակուեցայ, շրջանային գործը շարունակելու համար։ Սակայն Աւստրիա չճամբորդած, ինձմէ խնդրուեցաւ որ չորս շաբաթ շրջանային տեսուչի մը ընկերակցիմ։ Շատ ուրախ էի ծառայելով Էնթոնի Գոնդիի հետ,– եղբայր մը, որ դաշտի ծառայութեան մէջ հոյակապ փորձառութիւն ունէր։ Միասին ծառայեցինք Նիւ Եորքի հիւսիսը, Գոռնուոլ շրջանին մէջ։

Մեր ամուսնութեան օրը

Աւստրիա վերադառնալէ ետք, սկսայ ծառայել շրջանի մը մէջ, ուր ծանօթացայ գրաւիչ քրոջ մը՝ Թօվէ Մէրէթ։ Ան հինգ տարեկանէն ճշմարտութեան մէջ մեծցած էր։ Երբ եղբայրները մեզի կը հարցնեն թէ ինչպէ՛ս ծանօթացանք, առ ի կատակ կ’ըսենք. «Մասնաճի՛ւղը մեր հանդիպումը կարգադրեց»։ Մէկ տարի ետք՝ ապրիլ 1967–ին ամուսնացանք, եւ թոյլ տրուեցաւ որ միասնաբար շրջանային գործին մասնակցինք։

Յաջորդ տարին, գիտակցեցայ թէ Եհովան իր անզուգական բարութեամբ զիս որդեգրած էր որպէս իր հոգեւոր որդին։ Այսպէս, մասնայատուկ փոխյարաբերութեան մէջ մտայ երկնաւոր Հօրս հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց հետ, որոնք ըստ Հռովմայեցիս 8։15–ին, ‘կը կանչեն՝ Աբբա Հայր’։

Մէրէթ ու ես շարունակեցինք շրջանային եւ նահանգային գործին մէջ ծառայել մինչեւ 1976։ Երբեմն ձմեռը կը ստիպուէինք սարսռալից ննջասենեակներու մէջ քնանալ։ Օր մը, արթնցանք ու ի՜նչ տեսնենք. վերմակին վերի մասը մեր սառած շունչէն ճերմկած ու կարծրացած էր։ Ի վերջոյ որոշեցինք ելեկտրական պզտիկ վառարան մը մեզի հետ կրել, որպէսզի գիշերուան ցուրտին դիմանանք։ Կարգ մը վայրեր, գիշերը բաղնիք գործածելու համար, հարկ էր որ տունէն դուրս ելլէինք եւ ձիւնին մէջէն քալէինք դէպի հովոտ արտատուն մը։ Մենք նաեւ յարկաբաժին չունէինք, անոր համար երկուշաբթի օրերը յաճախ կը մնայինք այն նոյն տունը, ուր ամբողջ շաբաթը մնացած էինք։ Ապա, երեքշաբթի առաւօտուն կ’երթայինք յաջորդ ժողովքը։

Ուրախ եմ ըսելու որ տարիներու ընթացքին, սիրելի կինս միշտ ինծի մեծապէս թիկունք կանգնած է։ Ան դաշտի ծառայութիւնը շատ կը սիրէ, եւ բնաւ հարկը չեմ ունեցած զինք քաջալերելու որ ծառայութեան ելլէ։ Ան նաեւ բարեկամները կը սիրէ եւ ուրիշներով մեծապէս կը հետաքրքրուի։ Ասիկա ինծի համար մեծ օգնութիւն եղած է։

1976–ին, հրաւէր ստացանք Աւստրիոյ մասնաճիւղին մէջ ծառայելու, Վիեննայի մէջ, եւ նշանակուեցայ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։ Այդ ատեն, Աւստրիոյ մասնաճիւղը կը վերահսկէր Վկաներու գործունէութեան վրայ Արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու մէջ, եւ հոն հրատարակութիւններ մտցնելու աշխատանքը կը կազմակերպէր։ Ինծի համար առանձնաշնորհում էր աշխատիլ եղբայր Եուրկըն Ռունտլի հետ, որ հմտօրէն այդ պատասխանատուութեան հոգ տարաւ։ Յետագային ինձմէ խնդրուեցաւ վերահսկել թարգմանութեան գործին վրայ. մենք Արեւելեան Եւրոպայի տասը լեզուներով կը թարգմանէինք։ Եուրկըն եւ իր կինը՝ Կէրթրուտ, կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ Գերմանիոյ մէջ։ 1978–ին, Աւստրիոյ մասնաճիւղը սկսաւ պարբերաթերթերու լուսագրաշարութիւնը ընել եւ վեց լեզուներով տպել պզտիկ բազմատիպ տպագրամեքենայի մը միջոցաւ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ բաժանորդագրուողներուն ուղարկել։ Օթթօ Քուկլիչ, որ այժմ իր կնոջ՝ Ինկրիդի հետ կը ծառայէ Գերմանիոյ մասնաճիւղին մէջ, այս գործունէութիւններուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր։

Աւստրիոյ մէջ, վկայելու զանազան կերպեր վայելեցի, ներառեալ՝ փողոցի քարոզչութիւնը

Արեւելեան Եւրոպայի եղբայրները նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ հրատարակութիւններ կ’արտադրէին, գործածելով ընդօրինագիրներ կամ ֆիլմեր։ Այսուհանդերձ, անոնք ուրիշ երկիրներու աջակցութեան կարիքը ունէին։ Եհովան այս գործունէութիւնը պաշտպանեց, եւ մենք սրտանց սիրեցինք եղբայրները, որոնք ստիպուած էին դժուար պայմաններու եւ արգիլումի տակ տարիներ շարունակ ծառայել։

ՌՈՒՄԱՆԻԱ ԱՅՑԵԼԵԼ

1989–ին, եղբայր Թէոդոր Ճէրըսին՝ Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամին հետ Ռումանիա ճամբորդելու առանձնաշնորհումը ունեցայ։ Նպատակն էր եղբայրներու մեծ խումբի մը օգնել, որ կազմակերպութեան վերամիանան։ 1949–էն սկսեալ, անոնք շատ մը պատճառներով կազմակերպութեան հետ իրենց կապը խզած էին եւ անձնական ժողովքներ հիմնած էին։ Անոնք կը շարունակէին քարոզել ու մկրտել, ինչպէս նաեւ բանտ կը դրուէին, իրենց քրիստոնէական չէզոքութեան համար, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընէին այն եղբայրները, որոնք տակաւին կազմակերպութեան մաս կը կազմէին։ Ռումանիոյ մէջ արգիլումը դեռ առկայ էր, ուստի գաղտնաբար եղբայր Փամֆիլ Ալպուի տունը հաւաքուեցանք, չորս գլխաւոր երէցներու եւ Ռումանիոյ Երկրի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ։ Նաեւ Աւստրիայէն Ռոլֆ Քէլնրը մեզի հետ էր որպէս թարգմանիչ։

Քննարկութեան երկրորդ գիշերը, եղբայր Ալպու իր չորս ընկերակից երէցները համոզեց որ մեզի միանան, երբ ըսաւ. «Եթէ հիմա չմիանանք, թերեւս բնաւ ուրիշ առիթ մը չունենանք»։ Ապա, շուրջ 5000 եղբայրներ կազմակերպութեան միացան։ Եհովային համար ի՜նչ յաղթանակ եւ Սատանային համար ի՜նչ պարտութիւն։

1989–ի վերջաւորութեան, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարութիւնը անկում կրելէ առաջ, Կառավարիչ մարմինը ինծի ու կնոջս հրաւէր տուաւ, որ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող գլխաւոր կեդրոնատեղին փոխադրուինք։ Ասիկա մեծ անակնկալ մըն էր։ Յուլիս 1990–ին, Պրուքլինի Բեթէլի մէջ սկսանք ծառայել։ 1992–ին, նշանակուեցայ որպէս Կառավարիչ մարմինի Ծառայութեան յանձնախումբին մէկ օգնականը, իսկ յուլիս 1994–էն ի վեր որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունիմ։

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱԼ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԱՅԻԼ

Կնոջս հետ Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք

Շատո՜նց անցած է այն ժամանակը, երբ պանդոկի մը մէջ որպէս սպասեակ կը ծառայէի։ Այժմ հոգեւոր սնունդ պատրաստելու եւ զայն համաշխարհային եղբայրութեան մատակարարելու մէջ հաճոյքով բաժինս կը բերեմ (Մատ. 24։45-47)։ Յետադարձ ակնարկ նետելով աւելի քան 50 տարուան յատուկ լիաժամ ծառայութեանս վրայ, խոր գնահատանք եւ ուրախութիւն կը զգամ, մինչ կը տեսնեմ Եհովային օրհնութիւնը մեր համաշխարհային եղբայրութեան վրայ։ Կը սիրեմ մեր միջազգային համաժողովներուն ներկայ գտնուիլ, ուր երկնաւոր Հօր՝ Եհովային՝ եւ Աստուածաշունչին ճշմարտութեան մասին գիտութիւն ստանալուն վրայ շեշտ կը դրուի։

Կ’աղօթեմ որ միլիոնաւորներ եւս Աստուածաշունչը սերտեն, ճշմարտութիւնը ընդունին եւ Եհովային ծառայեն՝ միացած ըլլալով մեր քրիստոնէական համաշխարհային եղբայրութեան (Ա. Պետ. 2։17)։ Նաեւ անձկալից կը սպասեմ որ երկնքէն տեսնեմ երկրային յարութիւնը եւ վերջապէս գտնեմ ֆիզիքական հայրս։ Կը յուսամ որ ան, մայրս եւ սիրելի ազգականներս Դրախտին մէջ ուզեն Եհովան պաշտել։

Անձկալից կը սպասեմ որ երկնքէն տեսնեմ երկրային յարութիւնը եւ վերջապէս գտնեմ ֆիզիքական հայրս

^ պարբ. 15 Տե՛ս իրենց կենսագրութիւնը Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1979 թիւին մէջ (անգլերէնով)։

^ պարբ. 27 Այժմ, ժողովքի ծառայ եւ ժողովքի ծառային օգնական նշանակումներուն տեղ, երէցներու մարմինին մէջ համակարգող եւ քարտուղար կը նշանակուին։