Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ համոզուած ես որ ճշմարտութիւնը ունիս

Ինչո՞ւ համոզուած ես որ ճշմարտութիւնը ունիս

«[Քննեցէք] թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (ՀՌՈՎ. 12։2

1. Պատերազմներու ընթացքին քրիստոնէական աշխարհի կղերները ինչպէ՞ս հակազդեցին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ կա՞մքն է որ ճշմարիտ քրիստոնեաները պատերազմի մասնակցին եւ մարդիկ սպաննեն։ Վերջին 100 տարիներուն ընթացքին, շատեր՝ որոնք կը դաւանին քրիստոնեայ ըլլալ, յաճախ այդպէս ըրին։ Կաթողիկէ կղերներ թշնամի ազգին պատկանող կաթողիկէներու դէմ պատերազմող զօրագունդերն ու անոնց զէնքերը օրհնեցին։ Նոյնն էր պարագան բողոքական կղերներուն։ Առ ի արդիւնք, ջարդեր տեղի ունեցան, եւ Բ. Աշխարհամարտը գլխաւոր օրինակ մըն է։

2, 3. Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին եւ անկէ ետք Եհովայի վկաները ի՞նչ դիրք բռնեցին, եւ ինչո՞ւ։

2 Այդ պատերազմին ընթացքին Եհովայի վկաները ի՞նչ ըրին։ Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոնք քրիստոնէական չէզոքութիւն պահպանեցին։ Անոնք ի՞նչ հիման վրայ ասիկա ըրին։ Գլխաւորաբար Յիսուսի օրինակին եւ ուսուցումներուն հետեւելով։ Ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Անոնք նաեւ լուրջի առին Պօղոս առաքեալի պատճառաբանութեան ընդարձակուած կիրարկումը (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։3, 4

3 Ուստի ճշմարիտ քրիստոնեաները, որոնց խղճմտանքը Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած է, ո՛չ պատերազմ կը սորվին, ոչ ալ անոր կը մասնակցին։ Քրիստոնէական այս կեցուածքը բռնելու առ ի արդիւնք, հազարաւոր Վկաներ, երիտասարդ թէ տարեց, արու թէ էգ, հալածուած են։ Շատեր չարչարուած են տաժանակրութեան ճամբարներու եւ բանտերու մէջ։ Նացի Գերմանիոյ մէջ, ոմանք նոյնիսկ սպաննուեցան։ Հակառակ Եւրոպայի մէջ իրենց դիմագրաւած վայրագ հալածանքին, Վկաները բնաւ չմոռցան Եհովայի Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու իրենց յանձնարարութիւնը։ Անոնք հաւատարմօրէն զայն կատարեցին,– բանտերու, համակեդրոնացման ճամբարներու եւ աքսորի մէջ *։ 1994–ին, Ռուանտայի մէջ Վկաները էթնիկ զտումներուն չմասնակցեցան։ Անոնք նաեւ Պալքանեան երկիրներու բախումներուն պատճառած արիւնահեղութեան ընթացքին չէզոք մնացին։

4. Եհովայի վկաներուն չէզոքութիւնը ինչպէ՞ս ազդած է դիտորդներու։

4 Եհովայի վկաներուն հաստատ չէզոքութիւնը, աշխարհի տարածքին հազարաւոր ականատեսներ համոզած է թէ Վկաները Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ անկեղծ սէր կը ցուցաբերեն։ Այլ խօսքով, անոնք ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը ի գործ կը դնեն։ Ուրիշ ի՞նչ պատճառներ ալ մարդիկը կը համոզեն թէ Եհովայի վկաները ճշմարիտ քրիստոնեաներ են։

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՄԵՆԱՄԵԾ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

5. Քրիստոսի առաջին հետեւորդները ի՞նչ փոփոխութիւն դիմագրաւեցին։

5 Յիսուս իր ծառայութեան սկիզբէն իսկ շեշտեց Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելու կարեւորութիւնը։ Ան 12 առաքեալներ ընտրեց, որպէսզի աշխարհածաւալ քարոզչութեան մը հիմ դնելու մասնակցին։ Յետագային, ան այս ուղղութեամբ 70 աշակերտներ մարզեց (Ղուկ. 6։13. 10։1, ԱԾ)։ Ասոնք պատրաստուեցան բարի լուրը ուրիշներուն հաղորդելու, նա՛խ հրեաներուն։ Ապա, անակնկալ մը եղաւ։ Յիսուսի աշակերտները զայն պիտի տանէին ոչ–հրեաներուն ալ։ Ասիկա նախանձախնդիր հրեայ աշակերտներուն համար որքա՜ն մեծ փոփոխութիւն ըլլալու էր (Գործք 1։8

6. Ի՞նչ բան թոյլ տուաւ որ Պետրոս Եհովայի անաչառութեան գիտակցի։

6 Պետրոս առաքեալ ղրկուեցաւ Կոռնելիոսի տունը, որ անթլփատ ոչ–հրեայ մըն էր։ Պետրոս գիտակցեցաւ թէ Աստուած անաչառ է։ Կոռնելիոս ու իր ընտանիքը մկրտուեցան։ Ուստի քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ հսկայ նոր դաշտի մը մէջ. բոլոր ազգերէ մարդիկ կրնային ճշմարտութիւնը լսել եւ ընդունիլ (Գործք 10։9-48)։ Այժմ դաշտը ամբողջ աշխարհն էր։

7, 8. Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ նախաքայլ առած է (տե՛ս բացման պատկերը)։

7 Եհովայի վկաներու արդի պատմութեան մէջ, առաջնորդութիւն առնողները նախանձախնդրութեամբ հրահրած են բարի լուրի քարոզչութիւնը եւ ուսուցումը աշխարհի չորս կողմը։ Ներկայիս, գրեթէ 8 միլիոն նախանձախնդիր Վկաներ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն Քրիստոսի պատգամը տարածելու աւելի քան 600 լեզուներով, եւ հետզհետէ լեզուներու թիւը կ’աւելնայ։ Եհովայի վկաները յստակօրէն կը բնորոշուին իրենց տունէ տուն ծառայութեամբ եւ փողոցի քարոզչութեամբ, երբեմն գործածելով ցուցասեղաններ եւ հրատարակութիւններու սայլակներ։

8 Աւելի քան 2900 թարգմանիչներ մասնայատուկ մարզում ստացած են՝ Աստուածաշունչը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ թարգմանելու։ Անշուշտ իրենց գործը սահմանափակուած չէ գլխաւոր նկատուած լեզուներուն։ Իրենց թարգմանութիւնը կը պարփակէ հարիւրաւոր լեզուներ, որոնք հանրածանօթ չեն, բայց միլիոնաւորներու կողմէ կը խօսուին։ Օրինակ՝ Սպանիոյ մէջ, միլիոնաւոր քաթալոնացիներ իրենց մայրենի լեզուն՝ քաթալոներէն կը խօսին։ Մանաւանդ վերջերս, քաթալոներէնը եւ իր տարբերակները զօրացան՝ Անտորրայի, Ալիքանթէի, Պալեարեան Կղզիներու եւ Վալենսիայի մէջ։ Եհովայի վկաները այժմ քաթալոներէն լեզուով աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կ’արտադրեն, եւ քաթալոնացիներու սրտին դպչող լեզուով քրիստոնէական ժողովներ կը վարեն։

9, 10. Ի՞նչ բան կը լուսաբանէ թէ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը բոլոր մարդոց հոգեւոր կարիքներով հետաքրքրուած է։

9 Թարգմանութեան եւ ուսուցանելու այս օրինակը զանազան մշակոյթներու նկատմամբ կը կրկնուի։ Մեքսիքայի մէջ գլխաւորաբար սպաներէն լեզուն կը խօսուի, բայց անիկա ունի բազմանդամ բնիկ խումբեր, որոնք այլ լեզուներ կը խօսին։ Մայաները այդ խումբերէն մէկն են։ Մեքսիքայի մէջ մասնաճիւղը մայա թարգմանչական խումբին նշանակեց բնակիլ այն շրջանը, ուր օրն ի բուն կրնային մայա խօսիլ եւ լսել։ Ուրիշ օրինակ մըն է նեփալերէնը,– աւելի քան 29 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Նեփալի մէջ խօսուող լեզուներէն մէկը։ Հոն շուրջ 120 լեզուներ կը խօսուին, բայց աւելի քան 10 միլիոն մարդիկ նեփալերէն կը խօսին եւ ուրիշ շատեր զայն որպէս երկրորդ լեզու կը գործածեն։ Մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները այդ լեզուով ալ լոյս կը տեսնեն։

10 Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ թարգմանչական խումբերու թիկունք կանգնիլը կը լուսաբանէ, թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու իր յանձնարարութիւնը որքա՜ն լուրջի կ’առնէ։ Արշաւներու միջոցաւ միլիոնաւոր թերթիկներ, գրքոյկներ եւ պարբերաթերթեր ձրիօրէն բաշխուած են։ Ծախսը գոցուած է Եհովայի վկաներու կամաւոր նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որոնք Յիսուսի ցուցմունքին հետեւած են. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատ. 10։8

Թարգմանչական խումբ մը ստորին գերմաներէնով հրատարակութիւններ կը պատրաստէ (տե՛ս պարբերութիւն 10)

Ստորին գերմաներէն հրատարակութիւնները Փարակուէյի մէջ օգտաշատ են (տե՛ս նաեւ բացման պատկերը)

11, 12. Եհովայի վկաներուն կողմէ կատարուած աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս լաւ ազդեցութիւն ունեցած է ուրիշներու վրայ։

11 Որպէս անձնուրաց քրիստոնեայ քարոզիչներ եւ ուսուցիչներ, Եհովայի վկաները այնքա՛ն համոզուած են որ ճշմարտութիւնը գտած են, որ մեծ զոհողութիւններ կ’ընեն այլ ազգերէ եւ էթնիկ խումբերէ մարդոց հետ պատգամը բաժնելու համար։ Շատեր իրենց կենցաղակերպը պարզացուցած են, օտար լեզու մը սորված են եւ տարբեր մշակոյթի յարմարած են, որպէսզի այս կարեւոր քրիստոնէական գործին մասնակցին։ Քարոզչութեան եւ ուսուցանելու այս միջազգային գործը այլ ազդակ մըն է, որ բազմաթիւ մարդիկ կը համոզէ թէ Եհովայի վկաները Քրիստոս Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներն են։

12 Վկաները այս բոլորը կ’ընեն, քանի որ համոզուած են թէ ճշմարտութիւնը գտած են։ Բայց ուրիշ ի՞նչ բան միլիոնաւոր մարդիկ համոզած է, թէ Եհովայի վկաները ճշմարտութիւնը ունին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։17, 18

ԱՆՈՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՆ

13. Վկաները ինչպէ՞ս կազմակերպութիւնը մաքուր պահած են։

13 Կրնանք օգտուիլ այժմու նուիրուած քրիստոնեաներու մեկնաբանութիւններէն, որոնք համոզուած են թէ ճշմարտութիւնը ունին։ Եհովայի երկարամեայ ծառայ մը իր զգացումները այս կերպով արտայայտեց. «Ամէն ջանք կը թափուի որ Եհովայի կազմակերպութիւնը բարոյապէս մաքուր ու անարատ մնայ, չնայած թէ ո՛վ պէտք է խրատուի կամ յանդիմանուի»։ Բարոյական այս բարձր չափանիշը ինչպէ՞ս կը պահուի։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած չափանիշներուն եւ Յիսուսի ու իր աշակերտներուն ձգած օրինակին հետեւելով։ Ուստի, Եհովայի վկաներուն արդի պատմութեան ընթացքին, համեմատաբար քիչեր են որ հարկ եղած է քրիստոնէական ընկերակցութենէն զրկել, քանի որ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում չեն տար։ Մեծամասնութիւնը,– ներառեալ ոմանք՝ որոնք նախապէս Աստուծոյ չհաճած կերպով կ’ապրէին, բայց փոխուեցան,– մաքուր եւ օրինակելի կենցաղակերպ կը պահպանէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9-11

14. Վտարուած անհատներէն շատեր ի՞նչ ըրած են, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

14 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք ժողովքէն դուրս դրուեցան՝ առ ի հնազանդութիւն աստուածաշնչական ուղղութեան։ Հազարաւորներ իրենց ոչ–քրիստոնէական արարքներուն համար զղջացած են եւ ժողովքին մէջ վերընդունուած են (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 2։6-8)։ Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն կառչիլը մէջտեղ բերած է քրիստոնէական մաքուր ժողովք մը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Այն իրողութիւնը՝ թէ Եհովայի վկաները Աստուծոյ չափանիշներուն կը կառչին,– հակապատկերը ըլլալով բազմաթիւ եկեղեցիներու հանդուրժողականութեան,– ինքնին շատեր համոզած է թէ անոնք են որ ճշմարտութիւնը կը գործադրեն։

15. Եղբայր մը ինչպէ՞ս համոզուած է թէ ճշմարտութիւնը ունի։

15 Ինչո՞ւ այլ փորձառու Վկաներ կը հաւատան թէ ճշմարտութիւնը գտած են։ 50–ական տարիքի մէջ եղող եղբայր մը բացատրեց. «Պատանեկութենէս ի վեր համոզուած եմ, թէ հաւատքս երեք հիմնական սիւներու վրայ հիմնուած է. 1) թէ Աստուած գոյութիւն ունի, 2) թէ ինք Աստուածաշունչը ներշնչեց, եւ 3) թէ ներկայիս Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովքը կը գործածէ եւ կ’օրհնէ։ Մինչ տարիներու ընթացքին կը սերտէի, միշտ փորձած եմ այդ սիւները քննել եւ անձիս հարցնել եթէ անոնք իսկապէս հաստատ հիմ ունին։ Իւրաքանչիւրին ճիշդ ըլլալը տարիէ տարի աւելի փաստուած է, հաւատքս զօրացնելով եւ համոզումս խորացնելով թէ իսկապէս ճշմարտութիւնը ունինք»։

16. Քոյր մը ճշմարտութեան մասին ի՞նչ բանով տպաւորուեցաւ։

16 Ամուսնացած քոյր մը, որ Նիւ Եորքի գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայէ, Եհովայի կազմակերպութեան մասին ըսաւ. «Միակն է որ առանց վարանելու Եհովայի անունը կը ծանուցանէ։ Ասոր որքա՛ն տրամաբանական ըլլալը կը տեսնենք, երբ կը մտաբերենք թէ աստուածային անունը Աստուածաշունչին մէջ շուրջ 7000 անգամ յիշուած է։ Կ’արժեւորեմ Բ. Մնացորդաց 16։9–ի խօսքը. ‘Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ’»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ճշմարտութիւնը ինծի ցոյց տուած է թէ ինչպէ՛ս կրնամ կատարեալ սիրտ ունենալ, որպէսզի Եհովան առատօրէն ինծի հանդէպ իր զօրութիւնը ցոյց տայ։ Եհովային հետ իմ փոխյարաբերութիւնս ամէնէն թանկագին բանն է։ Եւ կը գնահատեմ Յիսուսի դերը Աստուծոյ մասին սերտ գիտութիւն հայթայթելու մէջ, ինչ որ զիս կը կազդուրէ»։

17. Ի՞նչ է նախկին անաստուածի մը համոզումը, եւ ինչո՞ւ։

17 Նախկին անաստուած մը ընդունեց. «Ստեղծագործութիւնը զիս կը համոզէ թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդկութիւնը կեանքը վայելէ, եւ հետեւաբար թոյլ պիտի չտայ որ տառապանքը յաւիտեան մնայ։ Նաեւ, մինչ աշխարհը ամբարշտութեան մէջ ա՛լ աւելի կ’ընկղմի, Եհովայի ժողովուրդը հաւատքի, նախանձախնդրութեան եւ սիրոյ մէջ կը յառաջանայ։ Միայն Եհովայի հոգին է որ կրնայ այս արդի հրաշքը կատարել» (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։1-4

18. Այլ երկու եղբայրներու արտայայտութիւններուն մասին ի՞նչ կը խորհիս։

18 Ուրիշ երկարամեայ Վկայ մը մեր քարոզած ճշմարտութեան հաւատալու իր պատճառները տուաւ. «Տարիներու ընթացքին սերտողութիւնս զիս համոզած է, թէ Վկաները լուրջ ջանք թափած են առաջին դարու քրիստոնէութեան օրինակին հետեւելու։ Անձամբ տեսած եմ Եհովայի վկաներու համաշխարհային միութիւնը, մինչ աշխարհի չորս կողմը ճամբորդած եմ։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինծի գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն տուած է»։ Երբ 60–ական տարիքի մէջ եղող եղբօր մը հարցուեցաւ, թէ ինչո՛ւ համոզուած է թէ ճշմարտութիւնը գտած է, ան Յիսուս Քրիստոսի վրայ կեդրոնացաւ՝ բացատրելով. «Ուշադրութեամբ սերտած ենք Յիսուսի կեանքն ու ծառայութիւնը, եւ արժեւորած ենք իր օրինակը։ Մեր ապրելակերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած ենք, որպէսզի կարենանք Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ Աստուծոյ աւելի մօտենալ։ Քրիստոսի փրկանքի զոհը ընդունած ենք որպէս փրկութեան հիմը։ Եւ գիտենք թէ ան մեռելներէն յարուցանուեցաւ, ինչպէս կը հաստատէ վստահելի ականատեսներու վկայութիւնը» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։3-8

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՈՎ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ

19, 20. ա) Պօղոս Հռոմի ժողովքին ի՞նչ պատասխանատուութիւն շեշտեց։ բ) Նուիրուած քրիստոնեաներ ըլլալով, ի՞նչ է մեր առանձնաշնորհումը։

19 Մեր ընկերը սիրող քրիստոնեաներ ըլլալով, ճշմարտութեան մեր թանկարժէք գիտութիւնը չենք կրնար մեզի պահել։ Պօղոս Հռոմի մէջ եղող ժողովքի անդամներուն նշեց. «Եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար» (Հռով. 10։9, 10

20 Եհովայի նուիրուած Վկաները ըլլալով՝ համոզուած ենք թէ ճշմարտութիւնը ունինք եւ գիտակից ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն սորվեցնելու մեր առանձնաշնորհումին։ Մինչ մեր քարոզելու նշանակումը կը կատարենք, թող ուրիշներ տպաւորուին ոչ միայն Աստուածաշունչէն մեր սորվեցուցած բաներով, այլեւ մեր խոր համոզումով։

^ պարբ. 3 Տե՛ս Եհովայի վկաներ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ գիրքը, էջ 191-198, 448-454 (անգլերէնով)։