Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Եւրեքա տրամա»ն շատերուն օգնեց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնեն

«Եւրեքա տրամա»ն շատերուն օգնեց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գտնեն

«ԵՒՐԵՔԱ՜»։ Այս մէկ բառը կը նշանակէ. «Գտա՜յ»։ 19–րդ դարուն Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ մէջ ոսկիի տենդի ժամանակ, այս բացագանչութիւնը կը լսուէր եթէ ոսկեխոյզ մը ոսկի գտնէր։ Սակայն Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ ընկերակից Աստուածաշունչի Աշակերտներ շատ աւելի արժէքաւոր բան մը գտած էին,– Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը։ Եւ անոնք կը տենչային զայն ուրիշներու հետ բաժնել։

1914–ի ամրան, մեծ քաղաքներու մէջ արդէն իսկ միլիոնաւորներ դիտած էին «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը»,– 8 ժամ տեւող ցուցադրութիւն մը, արտադրուած՝ Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտներու ընկերութեան կողմէ (ԱՄԱԸ)։ Իր ապշեցուցիչ շարժապատկերներով, գունաւոր սահիկներով, սքանչելի պատմութիւններով եւ գեղեցիկ դասական երաժշտութեամբ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած այս ներկայացումը հանդիսատեսներուն ցոյց տուաւ ստեղծագործութենէն մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութիւնը (Յայտ. 20։4) *։

Որպէսզի գիւղաքաղաքներու եւ գիւղական շրջաններու մէջ ապրող ճշմարտութեան–ծարաւ եղողները այս առիթը չփախցնեն, օգոստոս 1914–ին ԱՄԱԸ–ը ի լոյս ընծայեց «Եւրեքա տրամա»ն,– «Պատկերատրամ»ին դիւրատար տարբերակը, որ շարժապատկերներ չունէր։ «Եւրեքա տրամա»ն երեք տարբերակ ունէր եւ իւրաքանչիւրը քանի մը լեզուով մատչելի էր. «Եւրեքա X»ը ամբողջ արձանագրուած պատմութիւնն ու երաժշտութիւնը կը պարունակէր։ «Եւրեքա Y»ը բոլոր ձայնագրութիւնները եւ գունաւոր սահիկները կը պարունակէր։ Իսկ «Եւրեքա ընտանեկան տրամա»ն, որ տուներու մէջ գործածուելու համար էր, ամփոփ պատմութիւն եւ օրհներգներ կը պարունակէր։ Նաեւ կարելի էր աժան ֆոնոկրաֆներ եւ ցուցադրող սարքեր ձեռք ձգել։

Լուսարձակ մը կը գործածուէր գունաւոր սահիկները ցուցադրելու համար

Առանց ֆիլմի լուսարձակի կամ մեծ պաստառի կարիքը ունենալու, Աստուածաշունչի Աշակերտները կրնային այս ձրի ներկայացումը գիւղերը տանիլ, Թագաւորութեան պատգամը նոր թաղամասերու հասցնելով։ «Եւրեքա X»ի ձայնագրութիւնները կրնային աշխատցուիլ թէ՛ ցերեկը եւ թէ գիշերը։ «Եւրեքա Y»ի սահիկի լուսարձակը կրնար առանց ելեկտրականութեան աշխատիլ, գործածելով բնածխիտով լապտեր։ «Այս պատկերները կրնանք գրեթէ ամէն տեղ ցուցադրել», նշեց տեղեկագրութիւն մը ֆիններէն Դիտարան–ին մէջ։ Ատիկա որքա՜ն ճիշդ էր։

Փոխանակ մեծ թատերասրահներ վարձելու, բազմահնար Աստուածաշունչի Աշակերտներ յաճախ կը գտնէին ձրիաբար մատուցուած դիւրութիւններ, ինչպէս՝ դպրոցի դասարաններ, դատարաններ, երկաթուղիի կայարաններ եւ նոյնիսկ մեծ տուներու հիւրասենեակներ։ Շատ մը ցուցադրութիւններ բացօթեայ տեղեր տեղի ունեցան, գործածելով ճերմակ կտաւէ շինուած մեծ «պաստառ» մը, մթերանոցին կողմը կախուած։ Անթոնի Հէմպուք գրեց. «Հողագործներ իրենց մրգաստանին մէջ պզտիկ ‘սրահ մը’ կը կառուցանէին, գերաններով նստարանի շարքեր ընելով, ուր մարդիկ կրնային նստիլ եւ յայտագիրը ունկնդրել»։ Այս «Եւրեքա» խումբը գործածեց «Տրամայի բեռնակառք»ը՝ իրենց գործիքներուն, ուղեբեռին, եւ բանակելու ու ճաշ եփելու սարքերուն համար։

«Եւրեքա»յի հանդիսատեսները երբեմն քանի մը հոգի էին, եւ երբեմն՝ հարիւրաւորներ։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 150 բնակիչ ունեցող գիւղի մը մէջ, 400 հոգի ներկայ գտնուեցաւ, երբ «Եւրեքա»ն նախակրթարանի մը մէջ քանի մը անգամ ներկայացուեցաւ։ Ուրիշ տեղ, ոմանք 8 քմ. քալեցին «Եւրեքա տրամա»ն դիտելու համար։ Շուէտի մէջ, Շարլոթ Ալպերկի դրացիները, որոնք իր պզտիկ տան մէջ հաւաքուած էին, ձայնագրութիւնները ունկնդրելով «իսկապէս զգացուեցան»։ Իսկ Աւստրալիոյ հեռաւոր մէկ հանքագործութեան քաղաքին մէջ, ներկայացումին շուրջ 1500 անհատներ ներկայ գտնուեցան։ Դիտարան–ը տեղեկագրեց թէ բարձրագոյն վարժարաններու եւ քոլեճներու մէջ, «փրոֆէսորներ ու աշակերտներ պատկերներով եւ ֆոնոկրաֆի հոյակապ արձանագրութիւններով հրապուրուեցան»։ «Եւրեքա տրամա»ն հանրածանօթ եղաւ նոյնիսկ սինեմա ունեցող շրջաններու մէջ։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՄԵՐԸ ՄՇԱԿԵԼ

«Եւրեքա տրամա»ն ազդու գործիք մը դարձաւ «Դասարանի յաւելեալ գործ»ին մէջ, ուր Աստուածաշունչի Աշակերտներու դասարան մը դասախօսներ կը ղրկէր, ուսումնասիրութեան նոր դասարաններ սկսելու համար։ Դժուար է գիտնալ թէ քանի՛ հոգի «Եւրեքա տրամա»ն դիտեց։ «Տրամա»յի շատ մը օրինակներ տեւական կը գործածուէին։ 1915–ին, 86 «Տրամա» խումբերէն միայն 14–ը կանոնաւորաբար կը տեղեկագրէին։ Հակառակ կիսակատար թիւերուն, տարուան վերջաւորութեան եղած հաշիւները ցոյց տուին, թէ աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ «Տրամա»ն դիտած էին։ Շուրջ 30,000 անհատներ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ խնդրած էին։

«Եւրեքա տրամա»ն թերեւս պատմութեան մէջ թեթեւ ոտնահետք ձգեց, բայց ակներեւաբար՝ Աւստրալիայէն մինչեւ Արժանթին, Հարաւային Ափրիկէէն մինչեւ Բրիտանական Կղզիներ, Հնդկաստան, եւ Քարայիպեան կղզիներ, միլիոնաւորներ այս իւրայատուկ ներկայացումը դիտեցին։ Անոնցմէ շատեր գտան Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը, որ ոսկիէն աւելի թանկարժէք է, եւ կրնային բացագանչել. «Եւրեքա՜»։

^ պարբ. 4 Տե՛ս ‘Մեր արխիւէն. «Ստեղծագործութեան պատկերատրամ»ին 100–ամեակը’ յօդուածը, Դիտարան–ի 15 փետրուար 2014 թիւին մէջ, էջ 30-32։