Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային հետ գործելու առանձնաշնորհումիդ վրայ գուրգուրա՛

Եհովային հետ գործելու առանձնաշնորհումիդ վրայ գուրգուրա՛

«Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. ԿՈՐ. 3։9

1. Եհովան գործը ինչպէ՞ս կը նկատէ, եւ հետեւաբար կը մղուի ի՞նչ ընելու։

ԵՀՈՎԱՆ իր աշխատանքէն հաճոյք կ’առնէ (Սաղ. 135։6. Յովհ. 5։17)։ Որպէսզի թոյլ տայ որ իր մտացի արարածները նոյնանման ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն վայելեն, Եհովան իրենց հաճոյալի եւ գոհացուցիչ գործեր կը նշանակէ։ Օրինակ, ան իր միածին Որդին մասնակից ըրաւ Իր ստեղծագործական գործին մէջ (կարդա՛ Կողոսացիս 1։15, 16)։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ Յիսուս իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին, երկինքի մէջ որպէս «ճարտարապետ» Աստուծոյ քով էր (Առ. 8։30

2. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հոգեղէն արարածները միշտ կարեւոր ու գոհացուցիչ գործ ունեցած են։

2 Աստուածաշունչը իր առաջին էջէն մինչեւ վերջին էջը կ’ընդգրկէ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան իր հոգեղէն որդիներուն միշտ գործ նշանակած է։ Երբ Ադամ ու Եւա մեղանչեցին եւ իրենց դրախտային տունէն վռնտուեցան, Աստուած «Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար» (Ծն. 3։24)։ Եւ Յայտնութիւն 22։6–ը կը յայտնէ թէ Եհովան «իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ»։

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ

3. Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօր օրինակին հետեւեցաւ։

3 Մինչ Յիսուս որպէս կատարեալ մարդ երկրի վրայ էր, հաճոյքով կատարեց այն գործը որ Եհովան իրեն տուած էր։ Եւ իր Հօր օրինակին հետեւելով, Յիսուս իր աշակերտներուն կարեւոր գործ նշանակեց։ Իրենց մէջ խանդավառութիւն յառաջացնելով, ան ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ» (Յովհ. 14։12)։ Այսպիսի գործերու հրատապութիւնը շեշտելու համար, ան բացատրեց. «Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել» (Յովհ. 9։4

4-6. ա) Ինչո՞ւ կրնանք շնորհապարտ ըլլալ որ Նոյ ու Մովսէս իրենց աստուածային նշանակումները կատարեցին։ բ) Աստուծոյ կողմէ մարդոց նշանակուած բոլոր գործերը հասարակաց ի՞նչ բան ունին։

4 Նոյնիսկ Յիսուսի օրուընէ առաջ, անհատներու տրուեցան գոհացուցիչ գործեր։ Ադամ ու Եւա իրենց նշանակումը չկատարեցին, բայց ուրիշներ կատարեցին ինչ որ Աստուած իրենցմէ խնդրեց որ ընեն (Ծն. 1։28)։ Նոյ մասնայատուկ ցուցմունքներ ստացաւ, թէ տապանը ինչպէ՛ս շինէ, Ջրհեղեղին ատեն կեանքեր փրկելու համար։ Ան Եհովայի խնդրածը մանրամասնութեամբ ու բծախնդրաբար կատարեց։ Ասոր շնորհիւ մենք այժմ գոյութիւն ունինք (Ծն. 6։14-16, 22. Բ. Պետ. 2։5

5 Մովսէս խորանը շինելու եւ քահանայութիւնը կազմակերպելու շուրջ մասնայատուկ ցուցմունքներ ստացաւ, եւ անոնց սերտօրէն կառչեցաւ (Ել. 39։32. 40։12-16)։ Նոյնիսկ այսօր կ’օգտուինք իր նշանակումը հաւատարմօրէն կատարելէն։ Ինչպէ՞ս։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ Օրէնքին այդ երեսակները «գալիք բարիքներուն» շուքն էին (Եբ. 9։1-5, 9. 10։1

6 Ժամանակ առ ժամանակ, Աստուծոյ կողմէ իր ծառաներուն տրուած գործը կը տարբերի, իր նպատակին յառաջդիմական իրագործման համաձայն։ Սակայն, անոնց նշանակուած գործը միշտ Եհովային փառք բերած է եւ հաւատացեալներուն օգտած է։ Ասիկա անշուշտ կը կիրարկուի Յիսուսի իրագործումներուն, թէ՛ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին եւ թէ երբ երկրի վրայ էր (Յովհ. 4։34. 17։4)։ Նմանապէս, այժմ մեզի նշանակուած գործը Եհովան կը փառաւորէ (Մատ. 5։16. կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Ինչպէ՞ս։

ԳՈՐԾԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

7, 8. ա) Նկարագրէ այն գործը, որ քրիստոնեաները առանձնաշնորհում ունին ընելու։ բ) Եհովայի ուղղութեան ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք։

7 Պիտի համաձայնիս թէ հոյակապ բան մըն է, որ Եհովան անկատար մարդոց հրաւէր տուած է որ պատիւը ունենան ծառայելու որպէս իր գործակիցները (Ա. Կոր. 3։9)։ Անոնք որոնք Համաժողովի սրահներ, Թագաւորութեան սրահներ եւ մասնաճիւղի դիւրութիւններ շինելու կը մասնակցին, բառացի շինարարական յայտագրի մը մէջ բաժին կը բերեն, ինչպէս որ Նոյ ու Մովսէս ըրին։ Աշխատանքդ ըլլա՛յ տեղական Թագաւորութեան սրահ մը նորոգել կամ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղին շինել Ուօրուիքի մէջ, Նիւ Եորք, այս կերպով ծառայելու առանձնաշնորհումիդ վրայ գուրգուրա՛ (տե՛ս բացման պատկերը, ինչպէս որ գեղարուեստագէտ մը գծած է)։ Անիկա սուրբ ծառայութիւն է։ Սակայն, մեծաւ մասամբ քրիստոնեաներուն հրաւէր տրուած է որ հոգեւոր շինարարական յայտագրի մը մասնակցին։ Ասիկա ալ ծրագրուած է Եհովան փառաւորելու եւ հնազանդ մարդոց օգտելու (Գործք 13։47-49)։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը յարմար ուղղութիւն կու տայ այս գործը լաւագոյն կերպով ընելու համար։ Ասիկա թերեւս երբեմն նշանակէ գործի նոր նշանակումներ ստանալ։

8 Եհովայի հաւատարիմ ծառաները միշտ անձկանօք ենթարկուած են աստուածպետական ուղղութեան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Թերեւս սկիզբը լման չհասկնանք թէ ինչո՛ւ մեր նշանակումը որոշ ձեւով պէտք է կատարենք։ Այսուհանդերձ, լիովին գիտակից ենք թէ Եհովայի ըրած որեւէ ճշդումի հետ համագործակցիլը օգուտներ կը բերէ։

9. Աշխատելու մէջ երէցները ժողովքին ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանան։

9 Ժողովքին մէջ երէցներուն առաջնորդութիւն առած կերպը ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի կամքը կատարելու զօրաւոր փափաք ունին (Բ. Կոր. 1։23. Ա. Թես. 5։12, 13)։ Անոնք յօժարակամ են ծանր աշխատելու եւ փոխուած պարագաներու հետ քայլ պահելու։ Անոնք անմիջապէս կը յարմարին Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան մասին քարոզելու նոր կերպերուն։ Թէեւ ոմանք սկիզբը կը վարանէին հեռաձայնով վկայելը, նաւահանգիստի մէջ վկայելը կամ հանրային վկայութիւնը կազմակերպելու, սակայն շուտով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին։ Օրինակ, Գերմանիոյ մէջ չորս ռահվիրաներ որոշեցին անտեսուած առեւտրական թաղամասի մէջ վկայել։ Միխայէլ կը տեղեկագրէ. «Տարիներէ ի վեր ծառայութեան այս երեսակին չէինք մասնակցած, ուստի շատ ջղագրգիռ էինք։ Եհովան ասիկա նկատած ըլլալու էր, քանի որ այդ առաւօտ մեզի անմոռանալի ծառայութիւն մը շնորհեց։ Որքա՜ն ուրախ էինք որ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին ուղղութեան հետեւեցանք եւ օգնութեան համար Եհովայի ապաւինեցանք»։ Կը տենչա՞ս թաղամասիդ մէջ քարոզելու նոր մեթոտներ փորձել։

10. Վերջերս, կազմակերպչական ի՞նչ փոփոխութիւններ եղած են։

10 Երբեմն, հարկ կ’ըլլայ կազմակերպչական փոփոխութիւններ մտցնել։ Վերջին տարիներուն, կարգ մը մասնաճիւղեր միացուեցան։ Թէեւ այս փոփոխութիւնները կը պահանջեն որ այս մասնաճիւղերուն մէջ ծառայող եղբայրներն ու քոյրերը կարգ մը ճշդումներ ընեն, սակայն շատ չանցած՝ այս փոփոխութիւններուն առաւելութիւնները անոնց յայտնի կ’ըլլան (Ժող. 7։8)։ Այս յօժարակամ աշխատողներուն համար որքա՜ն ուրախալի է Եհովայի ժողովուրդին պատմութեան մէջ դեր մը ունենալ։

11-13. Ոմանք կազմակերպչական ճշդումներու պատճառաւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են։

11 Արժէքաւոր դասեր կը սորվինք անոնցմէ, որոնք մասնաճիւղերու միացումին հետ ուղղակի կապ ունէին։ Ոմանք տասնամեակներ շարունակ Բեթէլի մէջ լիաժամ ծառայած էին։ Զոյգ մը, որ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ Բեթէլի պզտիկ ընտանիքի անդամներ էին, իրենցմէ խնդրուեցաւ միանալ Մեքսիքայի մէջ Բեթէլի ընտանիքին, որ 30 անգամ աւելի մեծ էր։ «Ընտանիք ու բարեկամներ ձգելը շատ դժուար էր», կ’ըսէ Ռօխելիօ։ Իսկ Խուան, որ նաեւ Մեքսիքա փոխադրուեցաւ, կ’ըսէ. «Կարծես թէ նորէն կը ծնիս. պէտք է նոր կապեր հաստատես ու նոր սովորութիւններու եւ մտածելակերպերու յարմարիս»։

12 Կարգ մը եւրոպական երկիրներէ բեթէլականներ, որոնք Գերմանիոյ մէջ եղող մասնաճիւղը փոխադրուեցան, նմանապէս մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Եթէ լեռնային տեսարանը կը սիրես, կրնաս ըմբռնել թէ Զուիցերիայէն փոխադրուողները դժուար գտան իրենց ետին ձգել Ալպեան շքեղ շրջանը։ Իսկ Աւստրիայէն եկողները սկիզբը կարօտցան իրենց վայելած հանդարտ կենցաղակերպը։

13 Անոնք որոնք ուրիշ երկիր կը փոխադրուին, պէտք է որ նոր բնակարաններու վարժուին, անծանօթ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ աշխատին եւ հաւանաբար տարբեր գործ մը ընել սորվին։ Անիկա կը նշանակէ նոր ժողովքի վարժուիլ եւ նոր թաղամասի մէջ ծառայել, նոյնիսկ թերեւս այլ լեզու մը գործածելով։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, շատ մը բեթէլականներ այս մարտահրաւէրը ընդունած են։ Ինչո՞ւ։

14, 15. ա) Շատեր ինչպէ՞ս ցոյց տուած են, թէ Եհովայի հետ որեւէ հանգամանքով գործելու առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրան։ բ) Անոնք ո՞ր երեսակին մէջ մեզի լաւ օրինակ են։

14 Կրէթըլ կ’ըսէ. «Հրաւէրը ընդունեցի, քանի որ ինծի համար կերպ մըն էր Եհովային ցոյց տալու, թէ իրեն հանդէպ սէրս երկրէ մը, շէնքէ մը կամ որոշ առանձնաշնորհումէ մը անդին կ’երթար»։ Տայսքա կ’ըսէ. «Երբ մտաբերեցի թէ հրաւէր տուողը Եհովան էր, ուրախութեամբ զայն ընդունեցի»։ Անտրէ եւ Կապրիէլա ասոր կը համաձայնին, ըսելով. «Տեսանք թէ ասիկա ընելով յաւելեալ պատեհութիւն ունէինք՝ մեր անձնական փափաքները մէկդի դնելով Եհովային ծառայելու։ Մենք մեզի ըսինք. ‘Երբ Եհովային կողմէ փոփոխութեան հովեր փչեն, աւելի լաւ է որ մեր առագաստները ճշդենք, քան թէ պատնէշ բարձրացնենք’»։

Մեր մեծագոյն առանձնաշնորհումն է՝ Եհովային գործը կատարել

15 Մասնաճիւղեր միացնելու պատճառաւ, կարգ մը բեթէլականներ ռահվիրայական ծառայութեան կը նշանակուին։ Ասիկա պատահեցաւ բազմաթիւ բեթէլականներու, երբ Դանիայի, Նորվեկիայի եւ Շուէտի մասնաճիւղերը իրարու միացան, կազմելով Սկանտինավիայի մասնաճիւղը։ Անոնց մէջ էին՝ Ֆլորիեն եւ Անեա, որոնք ըսին. «Մեր նոր նշանակումը հետաքրքրաշարժ մարտահրաւէր կը նկատենք։ Մեզի համար հոյակապ բան մըն է Եհովայի կողմէ գործածուիլ, չնայած թէ ո՛ւր կը ծառայենք։ Անկեղծօրէն կրնանք ըսել, թէ առատապէս օրհնուած կը զգանք»։ Թէեւ մեր մեծամասնութիւնը բնաւ հարկ պիտի չունենայ այսպիսի ճշդումներ ընելու, սակայն կրնանք Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու այս եղբայրներուն ու քոյրերուն կամեցողութիւնը ընդօրինակել (Եսա. 6։8)։ Եհովան միշտ կ’օրհնէ անոնք, որոնք իրեն հետ գործելու առանձնաշնորհումին վրայ կը գուրգուրան, անիկա ո՛ւր որ ալ ըլլայ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՔՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԴ ՎԱՅԵԼԵԼ

16. ա) Գաղատացիս 6։4–ը ի՞նչ կ’ըսէ որ ընենք։ բ) Մարդուս համար մեծագոյն առանձնաշնորհումը ի՞նչ է։

16 Անկատար մարդիկ բաղդատութիւններ ընելու հակում ունին, բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ կեդրոնանանք ա՛յն բանին վրայ, որ անձնապէս կրնանք ընել (կարդա՛ Գաղատացիս 6։4)։ Մեր մեծամասնութիւնը կազմակերպութեան մէջ հեղինակութեան դիրք չունի։ Նաեւ, ո՛չ ամէնքս կրնանք ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ ըլլալ, կամ Բեթէլի մէջ ծառայել։ Վստահաբար ասոնք ընտիր առանձնաշնորհումներ են։ Բայց բնաւ պէտք չէ մոռնանք, թէ բոլորս ալ մեծագոյն առանձնաշնորհումը ունինք. քրիստոնէական ծառայութեան մէջ Եհովային գործակիցը ըլլալ։ Այս առանձնաշնորհումին վրայ գուրգուրանք։

17. Ո՞ր պարագան պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Սատանային աշխարհը գոյութիւն ունի, բայց ասիկա ինչո՞ւ պէտք չէ մեզ անտեղիօրէն յուսահատեցնէ։

17 Մինչեւ այն ատեն որ Սատանային աշխարհը գոյութիւն ունի, Եհովայի ծառայելու մեր կարելիութիւնները կրնան սահմանափակ ըլլալ։ Թերեւս մեր ընտանեկան պատասխանատուութիւնները, առողջապահութիւնը կամ այլ պարագաներ մեր հակակշռէն դուրս ըլլան։ Բայց ասիկա պատճառ չէ որ անտեղիօրէն յուսահատինք։ Բնաւ մի՛ թերագնահատեր Աստուծոյ հետ գործելու հնարաւորութիւնդ, ամէն առիթով իր անուան մասին վկայելով եւ իր Թագաւորութիւնը ճանչցնելով։ Կարեւորագոյն բանն է, թէ իրեն հետ կը գործես՝ ամէն կարելիդ ընելով, եւ կ’աղօթես որ օրհնէ եղբայրներդ, որոնք կարելիութիւնը ունին քեզմէ աւելին ընելու։ Մի՛ մոռնար թէ ամէն անհատ որ Եհովային անունը կը փառաբանէ, Իր աչքին թանկագին է։

18. Ի՞նչ բան յետաձգելու յօժար պէտք է ըլլանք, եւ ինչո՞ւ։

18 Հակառակ մեր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, Եհովան կը հաճի մեզ իր գործակիցները ընել։ Որքա՜ն կը գուրգուրանք այս վերջին օրերուն մէջ Աստուծոյ հետ գործելու մեր առանձնաշնորհումին վրայ։ Արդ, պէտք է յօժար ըլլանք շատ մը անձնական հետաքրքրութիւններ յետաձգելու, գիտնալով որ Եհովան նոր աշխարհին մէջ թոյլ պիտի տայ, որ իսկական կեանքը վայելենք,– ուրախ եւ խաղաղ պայմաններու ներքեւ յաւիտենական կեանք (Ա. Տիմ. 6։18, 19

Ծառայելու առանձնաշնորհումիդ վրայ կը գուրգուրա՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)

19. Եհովան մեզի ինչպիսի՞ ապագայ խոստացած է։

19 Մինչ նոր աշխարհի սեմին կը գտնուինք, մտածէ՛ իսրայէլացիներուն ըսած Մովսէսի խօսքին մասին, Աւետեաց երկիրը մտնելէ քիչ առաջ. «Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ յորդառատ պիտի ընէ ձեռքերուդ բոլոր գործերը» (Բ. Օր. 30։9, ԱԾ)։ Արմագեդոնէն ետք, անոնք որոնք Աստուծոյ հետ գործելով զբաղած էին, իր խոստումին համաձայն պիտի ժառանգեն երկիրը։ Այն ատեն մեր ուշադրութիւնը պիտի ուղղենք գործի նոր նշանակումի մը,– երկիրը գեղեցիկ դրախտի վերածել։