Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ կենդանի խօսքը գործածէ

Աստուծոյ կենդանի խօսքը գործածէ

«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (ԵԲ. 4։12

1, 2. Եհովան ի՞նչ նշանակում եւ ի՞նչ հաւաստիք տուաւ Մովսէսի։

ԿՐՆԱ՞Ս երեւակայել թէ ի՛նչ պիտի զգայիր եթէ ստիպուէիր երկրագունդի վրայ ամէնէն հզօր կառավարիչին առջեւ ներկայանալ եւ Եհովայի ժողովուրդին ի նպաստ խօսիլ։ Հաւանաբար անհանգիստ, անատակ եւ վախ պիտի զգայիր։ Ներկայացումդ ինչպէ՞ս պիտի պատրաստէիր։ Որպէս Ամենակալ Աստուծոյ ներկայացուցիչ խօսքերդ աւելի ազդեցիկ դարձնելու համար ի՞նչ պիտի ընէիր։

2 Մովսէս, որ «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի», ճիշդ այդ կացութեան մէջ գտնուեցաւ (Թուոց 12։3)։ Եհովան իրեն ըսած էր թէ զինք Եգիպտոսի փարաւոնին պիտի ղրկէր, Իր ժողովուրդը կեղեքումէն եւ ստրկութենէն ազատելու համար։ Ինչպէս դէպքերը ցոյց պիտի տային, փարաւոն անյարգալից եւ ամբարտաւան մարդ մըն էր (Ել. 5։1, 2)։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան ուզեց որ Մովսէս փարաւոնին հրամայէ որ թոյլ տայ շուրջ երեք միլիոն ստրուկներու որ Եգիպտոսէն դուրս ելլեն։ Հասկնալիօրէն, Մովսէս Եհովայի հարցուց. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ Ան անատակ ու անկարող զգացած ըլլալու էր։ Բայց Աստուած զինք վստահեցուց թէ առանձին պիտի չըլլար՝ ըսելով. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ» (Ել. 3։9-12

3, 4. ա) Մովսէս ի՞նչ վախեր ունէր։ բ) Ո՞ր պարագային կրնաս Մովսէսի զգացումները ունենալ։

3 Մովսէս ի՞նչ վախեր ունէր։ Բացայայտօրէն, ան կը վախնար որ փարաւոն չընդունէր կամ ուշադրութիւն չընծայէր Եհովա Աստուծոյ ներկայացուցիչին։ Ան նաեւ կը վախնար որ իր ազգակիցները չհաւատային թէ Եհովան զինք նշանակած է զիրենք Եգիպտոսէն դուրս հանելու։ Ուստի Մովսէս Եհովային ըսաւ. «Անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’» (Ել. 3։15-18. 4։1

4 Եհովային պատասխանը եւ յաջորդող դէպքերը կրնան իւրաքանչիւրիս ազդու դաս մը սորվեցնել։ Ճիշդ է որ թերեւս բնաւ հարկ չունենաս կառավարական բարձր պաշտօնեայի մը առջեւ ներկայանալու։ Բայց երբեք մարտահրաւէր սեպա՞ծ ես սովորական մարդոց խօսիլ Աստուծոյ եւ Թագաւորութեան մասին։ Եթէ այո՛, նկատի առ թէ Մովսէսի փորձառութենէն ի՛նչ կրնաս սորվիլ։

«ԱՅԴ ՔՈՒ ՁԵՌՔԻՆԴ Ի՞ՆՉ Է»

5. Եհովան Մովսէսի ձեռքին մէջ ի՞նչ դրաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս անոր վախերը փարատեց (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Երբ Մովսէս իր վախը արտայայտեց, թէ իր խօսքերը լուրջի պիտի չառնուէին, Աստուած զինք պատրաստեց գալիք դէպքերուն հետ գլուխ ելլելու։ Ելից գրքին արձանագրութիւնը կը նշէ. «Տէրը ըսաւ անոր. ‘Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է’։ Անիկա ըսաւ. ‘Գաւազան’։ Աստուած ըսաւ. ‘Գետինը ձգէ զայն’։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. ‘Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ’։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ»։ Ապա Աստուած աւելցուց. ‘Ասով պիտի հաւատան թէ Տէր Աստուածը երեւցաւ քեզի’ (Ել. 4։2-5)։ Այո, Աստուած Մովսէսի ձեռքին մէջ դրաւ այն միջոցը, որով կրնար փաստել թէ իր պատգամը Եհովայէն էր։ Պարզ գաւազան թուող այդ իրը Աստուծոյ զօրութեամբ կենդանացա՛ւ։ Այս հրաշքը Մովսէսի խօսքերը որքա՜ն ազդու պիտի դարձնէր, վերջնականապէս փաստելով թէ Եհովայի աջակցութիւնը ունէր։ Ուստի Եհովան իրեն ըսաւ. «Այս գաւազանը ձեռքդ առ, որպէս զի անով նշանները ընես» (Ել. 4։17)։ Այսպէս, Մովսէս կրնար երթալ ու վստահութեամբ ճշմարիտ Աստուածը ներկայացնել թէ՛ իր ազգակիցներուն եւ թէ փարաւոնին առջեւ (Ել. 4։29-31. 7։8-13

6. ա) Երբ կը քարոզենք, մեր ձեռքին մէջ ի՞նչ պէտք է ունենանք եւ ինչո՞ւ։ բ) Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է» եւ ինչպէ՛ս «զօրեղ» է։

6 Նոյն հարցումը՝ «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է», կրնայ մեզի ուղղուիլ, երբ կ’երթանք Աստուածաշունչին պատգամը ուրիշներուն ծանուցանելու։ Շատ մը պարագաներու, Աստուածաշունչը մեր ձեռքը պիտի ունենանք, զայն գործածելու համար։ Թէեւ ոմանց համար Աստուածաշունչը սովորական գիրք մըն է, բայց Եհովան անոր միջոցաւ մեզի կը խօսի (Բ. Պետ. 1։21)։ Անիկա կը բովանդակէ իր խոստումները, թէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ ինչ բաներ տեղի պիտի ունենան։ Ասոր համար է որ Պօղոս առաքեալ կրցաւ գրել. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։12)։ Աստուծոյ խօսքը ի՞նչ առումով կենդանի է։ Եհովայի բոլոր խոստումները դէպի կատարում կ’ընթանան եւ բոլորովին պիտի յաջողին (Եսա. 46։10. 55։11)։ Անգամ մը որ անհատ մը Եհովայի Խօսքին նկատմամբ այս բանին գիտակցի, Աստուածաշունչէն ինչ որ կարդայ, կրնայ իր կեանքին մեծապէս ազդել։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»։

7 Արդարեւ, Եհովան մեր ձեռքին մէջ դրած է իր կենդանի գրաւոր Խօսքը, որուն միջոցաւ կրնանք փաստել թէ մեր պատգամը վստահելի ու իրմէ է։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս եբրայեցիներուն գրելէ ետք, Տիմոթէոսը յորդորեց որ ‘ջանայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել’ (Բ. Տիմ. 2։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի խրատը կիրարկել։ Բարձրաձայն կարդալով լաւ–ընտրուած համարներ, որոնք կրնան ունկնդրին սրտին դպչիլ։ 2013–ին հրատարակուած թերթիկները ծրագրուած են մեզի օգնելու որ ճիշդ այս մէկը ընենք։

ԼԱՒ–ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՐ ՄԸ ԿԱՐԴԱ՛

8. Ծառայութեան տեսուչ մը ի՞նչ ըսաւ թերթիկներուն մասին։

8 Բոլոր նոր թերթիկները նոյն ձեւը ունին։ Ուստի, երբ սորվինք անոնցմէ մէկը ինչպէ՛ս գործածել, պիտի կարենանք բոլորը գործածել։ Անոնց գործածութիւնը դիւրի՞ն է։ ԱՄՆ–ի Հաուայիի մէջ ծառայութեան տեսուչ մը գրեց. «Չէինք գիտեր թէ այս նոր գործիքները ա՛յսքան ազդու պիտի ըլլային թէ՛ տունէ տուն ծառայութեան մէջ եւ թէ հանրային վկայութեան մէջ»։ Ան տեսած է թէ թերթիկներուն շարադրութիւնը մարդիկը կը մղէ որ իսկոյն ընդառաջեն, յաճախ հետաքրքրաշարժ զրոյցի դուռ բանալով, քանի որ իւրաքանչիւրը կը կրէ հարցում մը եւ քանի մը հաւանական պատասխաններ։ Տանտէրը պէտք չունի սխալ պատասխան տալու նկատմամբ մտահոգուելու։

9, 10. ա) Թերթիկները ինչպէ՞ս մեզ կը մղեն Աստուածաշունչը գործածելու։ բ) Ո՞ր թերթիկները շատ կը գործածես, եւ ինչո՞ւ։

9 Իւրաքանչիւր թերթիկ մեզի թոյլ կու տայ որ լաւ–ընտրուած համար մը կարդանք։ Օրինակ, նկատի առ Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞ թերթիկը։ Տանտիրոջ պատասխանը ըլլա՛յ «այո», «ոչ» կամ «թերեւս», առանց բան մը աւելցնելու, ներսի կողմը բաց եւ ըսէ. «Ահա թէ Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ»։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4։

10 Նմանապէս, երբ Ի՞նչ է կարծիքդ Սուրբ Գիրքին մասին թերթիկը կը գործածես, հարց չէ թէ տանտէրը նշուած երեք ընտրութիւններէն ո՛ր մէկը կ’ընտրէ։ Պարզապէս ներսի կողմը բաց եւ ըսէ. «Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ‘բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է’»։ Կրնաս աւելցնել. «Իրականութեան մէջ, համարը աւելին կ’ըսէ»։ Ապա Աստուածաշունչդ բաց եւ կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։

11, 12. ա) Ծառայութենէն ի՞նչ գոհունակութիւն կը ստանաս։ բ) Թերթիկները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել որ վերայցելութիւններու պատրաստուիս։

11 Տանտիրոջ ընդառաջումը կ’որոշէ թէ թերթիկէն որքա՛ն պիտի կարդաս ու քննարկես։ Ամէն պարագայի, թերթիկները մարդոց տալէ զատ, գոհունակ պիտի զգաս՝ անոնց կարդալով Աստուծոյ Խօսքէն,– նոյնիսկ եթէ մէկ կամ երկու համար կարդաս առաջին հանդիպումին։ Յաջորդ հանդիպումին, կրնաս քննարկութիւնը շարունակել։

12 Իւրաքանչիւր թերթիկի ետեւի կողմը՝ «Մտածելու համար» ենթավերնագրին տակ տրուած են հարցում մը ու համարներ, որոնք վերայցելութեան ընթացքին կարելի է քննարկել։ Ապագան ինչպէ՞ս կը դիտես թերթիկին մէջ, վերայցելութեան համար հարցումը կ’ըսէ՝ «Աստուած ինչպէ՞ս աշխարհը պիտի բարեփոխէ»։ Մատթէոս 6։9, 10–ը եւ Դանիէլ 2։44–ը նշուած են։ Իսկ Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին թերթիկին մէջ, հարցումն է՝ «Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք»։ Ծննդոց 3։17-19–ն եւ Հռովմայեցիս 5։12–ը նշուած են։

13. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է թերթիկները գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։

13 Թերթիկները գործածէ որպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու առաջնորդող գործիքներ։ Երբ անհատը թերթիկի մը ծածկագիրը տեսածրէ, անոր առջեւ պիտի բացուի մեր կայքէն էջ մը, որով թերեւս քաջալերուի որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէ։ Թերթիկները նաեւ ցցուն կ’ընեն Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը եւ կը մատնանշեն անոր մէկ դասը։ Օրինակ, Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ թերթիկը կ’ակնարկէ գրքոյկին 5–րդ դասին։ Իսկ Ի՞նչն է ուրախ ընտանեկան կեանքի բանալին թերթիկը կ’ակնարկէ անոր 9–րդ դասին։ Թերթիկները այսպէս գործածելով, լաւ սովորամոլութեան մը հետեւած պիտի ըլլաս. առաջին հանդիպումին եւ վերայցելութիւններուն Աստուածաշունչը գործածել, ճամբան հարթելով յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու։ Ուրիշ ի՞նչ կրնաս ընել Աստուծոյ Խօսքը ծառայութեանդ մէջ ազդուօրէն գործածելու համար։

ՄԱՐԴԻԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՂ ՆԻՒԹ ՄԸ ՔՆՆԱՐԿԷ

14, 15. Ծառայութեան նկատմամբ Պօղոսի կեցուածքը ինչպէ՞ս կրնաս որդեգրել։

14 Պօղոս կը տենչար «շատեր»ու քարոզել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։19-23)։ Նկատէ թէ Պօղոս կը յուսար ‘շահիլ հրեաները, օրէնքի տակ եղողները, օրէնք չունեցողները եւ տկարները’։ Այո, ան կ’ուզէր հասնիլ ‘ամէնուն, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնէ’ (Գործք 20։21)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի կեցուածքը ընդօրինակել, մինչ կը նախապատրաստուինք ճշմարտութիւնը բաժնելու մեր թաղամասի ‘բոլոր մարդոց’ հետ (Ա. Տիմ. 2։3, 4

15 Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ ամէն ամիս ներկայացումներ կը թելադրուին։ Փորձէ զանոնք։ Բայց եթէ ուրիշ նիւթեր կը զբաղեցնեն թաղամասի մարդոց միտքը, ըստ այնմ հետաքրքրաշարժ բացումներ պատրաստէ։ Մտածէ միջավայրիդ մասին, շուրջդ ապրող մարդոց մասին եւ զիրենք հետաքրքրող նիւթերուն մասին։ Ապա, մտածէ թէ ո՛ր համարը անոնց կարիքներուն հետ կապ ունի։ Շրջանային տեսուչ մը կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս ինք ու իր կինը Աստուածաշունչին վրայ կը կեդրոնանան. «Տանտէրերուն մեծամասնութիւնը մեզի թոյլ կու տայ որ համար մը կարդանք, եթէ հակիրճ ըլլանք եւ ուղղակի կէտը նշենք։ Աստուածաշունչերը մեր ձեռքին մէջ բաց ըլլալով, սովորական բարեւը տալէ ետք՝ համարը կը կարդանք»։ Նկատի առ դաշտին մէջ փորձուած նիւթեր, հարցումներ եւ համարներ, որոնք կրնաս թաղամասիդ մէջ փորձել։

Ծառայութեանդ մէջ Աստուածաշունչը եւ թերթիկները ազդուօրէն կը գործածե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 8-13)

16. Բացատրէ թէ Եսայի 14։7–ն ծառայութեան մէջ ինչպէ՛ս կարելի է գործածել։

16 Եթէ կ’ապրիս շրջանի մը մէջ, ուր խաղաղութիւնը յաճախ կը խախտուի, անհատին հարցուր. «Կրնա՞ք երեւակայել թէ հետեւեալը օրուան գլխաւոր լուրը ըլլայ. ‘Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ եւ մարդիկը ցնծութեան ձայներ կը հանեն’։ Աստուածաշունչը այս մէկը կ’ըսէ Եսայի 14։7–ի մէջ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Աստուծոյ շատ մը խոստումները խաղաղ ժամանակներու մասին, որոնք մօտալուտ են»։ Ապա առաջարկէ Աստուածաշունչէն կարդալ այդ խոստումներէն մէկը։

17. Ինչպէ՞ս կրնաս խօսակցութեան մէջ Մատթէոս 5։3–ը նշել։

17 Եթէ շրջանիդ շատ մը տղամարդոց համար ապրուստ ճարելը դժուար է, կրնաս խօսակցութիւնը սկսիլ՝ հարցնելով. «Տղամարդ մը որքա՞ն դրամ պէտք է շահի, որպէսզի ընտանիքը ուրախ ապրի»։ Անհատը պատասխանելէ ետք, ըսէ. «Շատեր ձեր ըսած գումարէն շա՜տ աւելի կը շահին, բայց տակաւին իրենց ընտանիքները գոհունակ չեն։ Ուստի ի՞նչ բան իրապէս անհրաժեշտ է»։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 5։3–ը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկէ։

18. Ուրիշները մխիթարելու համար, ինչպէ՞ս կրնաս Երեմիա 29։11–ը գործածել։

18 Արդեօք ապրած վայրիդ մէջ մարդիկ վերջերս պատահած աղէտի մը հետեւանքներէն կը տառապի՞ն։ Կրնաս բացումդ սկսիլ հետեւեալ խօսքով. «Եկած եմ ձեզ մխիթարելու (կարդա՛ Երեմիա 29։11)։ Նկատեցի՞ք այն երեք բաները, որոնք Աստուած մեզի համար կը կամենայ։ ‘Բարօրութիւն’, ‘ապագայ մը’ եւ ‘յոյս մը’։ Լաւ չէ՞ գիտնալ թէ ան կ’ուզէ որ հաճելի կեանք ունենանք։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է»։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ Ուրախ լուրեր գրքոյկէն յարմար դաս մը։

19. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է Յայտնութիւն 14։6, 7–ն գործածել կրօնասէր մարդոց հետ խօսելու ատեն։

19 Եթէ շրջանիդ մէջ մարդիկ կրօնքով հետաքրքրուած են, խօսակցութիւնը սկսէ՝ հարցնելով. «Եթէ հրեշտակ մը ձեզի խօսէր, իրեն մտիկ պիտի ընէի՞ք (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7)։ Այս հրեշտակը կ’ըսէ. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք. . . որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը’։ Գիտէ՞ք Ստեղծիչին անունը ի՛նչ է»։ Ապա կարդա՛ Սաղմոս 124։8–ը, որ կ’ըսէ. «Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ Ապա առաջարկէ Եհովա Աստուծոյ մասին աւելին բացատրել։

20. ա) Առակաց 30։4–ը ի՞նչ կերպով կրնանք գործածել Աստուծոյ անունը ճանչցնելու։ բ) Կա՞յ մասնայատուկ համար մը, որ յաջողապէս կը գործածես։

20 Կրնաս պատանիի մը հետ խօսակցութեան սկսիլ, ըսելով. «Կը փափաքիմ կարդալ համար մը, որ շատ կարեւոր հարցում մը կ’ուղղէ (կարդա՛ Առակաց 30։4)։ Չկայ մարդ արարած մը, որ այս նկարագրութեան կը յարմարի. ուստի անիկա վստահաբար մեր Ստեղծիչը կը նկարագրէ *։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ իր անունը ի՛նչ է։ Ուրախ պիտի ըլլամ զայն քեզի ցոյց տալու Աստուածաշունչէն»։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆԴ ՄԷՋ ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

21, 22. ա) Լաւ–ընտրուած համար մը ինչպէ՞ս կրնայ անհատի մը կեանքը փոխել։ բ) Ծառայութեանդ մէջ ի՞նչ վճռած ես ընել։

21 Բնաւ չես գիտեր թէ մարդիկ լաւ–ընտրուած համարի մը ինչպէ՛ս պիտի ընդառաջեն։ Օրինակ, Աւստրալիոյ մէջ երկու Վկաներ երիտասարդ կնոջ մը դուռը զարկին։ Անոնցմէ մէկը հարցուց. «Գիտէ՞ք Աստուծոյ անունը ինչ է», եւ ապա Սաղմոս 83։18–ը կարդաց։ «Պապանձեցայ», կ’ըսէ կինը։ «Երբ մեկնեցան, 56 քմ. քշեցի դէպի գրավաճառատուն մը, Աստուածաշունչի այլ թարգմանութիւններ նկատի առնելու համար եւ ապա անունը փնտռեցի բառարանի մը մէջ։ Համոզուելով թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է, հարց տուի թէ տակաւին ի՛նչ բաներ չէի գիտեր»։ Շատ չանցած՝ ան եւ իր ապագայ ամուսինը սկսան Աստուածաշունչը սերտել, եւ յետոյ մկրտուեցան։

22 Աստուծոյ Խօսքը կը փոխէ անոնց կեանքը, որոնք զայն կը կարդան եւ Եհովայի կենդանի խոստումներուն հանդէպ հաւատք կը մշակեն (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Աստուածաշունչին պատգամը աւելի՛ ազդու է՝ քան որեւէ բան որ կ’ըսենք, անհատի մը սրտին հասնելու համար։ Այս պատճառով, Աստուծոյ Խօսքը ամէն առիթով գործածենք։ Անիկա կենդանի է։

^ պարբ. 20 Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 յուլիս 1987 թիւին մէջ, էջ 31 (անգլերէնով)։