Եհովան յօժարակամ ոգին առատապէս կ’օրհնէ
ԱՐԱՐԻՉԸ մարդ արարածը պատուած է՝ ազատ կամքի անգին պարգեւը շնորհելով։ Աւելին, ան առատապէս կ’օրհնէ անոնք, որոնք անձնուրացօրէն իրենց ազատ կամքը կը գործածեն ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու եւ կը ջանան իր սուրբ անունը սրբացնել ու իր մեծ նպատակին թիկունք կանգնիլ։ Եհովան մեքենայական հնազանդութիւն չ’ուզեր. ան մեծապէս կ’արժեւորէ յօժարակամ նուիրումը, որ հարազատ սէրէ ու խոր գնահատանքէ մղուած է։
Օրինակ՝ երբ իսրայէլացիները Սինայի անապատն էին, Եհովան ուղղութիւն տուաւ որ պաշտամունքի վայր մը կառուցանեն։ Ան ըսաւ. «Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ» (Ել. 35։5)։ Իւրաքանչիւր իսրայէլացի իր ձեռքէն եկածը կրնար տալ, եւ իւրաքանչիւր կամաւոր ընծայ,– ինչ որ ալ ըլլար անոր տեսակը կամ քանակը,– կրնար յարմար կերպով գործածուիլ աստուածային նպատակը կատարելու։ Ժողովուրդը ինչպէ՞ս ընդառաջեց։
«Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները» եւ «որչափ որ սրտով կամեցող կային», կամաւոր ընծայ բերին։ Այրեր ու կիներ Եհովայի գործին համար կամաւ բերին՝ ճարմանդներ, օղեր, մատանիներ, ոսկի, արծաթ, պղինձ, կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան, այծի մազ, կարմիր ներկուած խոյի մորթեր, թէհաշի մորթեր, սատիմի փայտեր, եղնգնաքարեր, համեմներ եւ իւղ։ Ի վերջոյ, «բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ» (Ել. 35։21-24, 27-29. 36։7)։
Եհովային սիրտը մեծապէս ուրախացուց ոչ թէ բերուած ընծան, հապա անոնց յօժարակամ ոգին, որոնք այսպէս մաքուր պաշտամունքին թիկունք կանգնեցան։ Անոնք նաեւ մղուեցան իրենց ժամանակն ու աշխատանքը տրամադրելու։ «Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին», կ’ըսէ արձանագրութիւնը։ Արդարեւ, «բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին»։ Ասկէ զատ, Եհովան Բեսելիէլը օժտեց «իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով»։ Իրականութեան մէջ, ան Բեսելիէլին եւ Ոողիաբին շնորհեց հարկ եղած հմտութիւնները, որպէսզի ամբողջ յանձնարարուած գործը կատարեն (Ել. 35։25, 26, 30-35)։
Երբ Եհովան իսրայէլացիներէն խնդրեց որ նուիրատուութիւն ընեն, լիովին վստահ էր որ ‘սրտով յօժար’ եղողները ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք պիտի կանգնէին։ Իր կարգին, ան զիրենք առատապէս օրհնեց, առաջնորդութիւն եւ անսահման ուրախութիւն շնորհելով։ Եհովան այսպէս ցոյց տուաւ, թէ իր ծառաներուն յօժարակամ ոգին օրհնելով, վստահ կ’ըլլայ որ իր կամքը կատարելու համար հարկ եղած նիւթական միջոցները եւ հմտութիւնները ապահովուած են (Սաղ. 34։9)։ Ան վստահաբար յօժարակամ ոգիդ կ’օրհնէ, մինչ իրեն անձնուրացօրէն կը ծառայես։