«Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք»
‘Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք մինչեւ երկրին ծայրերը»’ (ԳՈՐԾՔ 1։7, 8)։
1, 2. ա) Ո՞վ է Եհովային ամէնէն ուշագրաւ վկան։ բ) Յիսուս անունը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ան ինչպէ՞ս իր անուան համաձայն ապրեցաւ։
«ԵՍ ԱՅՍ բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ» (կարդա՛ Յովհաննէս 18։33-37)։ Երբ կը դատուէր, Յիսուս Քրիստոս այս խօսքերը ըսաւ Հրէաստանի հռոմայեցի կառավարիչին, ինքզինք որպէս թագաւոր բնորոշելէ ետք։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ ակնարկեց Յիսուսի այս քաջ կեցուածքին, որ «Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ վկայեց բարի դաւանութիւնը» (Ա. Տիմ. 6։13)։ Իսկապէս, Սատանայի ատելավառ աշխարհին մէջ ‘հաւատարիմ ու ճշմարիտ վկայ’ ըլլալը, երբեմն մեծ քաջութիւն կը պահանջէ (Յայտ. 3։14)։
2 Հրեայ ազգին մէկ անդամը ըլլալով, Յիսուս ի ծնէ Եհովային վկայ էր (Եսա. 43։10)։ Արդարեւ, ան մեծագոյն վկան եղաւ, որ Աստուած Իր անուան համար հանած է։ Յիսուս իր աստուածատուր անուան նշանակութիւնը լուրջի առաւ։ Երբ հրեշտակ մը իր հայրագիրին՝ Յովսէփի, ըսաւ որ Մարիամի յղութիւնը սուրբ հոգիէն էր, ան աւելցուց. «[Մարիամ] որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մատ. 1։20, 21)։ Աստուածաշնչագէտներ ընդհանուր առմամբ կը համաձայնին, թէ Յիսուս անունը ծագում կ’առնէ եբրայերէն Յեսու անունէն, եւ Աստուծոյ անուան կրճատումը կը բովանդակէ. անիկա կը նշանակէ «Եհովան փրկութիւն է»։ Յիսուս իր անուան նշանակութեան հետ ներդաշնակ գործելով, «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» օգնեց որ իրենց մեղքերուն համար զղջան, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը ունենան (Մատ. 10։6. 15։24. Ղուկ. 19։10)։ Այս ուղղութեամբ, ան նախանձախնդրութեամբ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայեց։ Մարկոս աւետարանագիրը գրեց. «Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու կ’ըսէր. ‘Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք’» (Մար. 1։14, 15)։ Յիսուս նաեւ քաջութեամբ դատապարտեց հրեայ կրօնական առաջնորդները, ինչ որ պատճառ մը դարձաւ որ ուզեն զինք մեռցնել (Մար. 11։17, 18. 15։1-15)։
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱՄԵԾ ԲԱՆԵՐ»Ը
3. Յիսուսի մահուան երրորդ օրը ի՞նչ պատահեցաւ։
3 Բայց հիանալի բան մը պատահեցաւ։ Յիսուսի մահուան երրորդ օրը Եհովան զինք յարուցանեց, ոչ թէ իբրեւ մարդ, այլ՝ որպէս անմահ հոգեղէն արարած (Ա. Պետ. 3։18)։ Ասիկա փաստելու համար, Տէր Յիսուս նիւթականացաւ եւ ապացուցանեց թէ վերակենդանացած էր։ Յարուցանուելուն առաջին օրն իսկ, ան առնուազն հինգ անգամ երեւցաւ տարբեր աշակերտներու (Մատ. 28։8-10. Ղուկ. 24։13-16, 30-36. Յովհ. 20։11-18)։
4. Յարութիւն առած օրը, Յիսուս ի՞նչ ժողով վարեց եւ իր աշակերտներուն ի՞նչ պատասխանատուութիւն յստակ դարձուց։
4 Հինգերորդ անգամը երբ Յիսուս երեւցաւ, իր առաքեալները եւ ուրիշներ մէկտեղ հաւաքուած էին։ Այդ յիշատակելի առիթին, ան կարծես թէ Աստուծոյ Խօսքով ուսումնասիրութիւն մը վարեց։ Ան «անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան». ուստի ըմբռնեցին թէ նախագուշակուած էր թշնամիներուն ձեռքով իր մահը եւ ապա հրաշալի յարութիւնը։ Ժողովին աւարտին, Յիսուս ներկաներուն յստակ դարձուց թէ ի՛նչ էր իրենց պատասխանատուութիւնը։ Ան անոնց ըսաւ, թէ ‘իր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն պիտի քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած’։ Ան աւելցուց. «Դուք էք այս բաներուն վկաները» (Ղուկ. 24։44-48)։
5, 6. ա) Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք»։ բ) Յիսուսի աշակերտները Եհովայի նպատակին ո՞ր նոր երեսակը ցցուն պիտի ընէին։
5 Ուստի, 40 օր ետք, Յիսուսի վերջին երեւնալուն ատեն, իր առաքեալները վստահաբար հասկցան թէ ի՛նչ ըսել ուզեց, երբ պարզ բայց ազդու պատուէր մը տուաւ, ըսելով. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Ան ինչո՞ւ ըսաւ. «Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք», եւ ոչ թէ Եհովային համար։ Պատճառը այն է՝ որ ներկաները իսրայէլացիներ ըլլալով՝ արդէն իսկ Եհովային համար վկաներ էին։
6 Այժմ Յիսուսի աշակերտները պէտք էր ցցուն ընէին Եհովայի նպատակին նոր երեսակ մը,– շա՜տ աւելի մեծ բան մը, քան իսրայէլի ազատագրումը եգիպտական ստրկութենէն եւ բաբելոնական գերութենէն։ Յիսուս Քրիստոսի մահն ու յարութիւնը հիմ հայթայթեց ազատագրուելու ամէնէն գէշ գերութենէն,– մեղքի ու մահուան ստրկութենէն։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի նոր օծուած աշակերտները մարդոց յայտնեցին «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ը եւ լսողներէն շատեր զղջացին ու Յիսուսի հաւատք ընծայեցին որպէս Եհովային հայթայթած փրկութեան միջոցը։ Այսպէս Յիսուսի անունը սկսաւ աւելի մեծ իմաստ ունենալ (Գործք 2։5, 11, 37-41)։
‘ՇԱՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏՐՈՒԱԾ ՓՐԿԱՆՔ’
7. Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէի դէպքերը ի՞նչ փաստեցին։
7 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէի դէպքերը Եբ. 9։11, 12, 24)։ Ինչպէս որ Յիսուս բացատրեց, ինք «չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Այն «շատեր»ը, որոնք Յիսուսի փրկանքէն պիտի օգտուէին, միայն զղջացող հրեաներէն պիտի չըլլային։ Փոխարէն, Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին», քանի որ փրկանքը «աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Ա. Տիմ. 2։4-6. Յովհ. 1։29)։
փաստեցին, թէ Եհովան ընդունած էր Յիսուսի զոհաբերութեան արժէքը որպէս մեղքի քաւութիւն (8. Յիսուսի աշակերտները ո՞ր տարողութեամբ վկայեցին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի դարձաւ։
8 Արդեօք Յիսուսի այս նախկին աշակերտները շարունակ իրեն մասին վկայելու համար պէտք եղած քաջութիւնը ունէի՞ն։ Իսկապէս ունէին, բայց իրենց զօրութեամբ չվկայեցին։ Եհովայի սուրբ հոգին զիրենք մղեց եւ զօրացուց, որպէսզի շարունակեն վկայել (կարդա՛ Գործք 5։30-32)։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն շուրջ 27 տարի ետք, ըսուեցաւ թէ «աւետարանին ճշմարտութեան խօսք»ը հասած էր «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն»,– թէ՛ հրեաներուն եւ թէ հեթանոսներուն (Կող. 1։5, 23)։
9. Ինչպէս նախագուշակուած էր, ի՞նչ պատահեցաւ քրիստոնէական սկզբնական ժողովքին։
9 Սակայն, ցաւօք սրտի, քրիստոնէական սկզբնական ժողովքը հետզհետէ ապականուեցաւ (Գործք 20։29, 30. Բ. Պետ. 2։2, 3. Յուդա 3, 4)։ Ինչպէս Յիսուս նշեց, «չարին»՝ Սատանային՝ հրահրած այս հաւատուրացութիւնը պիտի աճէր եւ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը պիտի ծածկէր, մինչեւ «աշխարհիս վերջ»ը (Մատ. 13։37-43)։ Ապա, Եհովան Յիսուս Քրիստոսը պիտի թագադրէր որպէս մարդկութեան վրայ Թագաւոր։ Ասիկա տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 1914–ին, նշելով Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին «վերջին օրեր»ուն սկիզբը (Բ. Տիմ. 3։1)։
10. ա) Արդի օծեալ քրիստոնեաները ո՞ր կարեւոր թուականը մատնանշեցին։ բ) Հոկտեմբեր 1914–ին ի՞նչ տեղի ունեցաւ, եւ անիկա ինչպէ՞ս բացայայտ դարձած է։
10 Արդի օծեալ քրիստոնեաները կանխաւ մատնանշեցին հոկտեմբեր 1914–ը որպէս յատկանշական թուական։ Անոնք հիմնուեցան Դանիէլի մարգարէութեան վրայ։ Մարգարէութիւնը կը խօսէր մեծ ծառի մը մասին, որ կտրուեցաւ եւ «եօթը ժամանակ» ետք դարձեալ պիտի աճէր (Դան. 4։16)։ Յիսուս այս նոյն ժամանակամիջոցին ակնարկեց որպէս «ազգերուն ժամանակներ»ը, երբ կը մարգարէանար իր ապագայ ներկայութեան եւ «աշխարհիս վերջին» մասին։ 1914–էն ի վեր, Յիսուսի ներկայութեան «նշանը» որպէս երկրին նոր Թագաւորը շատ բացայայտ դարձած է (Մատ. 24։3, 7, 14. Ղուկ. 21։24)։ Ուստի այդ ատենէն ի վեր, «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ը կը պարփակեն Եհովայի կողմէ Յիսուսի գահակալութիւնը որպէս մարդկութեան վրայ Թագաւոր։
11, 12. ա) 1919–ին երկրի նոր Թագաւորը ի՞նչ սկսաւ ընել։ բ) 1930–ական թուականներու կէսէն սկսեալ ի՞նչ յաւելեալ զարգացում ակնյայտ դարձաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
11 Երկրին նոր Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս շուտով սկսաւ իր օծեալ հետեւորդները ազատել «մեծ Բաբելոն»ի գերութենէն (Յայտ. 18։2, 4)։ 1919–ի յետպատերազմեան տարին առիթ ընծայեց, որ համաշխարհային վկայութիւն տրուի Աստուծոյ փրկութեան միջոցին եւ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրին մասին։ Օծեալ քրիստոնեաները վկայութիւն տալու այս պատեհութիւնը օգտագործեցին, պատճառ դառնալով որ հազարաւոր յաւելեալ օծեալներ հաւաքուին, որպէսզի Քրիստոսի ժառանգակիցներ ըլլան։
12 1930–ական թուականներու կէսէն սկսեալ ակնյայտ դարձաւ, թէ Քրիստոս սկսած էր իր «ուրիշ ոչխարներ»էն միլիոնաւորներ հաւաքել, որոնք բազմազգի «մեծ բազմութիւն մը» պիտի կազմէին։ Օծեալ քրիստոնեաներու առաջնորդութեան ներքեւ, այս մեծ բազմութիւնը եւս Յիսուսի քաջ օրինակին կը հետեւին եւ կը յայտարարեն, թէ իրենց փրկութիւնը կը պարտին Աստուծոյ եւ Քրիստոսի։ Անոնք վկայելու այս գործին մէջ յարատեւելով եւ Քրիստոսի փրկանքին շարունակ հաւատք ընծայելով, առանձնաշնորհում պիտի ունենան վերապրելու ‘մեծ նեղութենէն’, որ Սատանայի աշխարհին վերջ պիտի դնէ (Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9, 10, 14)։
‘ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԷՔ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ՊԱՏՄԵԼՈՒ’
13. Որպէս Եհովայի վկաներ ի՞նչ վճռած ենք ընել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ պիտի յաջողինք։
13 «Աստուծոյ մեծամեծ բաներ»ուն եւ ապագային նկատմամբ իր խոստումներուն մասին վկայելու մեր առանձնաշնորհումը շարունակ գնահատենք։ Ճիշդ է որ այսպիսի վկայութիւն տալը միշտ ալ դիւրին չէ։ Մեր եղբայրներէն շատեր կը ծառայեն թաղամասերու մէջ, ուր չափազանց անտարբերութիւն, ծաղրանք կամ ուղղակի հալածանք կը դիմագրաւեն։ Կրնանք ընել ճիշդ այն ինչ որ Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցները ըրին։ Ան ըսաւ. «Համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ» (Ա. Թես. 2։2)։ Ուստի բնաւ չյանձնուինք։ Փոխարէն, վճռենք մեր նուիրումին համաձայն գործել մինչ Սատանայի դրութիւնը կը կործանի (Եսա. 6։11)։ Մենք ասիկա մեր զօրութեամբ չենք կրնար ընել, բայց նախկին քրիստոնեաներուն օրինակին հետեւելով, պէտք է աղօթքով խնդրենք որ Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցով մեզի տայ «զօրութեան առաւելութիւնը» (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։1, 7. Ղուկ. 11։13)։
14, 15. ա) Ք.Ե. առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը նկատուէին, եւ Պետրոս առաքեալ իրենց մասին ի՞նչ ըսաւ։ բ) Ինչպէ՞ս պէտք է զգանք եթէ Եհովայի վկայ ըլլալուն պատճառաւ գէշ վերաբերմունքի հանդիպինք։
14 Ներկայիս, միլիոնաւորներ կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, «բայց իրենց գործերովը [Աստուած] կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան» (Տիտ. 1։16)։ Լաւ է որ յիշենք թէ առաջին դարուն, անկեղծ քրիստոնեաները ատուած էին ժամանակակից շատերուն,– չըսելու համար մեծամասնութեան,– կողմէ։ Ասոր համար է որ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի. . . Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է» (Ա. Պետ. 4։14)։
15 Այս ներշնչեալ խօսքերը ներկայիս Եհովայի վկաներուն կը կիրարկուի՞ն։ Արդարեւ այո, քանի որ Յիսուսի Թագաւորութեան մասին կը վկայենք։ Ուստի, Եհովայի անունը կրելուն համար մեր ատուած ըլլալը նոյնն է՝ ինչպէս «[Յիսուս] Քրիստոսին անուանը համար նախատուի[լը]», որ իր հակառակորդներուն ըսաւ. «Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր» (Յովհ. 5։43)։ Արդ, երբ յաջորդ անգամ վկայելու գործիդ մէջ հակառակութիւն դիմագրաւես, քաջասիրտ եղիր։ Այսպիսի գէշ վերաբերմունք ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ հաճութիւնը ունիս եւ թէ իր հոգին ‘վրադ հանգչած է’։
16, 17. ա) Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ Եհովայի ծառաները ի՞նչ կը վայելեն։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։
16 Միեւնոյն ատեն, յիշենք թէ աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ յաւելումներ կ’արձանագրուին։ Նոյնիսկ շատ–աշխատցուած թաղամասերու մէջ տակաւին կը գտնենք լսող ականջներ, որոնց հետ կրնանք փրկութեան մեր հիանալի պատգամը բաժնել։ Թող որ հետաքրքրուող անհատներուն ժրաջանութեամբ վերայցելենք եւ եթէ կարելի է՝ անոնց հետ աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւններ վարենք, օգնելով որ յառաջդիմեն դէպի նուիրում եւ մկրտութիւն։ Հաւանաբար կը զգաս Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող Սարիին պէս, որ աւելի քան 60 տարիէ ի վեր վկայելու գործին կը մասնակցի։ Ան կ’ըսէ. «Շատ երախտապարտ եմ որ Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ կրնամ Եհովային՝ տիեզերքի Գերիշխանին հետ լաւ փոխյարաբերութիւն վայելել, եւ ուրախ եմ որ կրնամ իր փառաւոր անունը ճանչցնել»։ Ինք եւ իր ամուսինը՝ Մարթինէս օգնած են շատերու, ներառեալ՝ իրենց երեք զաւակներուն, որ Եհովայի երկրպագուներ ըլլան։ Սարին կ’աւելցնէ. «Ուրիշ ո՛չ մէկ գործունէութիւն աւելի գոհունակութիւն կու տայ, եւ Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ բոլորիս պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ որ այս փրկարար գործը շարունակենք»։
17 Ըլլանք մկրտուած քրիստոնեաներ կամ այդ նպատակակէտին ձգտող անհատներ, ամէն պատճառ ունինք երախտապարտ ըլլալու որ Եհովայի վկաներու աշխարհածաւալ ժողովքին ընկերակցելու առանձնաշնորհումը ունինք։ Ուստի, շարունակէ՛ հիմնովին վկայութիւն տալ, մինչ կը ջանաս ինքզինքդ Սատանայի անսուրբ աշխարհէն մաքուր պահել։ Այսպէս, մեր բարեգութ երկնաւոր Հօր պատիւ պիտի բերես, որուն փառաւոր անունը կրելու առանձնաշնորհումը ունինք։