«Լսեցէք... ու հասկցէք»
«Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք» (ՄԱՐ. 7։14)։
1, 2. Յիսուսի ունկնդիրներէն շատեր ինչո՞ւ իր խօսքերուն իմաստը չհասկցան։
ԱՆՀԱՏ մը կրնայ իրեն հետ խօսողին ձայնը լսել եւ մինչեւ իսկ ձայնին թոնը նշմարել։ Սակայն ի՞նչ օգուտ կ’ընէ, եթէ անոր խօսքերուն իմաստը չհասկնայ (Ա. Կոր. 14։9)։ Նոյն կերպով, հազարաւորներ լսեցին Յիսուսին խօսքերը։ Ան մինչեւ իսկ դիւրահասկնալի ոճ մը գործածեց անոնց համար։ Բայց ամէն մարդ չէ որ հասկցաւ իր խօսքերուն իմաստը։ Այս պատճառով, Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք» (Մար. 7։14)։
2 Շատեր ինչո՞ւ չհասկցան Յիսուսին խօսքերը։ Ոմանք կանխաւ կարծիքներ կազմած էին եւ ունէին սխալ շարժառիթներ։ Յիսուս այդպիսի մարդոց մասին ըսաւ. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք» (Մար. 7։9)։ Իրականութեան մէջ, անոնք ջանք չթափեցին իր խօսքերը ըմբռնելու, որովհետեւ չէին ուզեր իրենց ճամբաներն ու տեսակէտները փոխել։ Անոնք ականջով լսեցին, սակայն սրտով չհասկցան (կարդա՛ Մատթէոս 13։13-15)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր սիրտը միշտ յօժար է Յիսուսի ուսուցումներէն օգտուելու։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐԷՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԻԼ
3. Աշակերտները ինչո՞ւ կրցան Յիսուսի խօսքերը հասկնալ։
3 Պէտք է օրինակ առնենք Յիսուսի խոնարհ աշակերտներէն, որոնց մասին ան ըսաւ. «Երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն» (Մատ. 13։16)։ Ի տարբերութիւն ուրիշներու, աշակերտները ինչո՞ւ կրցան հասկնալ։ Առաջին, անոնք յօժար էին հարցումներ ուղղելու եւ Յիսուսի խօսքերուն ետին գտնուող իմաստը փնտռելու (Մատ. 13։36. Մար. 7։17)։ Երկրորդ, անոնք յօժար էին իրենց սրտին մէջ հաստատուած կէտերուն վրայ նոր կէտեր աւելցնելու (կարդա՛ Մատթէոս 13։11, 12)։ Երրորդ, անոնք յօժար էին իրենց լսած եւ հասկցած կէտերը գործածելու ոչ միայն իրենց կեանքին մէջ, այլեւ՝ ուրիշներուն օգնելու (Մատ. 13։51, 52)։
4. Յիսուսին առակները հասկնալու համար, ի՞նչ երեք քայլ պէտք է առնենք։
4 Եթէ կ’ուզենք Յիսուսին առակները հասկնալ, հարկ է որ իր հաւատարիմ աշակերտները ընդօրինակենք։ Ասիկա ալ երեք քայլ կը պարփակէ։ Նախ, պէտք է յօժարինք ժամանակ յատկացնել, որ Յիսուսի խօսքերը սերտենք, անոնց վրայ խոկանք, հարկ եղած փնտռտուքը ընենք եւ յարմար հարցումներ ուղղենք։ Այսպիսով, գիտութիւն կ’ունենանք (Առ. 2։4, 5)։ Ետքը, պէտք է տեսնենք թէ այս գիտութիւնը մեր նախապէս գիտցած կէտերուն ինչպէ՛ս առնչուած է եւ ի՛նչ կերպով կրնայ մեզի օգտել։ Ասոր արդիւնքը կ’ըլլայ՝ հասկացողութիւն (Առ. 2։2, 3, ՆԱ)։ Եւ վերջապէս, մեր սորված կէտերը պէտք է գործածենք՝ զանոնք կիրարկելով մեր կեանքին մէջ։ Այսպիսով իմաստութիւն ցոյց կու տանք (Առ. 2։6, 7)։
5. Գիտութեան, հասկացողութեան եւ իմաստութեան միջեւ եղած տարբերութիւնը բացատրէ՛։
5 Գիտութիւնը, հասկացողութիւնը եւ իմաստութիւնը ինչպէ՞ս իրարմէ կը տարբերին։ Օրինակով մը բացատրենք։ Երեւակայէ թէ ճամբուն մէջտեղը կեցած ես եւ սրընթաց հանրակառք մը քեզի կը մօտենայ։ Նախ, կը գիտակցիս որ ատիկա հանրակառք մըն է,– ասիկա գիտութիւն է։ Ետքը, կ’անդրադառնաս որ եթէ տեղդ մնաս, հանրակառքը քեզ պիտի հարուածէ,– ասիկա հասկացողութիւն է։ Ուստի տեղէդ կը ցատկես եւ ճամբայէն կ’ելլես,– ասիկա իմաստութիւն է։ Զարմանալի չէ, որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ ‘իմաստութիւնը մեր քովը պահենք’, որովհետեւ ատիկա կրնայ մեր կեա՛նքը փրկել (Առ. 3։21, 22. Ա. Տիմ. 4։16)։
6. Ի՞նչ հարցումներ պիտի ուղղենք, մինչ Յիսուսի առակներէն եօթն կը քննարկենք (տե՛ս յարակից շրջանակը)։
6 Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ եօթը առակ պիտի քննարկենք։ Քննարկման ընթացքին հետեւեալ հարցումները պիտի ուղղենք։ Այս առակը ի՞նչ կը նշանակէ (ասիկա մեզի կ’օգնէ գիտութիւն առնելու)։ Յիսուս մեզի ինչո՞ւ այս առակը տուաւ (ասիկա կ’առաջնորդէ հասկացողութեան)։ Այս տեղեկութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք գործածել յօգուտ մեզի ե՛ւ ուրիշներուն (ասիկա իմաստութիւն է)։ Եւ վերջապէս, ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։
ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ
7. Մանանեխի առակին իմաստը ի՞նչ է։
7 Կարդա՛ Մատթէոս 13։31, 32։ Յիսուսի տուած մանանեխի առակին իմաստը ի՞նչ է։ Մանանեխի հատը կը ներկայացնէ Թագաւորութեան պատգամը, ինչպէս նաեւ՝ այդ պատգամին քարոզչութեան արդիւնքը,– քրիստոնէական ժողովքը։ Ինչպէս որ մանանեխի հատը «բոլոր սերմերէն պզտիկ է», այնպէս ալ քրիստոնէական ժողովքը շատ պզտիկ էր, երբ Ք.Ե. 33–ին հաստատուեցաւ։ Սակայն քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, ժողովքը արագօրէն բարգաւաճեցաւ, բոլորին ակնկալածէն շատ աւելի (Կող. 1։23)։ Այս աճը օգտակար էր, քանի որ Յիսուս մեզի կ’ըսէ թէ «երկնքի թռչունները» եկան եւ «անոր ճիւղերուն վրայ [հանգչեցան]»։ Այս այլաբանական թռչունները կը պատկերացնեն ազնուասիրտ մարդիկ, որոնք քրիստոնէական ժողովքէն ներս հոգեւոր սնունդ, թարմացում եւ պատսպարան կը գտնեն (համեմատէ՛ Եզեկիէլ 17։23)։
8. Յիսուս ինչո՞ւ մանանեխին առակը գործածեց։
Եսա. 60։22)։ Անոր ընկերակցողները հիանալի կերպով հոգեւոր պաշտպանութիւն ստացած են (Առ. 2։7. Եսա. 32։1, 2)։ Աւելին, որեւէ հակառակութիւն չէ կրցած Թագաւորութեան շահերուն շարունակական աճը կասեցնել (Եսա. 54։17)։
8 Յիսուս ինչո՞ւ այս առակը գործածեց։ Ան մանանեխի հատին հիանալի աճը գործածեց, որպէսզի բացատրէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը զօրութիւնը ունի տարածուելու, պաշտպանութիւն տալու եւ ամէն խոչընդոտ յաղթահարելու։ 1914–էն սկսեալ, Աստուծոյ կազմակերպութեան տեսանելի մասը արտակարգ աճ արձանագրած է (9. ա) Մանանեխին առակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ բ) Առակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։
9 Մանանեխին առակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Թերեւս կ’ապրինք շրջան մը, ուր Վկաները քիչուոր են կամ մեր քարոզչութիւնը անմիջական արդիւնքներ չի տար։ Բայց բնաւ պէտք չէ մոռնանք, որ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը կրնայ որեւէ խոչընդոտ յաղթահարել։ Ասիկա մեզ պիտի զօրացնէ որ տոկանք։ Օրինակի համար, երբ 1926–ին եղբայր Էտուին Սքիննըր Հնդկաստան ժամանեց, հոն ափ մը Վկաներ կային։ Սկիզբը, գործը «դանդաղ կ’ընթանար», չնչին յառաջդիմութիւն ըլլալով։ Բայց եղբայրը շարունակեց քարոզել եւ տեսաւ թէ Թագաւորութեան պատգամը ինչպէ՛ս մեծ խոչընդոտներ յաղթահարեց։ Այժմ, Հնդկաստանի մէջ աւելի քան 37,000 գործունեայ Վկաներ կան եւ աւելի քան 108,000 անհատներ ներկայ գտնուեցան անցեալ տարուան Յիշատակատօնին։ Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Թագաւորութեան կարգադրութիւնը ի՛նչ աչքառու աճ արձանագրած է։ Այդ նոյն տարին երբ եղբայր Սքիննըր Հնդկաստան գնաց, Զամպիոյ մէջ քարոզչութիւնը նոր սկսած էր։ Այժմ, հոն աւելի քան 170,000 հրատարակիչներ կան եւ 2013–ի Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւն էր՝ 763,915։ Ասիկա կը նշանակէ որ Զամպիոյ ամէն 18 բնակիչներէն մէկը ներկայ եղաւ։ Ի՜նչ հիանալի աճ։
ԽՄՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
10. Խմորի առակին իմաստը ի՞նչ է։
10 Կարդա՛ Մատթէոս 13։33։ Խմորի առակին իմաստը ի՞նչ է։ Այս առակն ալ կ’ակնարկէ Թագաւորութեան պատգամին եւ անոր արդիւնքին։ Ալիւրի «բոլոր» զանգուածը կը ներկայացնէ բոլոր ազգերը, իսկ խմորուիլը կը պատկերացնէ քարոզչութեան միջոցով Թագաւորութեան պատգամին տարածուիլը։ Մանանեխի հատին աճիլը ակնյայտ է, սակայն խմորին տարածուիլը սկիզբը չ’երեւնար, իսկ որոշ ժամանակ մը ետք արդիւնքը յայտնի կ’ըլլայ։
11. Յիսուս ինչո՞ւ խմորին առակը գործածեց։
11 Յիսուս ինչո՞ւ այս առակը գործածեց։ Ան ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութեան պատգամը զօրութիւնը ունի տարածուելու եւ փոփոխութիւններ մտցնելու։ Անիկա «մինչեւ երկրին ծայրերը» հասած է (Գործք 1։8)։ Ինչ կը վերաբերի անոր պատճառած փոփոխութիւններուն, թերեւս սկիզբը նկատելի չըլլան, բայց անոնք առկայ են։ Փոփոխութիւններ կ’ըլլան ոչ միայն այս ազդու պատգամը ընդունողներուն թիւին մէջ, այլեւ՝ անոնց անձնաւորութեան մէջ (Հռով. 12։2. Եփ. 4։22, 23)։
12, 13. Օրինակներ տուր, թէ ինչպէ՛ս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը բարգաւաճած է, խմորի առակին նկարագրածին պէս։
12 Քարոզչութեան ազդեցութիւնը յաճախ տարիներ ետք յայտնի կ’ըլլայ։ Օրինակ, Ֆրանզ եւ Մարկիթ, որոնք այժմ ուրիշ մասնաճիւղի մէջ կը ծառայեն, 1982–ին Պրազիլի մասնաճիւղին մէջ կը ծառայէին։ Անոնք գիւղաքաղաք մը գացին վկայելու։ Իրենց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներուն մէջ կային մայր մը եւ անոր չորս զաւակները։ Այդ ընտանիքին 12 ամեայ անդրանիկ որդին այնքան ամչկոտ էր, որ ուսումնասիրութիւնը չսկսած՝ յաճախ կը փորձէր պահուըտիլ։ Նշանակումի փոփոխութեան պատճառաւ, զոյգը չկրցաւ ուսումնասիրութիւնը շարունակել։ Բայց 25 տարի ետք, Ֆրանզ եւ Մարկիթ պատեհութիւնը ունեցան այդ գիւղաքաղաքը այցելելու։ Անոնք ի՞նչ գտան։ Նոր Թագաւորութեան սրահ մը, որուն մէջ կը ժողվուէր 69 հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովք մը, որոնցմէ 13–ը կանոնաւոր ռահվիրաներ էին։ Իսկ այդ ամչկոտ տղա՞ն։ Ան այժմ որպէս երէցներու մարմինի համակարգող կը ծառայէ։ Յիսուսի առակին մէջի խմորին նման, Թագաւորութեան պատգամը աճած եւ շատերու կեանքը փոխած էր,– ինչ որ այցելող զոյգը մեծապէս ուրախացուց։
13 Կեանքեր փոխելու Թագաւորութեան պատգամին անտեսանելի զօրութիւնը ցցուն եղած է մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր քարոզչութիւնը արգելքի տակ է։ Դժուար է գիտնալ թէ պատգամը ո՛րքանով տարածուած է այդ երկիրներուն մէջ, բայց յաճախ զարմանալի արդիւնքներ կը լսենք։ Նկատի առ Քուպան, զոր օրինակ։ Թագաւորութեան պատգամը 1910–ին հասաւ Քուպա եւ եղբայր Ռասըլ 1913–ին այցելեց հոն։ Բայց սկիզբը, քիչ յառաջդիմութիւն կար։ Այժմ ի՞նչ կը տեսնենք այդ երկրին մէջ։ Բարի լուրի աւելի քան 96,000 հրատարակիչներ կան եւ 2013–ի Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւն էր՝ 229,726,– այսինքն՝ Քուպայի ամէն 48 բնակիչներէն մէկը։ Նոյնիսկ արգելքի տակ չեղող երկիրներու մէջ, Թագաւորութեան պատգամը թերեւս հասած է այնպիսի վայրեր, ուր բնիկ Վկաները կը խորհին որ վկայութիւն չէ տրուած (Ժող. 8։7. 11։5) *։
14, 15. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք անձամբ օգտուիլ խմորին առակէն։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։
14 Յիսուսի սորվեցուցած խմորի առակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Երբ այս առակին իմաստին վրայ կը խոկանք, կ’անդրադառնանք որ հարկ չկայ չափէ դուրս մտահոգուելու, թէ Թագաւորութեան Ժող. 11։6)։ Միեւնոյն ատեն անշուշտ, բնաւ պէտք չէ մոռնանք աղօթքով Եհովայէն խնդրել որ քարոզչութիւնը օրհնէ, մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր գործը սահմանափակուած է (Եփ. 6։18-20)։
պատգամը ինչպէ՛ս պիտի հասնի այն միլիոնաւորներուն, որոնք տակաւին չեն լսած զայն։ Եհովան ամէն բան իր հակակշռին տակ առած է։ Իսկ մե՛ր գործը ի՞նչ է։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Առտուն քու սերմդ ցանէ եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ ա՞յս թէ այն, կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան» (15 Ասկէ զատ, պէտք չէ վհատինք եթէ մեր գործին արդիւնքը անմիջապէս չտեսնենք։ Բնաւ պէտք չէ անարգենք «պզտիկ բաներուն օրը» (Զաք. 4։10)։ Քարոզչութիւնը կրնայ ի վերջոյ մեր երեւակայածէն շատ աւելի մեծ եւ հիանալի արդիւնքներ տալ (Սաղ. 40։5. Զաք. 4։7)։
ՄԱՐԳԱՐԻՏԸ ԵՒ ՊԱՀՈՒԱԾ ԳԱՆՁԸ
16. Մարգարիտի առակին իմաստը եւ պահուած գանձի առակին իմաստը ի՞նչ են։
16 Կարդա՛ Մատթէոս 13։44-46։ Մարգարիտի առակին իմաստը եւ պահուած գանձի առակին իմաստը ի՞նչ են։ Յիսուսի օրերուն, կարգ մը վաճառականներ մինչեւ Հնդկական ովկիանոս կը ճամբորդէին, ամէնէն ընտիր մարգարիտները գնելու համար։ Այս առակին մէջ նշուած վաճառականը կը ներկայացնէ ազնուասիրտ մարդիկ, որոնք շատ ջանք կը թափեն իրենց հոգեւոր կարիքները գոհացնելու։ «Պատուական մարգարիտը» կը պատկերացնէ Թագաւորութեան թանկարժէք ճշմարտութիւնը։ Այդ մարգարիտին արժէքը գնահատած ըլլալով, վաճառականը յօժարեցաւ շուտով իր ամբողջ ունեցածը ծախել զայն գնելու համար։ Յիսուս նաեւ խօսեցաւ մարդու մը մասին, որ դաշտին մէջ աշխատելու ընթացքին «պահուած» գանձ մը գտաւ։ Ի տարբերութիւն վաճառականին, այս հողագործը գանձ չէր փնտռեր։ Սակայն վաճառականին պէս, ան ալ յօժարեցաւ իր «բոլոր ունեցածը» ծախել այդ գանձը ունենալու համար։
17. Յիսուս ինչո՞ւ մարգարիտին եւ պահուած գանձին առակները տուաւ։
17 Յիսուս այս երկու առակները ինչո՞ւ տուաւ։ Ան ցոյց տուաւ թէ ճշմարտութիւնը տարբեր կերպերով կը գտնուի։ Ոմանք կը փնտռեն եւ շատ ջանք կը թափեն զայն գտնելու համար։ Իսկ ուրիշներ, չփնտռելով հանդերձ, զայն կը գտնեն,– թերեւս քարոզչութեան շնորհիւ։ Ամէն պարագայի, երկու անհատներն ալ իրենց գտածին արժէքը գնահատեցին եւ յօժարեցան մեծ զոհողութիւններ ընել զայն ունենալու համար։
18. ա) Այս երկու առակներէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։
18 Այս երկու առակներէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ (Մատ. 6։19-21)։ Դուն քեզի հարց տուր. «Առակներուն մէջի տղամարդոց կեցուածքը ունի՞մ։ Ճշմարտութիւնը նոյնչափ կ’արժեւորե՞մ։ Յօժա՞ր եմ զոհողութիւններ ընելու որ զայն ձեռք ձգեմ, թէ ոչ թոյլ կու տամ որ ուրիշ բաներ, ինչպէս՝ առօրեայ մտահոգութիւնները, արգելք հանդիսանան» (Մատ. 6։22-24, 33. Ղուկ. 5։27, 28. Փլպ. 3։8)։ Ճշմարտութիւնը գտնելու նկատմամբ մեր սրտագին ուրախութիւնը ո՛րքան աւելի խորանայ, այնքան աւելի կը վճռենք զայն մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։
19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
19 Ցոյց տանք թէ Թագաւորութեան վերաբերող այս առակները մտիկ ըրած ենք եւ իրապէս հասկցած ենք։ Մի՛ մոռնար որ առակներուն իմաստը ըմբռնելու կողքին, նաեւ պէտք է կիրարկենք ատոնցմէ քաղուած դասերը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք յաւելեալ երեք առակ եւ պիտի տեսնենք թէ ատոնցմէ ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։
^ պարբ. 13 Համանման փորձառութիւններ տեղեկագրուած են ուրիշ երկիրներէ, ինչպէս՝ Արեւելեան Գերմանիա (1999–ի Տարեգիրք, էջ 83, անգլերէնով), Արժանթին (2001–ի Տարեգիրք, էջ 186, անգլերէնով), Բաբուա Նոր Կուինիա (2005–ի Տարեգիրք, էջ 63, անգլերէնով), եւ Ռոպինսըն Քրուսօ Կղզի (Դիտարան–ի 15 յունիս 2000 թիւը, էջ 9)։