Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայէ՝ հակառակ «շատ նեղութեան»

Հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայէ՝ հակառակ «շատ նեղութեան»

«Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել» (ԳՈՐԾՔ 14։21

1. Ինչո՞ւ նեղութիւնը Աստուծոյ ծառաները չի զարմացներ։

ԿԸ ԶԱՐՄԱՆԱ՞Ս գիտնալով որ կրնաս ակնկալել «շատ նեղութիւն» դիմագրաւել, նախքան որ յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանաս։ Հաւանաբար ոչ։ Ըլլա՛ս ճշմարտութեան մէջ նորեկ կամ Եհովայի երկարամեայ ծառայ, գիտես թէ Սատանայի աշխարհին մէջ նեղութիւնը կեանքին մէկ մասն է (Յայտ. 12։12

2. ա) Բոլոր անկատար մարդոց ազդող խնդիրներէն զատ, քրիստոնեաները ի՞նչ տեսակի նեղութիւն կը դիմագրաւեն (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Մեր նեղութիւններուն ետին ո՞վ կայ, եւ ինչպէ՞ս գիտենք։

2 Բոլոր անկատար մարդոց ազդող «մարդկային» դժուարութիւններէն զատ, քրիստոնեաները այլ տեսակի նեղութիւն կը դիմագրաւեն (Ա. Կոր. 10։13)։ Անիկա ի՞նչ է։ Խիստ հակառակութիւն, քանի որ Աստուծոյ օրէնքներուն հաստատօրէն կը հնազանդին։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն» (Յովհ. 15։20)։ Այսպիսի հակառակութեան ետին ո՞վ կը կենայ։ Ի վերջոյ անիկա Սատանան է, որ նկարագրուած է որպէս «մռնչող առիւծ», որ կ’ուզէ Աստուծոյ ծառաները ‘կլլել’ (Ա. Պետ. 5։8)։ Սատանան որեւէ միջոց պիտի գործածէ Յիսուսի աշակերտներուն ուղղամտութիւնը բեկանելու համար։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Պօղոս առաքեալին։

ԼԻՒՍՏՐԱՅԻ ՄԷՋ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ

3-5. ա) Լիւստրայի մէջ Պօղոս ի՞նչ նեղութիւն դիմագրաւեց։ բ) Ապագայ նեղութիւններու նկատմամբ Պօղոսի պատգամը ի՞նչ կերպով սրտապնդիչ էր։

3 Պօղոս մէկ անգամէ աւելի հալածուեցաւ իր հաւատքին պատճառաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Այսպիսի միջադէպ մը պատահեցաւ Լիւստրայի մէջ։ Ի ծնէ կաղ եղող մարդ մը բժշկելէ ետք, Պօղոս ու իր ընկերակիցը՝ Բառնաբաս մեծարուեցան որպէս աստուածներ։ Այս երկուքը ստիպուեցան հիացած ամբոխին աղաչել որ զիրենք չպաշտեն։ Սակայն շատ շուտով հրեայ հակառակորդներ հասան, եւ մարդոց մտքերը թունաւորելու համար զրպարտութիւններ ըրին։ Կացութիւնը արագօրէն յեղաշրջուեցաւ։ Այժմ ամբոխը Պօղոսը քարկոծեց եւ կարծեց թէ մեռած է (Գործք 14։7-18

4 Դերբէ այցելելէ ետք, Պօղոս ու Բառնաբաս «Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ ‘Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել’» (Գործք 14։20, 21)։ Սկիզբը այդ խօսքը կրնայ տարօրինակ թուիլ։ Վերջ ի վերջոյ, «շատ նեղութիւն» կրելու գաղափարը կրնայ վհատեցուցիչ թուիլ, եւ ոչ թէ քաջալերական։ Ուստի ինչպէ՞ս է որ Պօղոս ու Բառնաբաս ‘աշակերտներուն սրտերը հաստատեցին’ պատգամով մը, որ յաւելեալ նեղութիւններու կ’ակնարկէր։

5 Պատասխանը կրնանք գտնել եթէ Պօղոսի խօսքերուն ուշադրութեամբ նայինք։ Ան պարզապէս չըսաւ. «Շատ նեղութեան պէտք է տոկաք»։ Հապա, ան ըսաւ. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ Ուստի Պօղոս աշակերտները զօրացուց, հաւատարիմ ընթացքի մը դրական արդիւնքը շեշտելով։ Այդ վարձատրութիւնը պատրանք մը չէր։ Արդարեւ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 10։22

6. Ի՞նչ վարձատրութիւն կը սպասէ անոնց՝ որոնք կը տոկան։

6 Եթէ տոկանք, վարձատրութիւն պիտի ունենանք։ Օծեալ քրիստոնեաներուն համար այդ վարձատրութիւնը՝ երկինքի մէջ անմահութիւն է որպէս Յիսուսի իշխանակիցներ։ «Ուրիշ ոչխարներ»ուն համար անիկա յաւիտենական կեանք է երկրի վրայ, ուր «արդարութիւնը կը բնակի» (Յովհ. 10։16. Բ. Պետ. 3։13)։ Սակայն մինչ այդ, ինչպէս Պօղոս նշեց, շատ նեղութիւններ պիտի դիմագրաւենք։ Նկատի առ երկու տեսակ փորձութիւն։

ՃԱԿԱՏԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

7. Ի՞նչ տեսակի նեղութիւն որպէս ճակատային յարձակումներ կրնանք սեպել։

7 Յիսուս նախագուշակեց. «Ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք» (Մար. 13։9)։ Ինչպէս որ այս խօսքերը ցոյց կու տան, կարգ մը քրիստոնեաներ ֆիզիքական հալածանքի ձեւով նեղութիւն պիտի ունենան, թերեւս կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդներու դրդումով (Գործք 5։27, 28)։ Դարձեալ նկատի առ Պօղոսի օրինակը։ Այսպիսի հալածանքի ենթարկուելու գաղափարը պատճառ դարձա՞ւ որ ան վախէն դողայ։ Բնա՛ւ երբեք (կարդա՛ Գործք 20։22, 23

8, 9. Պօղոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ վճռած էր տոկալ, եւ արդի ժամանակներուն ոմանք ինչպէ՞ս նոյնանման վճռականութիւն ցոյց տուած են։

8 Պօղոս քաջաբար Սատանայի ճակատային յարձակումներուն դէմ դրաւ եւ ըսաւ. «Ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու» (Գործք 20։24)։ Յստակ է որ հալածանք ակնկալելը Պօղոսը չվհատեցուց։ Ընդհակառակը, ան վճռեց տոկալ, ի՛նչ որ ալ պատահի։ Իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր՝ հիմնովին վկայութիւն տալ, հակառակ որեւէ նեղութեան։

9 Ներկայիս, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր նոյնանման վճռականութիւն ցուցաբերած են։ Օրինակ, երկրի մը մէջ կարգ մը Վկաներ չէզոքութիւն պահպանելուն պատճառով, շուրջ 20 տարի բանտարկուած են։ Անոնց հարցը բնաւ դատարանին չներկայացուեցաւ, քանի որ այդ երկիրը խղճմտանքի առարկուներու համար կարգադրութիւններ չունի։ Բանտին մէջ արգիլուած էր այցելուներ ունենալ, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամներ ըլլային, եւ բանտարկեալներէն ոմանք ծեծուեցան ու չարչարանքի տարբեր կերպերու ենթարկուեցան։

10. Ինչո՞ւ յանկարծական նեղութիւններէն պէտք չէ վախնանք։

10 Այլուր մեր եղբայրները անակնկալօրէն ծագող նեղութիւններու կը տոկան։ Եթէ այս մէկը քեզի պատահի, վախին մի՛ յանձնուիր։ Մտածէ Յովսէփին մասին։ Ան ստրկութեան ծախուեցաւ, բայց Եհովան «փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն» (Գործք 7։9, 10)։ Ան կրնայ նոյնը ընել քեզի համար։ Բնաւ մի՛ մոռնար թէ «Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել» (Բ. Պետ. 2։9)։ Պիտի շարունակե՞ս Եհովային վստահիլ, գիտնալով թէ ան կրնայ քեզ այս ամբարիշտ դրութենէն փրկել եւ թոյլ տալ որ իր Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքը վայելես։ Ամէն պատճառ ունիս այդպէս ընելու եւ քաջաբար հալածանքին դէմ դնելու (Ա. Պետ. 5։8, 9

ԽՈՐԱՄԱՆԿ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

11. Սատանայի խորամանկ յարձակումները ինչպէ՞ս կը տարբերին իր ճակատային յարձակումներէն։

11 Այլ տեսակի նեղութիւն մը, որ կրնանք դիմագրաւել, խորամանկ յարձակումներն է։ Այս յարձակումները ինչպէ՞ս կը տարբերին ֆիզիքական հալածանքի ճակատային յարձակումներէն։ Ճակատային յարձակումները փոթորկահովի նման են, որ գիւղաքաղաքը կը հարուածէ եւ տունդ անմիջապէս կը կործանէ։ Խորամանկ յարձակումները աւելի նման են ճերմակ մրջիւններու խումբի մը, որ տունէդ ներս կը սպրդի եւ անոր փայտերը կը կրծէ մինչեւ որ փուլ գայ։ Այս պարագային, անհատը վտանգին նոյնիսկ գիտակից չ’ըլլար մինչեւ որ շա՜տ ուշ ըլլայ։

12. ա) Սատանայի խորամանկ ռազմավարութիւններէն մէկը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ շատ ազդու է։ բ) Պօղոս ինչպէ՞ս վհատութենէ ազդուեցաւ։

12 Սատանան կ’ուզէ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ քայքայել, ըլլա՛յ հալածանքի ճակատային յարձակումներով թէ խորամանկ յարձակումներու միջոցաւ աստիճանաբար հաւատքդ կրծելով։ Սատանայի գործածած ամէնէն ազդու խորամանկ ռազմավարութիւններէն մէկն է վհատութիւնը։ Պօղոս առաքեալ ընդունեց թէ երբեմն վհատած կը զգար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-24)։ Պօղոս,– հոգեւոր «հսկայ» մը, որ շատ հաւանաբար առաջին դարու կառավարիչ մարմինին մէկ անդամն էր,– ինչո՞ւ ինքզինք «խղճալի մարդ» կոչեց։ Ան ըսաւ որ այսպէս կը զգար իր անկատարութիւններուն պատճառաւ։ Ան իսկապէս կ’ուզէր ճիշդը ընել, բայց կը զգար թէ ուրիշ ոյժ մը իրեն դէմ կը գործէր։ Եթէ ատեն–ատեն այսպիսի զգացումներու դէմ կը մաքառիս, մխիթարական չէ՞ գիտնալ թէ նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ այսպիսի մարտահրաւէր մը դիմագրաւեց։

13, 14. ա) Ի՞նչ բան պատճառ կը դառնայ որ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք վհատին։ բ) Ո՞վ կ’ուզէ տեսնել թէ մեր հաւատքը կը տկարանայ, եւ ինչո՞ւ։

13 Երբեմն, շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր վհատած, վրդոված եւ թերեւս նոյնիսկ անարժէք կը զգան։ Օրինակ, նախանձախնդիր ռահվիրայ մը, որ պիտի կոչենք Թանիա, կ’ըսէ. «Գործած որոշ մէկ սխալիս մասին կրկին անգամ կը մտածեմ, իւրաքանչիւր անգամ անոր համար ա՛լ աւելի վատ զգալով։ Երբ կը մտածեմ ամէն մէկ սխալի մասին որ գործած եմ, կը զգամ որ անկարելի է որ մէկը զիս սիրէ, նոյնիսկ՝ Եհովան»։

14 Ի՞նչ բան պատճառ կը դառնայ որ Եհովայի նախանձախնդիր ծառաներէն ոմանք, Թանիայի նման, վհատին։ Զանազան ազդակներ կան։ Ոմանք պարզապէս հակում ունին իրենց անձին եւ իրենց պարագաներուն մասին ժխտականօրէն մտածելու (Առ. 15։15)։ Ուրիշներու պարագային, ժխտական զգացումները թերեւս յոյզերուն ազդող ֆիզիքական խանգարումի մը արդիւնքն են։ Պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պէտք է յիշենք թէ ո՛վ կ’ուզէ այդ զգացումները շահագործել։ Իսկապէս, ո՞վ կ’ուզէ որ այնքա՛ն վհատինք որ ձեռնթափ ըլլանք։ Ո՞վ կ’ուզէ որ դուն զգաս այն ծանր դատապարտութիւնը որ ինք կը կրէ (Յայտ. 20։9, 10)։ Անիկա անշո՛ւշտ Սատանան է։ Իրականութիւնը այն է, թէ ըլլա՛յ ճակատային յարձակումով կամ խորամանկ յարձակումով, Սատանայի նպատակակէտը նոյնն է,– մեզ մտահոգել, մեր նախանձախնդրութիւնը տկարացնել եւ մեզ մղել յանձնուելու։ Արդարեւ, Աստուծոյ ծառաները հոգեւոր պատերազմ կը մղեն։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ վճռած ենք վհատութեամբ չջախջախուիլ։

15 Վճռէ՛ պայքարդ չդադրեցնել։ Կեդրոնացա՛ծ մնա վարձատրութեան վրայ։ Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն գրեց. «Չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ» (Բ. Կոր. 4։16, 17

ՀԻ՛ՄԱ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ

Քրիստոնեաները՝ ըլլա՛ն երիտասարդ թէ տարեց, իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար կը մարզուին (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է հիմա նախապատրաստուիլ նեղութեան։

16 Ինչպէս որ տեսանք, Սատանան զանազան «հնարքներ» ունի (Եփ. 6։11)։ Իւրաքանչիւրս պէտք է հետեւինք Ա. Պետրոս 5։9–ի խրատին. «Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած»։ Ասիկա ընելու համար, հարկ է որ պատրաստենք մեր միտքն ու սիրտը, մենք մեզ հիմա մարզենք ճիշդը ընելու։ Լուսաբանենք. զինուորները յաճախ շարք մը յոգնեցուցիչ զինուորական փորձերու կ’ենթարկուին նոյնիսկ երբ պատերազմի սպառնալիք չկայ։ Նոյնն է պարագան Եհովայի հոգեւոր բանակին։ Չենք գիտեր թէ մեր պատերազմը ապագային ի՛նչ պիտի պարփակէ։ Ուստի, իմաստութիւն չէ՞ լաւ մարզում ստանալ, մինչ յարաբերական խաղաղութեան ժամանակ է։ Պօղոս կորնթացիներուն գրեց. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կոր. 13։5

17-19. ա) Ի՞նչ կերպերով կրնանք մենք մեզ քննել։ բ) Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան պատրաստուիլ՝ դպրոցին մէջ իրենց հաւատքը պաշտպանելու։

17 Պօղոսի ներշնչեալ խրատին հետեւելու մէկ կերպն է՝ լուրջ ինքնաքննութիւն ընել։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ ուղղէ. «Յարատեւաբար կ’աղօթե՞մ։ Երբ հասակակիցներու ճնշումը կը դիմագրաւեմ, Աստուծոյ կը հնազանդի՞մ փոխանակ մարդոց։ Կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ կը գտնուի՞մ։ Համարձակօրէն հաւատալիքներուս մասին կը խօսի՞մ։ Իսկապէս հաւատակիցներուս թերութիւնները կը հանդուրժե՞մ, ինչպէս որ իրենք թերութիւններս կը հանդուրժեն։ Կ’ենթարկուի՞մ թէ՛ ժողովքիս մէջ եւ թէ համաշխարհային ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն»։

18 Նկատէ թէ հարցումներէն երկուքը՝ համարձակօրէն մեր հաւատալիքները պաշտպանելու եւ հասակակիցներու ճնշումին դէմ դնելու մասին են։ Մեր պատանիներէն շատեր դպրոցին մէջ ասոնք կը դիմագրաւեն։ Անոնք սորված են իրենց հաւատալիքներով չամչնալ, եւ համարձակօրէն կը խօսին։ Այս առնչութեամբ, մեր պարբերաթերթերուն մէջ օգտակար թելադրութիւններ լոյս տեսած են։ Օրինակ, Զարթի՛ր–ի յուլիս 2009 թիւը կը թելադրէ, թէ եթէ դասընկեր մը հարցնէ. «Ինչո՞ւ բարեշրջութեան չես հաւատար», կրնաս պարզապէս պատասխանել. «Ինչո՞ւ պէտք է բարեշրջութեան հաւատամ։ Նոյնիսկ գիտնականները, որ մասնագէտ կը սեպուին, անոր շուրջ տարակարծիք են»։ Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն հետ փորձի նիստեր ունեցէք, որպէսզի նախապատրաստուին դպրոցին մէջ հասակակիցներու ճնշումը դիմագրաւելու։

19 Ճիշդ է որ միշտ ալ դիւրին չէ արտայայտուիլ կամ ընել այլ բաներ, որոնք Եհովան մեզմէ կը խնդրէ։ Երկար աշխատանքային օր մը ունենալէ ետք, թերեւս մենք մեզ քաշքշենք ժողովի ներկայ գտնուելու համար։ Ծառայութեան մասնակցելու համար կանուխ արթննալը կրնայ պահանջել, որ մեր անկողնին հանգստութիւնը ձգենք։ Բայց յիշէ՛. երբ ապագային մեծ փորձութիւններ դիմագրաւես, աւելի ի վիճակի պիտի ըլլաս անոնց դէմ դնելու, եթէ նախապէս հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն մը մշակած ես։

20, 21. ա) Փրկանքին վրայ խոկալը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ ժխտական զգացումներու դէմ դնելու։ բ) Նեղութիւններուն առնչութեամբ մեր վճռականութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

20 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ խորամանկ յարձակումներուն մասին։ Օրինակ, ինչպէ՞ս կրնանք վհատութեան զգացումին դէմ դնել։ Ասիկա ընելու ամէնէն ազդու կերպերէն մէկն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Պօղոս առաքեալ այս մէկը ըրաւ։ Ան երբեմն վհատած զգաց։ Բայց ան գիտէր թէ Քրիստոս մեռաւ՝ ոչ թէ կատարեալ մարդոց համար, հապա մեղաւորներու համար։ Եւ Պօղոս այդ մեղաւորներէն մէկն էր։ Իրականութեան մէջ, ան գրեց. «Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Այո, Պօղոս փրկանքը ընդունեց։ Ան գիտակցեցաւ թէ փրկանքը անձնապէս իրեն կը կիրարկուէր։

21 Այդ նոյն տեսակէտը,– փրկանքը Եհովայէն տրուած անձնական պարգեւ նկատելը,– կրնայ մեծապէս քեզի օգնել։ Ասիկա չի նշանակեր թէ վհատութիւնը անմիջապէս պիտի անհետանայ։ Որոշ տարողութեամբ, մեզմէ ոմանք թերեւս ստիպուին այս խորամանկ յարձակումին դէմ պատերազմիլ մինչեւ նոր աշխարհին գալը։ Բայց յիշէ՛. վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ անոնց՝ որոնք չեն յանձնուիր։ Որեւէ ժամանակէ աւելի մօտեցած ենք այն փառաւոր օրուան, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խաղաղութիւն պիտի հաստատէ եւ բոլոր հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Վճռէ՛ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, նոյնիսկ եթէ շատ նեղութիւն պիտի կրես։