Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կիները ի՞նչ դեր ունին Եհովայի նպատակին մէջ

Կիները ի՞նչ դեր ունին Եհովայի նպատակին մէջ

«Աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան» (ՍԱՂ. 68։11, ԱԾ

1, 2. ա) Աստուած Ադամին ի՞նչ պարգեւներ տուաւ։ բ) Աստուած ինչո՞ւ Ադամին կին մը շնորհեց (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՀՈՎԱՆ երկրագունդը նպատակի մը համար ստեղծեց։ Ան զայն «բնակութեան համար կազմեց» (Եսա. 45։18)։ Իր մարդկային առաջին ստեղծագործութիւնը՝ Ադամ, կատարեալ էր եւ ունէր գեղեցիկ տուն մը,– Եդեմի պարտէզը։ Ադամի համար որքա՜ն հաճոյալի էին անոր մշտադալար ծառերը, հոսող վտակները եւ զուարթ կենդանիները։ Բայց ան շատ կարեւոր բանի մը կը կարօտէր։ Եհովան յայտնեց զայն՝ ըսելով. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»։ Այն ատեն Աստուած խորունկ քունի մը մէջ ձգեց Ադամը, եւ անոր կողոսկրներէն մէկը առաւ ու զայն «կին շինեց»։ Երբ Ադամ արթնցաւ, որքա՜ն ուրախացաւ։ «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է», ըսաւ ան։ «Ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ» (Ծն. 2։18-23

2 Աստուծոյ այս պարգեւը՝ կինը՝ իւրայատուկ էր, քանի որ տղամարդուն կատարեալ օգնականը պիտի ըլլար։ Ան նաեւ զաւակ ծնանելու մասնայատուկ առանձնաշնորհումը պիտի ունենար։ Արդարեւ, «Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր» (Ծն. 3։20)։ Աստուած այդ առաջին մարդկային զոյգին ի՜նչ հիանալի պարգեւ մը տուաւ։ Անոնք կատարեալ զաւակներ ունենալու կարողութիւնը ունէին։ Այսպիսով, երկրագունդը ի վերջոյ պիտի դառնար դրախտ մը՝ կատարեալ մարդոցմով բնակուած, որոնք այլ ապրող էակներու պիտի տիրապետէին (Ծն. 1։27, 28

3. ա) Աստուծմէ օրհնուելու համար, Ադամ ու Եւա ի՞նչ պէտք էր ընէին, բայց ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Վերապահուած օրհնութիւնները ստանալու համար, հարկ էր որ Ադամ ու Եւա Եհովային հնազանդէին եւ իր իշխանութիւնը ընդունէին (Ծն. 2։15-17)։ Միայն այդ պարագային էր որ պիտի կարենային իրենց առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակը իրագործել։ Սակայն ցաւօք սրտի, «առաջուան օձ»ին՝ Սատանային ազդեցութեան ներքեւ, անոնք Աստուծոյ դէմ մեղանչեցին (Յայտ. 12։9. Ծն. 3։1-6)։ Այս ըմբոստութիւնը կին դասակարգին ինչպէ՞ս ազդած է։ Վաղեմի աստուածավախ կիները ի՞նչ իրագործեցին։ Եւ ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ այժմու քրիստոնեայ կիները «մեծ զօրաբաժին» են (Սաղ. 68։11, ԱԾ

ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ ՆՇԱՆԱԿԱԾ Է

4. Առաջին մարդկային զոյգին մեղքին համար ո՞վ պատասխանատու սեպուեցաւ։

4 Երբ Ադամէն հաշիւ պահանջուեցաւ իր ըմբոստութեան համար, ան այս տկար չքմեղանքը տուաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ» (Ծն. 3։12)։ Ադամ ոչ միայն իր մեղքին պատասխանատուութիւնը չընդունեց, այլեւ փորձեց մեղադրանքը դնել թէ՛ կնոջ վրայ եւ թէ սիրալիր Պարգեւողին վրայ։ Ադամ ու Եւա երկուքն ալ մեղանչեցին, բայց Ադա՛մ պատասխանատու սեպուեցաւ իրենց յանցագործութեան համար։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ «մարդէ մը [Ադամ] մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը» (Հռով. 5։12

5. Մարդակերտ իշխանութեան արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

5 Սատանան մարդկային առաջին զոյգը համոզեց թէ պէտք չունին որ Եհովան իրենց վրայ իշխէ։ Ասիկա գերիշխանութեան նկատմամբ հետեւեալ կարեւոր հարցումը յարուցանեց. ո՞վ իշխելու իրաւունքը ունի։ Մէկ անգամ ընդմիշտ պատասխանելու համար, Աստուած թոյլ տուաւ որ ատեն մը մարդիկ իրմէ անկախ իրե՛նք իրենց վրայ իշխեն։ Ան գիտէր որ փորձառութիւնը ցոյց պիտի տար, թէ այսպիսի իշխանութիւն պիտի ձախողէր։ Դարերու ընթացքին, այս իշխանութիւնը մարդկային ընկերութիւնը մէկ աղէտէն միւսին առաջնորդած է։ Միայն անցեալ դարուն, շուրջ 100,000,000 մարդիկ պատերազմներու պատճառաւ մեռան,– եւ ասիկա կը պարփակէ միլիոնաւոր անմեղ տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ։ Ուստի, արդէն իսկ հսկայ ապացոյց կայ թէ «քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Եր. 10։23)։ Այս իրողութեան գիտակցելով, Եհովան կ’ընդունինք որպէս մեր Իշխանը (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6

6. Շատ մը երկիրներու մէջ, աղջիկներուն հանդէպ ի՞նչ վերաբերմունք կը ցուցաբերուի։

6 Սատանային իշխանութեան ներքեւ եղող այս աշխարհին մէջ, թէ՛ տղամարդոց ու թէ կիներուն նկատմամբ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերուած է (Ժող. 8։9. Ա. Յովհ. 5։19)։ Կիները ամէնէն ահռելի ոճիրներէն ոմանց զոհը գացած են։ Աշխարհի տարածքին, կիներուն շուրջ 30 տոկոսը կը տեղեկագրէ, թէ ընկերակիցի կողմէ յարձակման ենթարկուած է։ Կարգ մը համայնքներու մէջ, տղայ զաւակը աւելի կ’արժեւորուի քան աղջիկ զաւակը, քանի որ կ’ըսուի թէ երբ ան մեծնայ, իր ընտանիքին մականունը պիտի պահպանէ եւ տարեց ծնողներուն եւ մեծ հօր ու մեծ մօր հոգ պիտի տանի։ Որոշ երկիրներու մէջ, աղջիկ զաւակները անարժէք են եւ տղոցմէ աւելի վիժեցման կ’ենթարկուին։

7. Աստուած թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներուն ինչպիսի՞ սկիզբ տուաւ։

7 Կիներուն հետ գէշ կերպով վարուիլը վստահաբար Աստուած չի հաճեցներ։ Ան կիները կը յարգէ, ինչպէս կ’ապացուցանէ այն իրողութիւնը, թէ Եւա ստեղծուեցաւ կատարեալ եւ այնպիսի յատկութիւններով, որոնք զինք դարձուցին ոչ թէ Ադամի ստրուկը, հապա անոր հոյակապ լրացուցիչը։ Ասիկա պատճառ մըն է թէ ինչո՛ւ, վեցերորդ ստեղծագործական օրուան վերջաւորութեան, Աստուած «իր բոլոր ըրածը տեսաւ. ահա շատ բարի էր» (Ծն. 1։31)։ Այո, Եհովայի «բոլոր ըրածը. . . շատ բարի էր»։ Ան թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներուն լաւ սկիզբ մը տուաւ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑՈՂ ԿԻՆԵՐ

8. ա) Նկարագրէ առհասարակ մարդոց վարուելակերպը։ բ) Պատմութեան ընթացքին, Աստուած որո՞նց հաճած է։

8 Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ետք, ընդհանուր առմամբ տղամարդոց եւ կիներուն վարուելակերպը վատթարացաւ, եւ անցեալ դարու ընթացքին՝ շա՜տ աւելի գէշ եղաւ։ Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ «վերջին օրեր»ուն ամբարիշտ վարքը պիտի տիրէր։ Մարդոց յանցագործութիւնները այնքան շատցած են, որ իսկապէս կրնանք ըսել թէ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Սակայն մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, «Տէր Եհովա» հաճած է այն տղամարդոց ու կիներուն, որոնք իրեն վստահած են, իր օրէնքներուն հնազանդած են, եւ իրեն հպատակած են որպէս իրենց Իշխանը (կարդա՛ Սաղմոս 71։5

9. Ջրհեղեղէն քանի՞ հոգի վերապրեցաւ, եւ ինչո՞ւ։

9 Երբ Աստուած Ջրհեղեղով վայրագ աշխարհը կործանեց, փոքրաթիւ մարդիկ վերապրեցան։ Եթէ Նոյի եղբայրներն ու քոյրերը այդ ատեն տակաւին ողջ էին, իրենք ալ խեղդամահ եղան (Ծն. 5։30)։ Միայն 4 տղամարդ ու 4 կին վերապրեցան. Նոյ, իր կինը, իր երեք որդիները եւ անոնց կիները։ Անոնք պահպանուեցան, քանի որ Աստուծմէ կը վախնային եւ իր կամքը կը կատարէին։ Այժմ ապրող միլիառաւոր մարդիկը սերած են այդ ութ անհատներէն, որոնք Եհովայի աջակցութիւնը ունէին (Ծն. 7։7. Ա. Պետ. 3։20

10. Ինչո՞ւ հաւատարիմ նահապետներուն աստուածավախ կիները Եհովայի աջակցութիւնը ունէին։

10 Տարիներ ետք, հաւատարիմ նահապետներուն աստուածավախ կիները եւս Աստուծոյ աջակցութիւնը ունէին։ Պարագան այսպէս պիտի չըլլար եթէ անոնք քրթմնջողներ ըլլային (Յուդա 16)։ Դժուար է պատկերացնել թէ Աբրահամի յարգալից կինը՝ Սառան տրտնջաց, երբ Ուր քաղաքի բարգաւաճ կեանքը ձգեցին եւ ուրիշ երկրի մը մէջ վրաններու տակ ապրեցան։ Փոխարէն, «Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր» (Ա. Պետ. 3։6)։ Նկատի առ նաեւ Ռեբեկան, որ Եհովայէն տրուած պարգեւ մըն էր եւ սքանչելի կին մը եղաւ։ Զարմանալի չէ որ Իսահակ «սիրեց զանիկա։ Ու. . . մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով» (Ծն. 24։67)։ Եւ այժմ որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր մէջ ունինք աստուածավախ կիներ, որոնք Սառայի ու Ռեբեկայի նման են։

11. Երկու եբրայեցի մանկաբարձներ ինչպէ՞ս քաջութիւն ցուցաբերեցին։

11 Եգիպտոսի մէջ իրենց ստրկութեան տարիներուն ընթացքին, իսրայէլացիները թիւով խիստ շատցան, եւ փարաւոն հրաման արձակեց որ բոլոր եբրայեցի արու մանուկները սպաննուին՝ հազիւ որ ծնին։ Սակայն, նկատի առ եբրայեցի մանկաբարձները՝ Սեփրա ու Փուա, որոնք հաւանաբար դայեակներուն վրայ կը վերահսկէին։ Անոնք քաջաբար մերժեցին մանկասպանութիւն գործել, քանի որ Եհովայէն կ’ակնածէին։ Ուստի ան զիրենք վարձատրեց՝ իւրաքանչիւրին ընտանիք շնորհելով (Ել. 1։15-21

12. Դեբօրային եւ Յայէլին մասին ի՞նչ բան յատկանշական էր։

12 Իսրայէլի դատաւորներուն օրերուն, մարգարէուհի Դեբօրա Աստուծոյ աջակցութիւնը վայելեց։ Ան Բարակ դատաւորը քաջալերեց եւ դեր ունեցաւ իսրայէլացիներուն օգնելու մէջ որ կեղեքումէ ազատին, բայց ան նախագուշակեց թէ քանանացիներուն վրայ տարուելիք յաղթանակին համար փառքը Բարակին պիտի չերթար։ Փոխարէն, Աստուած քանանացիներու զօրագլուխը՝ Սիսարան «կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ[ր]»։ Այդպէս ալ պատահեցաւ. ոչ–իսրայէլացի կին մը՝ Յայէլ զանիկա սպաննեց (Դատ. 4։4-9, 17-22

13. Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կ’ըսէ Աբիգիայի մասին։

13 Աբիգիա ուշագրաւ կին մըն էր, որ ապրեցաւ Ք.Ա. 11–րդ դարուն։ Ան ողջամիտ էր, մինչդեռ իր ամուսինը՝ Նաբաղ խստաբարոյ, անպիտան եւ անզգամ մարդ մըն էր (Ա. Թագ. 25։2, 3, 25)։ Դաւիթ ու իր մարդիկը ատեն մը Նաբաղի ստացուածքը պաշտպանեցին, բայց երբ ուտելիք խնդրեցին, ան «խստիւ խօսեցաւ» եւ բան մը չտուաւ։ Ասիկա Դաւիթը այնքա՛ն բարկացուց, որ վճռեց Նաբաղն ու անոր մարդիկը մեռցնել։ Այս բանին տեղեկանալով, Աբիգիա ուտելիք ու խմելիք տարաւ Դաւիթին ու անոր մարդոց, արիւնահեղութեան արգելք հանդիսանալով (Ա. Թագ. 25։8-18)։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու» (Ա. Թագ. 25։32)։ Նաբաղի մահէն ետք, Դաւիթ Աբիգիայի հետ ամուսնացաւ (Ա. Թագ. 25։37-42

14. Սեղղումի աղջիկները ո՞ր գործին մասնակցեցան, եւ այժմ քրիստոնեայ կիներ ինչպէ՞ս նոյնանման բան մը կ’ընեն։

14 Շատ մը տղամարդիկ, կիներ ու երեխաներ մեռան, երբ Ք.Ա. 607–ին բաբելոնական զօրքերը Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեցին։ Ք.Ա. 455–ին, Նէեմիայի առաջնորդութեամբ քաղաքին պարիսպները վերաշինուեցան։ Այդ աշխատանքին մասնակցեցան Սեղղումի աղջիկները, որ Երուսաղէմի կէս մասին իշխանն էր (Նէ. 3։12)։ Անոնք յօժարակամ կերպով համեստ գործեր կատարեցին։ Ներկայիս, որքա՜ն կ’արժեւորենք այն քրիստոնեայ կիները, որոնք ուրախութեամբ զանազան կերպերով թիկունք կը կանգնին աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու։

ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽ ԿԻՆԵՐ

15. Աստուած Մարիամ անունով կնոջ մը ի՞նչ առանձնաշնորհում տուաւ։

15 Ք.Ե. առաջին դարը չսկսած եւ անոր ընթացքին, Եհովան հոյակապ առանձնաշնորհումներով զանազան կիներ օրհնեց։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Մարիամ անունով կոյս մը։ Մինչ Յովսէփի հետ նշանուած էր, ան հրաշալի կերպով՝ սուրբ հոգիին միջոցաւ յղի մնաց։ Աստուած ինչո՞ւ զինք ընտրեց որ Յիսուսի մայրը ըլլայ։ Անկասկած, քանի որ ունէր այն հոգեւոր յատկութիւնները, որոնք պէտք էին իր կատարեալ որդին կրթելու՝ մանկութենէն մինչեւ հասունութիւն։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում էր մայրը ըլլալ՝ երկրագունդին վրայ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն (Մատ. 1։18-25

16. Տուր օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ կիներու հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը։

16 Յիսուս կիներուն հանդէպ շատ ազնիւ էր։ Օրինակ՝ նկատի առ այն կինը, որ 12 տարիէ ի վեր արիւնահոսութիւն ունէր։ Բազմութեան մէջ, ան Յիսուսի ետեւէն մօտեցաւ ու հանդերձին դպաւ։ Փոխանակ զինք յանդիմանելու, Յիսուս ազնուութեամբ ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ» (Մար. 5։25-34

17. Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչ հրաշալի դէպք պատահեցաւ։

17 Կարգ մը կիներ, որոնք Յիսուսի աշակերտներն էին, իրեն եւ իր առաքեալներուն ծառայեցին (Ղուկ. 8։1-3)։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, շուրջ 120 տղամարդ եւ կին մասնայատուկ կերպով սուրբ հոգին ստացան (կարդա՛ Գործք 2։1-4)։ Սուրբ հոգիին այս թափուիլը նախագուշակուած էր սա խօսքերով. «Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան. . . Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ» (Յվլ. 2։28, 29)։ Պէնտէկոստէի օրը այդ հրաշալի դէպքին միջոցաւ, Աստուած ցոյց տուաւ թէ այլեւս իր հաճութիւնը հաւատուրաց իսրայէլին վրայ չէր, այլ՝ «Աստուծոյ Իսրայէլին» վրայ, որ կը բաղկանար թէ՛ տղամարդոցմէ եւ թէ կիներէ (Գաղ. 3։28. 6։15, 16)։ Առաջին դարուն, ծառայութեան մասնակցող քրիստոնեայ կիներուն մէջ կային Փիլիպպոս աւետարանիչին չորս աղջիկները (Գործք 21։8, 9

ԿԻՆԵՐՈՒ «ՄԵԾ ԶՕՐԱԲԱԺԻՆ» ՄԸ

18, 19. ա) Ճշմարիտ պաշտամունքին առնչութեամբ, Աստուած թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներուն ի՞նչ առանձնաշնորհում տուած է։ բ) Սաղմոսերգուն աւետաբեր կիներուն մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

18 1800–ական թուականներու վերջաւորութեան, կարգ մը տղամարդիկ ու կիներ ճշմարիտ պաշտամունքով խորապէս հետաքրքրուեցան։ Անոնք նախակարապետներն էին անոնց, որոնք այժմ բաժին կը բերեն Յիսուսի մարգարէական խօսքերուն կատարման մէջ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14

19 Աստուածաշունչի Աշակերտներուն այդ պզտիկ խումբը մեծնալով՝ այժմ եղած է շուրջ 8,000,000 Եհովայի վկաներ։ Աւելի քան 11,000,000 անհատներ եւս Աստուածաշունչով եւ մեր գործով կը հետաքրքրուին, ներկայ գտնուելով Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին։ Գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, ներկաներուն մեծամասնութիւնը կիներ են։ Նաեւ, աշխարհի տարածքին աւելի քան 1,000,000 լիաժամ ծառաներուն մեծ մասը կիներ են։ Աստուած իսկապէս հաւատարիմ կիներուն առանձնաշնորհում տուած է մասնակցելու սաղմոսերգուի խօսքերուն կատարման. «Տէրը պատգամ տուաւ աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան» (Սաղ. 68։11, ԱԾ

Բարի լուրը ծանուցանող կիները իսկապէս «մեծ զօրաբաժին» են (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

ԱՍՏՈՒԱԾԱՎԱԽ ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԱԾ ՄԵԾ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

20. Ուսումնասիրութեան ի՞նչ յայտագիրներ կ’արժէ նկատի առնել։

20 Այս յօդուածով չենք կրնար Աստուածաշունչի նշած բազմաթիւ հաւատարիմ կիներուն մասին խօսիլ։ Բայց բոլորս ալ կրնանք անոնց մասին տեղեկանալ, կարդալով Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր հրատարակութիւնները։ Օրինակ՝ կրնանք Հռութի հաւատարմութեան վրայ խոկալ (Հռութ 1։16, 17)։ Եսթեր թագուհիին մասին եղած գրութիւնները կրնան մեր հաւատքը զօրացնել։ Ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրին մէջ այսպիսի ուսումնասիրութեան ծրագիրներ պարփակելով կրնանք օգտուիլ։ Եթէ առանձին կ’ապրինք, կրնանք անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին այսպիսի նիւթեր նկատի առնել։

21. Դժուար ժամանակներուն, աստուածավախ կիներ ինչպէ՞ս Եհովայի հանդէպ իրենց նուիրուածութիւնը ցոյց տուած են։

21 Եհովան անկասկած կ’օրհնէ քրիստոնեայ կիներուն քարոզչութիւնը եւ փորձութեան ատեն իրենց թիկունք կը կանգնի։ Օրինակ՝ իր օգնութեամբ, նացի եւ համայնավար իշխանութիւններուն ներքեւ աստուածավախ կիներ իրենց ուղղամտութիւնը պահպանեցին, մինչ իրենցմէ շատեր տառապեցան եւ ոմանք նոյնիսկ իրենց կեանքը կորսնցուցին՝ քանի որ Աստուծոյ հնազանդ էին (Գործք 5։29)։ Ներկայիս, ինչպէս անցեալին, մեր քոյրերը եւ բոլոր հաւատակիցները Աստուծոյ գերիշխանութիւնը վեր կը բռնեն։ Վաղեմի իսրայէլացիներուն պարագային նման, ան կարծես թէ անոնց աջ ձեռքէն կը բռնէ ու կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ» (Եսա. 41։10-13

22. Ի՞նչ ապագայ առանձնաշնորհումներ կը սպասեն մեզի։

22 Մօտ ապագային, աստուածավախ տղամարդիկ ու կիներ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածեն եւ միլիոնաւոր յարուցեալներու պիտի օգնեն, որ Եհովայի նպատակներուն մասին սորվին։ Մինչ այդ, ըլլա՛նք արու թէ էգ, թող որ «ուս–ուսի» Եհովային ծառայելու մեր առանձնաշնորհումը արժեւորենք (Սոփ. 3։9, ՆԱ