Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վերադարձիր եւ ‘եղբայրներդ հաստատէ’

Վերադարձիր եւ ‘եղբայրներդ հաստատէ’

ՅԻՍՈՒՍԸ ուրանալէ ետք, Պետրոս դառնապէս լացաւ։ Թէեւ ան իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը վերագտնելու համար պէտք էր պայքարէր, սակայն Յիսուս ուզեց ուրիշներու օգնելու համար զինք գործածել։ Ուստի ան Պետրոսին ըսաւ. «Երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատ[է]» (Ղուկ. 22։32, 54-62)։ Պետրոս ջանք թափեց եւ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին սիւներէն մէկը դարձաւ (Գաղ. 2։9)։ Նմանապէս, եղբայր մը՝ որ նախապէս որպէս երէց ծառայած է, թերեւս կրնայ անգամ մը եւս այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ ուրախութիւն գտնել, հաւատակիցները հոգեւորապէս զօրացնելով։

Ոմանք, որոնք ատեն մը որպէս տեսուչներ ծառայած են, եւ ապա պաշտօնազրկուած են, ձախող ըլլալու զգացումը ունեցած են։ Հուլիօ *, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ աւելի քան 20 տարի որպէս երէց ծառայեց, ըսաւ. «Դասախօսութիւններ պատրաստելը, եղբայրներուն այցելելը եւ ժողովքի անդամները հովուելը, կեանքիս մեծ մասը լեցուցած էին։ Յանկարծ զայն կորսնցուցի, եւ կեանքիս մէջ մե՜ծ պարապութիւն եղաւ։ Ասիկա ցնցիչ ժամանակամիջոց մըն էր»։ Այժմ, Հուլիօ դարձեալ որպէս երէց կը ծառայէ։

«ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ ԲԱՆ ՍԵՊԵՑԷՔ»

Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք» (Յակ. 1։2)։ Յակոբոս կ’ակնարկէր փորձութիւններու, որոնք հալածանքէն եւ մեր անկատարութենէն յառաջ կու գան։ Ան նշեց անձնասէր ցանկութիւններ, աչառութիւն ընել, եւ այլն (Յակ. 1։14. 2։1. 4։1, 2, 11)։ Երբ Եհովան մեզ խրատէ, ասիկա կրնայ տրտմարար ըլլալ (Եբ. 12։11)։ Բայց այսպիսի փորձութիւններ պէտք չէ մեր ուրախութիւնը խլեն։

Նոյնիսկ եթէ ժողովքին մէջ որոշ պատասխանատուութիւն մը մեզմէ առնուած է, տակաւին պատեհութիւն ունինք մեր հաւատքին որակը քննելու եւ Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերելու։ Կրնանք նաեւ խոկալ թէ ինչո՛ւ այդ հանգամանքով ծառայեցինք։ Արդեօք մեր անձնական շա՞հը կը փնտռէինք, թէ ոչ Աստուած կը սիրէինք եւ համոզուած էինք թէ ժողովքը իրեն կը պատկանի ու ջերմ հոգածութեան արժանի է (Գործք 20։28-30)։ Նախապէս երէց եղող եղբայրները, որոնք ուրախութեամբ կը շարունակեն սուրբ ծառայութիւն մատուցանել, կը փաստեն բոլորին, ներառեալ՝ Սատանային, թէ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը անկեղծ է։

Երբ Դաւիթ թագաւոր խրատուեցաւ՝ լուրջ մեղքեր գործելուն պատճառով, ան յանդիմանութիւնը ընդունեց եւ ներում ստացաւ։ Ան տաղերգեց. «Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ» (Սաղ. 32։1, 2)։ Խրատը Դաւիթը յղկեց եւ անկասկած Աստուծոյ ժողովուրդին ա՛լ աւելի լաւ հովիւ մը դարձուց։

Յաճախ այն եղբայրները, որոնք որպէս երէց ծառայելու պատասխանատուութիւնը կը վերստանան, առաջուընէ աւելի լաւ հովիւներ կը դառնան։ «Այժմ աւելի լաւ կը հասկնամ սխալ մը ընողներուն ինչպէ՛ս հոգ տանիլ», ըսաւ այդպիսի երէց մը։ Ուրիշ երէց մը նշեց. «Այժմ եղբայրներուն ծառայելու առանձնաշնորհումս ա՛լ աւելի կ’արժեւորեմ»։

ԿՐՆԱ՞Ս ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

Սաղմոսերգուն գրեց. «Եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ Բայց քու քովդ է թողութիւնը» (Սաղ. 130։3, 4)։ Ուստի պէտք չէ խորհինք թէ Աստուած այլեւս լուրջ սխալ գործողին բնաւ պիտի չվստահի։ «Ձախողութիւնս զիս մեծապէս յուսախաբ ըրաւ», կ’ըսէ Ռիքարտօ, որ տարիներ շարունակ որպէս երէց ծառայելէ ետք, այդ առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ «Երկար ատեն անատակութեան զգացումներս արգելք հանդիսացան, որ անգամ մը եւս եղբայրներուն ծառայեմ որպէս տեսուչ։ Ինքնավստահութիւն չունէի որ կրնա՛մ նորէն փաստել թէ վստահելի եմ։ Բայց քանի որ ուրիշներուն օգնելը ինծի համար հաճոյք է, կրցայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել, Թագաւորութեան սրահին մէջ եղբայրները քաջալերել եւ դաշտի ծառայութեան մէջ իրենց հետ ծառայել։ Ասիկա ինծի օգնեց որ ինքնավստահութիւնս վերագտնեմ, եւ այժմ դարձեալ որպէս երէց կը ծառայեմ»։

Եհովան եղբայրներու օգնած է, որ իրենց ուրախութիւնը վերագտնեն եւ դարձեալ ծառայելու փափաքը նորոգեն

Զայրանալը կրնայ եղբօր մը արգելք հանդիսանալ որ որպէս երէց ծառայէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է Եհովայի ծառային՝ Դաւիթին պէս ըլլալ, որ ստիպուեցաւ նախանձոտ Սաւուղ թագաւորին երեսէն փախչիլ։ Դաւիթ մերժեց Սաւուղէն վրէժ առնել, նոյնիսկ երբ պատեհութիւններ ներկայացան (Ա. Թագ. 24։5-8. 26։8-12)։ Երբ Սաւուղ պատերազմի մէջ մեռաւ, Դաւիթ ողբաց, իրեն եւ Յովնաթանին ակնարկելով որպէս «շատ սիրելի ու հաճելի» անձեր (Բ. Թագ. 1։21-23)։ Արդարեւ Դաւիթ ոխակալ չէր։

Եթէ կը խորհիս թէ թիւրիմացութեան կամ անիրաւութեան զոհ գացած ես, թոյլ մի՛ տար որ զայրոյթը մտքիդ տիրէ։ Օրինակ, երբ որպէս երէց Ուիլիամի պատասխանատուութիւնները իր ձեռքէն առնուեցան,– շուրջ 30 տարի Բրիտանիոյ մէջ ծառայելէ ետք,– ան կարգ մը երէցներու դէմ զայրացած մնաց։ Ի՞նչ բան Ուիլիամի օգնեց որ իր հաւասարակշռութիւնը վերագտնէ։ «Յոբ գիրքը կարդալը զիս քաջալերեց», ըսաւ ան։ «Եթէ Եհովան Յոբին օգնեց որ իր երեք բարեկամներուն հետ խաղաղութիւն ընէ, որքա՜ն աւելի ինծի պիտի օգնէ որ քրիստոնեայ երէցներուն հետ խաղաղութիւն ընեմ» (Յոբ 42։7-9

ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՕՐՀՆԷ՝ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՐՊԷՍ ՀՈՎԻՒ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐԸ

Եթէ որոշեցիր Աստուծոյ հօտը հովուելէ հրաժարիլ, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնես պատճառը։ Անձնական խնդիրներով ջախջախուա՞ծ էիր։ Կեանքիդ մէջ ուրի՞շ բաներ աւելի կարեւոր դարձան։ Ուրիշներու թերութիւնները քեզ վհատեցուցի՞ն։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, յիշէ՛ թէ երբ որպէս երէց կը ծառայէիր, ա՛լ աւելի կերպերով ի վիճակի էիր ուրիշներուն օգնելու։ Դասախօսութիւններդ զիրենք զօրացուցին, օրինակդ զիրենք քաջալերեց եւ հովուական այցելութիւններդ օգնեցին որ իրենց փորձութիւններուն տոկան։ Որպէս հաւատարիմ երէց գործելդ Եհովային սիրտը ուրախացուց, ինչպէս որ քու սիրտդ ալ ուրախացուց (Առ. 27։11

Եհովային հանդէպ սէրդ փաստէ՝ ուրախութեամբ սուրբ ծառայութեան մասնակցելով

Եհովան եղբայրներու օգնած է, որ իրենց ուրախութիւնը վերագտնեն եւ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնելու իրենց փափաքը նորոգեն։ Եթէ որպէս երէց ծառայելէ հրաժարած ես կամ պաշտօնազրկուած ես, կրնաս դարձեալ վերակացուի պարտականութեան ձգտիլ (Ա. Տիմ. 3։1)։ Պօղոս ‘չդադրեցաւ աղօթելէ’, որ կողոսացի քրիստոնեաները Աստուծոյ կամքին ճշգրիտ գիտութիւնով լեցուին, ‘որպէս զի Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն’ (Կող. 1։9, 10)։ Եթէ դարձեալ որպէս երէց ծառայելու առանձնաշնորհումը ստանաս, զօրութիւն, համբերութիւն եւ ուրախութիւն ունենալու համար Եհովային ապաւինէ։ Այս վերջին օրերուն մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը սիրալիր երէցներուն հոգեւոր աջակցութեան կարիքը ունի։ Կրնա՞ս եւ յօժա՞ր ես եղբայրներդ զօրացնելու ու հաստատելու։

^ պարբ. 3 Կարգ մը անուններ փոխուած են։