Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛ւր որ ես՝ Եհովայի ձայնը լսէ

Ո՛ւր որ ես՝ Եհովայի ձայնը լսէ

«Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան’» (ԵՍԱ. 30։21

1, 2. Եհովան իր ծառաներուն հետ ինչպէ՞ս կը հաղորդակցի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ պատմութեան ընթացքին, անհատներ զանազան միջոցներով Եհովայէն առաջնորդութիւն ստացան։ Ան ոմանց խօսեցաւ հրեշտակներու միջոցաւ կամ տեսիլքներու եւ երազներու ընդմէջէն, յայտնելով թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահէր։ Ան նաեւ իրենց մասնայատուկ նշանակումներ տուաւ (Թուոց 7։89. Եզեկ. 1։1. Դան. 2։19)։ Ուրիշներ ուղղութիւն ստացան Եհովայի մարդկային ներկայացուցիչներուն միջոցաւ, որոնք իր կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ կը ծառայէին։ Չնայած թէ Եհովայի երկրպագուները ո՛ր կերպով իր խօսքը ստացան, անոնք՝ որոնք իր ցուցմունքներուն հետեւեցան, օրհնուեցան։

2 Ներկայիս, Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ՝ Աստուածաշունչին, սուրբ հոգիին եւ ժողովքին միջոցաւ (Գործք 9։31. 15։28. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այն ուղղութիւնը՝ որ իրմէ կը ստանանք, այնքան յստակ է որ կարծես թէ մեր ‘ականջներուն ետեւէն խօսք մը կը լսենք, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»’ (Եսա. 30։21)։ Յիսուս ալ Աստուծոյ ձայնը մեզի կը հաղորդէ, մինչ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով ժողովքը կ’առաջնորդէ (Մատ. 24։45)։ Հարկ է որ այս առաջնորդութիւնը եւ ուղղութիւնը լուրջի առնենք, քանի որ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելը մեր հնազանդութենէն կախեալ է (Եբ. 5։9

3. Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ Եհովայի լիովին հնազանդինք (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Բանսարկու Սատանան վճռած է Եհովայէն մեր ստացած փրկարար առաջնորդութիւնը չէզոքացնել։ Ասկէ զատ, մեր ‘խաբեբայ սիրտը’ կրնայ չուզել Եհովայի հրահանգներուն լրիւ հնազանդիլ (Եր. 17։9)։ Ուստի, նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք յաղթահարել այն խոչընդոտները, որոնք Աստուծոյ ձայնը լսելը դժուար կը դարձնեն։ Նաեւ քննարկենք թէ ինչպէ՛ս Եհովայի հետ սերտ հաղորդակցութիւնը պիտի պահպանէ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր պարագաները։

ՍԱՏԱՆԱՅԻ ՀՆԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

4. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մարդոց մտածումին ազդել։

4 Սատանան կը փորձէ մարդոց մտածումին ազդել, սխալ տեղեկութիւն հայթայթելով եւ խաբէական փրոփականտ հրահրելով (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Տպուած նիւթերու կողքին, ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի եւ համացանցի միջոցաւ, ամբողջ երկրագունդը տեղեկութիւններով ողողուած է։ Թէեւ այսպիսի աղբիւրներ հետաքրքրական բաներ կրնան ներկայացնել, սակայն յաճախ այնպիսի վարք ու չափանիշներ կը ջատագովեն, որոնք Եհովայի չափանիշներուն կը հակասեն (Եր. 2։13)։ Օրինակ, լրատուամիջոցներն ու զբօսանքի ընկերութիւնները միեւնոյն սեռի պատկանողներուն ամուսնութիւնը կը ներկայացնեն որպէս ընդունելի, եւ շատեր կը խորհին թէ միասեռականութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածը ծայրայեղ է (Ա. Կոր. 6։9, 10

5. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ որ սատանայական փրոփականտի հոսանքով քշուինք։

5 Աստուծոյ արդարութիւնը սիրողները ինչպէ՞ս կրնան սատանայական այժմու փրոփականտի հոսանքէն չքշուիլ։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան ճիշդը սխալէն զանազանել։ ‘Աստուծոյ խօսքին համեմատ զգուշութիւն ընելով’ (Սաղ. 119։9)։ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը կը բովանդակէ էական ուղղութիւն, որ մեզ կարող կը դարձնէ ճշմարիտ տեղեկութիւնը խաբեբայ փրոփականտէն զանազանել (Առ. 23։23)։ Յիսուս Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերելով ըսաւ, որ ‘մարդ կ’ապրի ամէն խօսքով որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’ (Մատ. 4։4)։ Հարկ է որ սորվինք ինչպէ՛ս աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկել մեր կեանքին մէջ։ Օրինակ, շնութեան մասին Եհովայի օրէնքը Մովսէսի կողմէ գրուելէն շատ առաջ, երիտասարդ Յովսէփ հասկցաւ թէ շնութիւնը Աստուծոյ դէմ մեղք էր։ Ան նոյնիսկ մտքէն չանցուց Եհովային անհնազանդ գտնուիլ, երբ Պետափրէսի կինը փորձեց զինք հրապուրել (կարդա՛ Ծննդոց 39։7-9)։ Հակառակ որ կինը որոշ ժամանակ մը իր վրայ ճնշեց, Յովսէփ թոյլ չտուաւ անոր ձայնին որ Աստուծոյ ձայնին նկատմամբ զինք խուլ դարձնէ։ Ճիշդը սխալէն զանազանելու համար անհրաժեշտ է Եհովայի ձայնը մտիկ ընել եւ սատանայական փրոփականտի անընդհատ աղմուկին խուլ ականջ դարձնել։

6, 7. Սատանայի վատ խրատէն խուսափելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

6 Աշխարհը այնքան լեցուած է կրօնական հակասական ուսուցումներով եւ վարդապետութիւններով, որ շատեր կը խորհին թէ ճշմարիտ կրօնքը փնտռելը ի զուր է։ Սակայն, Եհովան իր առաջնորդութիւնը շատ յստակ դարձուցած է անոնց, որոնք յօժար են անկէ օգտուելու։ Հարկ է որ որոշենք թէ որո՛ւն մտիկ պիտի ընենք։ Որովհետեւ գործնականօրէն անկարելի է միաժամանակ երկու ձայներ մտիկ ընել, պէտք է Յիսուսի ‘ձայնը ճանչնանք’ եւ անոր ականջ տանք։ Ան է այն անձը, որ Եհովան Իր ոչխարներուն վրայ նշանակեց (կարդա՛ Յովհաննէս 10։3-5

7 «Զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչ կը լսէք», ըսաւ Յիսուս (Մար. 4։24, ԱԾ)։ Եհովայի խրատը յստակ ու ճիշդ է, բայց պէտք է անոր ուշադրութիւն ընծայենք եւ մտիկ ընենք, մեր սիրտը պատրաստելով որ զայն ընդունի։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք ականջ տալ Սատանայի վատ խրատին, փոխանակ՝ Աստուծոյ սիրալիր խրատին։ Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ աշխարհային երաժշտութիւնը, տեսաերիզներ, հեռատեսիլի յայտագիրներ, գիրքեր, ընկերակիցներ, ուսուցիչներ, կամ այդպէս–կոչուած մասնագէտներ կեանքդ հակակշռեն (Կող. 2։8

8. ա) Մեր սիրտը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ խոցելի դարձնել Սատանայի հնարքներուն դիմաց։ բ) Մեզի ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ ազդարարական նշանները անտեսենք։

8 Սատանան գիտէ թէ մեղաւոր հակումներ ունինք, եւ կը փորձէ մեզ մղել որ անոնց յանձնուինք։ Երբ ան այս կերպով մեզ իր թիրախը կը դարձնէ, մեր ուղղամտութիւնը պահպանելը լուրջ մարտահրաւէր կը դառնայ (Յովհ. 8։44-47)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս մարտահրաւէրը յաջողապէս դիմագրաւել։ Նկատի առ անհատի մը պարագան, որ անմիջական հաճոյքով այնքան կը տարուի որ ի վերջոյ կը գործէ սխալ մը, որ բնաւ չէր խորհեր որ պիտի ընէր (Հռով. 7։15)։ Ի՞նչ բան հասցուց այս տխուր կացութեան։ Հաւանաբար անհատը Եհովայի ձայնին հանդէպ իր զգայնութիւնը աստիճանաբար կորսնցուցած էր։ Ան կա՛մ չնշմարեց այն ազդարարական նշանները, որոնք ցոյց կու տային թէ իր սրտին ի՛նչ կը պատահէր, կամ ալ ընտրեց զանոնք անտեսել։ Օրինակ, ան թերեւս աղօթելէ դադրած էր, ծառայութեան մասնակցիլը թեթեւցուցած էր, կամ սկսած էր ժողովներ փախցնել։ Ի վերջոյ, ան իր ցանկութեան տեղի տուաւ եւ ըրաւ ինչ որ գիտէր թէ սխալ է։ Կրնանք այսպիսի կործանիչ սխալէ խուսափիլ, եթէ որեւէ ազդարարական նշանի նկատմամբ արթուն մնանք եւ հարցերը շտկելու համար անմիջապէս գործի լծուինք։ Եւ եթէ Եհովայի ձայնը մտիկ կ’ընենք, որեւէ հաւատուրաց գաղափար պիտի չսնուցանենք (Առ. 11։9

9. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է մեղաւոր հակումները կանուխ բնորոշել։

9 Անհատի մը կեանքը կրնայ փրկուիլ եթէ իր հիւանդութիւնը սկիզբէն ախտաճանաչուի։ Նմանապէս, կրնանք աղէտէ մը խուսափիլ, եթէ արագօրէն բնորոշենք այն հակումները, որոնք կրնան մեզ փորձութեան առաջնորդել։ Անգամ մը որ այսպիսի հակումներ յայտնաբերենք, իմաստութիւն է անմիջապէս գործի լծուիլ,– առաջ որ Սատանային կողմէ ‘բռնուինք՝ իր կամքին ծառայելու’ (Բ. Տիմ. 2։26)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ նկատենք թէ թոյլ տուած ենք, որ մեր մտածումներն ու ցանկութիւնները շեղին Եհովային պահանջածէն։ Առանց ուշանալու պէտք է հեզութեամբ իրեն վերադառնանք, մեր ականջները բանանք իր խրատին եւ ամբողջ սրտով իրեն մտիկ ընենք (Եսա. 44։22)։ Պէտք է գիտակցինք թէ տկար որոշում մը կայացնելը կրնայ մեզի այնքա՛ն վնասել, որ այս դրութեան մէջ ստիպուինք լուրջ հետեւանքներ կրել։ Որքա՜ն աւելի լաւ է խոտորելէ խուսափիլ, շուտով գործելով՝ այսպիսի լուրջ սխալի մը առաջքը առնելու համար։

Հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւնը ինչպէ՞ս Սատանային հնարքներէն կրնայ քեզ պաշտպանել (տե՛ս պարբերութիւն 4-9)

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

10, 11. ա) Հպարտութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինք մատնել։ բ) Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի վատ ընթացքէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։

10 Պէտք է գիտակցինք թէ մեր սիրտը կրնայ մեզ մոլորեցնել։ Մեր մեղաւոր հակումները որքա՜ն զօրութիւն կը բանեցնեն մեր վրայ։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէս հպարտութիւնն ու ագահութիւնը պատճառ կը դառնան, որ Եհովայի ձայնին ականջ չտանք եւ աղէտալի ընթացք մը բռնենք։ Հպարտ անհատը իր անձին նկատմամբ ծայրայեղ կարծիք ունի։ Ան կրնայ խորհիլ թէ իրաւունք ունի ամէն ուզածը ընելու եւ թէ ո՛չ մէկը կրնայ իրեն ըսել ինչ ընել։ Ուստի թերեւս խորհի թէ հաւատակիցներուն, երէցներուն կամ նոյնիսկ Աստուծոյ կազմակերպութեան ուղղութեան ու խրատին կարիքը չունի։ Այսպիսի անհատի մը համար, Եհովային ձայնը շատ անորոշ կը դառնայ։

11 Անապատին մէջ իսրայէլի թափառման ընթացքին, Կորխ, Դաթան ու Աբիրոն ըմբոստացան Մովսէսի եւ Ահարոնի հեղինակութեան դէմ։ Հպարտ ըլլալով, ըմբոստները Եհովան պաշտելու անկախ կարգադրութիւններ ըրին։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան զանոնք բնաջնջեց (Թուոց 26։8-10)։ Այս պատմական արձանագրութիւնը մեզի ի՜նչ խիստ դաս մը կը սորվեցնէ,– Եհովայի դէմ ըմբոստութիւնը աղէտի կ’առաջնորդէ։ Նաեւ յիշենք թէ ‘կոտորածին առջեւէն հպարտութիւն կ’երթայ’ (Առ. 16։18. Եսա. 13։11

12, 13. ա) Օրինակ մը տուր որ ցոյց կու տայ, թէ ագահութիւնը ինչպէս աղէտի կ’առաջնորդէ։ բ) Բացատրէ թէ ագահութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ արագօրէն աճիլ եթէ չսանձուի։

12 Միւս կողմէ, ագահ անձը յաճախ ազատութիւն կ’առնէ եւ պատշաճ վարքի սահմանէն անդին կ’երթայ։ Ասորիներու զօրագլուխը՝ Նէեման բորոտութենէ բժշկուելէ ետք ուզեց Եղիսէ մարգարէին նուէրներ տալ, բայց ան մերժեց։ Եղիսէի ծառան՝ Գէեզին այդ նուէրներուն վրայ աչք տնկելով իր մտքին մէջ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է որ ես [Նէեմանի] ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։ Առանց Եղիսէին բան մը ըսելու, ան Նէեմանի ետեւէն վազեց եւ ուղղակի սուտեր խօսելով՝ խնդրեց «տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ»։ Որովհետեւ Գէեզի ասիկա ըրաւ եւ Եհովայի մարգարէին ստեց, ի՞նչ պատահեցաւ։ Նէեմանի բորոտութիւնը ագահ Գէեզիին փակաւ (Դ. Թագ. 5։20-27

13 Ագահութիւնը կրնայ սկիզբը պզտիկ տարողութեամբ ըլլալ, սակայն եթէ չսանձուի, կրնայ արագօրէն աճիլ եւ անհատին վրայ իշխել։ Աքարի պարագան կը լուսաբանէ ագահութեան զօրութիւնը։ Նկատէ թէ անոր ագահութիւնը ինչպէ՛ս արագօրէն զարգացաւ։ Ան ըսաւ. «Աւարին մէջ վայելչագեղ Բաբելոնի վերարկու մը, երկու հարիւր սիկղ արծաթ ու յիսուն սիկղ կշռող ոսկի լեզու մը տեսայ, անոնց ցանկացի, զանոնք առի»։ Սխալ ցանկութիւնը մերժելու փոխարէն, Աքար իրերը ագահօրէն գողցաւ եւ իր վրանին մէջ պահեց։ Երբ իր յանցագործութիւնը մէջտեղ ելաւ, Յեսուն իրեն ըսաւ որ Եհովան իր վրայ աղէտ պիտի բերէ։ Այդ նոյն օրը, Աքար ու իր ընտանիքը մինչեւ մահ քարկոծուեցան (Յես. 7։11, 21, ԱԾ, 24, 25)։ Ագահութիւնը մշտական վտանգ մըն է, որով կրնանք բռնուիլ։ Ուստի թող որ ‘զգուշանանք ագահութենէ’ (Ղուկ. 12։15)։ Մինչ թերեւս ատեն–ատեն վատառողջ խորհուրդ մը ունենանք կամ անբարոյ բաներ երեւակայենք, էական է որ մեր միտքը հակակշռի տակ առնենք եւ թոյլ չտանք որ մեր ցանկութիւնները զարգանան այն աստիճան որ մեզ մղեն մեղք գործելու (կարդա՛ Յակոբոս 1։14, 15

14. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ մեր մէջ հպարտութեան եւ ագահութեան հակումներ նկատենք։

14 Թէ՛ հպարտութիւնը եւ թէ ագահութիւնը կրնան աղէտի առաջնորդել։ Սխալ ընթացքի հետեւանքներուն վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ այսպիսի հակումներու թոյլ չտանք որ Եհովայի ձայնը խեղդեն (Բ. Օր. 32։29)։ Աստուածաշունչին մէջ, ճշմարիտ Աստուածը ոչ միայն մեզի կ’ըսէ թէ ո՛րն է ճիշդ ընթացքը, այլեւ կը բացատրէ անոր օգուտները եւ սխալ ճամբայ բռնելուն հետեւանքները։ Եթէ մեր սիրտը մեզ մղէ որ մտածենք ընել բան մը, որուն ետին հպարտութիւնը կամ ագահութիւնը կը կենայ, որքա՜ն իմաստութիւն պիտի ըլլայ հետեւանքներուն մասին խորհրդածել։ Պէտք է հաշուի առնենք թէ յանցագործութիւնը ինչպէս պիտի ազդէ մեզի, մեր սիրելիներուն եւ յատկապէս Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ԼԱՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀՊԱՆԷ

15. Հաղորդակցութեան մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն։

15 Եհովան մեզի համար լաւագոյնը կը կամենայ (Սաղ. 1։1-3)։ Ճիշդ պէտք եղած ատեն, ան մեզի բաւարար ուղղութիւն կու տայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։16)։ Յիսուս թէեւ կատարեալ էր, բայց Եհովայի հետ կանոնաւոր հաղորդակցութեան կ’ապաւինէր, եւ անդադար կ’աղօթէր։ Եհովան սքանչելի կերպերով Յիսուսի թիկունք կանգնեցաւ եւ ուղղութիւն հայթայթեց։ Ան հրեշտակներ ղրկեց որ իրեն ծառայեն, սուրբ հոգին տուաւ եւ իրեն օգնեց 12 առաքեալները ընտրելու։ Եհովայի ձայնը երկինքէն լսուեցաւ, արտայայտելով Յիսուսին առնչութեամբ իր աջակցութիւնն ու հաճութիւնը (Մատ. 3։17. 17։5. Մար. 1։12, 13. Ղուկ. 6։12, 13. Յովհ. 12։28)։ Յիսուսի նման, աղօթքով պէտք է մեր սիրտը Աստուծոյ բանանք (Սաղ. 62։7, 8. Եբ. 5։7)։ Աղօթքի միջոցաւ կրնանք Եհովայի հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ մնալ եւ յաջողապէս հետեւիլ ընթացքի մը, որ իրեն պատիւ կը բերէ։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի օգնութիւնը ստանալ՝ իր ձայնը լսելու կարողութիւնը մշակելու համար։

16 Թէեւ Եհովան իր խրատը միշտ մատչելի կը դարձնէ, բայց ո՛չ մէկը կը պարտադրէ որ անոր հետեւի։ Հարկ է որ իր սուրբ հոգին խնդրենք, եւ ինք զայն առատօրէն պիտի տայ մեզի (կարդա՛ Ղուկաս 11։10-13)։ Սակայն կարեւոր է որ ‘զգուշանանք թէ ինչպէ՛ս կը լսենք’ (Ղուկ. 8։18, ԱԾ)։ Օրինակ, կեղծաւորութիւն է Եհովայէն օգնութիւն խնդրել որ անբարոյութեան հակում մը յաղթահարենք, մինչ կը շարունակենք պոռնկագրութիւն կամ անբարոյ ֆիլմեր դիտել։ Իրականութեան մէջ, պէտք է մենք մեզ դնենք այնպիսի վայրերու կամ պարագաներու մէջ, ուր Եհովայի հոգին կը ներգործէ։ Գիտենք թէ իր հոգին ժողովներուն ներկայ է։ Եհովայի ծառաներէն շատեր աղէտէ խուսափած են՝ ժողովներու ընթացքին իրեն ականջ տալով։ Անոնք անդրադարձած են թէ իրենց սրտին մէջ մեղաւոր ցանկութիւններ կը զարգանան, եւ հետեւաբար իրենց ճամբաները շտկած են (Սաղ. 73։12-17. 143։10

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻ ՁԱՅՆԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ

17. Ինչո՞ւ մեր անձին ապաւինիլը վտանգաւոր է։

17 Նկատի առ Դաւիթ թագաւորը։ Իր պատանի տարիքին յաղթեց փղշտացի հսկայ Գողիաթին։ Ան եղաւ զինուոր, թագաւոր, պաշտպան եւ որոշում–կայացնող իր ազգին համար։ Բայց երբ Դաւիթ իր անձին ապաւինեցաւ, իր սիրտը զինք խաբեց եւ Բերսաբէի հետ շնութիւն գործեց, նոյնիսկ կարգադրելով որ ամուսինը՝ Ուրիան սպաննուի (Սաղ. 51։4, 6, 10, 11

18. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք Եհովայի ձայնը մտիկ ընել։

18 Թող որ Ա. Կորնթացիս 10։12–ի խրատին անսանք եւ չափազանց ինքնավստահ չդառնանք։ Որովհետեւ կարող չենք մեր «քալուածքը շտկել», ի վերջոյ մտիկ պիտի ընենք կա՛մ Եհովայի ձայնը եւ կամ իր Հակառակորդին ձայնը (Եր. 10։23)։ Թող որ կանոնաւորաբար աղօթենք, սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւինք եւ միշտ Եհովայի ձայնը ուշադրութեամբ մտիկ ընենք։