‘Քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի ըլլաք’
«Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք» (ԵԼ. 19։6)։
1, 2. Կնոջ սերունդը ի՞նչ պաշտպանութեան կարիք ունէր, եւ ինչո՞ւ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ արձանագրուած առաջին մարգարէութիւնը Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ մեծ նշանակութիւն ունի։ Եդեմական խոստումը ըրած ատեն, Եհովան ըսաւ. «Քու [Սատանան] ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ»։ Այս թշնամութիւնը որքա՞ն սաստիկ պիտի ըլլար։ «Ան [կնոջ սերունդը] քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծն. 3։15)։ Օձին եւ կնոջ միջեւ թշնամութիւնը այնքան կատաղի պիտի ըլլար, որ Սատանան կնոջ սերունդը մէջտեղէն վերցնելու որեւէ ջանք պիտի չխնայէր։
2 Զարմանալի չէ որ սաղմոսերգուն աղօթքով Աստուծոյ ըսաւ Իր ընտրեալ ժողովուրդին նկատմամբ. «Ահա քու թշնամիներդ կը գոռան ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։ Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ ու խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։ Կ’ըսեն. ‘Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան’» (Սաղ. 83։2-4)։ Այն շառաւիղը, որմէ կնոջ սերունդը պիտի գար, բնաջնջումէ եւ ապականութենէ պէտք էր պաշտպանուէր։ Ասիկա իրագործելու համար, Եհովան յաւելեալ օրինական կարգադրութիւններ ըրաւ, որոնք իր նպատակին իրագործումը պիտի երաշխաւորէին։
ՈՒԽՏ ՄԸ ՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
3, 4. ա) Օրէնքի ուխտը ե՞րբ ի զօրու դարձաւ, եւ իսրայէլ ազգը ի՞նչ ընելու համաձայնեցաւ։ բ) Օրէնքի ուխտը ծրագրուած էր ի՞նչ բանի արգելք հանդիսանալու։
3 Երբ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի զարմը միլիոնաւորներ եղաւ, Եհովան զանոնք որպէս ազգ կազմակերպեց,– վաղեմի իսրայէլ ազգը։ Մովսէսի միջոցաւ, Եհովան Օրէնքը տալով՝ անոնց հետ յատուկ ազգային ուխտ մը ըրաւ, եւ իսրայէլ ազգը ուխտին պայմանները ընդունեց։ Աստուածաշունչը կը պատմէ. «[Մովսէս] առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. ‘Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք’։ Մովսէս առաւ [զոհուած զուարակներուն] արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. ‘Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը’» (Ել. 24։3-8)։
4 Օրէնքի ուխտը ի զօրու դարձաւ Սինա լերան ստորոտը, Ք.Ա. 1513–ին։ Այդ ուխտին միջոցաւ, իսրայէլ ազգը զատուեցաւ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը։ Եհովան իրենց ‘դատաւորը, օրէնսդիրը եւ թագաւորը’ եղաւ (Եսա. 33։22)։ Իսրայէլի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ Աստուծոյ արդար չափանիշները պահուին կամ անտեսուին։ Օրէնքը արգիլեց հեթանոսներու հետ խնամութիւն ընելը եւ սուտ պաշտամունքի մասնակցիլը. ուստի ծրագրուած էր Աբրահամի սերունդը ապականուելէ ետ պահելու (Ել. 20։4-6. 34։12-16)։
5. ա) Օրէնքի ուխտը իսրայէլի դիմաց ի՞նչ պատեհութիւն դրաւ։ բ) Աստուած ինչո՞ւ իսրայէլը մերժեց։
5 Օրէնքի ուխտը նաեւ հայթայթեց քահանայութեան կարգադրութիւն մը, որ աւելի մեծ կարգադրութիւն մը կը նախապատկերացնէր (Եբ. 7։11. 10։1)։ Իրականութեան մէջ, այս ուխտին միջոցաւ, իսրայէլ յատուկ պատեհութիւն եւ առանձնաշնորհում ունէր «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու, պայմանաւ որ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդէր (կարդա՛ Ելից 19։5, 6)։ Սակայն իսրայէլ այս պահանջին գոհացում չտուաւ։ Փոխանակ Մեսիային՝ Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասին՝ գալուստը արժեւորելու, անոնք զինք մերժեցին։ Հետեւաբար Աստուած այդ ազգը մերժեց։
6. Ի՞նչ էր Օրէնքին նպատակը։
6 Ճիշդ է որ իսրայէլ Եհովայի հանդէպ անհնազանդ գտնուեցաւ եւ հետեւաբար չկրցաւ հայթայթել բոլոր այն անհատները, որոնցմով քահանաներու թագաւորութիւն մը պիտի կազմուէր. սակայն ասիկա չնշանակեց թէ Օրէնքը ձախողած էր։ Օրէնքին դերն էր՝ սերունդը պաշտպանել եւ մարդիկը Մեսիային առաջնորդել։ Անգամ մը որ Քրիստոս եկաւ ու բնորոշուեցաւ, այդ դերը կատարուեցաւ։ «Օրէնքին վախճանը Քրիստոս է», կ’ըսէ Հռով. 10։4)։ Սակայն կը մնայ սա հարցումը. ո՞վ պատեհութիւն պիտի ունենար քահանաներու թագաւորութիւն մը ըլլալու։ Եհովա Աստուած նոր ազգ մը կազմելու համար ուրիշ օրինական պայմանագիր մը ըրաւ։
Սուրբ Գիրքը (ՆՈՐ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ԳՈՅԱՆԱՅ
7. Եհովան Երեմիայի միջոցաւ նոր ուխտին մասին ի՞նչ նախագուշակեց։
7 Օրէնքի ուխտը ջնջուելէ շա՜տ առաջ, Եհովան Երեմիա մարգարէին միջոցաւ նշեց թէ իսրայէլ ազգին հետ «նոր ուխտ» պիտի ընէր (կարդա՛ Երեմիա 31։31-33)։ Այս ուխտը Օրէնքի ուխտին պիտի չնմանէր, քանի որ կարելի պիտի դարձնէր մեղքերու ներումը առանց անասնական զոհերու։ Անիկա այս մէկը ինչպէ՞ս պիտի ընէր։
8, 9. ա) Յիսուսի թափուած արիւնը ի՞նչ կ’իրագործէ։ բ) Նոր ուխտին մէջ եղողներուն առջեւ ի՞նչ առիթ բացուեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
8 Դարեր ետք, Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին։ Խօսելով գաւաթ մը գինիին մասին, ան իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկ. 22։20)։ Մատթէոսի արձանագրութիւնը գինիին նկատմամբ Յիսուսի ըսածը հետեւեալ կերպով կը մէջբերէ. «Ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար» (Մատ. 26։27, 28, ԱԾ)։
9 Յիսուսի թափուած արիւնը նոր ուխտը կը վաւերացնէ։ Այդ արիւնը նաեւ կարելի կը դարձնէ որ մեղքերը ներուին մէկ անգամ ընդմիշտ։ Յիսուս նոր ուխտին մաս չի կազմեր։ Ան մեղք չունենալով, ներումի կարիք չունի։ Բայց Աստուած կրնար Յիսուսի թափուած արեան արժէքը Ադամի զարմին կիրարկել։ Ան նաեւ կրնար որոշ մարդիկ որդեգրել որպէս իր «որդիներ»ը, զանոնք սուրբ հոգիով օծելով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։14-17)։ Անոնք Աստուծոյ աչքին անմեղ սեպուելով, առումով մը Յիսուսի՝ Աստուծոյ անմեղ Որդիին նման պիտի ըլլային։ Այս օծեալները «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» պիտի ըլլային եւ պատեհութիւնը պիտի ունենային «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու։ Ասիկա առանձնաշնորհում մըն էր, որ իսրայէլ ազգը Օրէնքին ներքեւ կրնար ունենալ։ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ուն նկատմամբ, Պետրոս առաքեալ նշեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ. 2։9)։ Նոր ուխտը որքա՜ն կենսական է։ Անիկա թոյլ կու տայ որ Յիսուսի աշակերտները Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասը ըլլան։
ՆՈՐ ՈՒԽՏԸ Ի ԶՕՐՈՒ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
10. Նոր ուխտը ե՞րբ ի զօրու դարձաւ, եւ ինչո՞ւ այդ ատեն։
10 Նոր ուխտը ե՞րբ ի զօրու դարձաւ։ Ո՛չ այն ատեն երբ Յիսուս իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը անոր ակնարկեց։ Ուխտը վաւերական դառնալու համար, հարկ էր որ Յիսուսի արիւնը թափուէր եւ երկնքի մէջ անոր արժէքը Եհովայի ներկայացուէր։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգին պէտք էր թափուէր անոնց վրայ, որոնք «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» պիտի ըլլային։ Հետեւաբար, անիկա ի զօրու դարձաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները սուրբ հոգիով օծուեցան։
11. Նոր ուխտը ինչպէ՞ս կարելի դարձուց որ թէ՛ հրեաներ եւ թէ ոչ–հրեաներ հոգեւոր իսրայէլին մէկ մասը դառնան, եւ նոր ուխտին մէջ քանի՞ հոգի պիտի ըլլային։
11 Թէեւ Օրէնքի ուխտը առումով մը ‘հինցաւ’, երբ Եհովան Երեմիային միջոցաւ յայտարարեց թէ իսրայէլի հետ նոր ուխտ մը պիտի ընէր, սակայն անիկա վերջ չգտաւ մինչեւ որ նոր ուխտը ազդու դարձաւ (Եբ. 8։13)։ Ասիկա տեղի ունենալով, Աստուած կրնար հրեայ եւ ոչ–հրեայ անթլփատ հաւատացեալներուն միեւնոյն աչքով նայիլ, քանի որ անոնց «թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով» (Հռով. 2։29)։ Անոնց հետ նոր ուխտը հաստատելով, Աստուած իր օրէնքները «անոնց մտքին մէջ պիտի [դնէր] եւ անոնց սրտին վրայ պիտի [գրէր]» (Եբ. 8։10)։ Նոր ուխտին մէջ եղողներուն լման թիւը 144,000 պիտի ըլլար, կազմելով նոր ազգ մը,– «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը՝ հոգեւոր իսրայէլը (Գաղ. 6։16. Յայտ. 14։1, 4)։
12. Համեմատէ՛ Օրէնքի ուխտը նոր ուխտին հետ։
12 Ինչպէ՞ս կրնանք Օրէնքի ուխտը համեմատել նոր ուխտին հետ։ Օրէնքի ուխտը Եհովային ու մարմնաւոր իսրայէլին միջեւ էր, իսկ նոր ուխտը Եհովային ու հոգեւոր իսրայէլին միջեւ է։ Մովսէս Օրէնքի ուխտին միջնորդն էր, իսկ Յիսուս նոր ուխտին Միջնորդն է։ Օրէնքի ուխտը անասնական արեան միջոցաւ վաւերացուեցաւ, բայց նոր ուխտը Յիսուսի թափուած արիւնով վաւերացուեցաւ։ Իսրայէլ ազգը Մովսէսի առաջնորդութեան ներքեւ՝ Օրէնքի ուխտին միջոցաւ կազմակերպուեցաւ, իսկ նոր ուխտին մէջ եղողները Յիսուսի՝ ժողովքի Գլուխին՝ առաջնորդութեամբ կը կազմակերպուին (Եփ. 1։22)։
13, 14. ա) Նոր ուխտը ինչպէ՞ս կապ ունի Թագաւորութեան հետ։ բ) Ի՞նչ բան անհրաժեշտ է, որպէսզի հոգեւոր իսրայէլը կարենայ երկինքի մէջ Քրիստոսին հետ իշխել։
13 Նոր ուխտը Թագաւորութեան հետ կապ ունի, քանի որ մէջտեղ կը բերէ սուրբ ազգ մը, որուն անդամները առանձնաշնորհումը ունին այդ երկնային Թագաւորութեան մէջ թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու։ Այդ ազգը Աբրահամի սերունդին երկրորդական մասն է (Գաղ. 3։29)։ Այսպէս, նոր ուխտը Աբրահամական ուխտը կ’ամրացնէ։
14 Տակաւին կը մնայ Թագաւորութեան ուրիշ մէկ երեսակը, որ պէտք է հաստատուի։ Մինչ նոր ուխտը հոգեւոր իսրայէլը մէջտեղ կը բերէ եւ անոր անդամներուն հիմ կը հայթայթէ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ»ը ըլլալու, սակայն որպէսզի կարենան Յիսուսի միանալ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ երկինքի մէջ, կարիքը կայ ուրիշ օրինական կարգադրութեան մը։
ՈՒԽՏ ՄԸ՝ ՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԹՈՅԼ ԿՈՒ ՏԱՅ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՀԵՏ ԻՇԽԵԼ
15. Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն հետ ի՞նչ անձնական ուխտ ըրաւ։
15 Տէրունական ընթրիքը հաստատելէ ետք, Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ ուխտ մը ըրաւ, որ յաճախ կը կոչուի Թագաւորութեան ուխտ (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30)։ Միւս ուխտերուն մէջ Եհովան երկու կողմերէն մէկն է, բայց ասիկա անձնական ուխտ մըն է՝ Յիսուսի ու իր օծեալ հետեւորդներուն միջեւ։ Երբ Յիսուս ըսաւ. «Ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց», ան ըստ երեւոյթին կ’ակնարկէր այն ուխտին, որ Եհովան իրեն հետ ըրած էր, ‘յաւիտեան քահանայ ըլլալու Մելքիսեդեկի կարգին պէս’ (Եբ. 5։5, 6)։
16. Թագաւորութեան ուխտը օծեալ քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ։
16 11 հաւատարիմ առաքեալները ‘Յիսուսի հետ կեցած էին իր փորձութիւններուն մէջ’։ Թագաւորութեան ուխտը զիրենք հաւաստիացուց, թէ երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի ըլլային եւ աթոռներու վրայ պիտի նստէին, իբրեւ թագաւորներ իշխելու եւ իբրեւ քահանաներ ծառայելու։ Բայց միայն այդ 11 անհատները չէին որ այդ առանձնաշնորհումը պիտի ունենային։ Փառաւորուած Յիսուս տեսիլքի մէջ Յովհաննէս առաքեալին երեւցաւ ու ըսաւ. «Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ» (Յայտ. 3։21)։ Արդ, Թագաւորութեան ուխտը հաստատուած է 144,000 օծեալ քրիստոնեաներուն հետ (Յայտ. 5։9, 10. 7։4)։ Այս ուխտը իրենց առջեւ օրինական հիմ կը դնէ, երկինքի մէջ Յիսուսի հետ իշխելու։ Ասիկա կը նմանի ազնուական ընտանիքէ եկած հարսի մը, որ թագաւորի մը հետ կ’ամուսնանայ եւ ի վիճակի կ’ըլլայ իշխանութիւնը իր հետ բաժնելու։ Արդարեւ, Սուրբ Գրութիւնները օծեալ քրիստոնեաներուն կ’ակնարկեն որպէս Քրիստոսի «հարսը», «մաքուր կոյս» մը, որ Քրիստոսին նշանուած է (Յայտ. 19։7, 8. 21։9. Բ. Կոր. 11։2)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՑԻՐ
17, 18. ա) Ամփոփօրէն բացատրէ Թագաւորութեան հետ կապ ունեցող մեր քննարկած վեց ուխտերը։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք Թագաւորութեան հանդէպ անխախտ հաւատք ունենալ։
17 Այս երկու յօդուածներուն մէջ քննարկուած բոլոր ուխտերը Թագաւորութեան մէկ կամ աւելի երեսակներուն հետ կապ ունին (տե՛ս «Աստուած ինչպէ՛ս իր նպատակը պիտի իրագործէ» ցուցակը)։ Ասիկա կը շեշտէ թէ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը հաստատօրէն հիմնուած է օրինական պայմանագիրներու վրայ։ Արդ, զօրաւոր պատճառ ունինք մեր լման վստահութիւնը դնելու Մեսիական Թագաւորութեան վրայ, որպէս Աստուծոյ գործածած միջոցը՝ երկրի ու մարդկութեան վերաբերեալ իր սկզբնական նպատակը իրագործելու (Յայտ. 11։15)։
18 Անկասկած Թագաւորութեան իրագործումները մարդկութեան մշտատեւ օրհնութիւններ պիտի բերեն։ Ամենայն վստահութեամբ կրնանք հաստատօրէն ծանուցանել, թէ մարդուն բոլոր խնդիրներուն միակ մնայուն լուծումը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Թող որ այս ճշմարտութիւնը նախանձախնդրօրէն ուրիշներու հետ բաժնենք (Մատ. 24։14)։