Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի յարութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար

Յիսուսի յարութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար

«Ան. . . յարութիւն առաւ» (ՄԱՏ. 28։6

1, 2. ա) Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ ի՞նչ կ’ուզէին գիտնալ եւ Պետրոս անոնց ի՞նչ պատասխան տուաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Պետրոս ինչո՞ւ կրցաւ քաջաբար դիմագրաւել այդ առաջնորդները։

ՅԻՍՈՒՍԻ մահէն քանի մը շաբաթ ետք, Պետրոս առաքեալ ատելավառ եւ վախազդու ամբոխի մը առջեւ կանգնեցաւ։ Ամբոխը կը բաղկանար այն նոյն հեղինակաւոր հրեայ կրօնական առաջնորդներէն, որոնք ծրագրեցին Յիսուսը սպաննել։ Պետրոս ի ծնէ կաղ մարդ մը բժշկած էր եւ այժմ անոնք իրմէ կը պահանջէին որ բացատրէ, թէ ի՛նչ զօրութիւնով կամ ի՛նչ անունով ըրած էր այս մէկը։ Առաքեալը քաջաբար պատասխանեց. «Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է» (Գործք 4։5-10

2 Նախապէս, Պետրոս իր վախէն երեք անգամ Յիսուսը ուրացած էր (Մար. 14։66-72)։ Բայց ան ինչո՞ւ այժմ այսքան քաջ սրտով կը դիմագրաւէր կրօնական առաջնորդները։ Սուրբ հոգիին օգնութեան կողքին, Պետրոս վստահ էր որ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Իր վստահութիւնը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած էր։ Եւ ինչո՞ւ կրնանք նոյն համոզումը ունենալ։

3, 4. ա) Յիսուսի առաքեալներուն ծնունդէն առաջ, ի՞նչ յարութիւններ եղած էին։ բ) Յիսուս որո՞նց յարութիւն տուաւ։

3 Այն գաղափարը, թէ մեռել մը կրնայ վերակենդանանալ, նորութիւն մը չէր Յիսուսի առաքեալներուն համար, քանի որ իրենց ծնունդէն առաջ՝ կարգ մը յարութիւններ եղած էին։ Անոնք գիտէին թէ Աստուած ինչպէ՛ս Եղիա եւ Եղիսէ մարգարէներուն զօրութիւն տուած էր այսպիսի հրաշքներ գործելու (Գ. Թագ. 17։17-24. Դ. Թագ. 4։32-37)։ Մեռել մը մինչեւ իսկ կենդանացաւ, երբ զայն գերեզմանի մը մէջ նետեցին եւ դիակը Եղիսէի ոսկորներուն դպաւ (Դ. Թագ. 13։20, 21)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները հաւատացին այս սուրբ գրային արձանագրութիւններուն, ճիշդ ինչպէս որ մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարիտ է։

4 Շատ հաւանաբար, բոլորս խորապէս ազդուած ենք կարդալով այն դէպքերը, ուր Յիսուս մարդիկ յարուցանեց։ Որբեւայրի կինը ապշահար եղած ըլլալու էր, երբ Յիսուս իր մէկ հատիկ տղան յարուցանեց (Ղուկ. 7։11-15)։ Ուրիշ առիթով, Յիսուս 12 տարեկան աղջնակ մը ողջնցուց։ Երեւակայէ վշտաբեկ ծնողներուն ուրախութիւնը եւ զարմանքը, երբ իրենց աղջնակը դարձեալ ողջ տեսան (Ղուկ. 8։49-56)։ Եւ մարդիկ որքան հրճուած ըլլալու էին, երբ իրենց աչքով տեսան թէ Ղազարոս ողջ առողջ գերեզմանէն դուրս կ’ելլէր (Յովհ. 11։38-44

ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՛Ւ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԷՐ

5. Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերէր նախապէս տեղի ունեցած յարութիւններէն։

5 Առաքեալները գիտէին, թէ Յիսուսի յարութիւնը նախապէս տեղի ունեցած բոլոր յարութիւններէն տարբեր էր։ Նախապէս յարուցանուած մեռելները ֆիզիքական մարմիններով վերադարձան եւ ի վերջոյ՝ նորէն մահացան։ Մինչդեռ Յիսուս հոգեղէ՛ն մարմնով յարութիւն առաւ, որ անկործանելի է (կարդա՛ Գործք 13։34)։ Պետրոս գրեց, թէ Յիսուս «մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով»։ Նաեւ աւելցուց, թէ Յիսուս «երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են» (Ա. Պետ. 3։18-22)։ Ճիշդ է որ նախապէս տեղի ունեցած յարութիւնները զարմանալի եւ հրաշալի էին, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնար համեմատուիլ այս մեծագոյն հրաշքին հետ։

6. Յիսուսի յարութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգեց իր աշակերտներուն վրայ։

6 Յիսուսի յարութիւնը խոր ազդեցութիւն ձգեց իր աշակերտներուն վրայ։ Ան այլեւս մեռած չէր, ինչպէս որ իր թշնամիները կը հաւատային։ Ան ողջ էր եւ ունէր հոգեղէն հզօր մարմին մը, որուն ոեւէ մարդ արարած չէր կրնար վնաս հասցնել։ Իր յարութիւնը փաստեց թէ ինք Աստուծոյ Որդին էր, եւ այս իրողութիւնը հասկնալը պատճառ եղաւ որ վշտահար աշակերտները ոգեւորուին եւ մեծապէս ուրախանան։ Անոնց մէջ քաջութիւն մտաւ։ Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար, Աստուծոյ նպատակը պիտի չյաջողէր եւ աշակերտներուն քարոզած բարի լուրը անիմաստ պիտի ըլլար։

7. Յիսուս այսօր ի՞նչ կ’ընէ, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

7 Եհովայի ծառաներն ըլլալով, մենք քաջատեղեակ ենք թէ Յիսուս պարզապէս մեծ մարդ մը չէր։ Ան այսօր ողջ է եւ աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ։ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորն ըլլալով, Յիսուս Քրիստոս շուտով չարութիւնը պիտի վերցնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին (Ղուկ. 23։43)։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ տեղի ունենալ եթէ Յիսուս յարութիւն առած չէ։ Ուստի ի՞նչ պատճառներ ունինք հաւատալու, թէ ան յարութիւն առաւ։ Եւ իր յարութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։

ԵՀՈՎԱՆ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹԷ ՄԱՀԷՆ ԶՕՐԱՒՈՐ Է

8, 9. ա) Հրեայ կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ Պիղատոսէն խնդրեցին որ Յիսուսի գերեզմանը հսկուէր։ բ) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ երկու կիներ գերեզման հասան։

8 Յիսուսի մահապատիժը գործադրուելէ ետք, աւագ քահանաներն ու փարիսեցիները Պիղատոսին քով եկան եւ ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ Առ ի պատասխան, Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ճիշդ այդպէս ըրին (Մատ. 27։62-66

9 Յիսուսի մարմինը ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ դրուած էր, որուն մուտքը մեծ քար մը կը գոցէր։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները կ’ուզէին որ Յիսուս յաւիտեան այդ դամբարանին մէջ մնար,– անշունչ եւ անկենդան։ Բայց Եհովային նպատակը բոլորովին ուրիշ էր։ Երրորդ օրը, երբ Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզման եկան, տեսան թէ քարը մէկդի գլորուած էր եւ հրեշտակ մը անոր վրայ նստած էր։ Հրեշտակը կիներուն ըսաւ, որ մօտենան ու տեսնեն թէ գերեզմանը դատարկ էր։ Հրեշտակը նշեց. «Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ» (Մատ. 28։1-6)։ Յիսուս ո՛ղջ էր։

10. Պօղոս ինչպէ՞ս փաստեց թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։

10 Յաջորդ 40 օրերուն տեղի ունեցած դէպքերը, Յիսուսի յարութեան նկատմամբ ամէն կասկած փարատեցին։ Ապացոյցը ամփոփելով, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ» (Ա. Կոր. 15։3-8

ՉՈՐՍ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԳԻՏԵՆՔ ԹԷ ՅԻՍՈՒՍ ՅԱՐՈՒՑԱՆՈՒԵՑԱՒ

11. Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս «գրքերուն ըսածին համեմատ» եղաւ։

11 Առաջին պատճառ. Յիսուսի յարութիւնը «գրքերուն ըսածին համեմատ» եղաւ։ Աստուծոյ Խօսքը մարգարէացաւ յարութեան մասին։ Օրինակ՝ Դաւիթ գրեց թէ Աստուծոյ գլխաւոր «սուրբը», կամ հաւատարիմը, գերեզմանին մէջ պիտի չթողուէր (կարդա՛ Սաղմոս 16։10)։ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ այդ մարգարէական համարը Յիսուսին կիրարկեց, ըսելով. «[Դաւիթ] կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ» (Գործք 2։23-27, 31

12. Որո՞նք տեսան յարուցանուած Յիսուսը։

12 Երկրորդ պատճառ. շատեր յարուցանուած Յիսուսը տեսան։ 40 օրուան ընթացքին, յարուցանուած Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ գերեզմանին քովի պարտէզին մէջ, Էմմաւուս տանող ճամբուն վրայ եւ այլուր (Ղուկ. 24։13-15)։ Ան թէ՛ խումբերու հետ խօսեցաւ եւ թէ՝ անհատներու հետ, ինչպէս էր պարագան Պետրոսին։ Առիթով մը, յարուցանուած Յիսուս աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ։ Այսքան ականատեսներու վկայութիւնը կարելի չէ զանց ընել։

13. Աշակերտներուն նախանձախնդրութիւնը ինչպէ՞ս յայտնեց, թէ վստահ էին որ Յիսուս յարութիւն առած էր։

13 Երրորդ պատճառ. աշակերտները նախանձախնդրութեա՛մբ քարոզեցին Յիսուսի յարութեան մասին։ Քրիստոսի յարութեան մասին նախանձախնդրօրէն վկայելով, անոնք հալածանքի, տառապանքի եւ մահուան առջեւ գտնուեցան։ Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար,– եթէ այս ամէնը խաղ էր,– ապա ինչո՞ւ Պետրոս իր կեանքը վտանգի պիտի ենթարկէր Քրիստոսին յարութիւնը ծանուցանելով այն կրօնական առաջնորդներուն, որոնք Յիսուսը ատեցին եւ անոր մահը ծրագրեցին։ Պետրոս եւ միւս աշակերտները վստա՛հ էին, թէ Յիսուս ողջ էր եւ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէր։ Աւելին, Յիսուսի յարութիւնը վստահեցուց իր հետեւորդներուն, որ իրենք ալ պիտի յարուցանուէին։ Օրինակ՝ Ստեփանոս մահացաւ այն համոզումով, որ մեռելներու յարութիւն պիտի ըլլար (Գործք 7։55-59

14. Ինչո՞ւ կը հաւատաս որ Յիսուս ողջ է։

14 Չորրորդ պատճառ. փաստ ունինք որ Յիսուս այժմ կը թագաւորէ եւ քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ։ Առ ի արդիւնք, ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը կը բարգաւաճի։ Ասիկա պիտի ըլլա՞ր եթէ Յիսուս մեռելներէն յարուցանուած չըլլար։ Հաւանաբար իր մասին լսա՛ծ անգամ պիտի չըլլայինք եթէ յարուցանուած չըլլար։ Բայց մենք ստոյգ պատճառներ ունինք հաւատալու, որ Յիսուս ողջ է եւ այժմ մեզի առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն կու տայ, մինչ բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը կը տարածենք։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

15. Յիսուսի յարութիւնը ինչո՞ւ մեզի կ’օգնէ որ քաջաբար քարոզենք։

15 Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կ’օգնէ որ քա՛ջաբար քարոզենք։ Աստուծոյ թշնամիները 2000 տարիէ ի վեր ամէն միջոցի ձեռնարկած են բարի լուրի քարոզչութիւնը դադրեցնելու,– հաւատուրացութիւն, ծաղրանք, խուժանային բռնութիւն, արգիլում, չարչարանք եւ մահապատիժ։ Ասով հանդերձ, որեւէ բան,– մեզի «վնասող ոեւէ գործիք»,– ամենեւին չէ կրցած դադրեցնել Թագաւորութեան մասին մեր քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը (Եսա. 54։17)։ Մենք չենք վախնար Սատանայի խամաճիկներէն կամ ստրուկներէն։ Յիսուս մեզի հետ է. ինչպէս որ խոստացաւ, ան մեզի թիկունք կը կանգնի (Մատ. 28։20)։ Ամէն պատճառ ունինք քաջասիրտ ըլլալու, որովհետեւ մեր թշնամիները ինչ որ ալ փորձեն ընել, պիտի չկարենան մեր բերանը գոցել։

Յիսուսի յարութիւնը մեզի կ’օգնէ որ քա՛ջաբար քարոզենք (տե՛ս պարբերութիւն 15)

16, 17. ա) Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս իր բոլոր սորվեցուցածները կը հաստատէ։ բ) Յովհաննէս 11։25–ի համաձայն, Եհովան Յիսուսին ի՞նչ զօրութիւն տուած է։

16 Յիսուսի յարութիւնը իր բոլոր սորվեցուցածները կը հաստատէ։ Պօղոս գրեց, որ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, քրիստոնէական հաւատքը եւ քարոզչութիւնը պարապ պիտի ըլլային։ Աստուածաշնչագէտ մը գրեց. «Եթէ Քրիստոս չէ յարուցանուած, ուրեմն. . . քրիստոնեաները խղճալի եւ դիւրախաբ մարդիկ են, հսկայական սուտէ մը մոլորած»։ Առանց Յիսուսի յարութեան, Աւետարանները պարզապէս տխուր պատմութիւն մը կը դառնան, ուր բարի եւ իմաստուն մարդ մը իր թշնամիներուն կողմէ մահուան կը մատնուի։ Բայց Քրիստոս արդարեւ յարութիւն առաւ, հաստատելով թէ իր բոլոր սորվեցուցածները, ներառեալ՝ ինչ որ ապագային նկատմամբ ըսաւ, ճշմարիտ են (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։14, 15, 20

17 Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհ. 11։25)։ Այս հիանալի խոստումը անպայման պիտի իրականանայ։ Եհովան Յիսուսին զօրութիւն տուած է յարուցանելու ոչ միայն զանոնք, որոնք երկնքի մէջ պիտի իշխեն, այլեւ՝ այն միլիառաւոր մարդիկը, որոնք մահուան քունէն պիտի արթննան երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով։ Յիսուսի քաւիչ զոհաբերութիւնը եւ յարութիւնը կը նշանակեն, թէ այլեւս մահ պիտի չըլլայ։ Այս կէտը ըմբռնելը քեզ չի՞ զօրացներ, որ որեւէ փորձութեան ներքեւ դիմանաս եւ մինչեւ իսկ մահուան առջեւ քաջարի մնաս։

18. Յիսուսի յարութիւնը ի՞նչ երաշխիք կու տայ։

18 Յիսուսի յարութիւնը մեզի երաշխիք կու տայ, թէ երկրի բնակիչները Եհովայի սիրալիր չափանիշներուն համաձա՛յն պիտի դատուին։ Վաղեմի Աթէնքին մէջ, Պօղոս ամբոխի մը ըսաւ. «[Աստուած] աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով» (Գործք 17։31)։ Այո, Աստուած Յիսուսը Դատաւոր նշանակեց, եւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Յիսուս արդար ու սիրալիր կերպով պիտի դատէ (կարդա՛ Եսայի 11։2-4

19. Քրիստոսի յարութեան հաւատք ընծայելը մեզի ինչպէ՞ս կ’ազդէ։

19 Յիսուսի յարութեան հաւատք ընծայելը, մեզ կը մղէ որ Աստուծոյ կամքը կատարենք։ Եթէ ան իր կեանքը չզոհէր եւ ապա յարութիւն չառնէր, մեղքի ու մահուան ենթակայ պիտի մնայինք (Հռով. 5։12. 6։23)։ Թերեւս մենք ալ ըսէինք. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» (Ա. Կոր. 15։32)։ Բայց փոխանակ կեանքի հաճոյքներուն վրայ կեդրոնանալու, մենք յարութեան յոյսը ամուր կը բռնենք եւ կը տենչանք ամէն բանի մէջ Եհովայի ուղղութեան հետեւիլ։

20. Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ մեծութեան կը վկայէ։

20 Քրիստոսի յարութիւնը զօրաւոր վկայութիւն կու տայ, թէ որքա՜ն մեծ է Եհովան, որ «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբ. 11։6)։ Եհովան ի՜նչ ոյժ եւ իմաստութիւն ի գործ դրաւ, որպէսզի Յիսուսը երկնային անմահ կեանքի յարուցանէ։ Աւելին, ան այս արարքով իր կարողութիւնը ցոյց տուաւ իր բոլոր խոստումները կատարելու, ներառեալ՝ այն մարգարէական խոստումը, թէ մասնայատուկ «սերունդ» մը տիեզերական գերիշխանութեան հարցը լուծելու մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղար։ Այդ խոստումը կատարուելու համար, Յիսուս պէտք էր մահանար եւ յարութիւն առնէր (Ծն. 3։15

21. Յարութեան յոյսը քեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

21 Ո՜րքան երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեզի յարութեան ստոյգ յոյսը տուաւ։ Աստուածաշունչը այս երաշխիքը կու տայ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Այս սքանչելի հեռանկարը հաւատարիմ Յովհաննէս առաքեալին հաղորդուեցաւ, որուն նաեւ ըսուեցաւ. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Այս յայտնութիւնը ինչպէ՞ս Յովհաննէսին տրուեցաւ։ Յարուցանուած Յիսուս Քրիստոսին միջոցով (Յայտ. 1։1. 21։3-5