Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կը մօտենայ

Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կը մօտենայ

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (ՅԱԿ. 4։8

1. Մարդ արարածը ի՞նչ բանի կարիքը ունի, եւ որո՞նք կրնան զայն գոհացնել։

ՄԱՐԴ արարածը մեծապէս կարիք ունի ուրիշներու մօտիկ զգալու։ Կ’ըսուի թէ անհատներ «իրարու մօտիկ են, երբ մէկզմէկ շատ կը սիրեն եւ զիրար շատ լաւ կը ճանչնան»։ Բնական է որ մեզ սիրող, գնահատող ու հասկցող ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները մեզ կ’ուրախացնեն։ Սակայն այն Անձը, որուն հետ պէտք է ամէնէն սերտ փոխյարաբերութիւնը զարգացնենք, մեր Ստեղծիչն է (Ժող. 12։1

2. Եհովան մեզի ի՞նչ կը խոստանայ, բայց ինչո՞ւ շատեր այդ խոստումին չեն հաւատար։

2 Եհովան իր Խօսքին մէջ մեզ կը յորդորէ որ ‘իրեն մօտենանք’, եւ կը խոստանայ որ եթէ այդպէս ընենք, ‘մեզի պիտի մօտենայ’ (Յակ. 4։8)։ Ասիկա որքա՜ն սրտապնդիչ է։ Բայց եւ այնպէս, շատեր կը խորհին թէ անիրապաշտ է հաւատալ թէ Աստուած կ’ուզէ իրենց մօտենալ. անոնք կը կարծեն թէ արժանի չեն իրեն մօտենալու կամ թէ ան այնքան հեռու է որ կարելի չէ իրեն մօտենալ։ Եհովային հետ մտերմութիւնը իսկապէս կարելի՞ է։

3. Եհովայի նկատմամբ ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։

3 Իրողութիւնը այն է, թէ Եհովան զինք փնտռող «ամէն մէկէն ալ հեռու չէ». կարելի՛ է զինք ճանչնալ (կարդա՛ Գործք 17։26, 27. Սաղմոս 145։18)։ Ան նպատակադրեց որ նոյնիսկ անկատար մարդիկ կրնան իրեն մօտենալ, եւ ինք պատրաստ է զիրենք ընդունելու որպէս սերտ բարեկամներ (Եսա. 41։8. 55։6)։ Սաղմոսերգուն անձնական փորձառութեամբ Եհովայի մասին գրեց. «Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։ Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես» (Սաղ. 65։2, 4)։ Աստուածաշունչէն տեսնենք թէ Յուդայի Ասա թագաւորը ինչպէ՛ս Եհովային մօտեցաւ, եւ թէ Ան ինչպէ՛ս ընդառաջեց *։

ՎԱՂԵՄԻ ՕՐԻՆԱԿԷ ՄԸ ՍՈՐՎԷ՛

4. Ասա թագաւոր Յուդայի ժողովուրդին ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

4 Ասա թագաւոր մաքուր պաշտամունքին հանդէպ հիանալի նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեց, երկրէն հեռացնելով իգացեալները եւ հանելով շինուած բոլոր չաստուածները (Գ. Թագ. 15։9-13)։ Խօսքի ազատութիւն ունենալով, ան ժողովուրդը յորդորեց որ «իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն»։ Եհովան Ասայի իշխանութեան առաջին տասը տարիները կատարեալ խաղաղութեամբ օրհնեց։ Իսկ Ասա այդ խաղաղութիւնը ինչի՞ վերագրեց։ Ան ժողովուրդին ըսաւ. ‘Այս երկիրը մեր իշխանութեան տակն է. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ’ (Բ. Մն. 14։1-7)։ Նկատի առ թէ ետքը ի՛նչ պատահեցաւ։

5. Ի՞նչ կացութեան ներքեւ Ասա փաստեց թէ Աստուծոյ կ’ապաւինէր, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

5 Դուն քեզ Ասային տեղը դիր։ Եթովպիացի Զարա Յուդայի դէմ եկած է 1,000,000 տղամարդով եւ 300 կառքով (Բ. Մն. 14։8-10)։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր տեսնելով այս հսկայ բանակը, որ թագաւորութեանդ դէմ կը յարձակի։ Զօրագունդդ միայն 580,000 ռազմիկէ կը բաղկանայ։ Երկուքի դէմ մէկ ըլլալով, հարց պիտի տայի՞ր թէ ինչու Աստուած այս յարձակումը կը թոյլատրէ։ Այս ստիպողական պարագային, պիտի փորձէի՞ր հարցը քու իմաստութեամբդ լուծել։ Ասայի հակազդեցութիւնը յայտնեց թէ Եհովային հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունէր եւ թէ իրեն լիովին կը վստահէր։ Ան ջերմեռանդօրէն աղաչեց. «Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։ Աստուած Ասայի սրտագին աղաչանքին ինչպէ՞ս հակազդեց։ ‘Տէրը Եթովպիացիները զարկաւ’։ Թշնամի բանակէն ո՛չ մէկը այդ պատերազմէն վերապրեցաւ (Բ. Մն. 14։11-13

6. Ինչպէ՞ս Ասան պէտք է ընդօրինակենք։

6 Ի՞նչ բան Ասայի թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ առաջնորդութեան ու պաշտպանութեան լիովին ապաւինի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ‘Ասա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ’ եւ թէ իր ‘սիրտը Տէրոջը հետ կատարեալ էր’ (Գ. Թագ. 15։11, 14)։ Մենք ալ պէտք է կատարեալ սրտով Աստուծոյ ծառայենք։ Ասիկա ընելը բացարձակապէս անհրաժեշտ է, եթէ կ’ուզենք իրեն հետ սերտ փոխյարաբերութիւն վայելել՝ հիմա եւ ապագային։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան նախաքայլը առած է, որ մեզ իրեն մօտեցնէ եւ օգնէ սերտ կապ հաստատելու եւ զայն պահպանելու։ Նկատի առ երկու կերպեր, որոնցմով Եհովան այս մէկը ըրած է։

ԵՀՈՎԱՆ ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ՄԵԶ ԻՐԵՆ ՄՕՏԵՑՈՒՑԱԾ Է

7. ա) Եհովայի ո՞ր արարքները մեզ իրեն կը մօտեցնեն։ բ) Ո՞ր գլխաւոր կերպով Եհովան մեզ իրեն կը մօտեցնէ։

7 Եհովան մարդկային ընտանիքին հանդէպ իր սէրը ցոյց տուաւ, մեր գեղեցիկ երկրային տունը ստեղծելով։ Ան տակաւին մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ, մեր կեանքի գոյատեւումը պահպանելով՝ իր ֆիզիքական սքանչելի հայթայթումներուն միջոցաւ (Գործք 17։28. Յայտ. 4։10բ)։ Աւելի կարեւորը, Եհովան մեր հոգեւոր կարիքները կը գոհացնէ (Ղուկ. 12։42)։ Ան նաեւ մեզ կը հաւաստիացնէ թէ երբ իրեն կ’աղօթենք, անձնապէս մեզի մտիկ կ’ընէ (Ա. Յովհ. 5։14)։ Սակայն գլխաւոր կերպը, որով Աստուած մեզ իրեն կը քաշէ, փրկանքին միջոցաւ իր արտայայտած սէրն է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10, 19)։ Եհովան իր «միածին Որդին» աշխարհ ղրկեց, որպէսզի կարենանք մեղքէն ու մահէն փրկուիլ (Յովհ. 3։16

8, 9. Յիսուս Եհովայի նպատակին մէջ ի՞նչ դեր կը խաղայ։

8 Եհովան կարելի դարձուցած է որ նոյնիսկ Քրիստոսի ժամանակէն առաջ ապրող մարդիկը փրկանքէն օգտուին։ Այն պահէն երբ Եհովան մարգարէացաւ ապագայ Փրկիչի մը մասին, իր տեսանկիւնէն դիտուած՝ փրկանքը կարծես թէ վճարուեցաւ, քանի որ գիտէր թէ իր նպատակը պիտի չձախողէր (Ծն. 3։15)։ Դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ հանդէպ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, «Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութեան» համար (Հռով. 3։21-26)։ Աստուծոյ մեր մօտ ըլլալուն մէջ Յիսուս որքա՜ն կարեւոր դեր ունի։

9 Միայն Յիսուսին միջոցաւ է որ խոնարհ մարդիկ կրնան Եհովան ճանչնալ եւ Իրեն հետ մտերմութիւն վայելել։ Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս այս ճշմարտութիւնը կը շեշտեն։ Պօղոս գրեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։6-9)։ Յիսուսի փրկանքի զոհը հայթայթուեցաւ, ոչ թէ քանի որ մենք անոր արժանի ենք, այլ քանի որ շատ սիրուած ենք։ «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ», ըսաւ Յիսուս։ Ուրիշ առիթով ան նշեց. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 6։44. 14։6)։ Սուրբ հոգիին միջոցով է որ Եհովան անհատները իրեն կը քաշէ Յիսուսի միջոցաւ եւ իրենց կ’օգնէ որ իր սիրոյն մէջ մնան, յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալով (կարդա՝ Յուդա 20, 21)։ Նկատի առ նաեւ ուրիշ կերպ մը, որով Եհովան մեզ իրեն կը քաշէ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԳՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔԻՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ՄԵԶ ԻՐԵՆ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ

10. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ մօտենալու։

10 Այս յօդուածին մէջ, մինչեւ հիմա Աստուածաշունչի 14 գիրքերէ համարներ մէջբերեցինք կամ նշեցինք։ Առանց Աստուածաշունչին, ինչպէ՞ս պիտի գիտնայինք թէ մեր Ստեղծիչին կրնանք մօտենալ։ Առանց անոր, ինչպէ՞ս պիտի տեղեկանայինք փրկանքին մասին եւ թէ Յիսուսի միջոցաւ Եհովան մեզ Իրեն կը մօտեցնէ։ Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ Աստուածաշունչը գրուեցաւ, որ մեզի կը յայտնէ Եհովայի գրաւիչ անձնաւորութիւնը եւ իր հոյակապ նպատակները։ Օրինակ, Ելից 34։6, 7–ի մէջ, Եհովան ինքզինք Մովսէսին նկարագրեց որպէս «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող»։ Ո՞վ այսպիսի անձով պիտի չհրապուրուէր։ Եհովան գիտէ թէ որքա՛ն աւելի Աստուածաշունչէն իր մասին սորվինք, այնքան աւելի մեզի իրական պիտի դառնայ եւ իրեն աւելի մօտ պիտի զգանք։

11. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Աստուծոյ յատկութիւններն ու ճամբաները սորվիլ (տե՛ս բացման պատկերը)։

11 Բացատրելով թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձգտիլ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենալ, Եհովայի մօտեցիր գրքին նախաբանը կը նշէ. «Մեր կերտած որեւէ բարեկամութեան մէջ, կապին հաստատուիլը կախեալ է անհատը ճանչնալէն եւ անոր առանձնայատկութիւնները գնահատելէն ու արժեւորելէն։ Ուստի Աստուածաշունչին մէջ յայտնուած Աստուծոյ յատկութիւններն ու ճամբաները, ուսումնասիրութեան կարեւոր մարզ են»։ Անոր համար, որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան իր Խօսքը այնպիսի կերպով գրել տուաւ որ մարդիկ ըմբռնեն։

12. Եհովան ինչո՞ւ Աստուածաշունչը գրելու համար մարդիկ գործածեց։

12 Եհովան կրնար հրեշտակներ գործածել, որ Սուրբ Գրութիւնները գրէին։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք մեզմով ու մեր գործունէութիւններով խորապէս հետաքրքրուած են (Ա. Պետ. 1։12)։ Անկասկած, հրեշտակները կրնային մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամը գրի առնել։ Բայց արդեօք պիտի կարենայի՞ն հարցերը մարդկային տեսանկիւնէն դիտել։ Անոնք պիտի կարենայի՞ն մեր կարիքները, տկարութիւնները եւ տենչանքները հասկնալ։ Ո՛չ. Եհովան այս առնչութեամբ անոնց սահմանափակումները գիտէր։ Թոյլ տալով որ մարդի՛կ Աստուածաշունչը գրեն, Եհովան զայն մեզի համար աւելի անձնական դարձուց։ Կրնանք Աստուածաշունչի գրողներուն եւ անձնաւորութիւններուն մտածումներն ու զգացումները հասկնալ։ Կրնանք կարեկցիլ երբ կը կարդանք իրենց յուսախաբութիւններուն, կասկածներուն, վախերուն եւ թերութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ հրճուիլ՝ իրենց ուրախութիւններով եւ յաջողութիւններով։ Եղիա մարգարէին նման, Աստուածաշունչի բոլոր գրողները «մեզի պէս կրքերու ենթակայ» էին (Յակ. 5։17

Յովնանի ու Պետրոսի հետ Եհովային գործառնութիւնները ինչպէ՞ս քեզ իրեն կը մօտեցնեն (տե՛ս պարբերութիւն 13, 15)

13. Յովնանի աղօթքը ինչպէ՞ս սրտիդ կը խօսի։

13 Օրինակ, նկատի առ թէ արդեօք հրեշտակ մը պիտի կարենա՛ր լիովին հաղորդել Յովնանի զգացումները, երբ աստուածատուր նշանակումը չկատարեց։ Որքա՜ն աւելի լաւ եղաւ որ Եհովան Յովնանի գրել տուաւ իր իսկ պատմութիւնը, ներառեալ՝ ծովին խորքէն իր ջերմեռանդ աղօթքը։ Յովնան ըսաւ. «Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի» (Յովն. 1։3, 10. 2։1-9

14. Ինչո՞ւ կրնանք հասկնալ ինչ որ Եսային ինքն իր մասին ըսաւ։

14 Նաեւ նկատէ թէ Եհովան Եսայի մարգարէին ի՛նչ թոյլատրեց որ գրէ։ Տեսիլքով մը Աստուծոյ փառքը տեսնելէ ետք, մարգարէն իր մեղաւոր ըլլալուն նկատմամբ մղուեցաւ ըսելու. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, թագաւորը տեսան» (Եսա. 6։5)։ Հրեշտակ մը պիտի մղուէ՞ր այսպիսի խօսքեր ըսելու։ Բայց Եսային մղուեցա՛ւ, եւ իր զգացումները կրնանք ըմբռնել։

15, 16. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ընկեր արարածներուն զգացումները հասկնալ. օրինակներ տուր։ բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային աւելի մօտենանք։

15 Հրեշտակները պիտի կարենայի՞ն ըսել թէ իրենք ‘արժանի չեն’՝ ինչպէս Յակոբ ըսաւ, կամ թէ «մեղաւոր» են՝ ինչպէս Պետրոս զգաց (Ծն. 32։10. Ղուկ. 5։8)։ Անոնք պիտի վախնայի՞ն՝ ինչպէս Յիսուսի աշակերտները «վախցան», կամ հակառակութեան դիմաց բարի լուրը քարոզելու համար կարիքը պիտի ունենայի՞ն ‘համարձակութեամբ’ լեցուելու՝ ինչպէս Պօղոս եւ ուրիշներ ըրին (Յովհ. 6։19. Ա. Թես. 2։2)։ Ո՛չ. հրեշտակները գերմարդկային եւ ամէն կերպով կատարեալ են։ Սակայն երբ անկատար մարդիկ այսպիսի զգացումներ կ’արտայայտեն, մենք իրենց զգացումները անմիջապէս կը հասկնանք, քանի որ մենք ալ մարդ ենք։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք, իսկապէս կրնանք ‘խնդացողներուն հետ խնդալ եւ լացողներուն հետ լալ’ (Հռով. 12։15

16 Եթէ իր անցեալի հաւատարիմ ծառաներուն հետ Եհովայի գործառնութեանց մասին կարդանք ու խոկանք, անհամար հիանալի բաներ պիտի սորվինք մեր Աստուծոյն մասին, որ համբերութեամբ եւ սիրալիրօրէն այդ անկատար մարդոց մօտեցաւ։ Այսպիսով Եհովան շատ լաւ պիտի ճանչնանք եւ զինք խորապէս պիտի սիրենք։ Առ ի արդիւնք, պիտի կարենանք իրեն աւելի մօտենալ (կարդա՛ Սաղմոս 25։14

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԱՆԽԱԽՏ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԷ

17. ա) Ազարիա Ասային ի՞նչ լաւ խրատ տուաւ։ բ) Ասա ինչպէ՞ս Ազարիային խրատը անտեսեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

17 Ասա թագաւոր եթովպիական բանակին վրայ աչքառու յաղթանակ տանելէ ետք, Աստուծոյ Ազարիա մարգարէն իրեն ու ժողովուրդին հետեւեալ իմաստուն խօսքերը ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու» (Բ. Մն. 15։1, 2)։ Սակայն Ասա յետագային այդ լաւ խրատին չհետեւեցաւ։ Երբ հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը իրեն սպառնաց, Ասա օգնութեան համար ասորիներուն դիմեց։ Փոխանակ անգամ մը եւս Եհովայէն օգնութիւն խնդրելու, ան ուզեց հեթանոսներուն հետ դաշինք կնքել։ Տեղին ըլլալով՝ Ասայի ըսուեցաւ. «Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։ Ասայի իշխանութեան մնացեալ տարիները շարունակ պատերազմներով յատկանշուեցան (Բ. Մն. 16։1-9)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը քաղենք։

18, 19. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ թոյլ տուած ենք որ մեր ու Աստուծոյ միջեւ հեռաւորութիւն մը ըլլայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային աւելի մօտենալ։

18 Եհովայէն բնաւ պէտք չէ հեռանանք։ Եթէ թոյլ տուած ենք որ իր ու մեր միջեւ հեռաւորութիւն մը ըլլայ, պէտք է գործենք Ովսէէ 12։7–ի (ԱԾ) համաձայն, որ կ’ըսէ. «Վերադարձի՛ր քու Աստուծոյդ, պահէ՛ կարեկցութիւնն ու իրաւունքը, եւ շա՛րունակ յուսա քու Աստուծոյդ»։ Ուստի Եհովային ա՛լ աւելի մօտենանք, գնահատութեամբ խոկալով փրկանքին վրայ եւ ժրաջանութեամբ սերտելով իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը (կարդա՛ Բ. Օրինաց 13։4

19 Սաղմոսերգուն գրեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղ. 73։28)։ Թող որ բոլորս շարունակենք Եհովայի մասին նոր բաներ սորվիլ եւ ա՛լ աւելի գնահատենք զինք սիրելու բազմաթիւ պատճառները։ Եւ մեր սրտագին փափաքն է որ Եհովան մեզի ա՛լ աւելի մօտենայ այսօր եւ առյաւէտ։

^ պարբ. 3 Տե՛ս Ասայի մասին՝ «Ձեր գործին վարձք կայ» խորագրով յօդուածը, Դիտարան–ի 15 օգոստոս 2012 թիւին մէջ (անգլերէնով)։