Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունեցիր

Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունեցիր

«Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն. . . է» (ԵԲ. 11։1

1, 2. Ի՞նչ բան մեր համոզումը պիտի զօրացնէ թէ Թագաւորութիւնը մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործէ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՈՐՊԷՍ Եհովայի վկաներ, յաճախ կ’ըսենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է, եւ սրտանց կը ջանանք մարդոց ուշադրութեան յանձնել այս կենսական աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը։ Մենք եւս Թագաւորութեան տուած յոյսով մեծապէս կը մխիթարուինք։ Սակայն, որքա՞ն զօրաւոր համոզում ունինք, թէ Թագաւորութիւնը իրական է եւ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունենալու ի՞նչ հիմ ունինք (Եբ. 11։1

2 Մեսիական Թագաւորութիւնը կարգադրութիւն մըն է, որ Ամենակալը ինք հաստատեց, ստեղծագործութեան նկատմամբ իր նպատակը իրագործելու համար։ Թագաւորութիւնը անխախտ հիմ ունի,– իշխելու Եհովայի բացարձակ իրաւունքը։ Թագաւորութեան կարեւոր երեսակները,– թագաւորը, իշխանակիցները, իշխանութեան ծիրը,– բոլորն ալ օրինականօրէն հաստատուած են ուխտերու միջոցաւ, այսինքն՝ օրինական պայմանագիրներու կամ կարգադրութիւններու միջոցաւ, որոնց մէջ երկու կողմերէն մէկը կա՛մ Աստուած եւ կամ Յիսուս Քրիստոսն է։ Այս ուխտերուն վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ մեր հասկացողութիւնը աւելցնելու, թէ Աստուծոյ նպատակը ինչպէ՛ս վստահաբար պիտի իրականանայ եւ թէ Մեսիական Թագաւորութեան կարգադրութիւնը որքա՛ն հաստատ է (կարդա՛ Եփեսացիս 2։12

3. Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Աստուածաշունչը կը նշէ Մեսիական Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող հետեւեալ վեց գլխաւոր ուխտերը. 1) Աբրահամական ուխտ, 2) Օրէնքի ուխտ, 3) Դաւիթեան ուխտ, 4) Մելքիսեդեկի պէս քահանայի մը համար ուխտ, 5) նոր ուխտ եւ 6) Թագաւորութեան ուխտ։ Քննարկենք թէ իւրաքանչիւր ուխտ ինչպէ՛ս առնչուած է Թագաւորութեան եւ կը նպաստէ՝ երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին իրագործման (տե՛ս « Աստուած ինչպէ՛ս իր նպատակը պիտի իրագործէ» ցուցակը)։

ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԹԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՊԱՏԱԿԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԻՏԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԻ

4. Ինչպէս Ծննդոց գրքին մէջ նշուած է, մարդոց նկատմամբ Եհովան ի՞նչ որոշումներ առաւ։

4 Մեր գեղեցիկ մոլորակը մարդուն բնակութեան համար պատրաստելէ ետք, Եհովան մարդոց նկատմամբ երեք որոշում առաւ. մարդ արարածը իր պատկերով պիտի ստեղծէր, մարդիկ Դրախտը պիտի ընդարձակէին ու երկիրը արդար զարմով պիտի լեցնէին, եւ բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն պիտի չուտէին (Ծն. 1։26, 28. 2։16, 17)։ Այս երեք որոշումները ամբողջովին կը նկարագրէին մարդուն ու երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը։ Ուստի, ինչպէ՞ս ուխտերու կարիքը ծագեցաւ։

5, 6. ա) Սատանան ինչպէ՞ս փորձեց Աստուծոյ նպատակը խափանել։ բ) Եհովան Եդեմի մէջ Սատանայի մարտահրաւէրին ինչպէ՞ս հակազդեց։

5 Անզգամօրէն փորձելով Աստուծոյ նպատակը խափանել, Բանսարկու Սատանան ըմբոստութիւն հրահրեց։ Ան ջանաց Աստուծոյ հանդէպ մարդուն հնազանդութիւնը քանդել՝ Եւան փորձութեան ենթարկելով որ բարիի ու չարի գիտութեան ծառին պտուղէն ուտէ (Ծն. 3։1-5. Յայտ. 12։9)։ Այս արարքով, Սատանան մարտահրաւէր կարդաց Իր ստեղծագործութեան վրայ իշխելու Աստուծոյ իրաւունքին։ Յետագային, ան նաեւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն վերագրեց անձնասէր շարժառիթներ (Յոբ 1։9-11. 2։4, 5

6 Եհովան Եդեմի մէջ Սատանայի մարտահրաւէրին ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր։ Արդարեւ, ըմբոստները բնաջնջելը վերջ պիտի դնէր անոնց ըմբոստութեան։ Բայց անիկա նաեւ պիտի նշանակէր թէ երկիրը Ադամի ու Եւայի հնազանդ սերունդով լեցնելու Աստուծոյ նշած նպատակը պիտի չկատարուէր։ Փոխանակ ըմբոստները անմիջապէս մեռցնելու, իմաստուն Ստեղծիչը տուաւ մեծ մարգարէութիւն մը,– եդեմական խոստումը,– երաշխաւորելու համար որ իր խօսքին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը պիտի կատարուէր (կարդա՛ Ծննդոց 3։15

7. Օձին ու անոր սերունդին առնչութեամբ, եդեմական խոստումը մեզի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

7 Եդեմական խոստումին միջոցաւ, Եհովան դատավճիռ արձակեց օձին ու անոր սերունդին դէմ,– Բանսարկու Սատանան եւ բոլոր անոնք, որոնք Իր իշխելու իրաւունքին նկատմամբ Սատանային կողմը դիրք պիտի բռնէին։ Եհովան իր երկնային կնոջ սերունդին հեղինակութիւն տուաւ Սատանան բնաջնջելու։ Ուստի, եդեմական խոստումը ոչ միայն շեշտեց թէ Եդեմի պարտէզին մէջ ըմբոստութիւն հրահրողը եւ իր արարքին աղէտալի հետեւանքները պիտի չքացուին, այլեւ բնորոշեց այս մէկը կատարելու միջոցը։

8. Կնոջ ու իր սերունդին ինքնութեան մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։

8 Կնոջ սերունդը ո՞վ պիտի ըլլար։ Որովհետեւ սերունդը օձին գլուխը պիտի ջախջախէ, այսինքն պիտի «փճացնէ» Սատանան, պէտք էր որ հոգեղէն անձ ըլլար (Եբ. 2։14)։ Հետեւաբար, կինն ալ հոգեւոր բնոյթ ունէր։ Մինչ օձին սերունդը շատցաւ, կնոջ ու իր սերունդին ինքնութիւնը շուրջ 4000 տարի խորհուրդ մնաց։ Մինչ այդ, Եհովան կարգ մը ուխտեր ըրաւ, որոնք սերունդը կը բնորոշեն եւ Իր ծառաները կը հաւաստիացնեն թէ անոր միջոցաւ պիտի յեղաշրջէ մարդկային ընտանիքի վրայ Սատանայի բերած աղէտը։

ՈՒԽՏ ՄԸ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ

9. Ի՞նչ է Աբրահամական ուխտը, եւ ե՞րբ ի զօրու դարձաւ։

9 Սատանային դէմ դատավճիռ արձակելէ շուրջ երկու հազար տարի ետք, Եհովան Աբրահամ նահապետին պատուիրեց որ Ուր քաղաքը ձգէ եւ Քանանի երկիրը երթայ (Գործք 7։2, 3)։ Եհովա իրեն ըսաւ. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծն. 12։1-3)։ Ասիկա առաջին արձանագրութիւնն է Աբրահամական ուխտին,– այն ուխտը որ Եհովա Աստուած Աբրահամի հետ ըրաւ։ Չենք գիտեր թէ Եհովան ճիշդ ե՛րբ է որ Աբրահամին հետ առաջին անգամ ըլլալով այս ուխտը ըրաւ։ Սակայն, անիկա Ք.Ա. 1943–ին ի զօրու դարձաւ, երբ 75 տարեկան Աբրահամ Խառանը ձգեց եւ Եփրատ գետը կտրեց։

10. ա) Աբրահամ ինչպէ՞ս Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ անխախտ հաւատք դրսեւորեց։ բ) Եհովան կնոջ սերունդին մասին աստիճանաբար ի՞նչ մանրամասնութիւններ յայտնեց։

10 Եհովան քանի մը անգամ իր խոստումը Աբրահամին կրկնեց, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով (Ծն. 13։15-17. 17։1-8, 16)։ Եւ երբ Աբրահամ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ անխախտ հաւատք դրսեւորեց, իր թանկագին որդին զոհելու կամեցողութիւն ցոյց տալով, Եհովան անվերապահ խոստումով մը ուխտը ամրացուց (կարդա՛ Ծննդոց 22։15-18. Եբրայեցիս 11։17, 18)։ Աբրահամական ուխտը ի զօրու դառնալէ ետք, Եհովան աստիճանաբար կնոջ սերունդին մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ յայտնեց։ Սերունդը Աբրահամէն պիտի գար, թիւով շատ պիտի ըլլար, թագաւորական պաշտօն պիտի ունենար, բոլոր թշնամիները պիտի կործանէր եւ բազմաթիւ մարդոց համար օրհնաբեր պիտի ըլլար։

Աբրահամ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ անխախտ հաւատք ունէր (տե՛ս պարբերութիւն 10)

11, 12. Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ Աբրահամական ուխտը աւելի մեծ կատարում ունի, իսկ ասիկա մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

11 Մինչ Աբրահամական ուխտը Աբրահամի շառաւիղին համար բառացի կատարում ունեցաւ՝ Աւետեաց երկիրը ժառանգելով, Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ անիկա նաեւ հոգեւոր կատարում ունի (Գաղ. 4։22-25)։ Այս աւելի մեծ կատարումին մէջ, ինչպէս որ ներշնչման ներքեւ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասը Քրիստոսն է, իսկ երկրորդական մասը՝ 144,000 օծեալ քրիստոնեաները (Գաղ. 3։16, 29. Յայտ. 5։9, 10. 14։1, 4)։ Կինը «վերի Երուսաղէմ»ն է,– Աստուծոյ կազմակերպութեան երկնային մասը, որ հաւատարիմ հոգեղէն արարածներէ բաղկացած է (Գաղ. 4։26, 31)։ Ինչպէս որ Աբրահամական ուխտը խոստացաւ, կնոջ սերունդը մարդկութեան մնայուն օրհնութիւններ պիտի բերէ։

12 Աբրահամական ուխտը կ’ակնարկէ Թագաւորին եւ անոր իշխանակիցներուն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ, եւ երկնքի Թագաւորութեան օրինական հիմը կը կազմէ (Եբ. 6։13-18)։ Այս ուխտը որքա՞ն ժամանակ ի զօրու պիտի ըլլայ։ Ծննդոց 17։7–ն կը նշէ թէ անիկա «յաւիտենական ուխտ մը»ն է։ Անիկա ի զօրու կը մնայ մինչեւ որ Մեսիական Թագաւորութիւնը Աստուծոյ թշնամիները բնաջնջէ եւ երկրին բոլոր ընտանիքները օրհնուին (Ա. Կոր. 15։23-26)։ Արդարեւ, անոնք որոնք այդ ատեն երկրի վրայ պիտի ապրին, յաւիտենապէս պիտի օգտուին։ Աբրահամական ուխտը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան վճռած է իր նպատակը իրագործել,– արդար մարդիկ ‘երկիրը լեցնեն’ (Ծն. 1։28

ՈՒԽՏ ՄԸ Կ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԷ ԹԷ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԳՈՅԱՏԵՒԷ

13, 14. Մեսիայի իշխանութեան նկատմամբ Դաւիթեան ուխտը ի՞նչ կ’երաշխաւորէ։

13 Եդեմական խոստումը եւ Աբրահամական ուխտը ցցուն կ’ընեն այն կարեւոր կէտը, թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը, որ Մեսիական Թագաւորութեամբ ներկայացուած է, հաստատօրէն հիմնուած է Իր արդար չափանիշներուն վրայ (Սաղ. 89։14)։ Արդեօք Մեսիական կառավարութիւնը երբեք պիտի ապականուի՞ եւ հետեւաբար հարկ ըլլայ որ փոխարինուի։ Օրինական ուրիշ ուխտ մը կ’երաշխաւորէ թէ այս մէկը բնա՛ւ պիտի չպատահի։

14 Նկատէ թէ Եհովան Դաւիթեան ուխտին միջոցաւ ի՛նչ խոստացաւ իսրայէլացի Դաւիթ թագաւորին (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 7։12, 16)։ Եհովան այս ուխտը ըրաւ մինչ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ կ’իշխէր, խոստանալով որ Մեսիան անոր շառաւիղէն պիտի գար (Ղուկ. 1։30-33)։ Այսպէս, Եհովան Մեսիային նախահայրերուն մասին աւելի մասնայատուկ տեղեկութիւն տուաւ եւ հաստատեց թէ Դաւիթէն սերած այս անհատը «իրաւունք» պիտի ունենար Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալու (Եզեկ. 21։25-27)։ Յիսուսի միջոցաւ, Դաւիթի թագաւորութիւնը «յաւիտեան պիտի հաստատուի»։ Արդարեւ Դաւիթի սերունդը «յաւիտեան պիտի մնայ ու անոր աթոռը. . . արեգակին չափ» (Սաղ. 89։34-37)։ Այո, Մեսիային իշխանութիւնը բնա՛ւ փտածութիւն պիտի չտեսնէ, եւ անոր իրագործումները յաւիտեան պիտի մնան։

ՈՒԽՏ ՄԸ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿԱՐԻՔԸ ԿԸ ԳՈՀԱՑՆԷ

15-17. Մելքիսեդեկի պէս քահանայի մը համար ուխտին համաձայն, սերունդը ի՞նչ յաւելեալ հանգամանքով պիտի ծառայէ, եւ ինչո՞ւ։

15 Մինչ Աբրահամական ուխտն ու Դաւիթեան ուխտը ստոյգ կը դարձնեն, թէ կնոջ սերունդը թագաւորական պաշտօն պիտի ունենար, այդ դերը առանձին բաւարար պիտի չըլլար բոլոր ազգերէ մարդոց օրհնութիւններ բերելու։ Որպէսզի իսկապէս օրհնուած ըլլան, հարկ է որ անոնք իրենց մեղաւոր վիճակէն ձերբազատուին եւ Եհովայի տիեզերական ընտանիքին մաս կազմեն։ Ասիկա իրագործելը կը պահանջէ որ սերունդը նաեւ քահանայական հանգամանքով ծառայէ։ Իմաստուն Ստեղծիչը ասիկա օրինապէս կարգադրեց, Մելքիսեդեկի պէս քահանայի մը համար ուխտին միջոցաւ։

16 Եհովան սաղմոսերգուին միջոցաւ յայտնեց թէ Յիսուսի հետ անձնական ուխտ մը պիտի ընէր, որ երկմասնեայ նպատակ ունի. Յիսուս պիտի ‘նստէր Աստուծոյ աջ կողմը’, մինչեւ որ իր թշնամիները նուաճէր, ե՛ւ «Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ» ըլլար (կարդա՛ Սաղմոս 110։1, 2, 4)։ Ինչո՞ւ «Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ Քանի որ Մելքիսեդեկ՝ Սաղէմի թագաւորը, ծառայեց որպէս «Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան», Աբրահամի զարմը Աւետեաց երկիրը ժառանգելէն շա՜տ առաջ (Եբ. 7։1-3)։ Ան ուղղակիօրէն Եհովայի կողմէ նշանակուած էր։ Ան Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ միակ անձն է, որ միեւնոյն ատեն եղաւ թէ՛ թագաւոր եւ թէ քահանայ։ Ասկէ զատ, քանի որ արձանագրութեան մէջ չի նշուիր ո՛չ իր նախորդը ոչ ալ յաջորդը, ան կարծես թէ կը մնայ «միշտ քահանայ», կամ յաւիտեան։

17 Եհովայի ըրած այս անձնական ուխտին միջոցաւ, Յիսուս ուղղակիօրէն նշանակուած է իբրեւ քահանայ, եւ ան պիտի մնայ «յաւիտեան քահանայ. . . Մելքիսեդեկի կարգին պէս» (Եբ. 5։4-6)։ Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Եհովան կ’երաշխաւորէ որ Մեսիական Թագաւորութիւնը պիտի գործածէ, երկրի վրայ մարդոց նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը իրագործելու։

ՈՒԽՏԵՐԸ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՀԻՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ

18, 19. ա) Քննարկուած ուխտերը ի՞նչ կը յայտնեն Թագաւորութեան մասին։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ կէտ պիտի քննարկէ։

18 Տեսանք թէ մեր նկատի առած ուխտերը ինչպէ՛ս առնչուած են Մեսիական Թագաւորութեան եւ թէ ինչպէ՛ս Թագաւորութեան կարգադրութիւնը հաստատօրէն հիմնուած է օրինական պայմանագիրներու վրայ։ Եդեմական խոստումը կ’երաշխաւորէ թէ Եհովան կնոջ սերունդին միջոցաւ, երկրին ու մարդկութեան վերաբերեալ Իր նպատակը պիտի իրագործէ։ Իսկ Աբրահամական ուխտը կը բացատրէ թէ սերունդը ո՛վ պիտի ըլլար եւ ի՛նչ հանգամանքով պիտի ծառայէր։

19 Դաւիթեան ուխտը յաւելեալ մանրամասնութիւն կը նշէ Մեսիային նախահայրերուն մասին, եւ անոր կու տայ երկրի վրայ իշխելու իրաւունքը, այնպէս որ Թագաւորութեան իրագործումները յաւիտենական պիտի ըլլան։ Իսկ Մելքիսեդեկի պէս քահանայի մը համար ուխտին համաձայն, սերունդը կրնայ քահանայական հանգամանքով ծառայել։ Սակայն, միայն Յիսուսը չէ որ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Ուրիշներ ալ օծուած են գործելու որպէս թագաւորներ ու քահանաներ։ Անոնք ուրկէ՞ պիտի գային։ Յաջորդ յօդուածը այս կէտը պիտի քննարկէ։