Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Քրիստոնեաներուն համար դիակիզումը պատշա՞ճ է։
Անձնական որոշում է, թէ մեռելը պիտի դիակիզուի կամ ոչ։ Թէեւ Աստուածաշունչը դիակիզութեան մասին ուղղակի չի խօսիր, բայց նկատողութեան արժանի է թէ Սաւուղ թագաւորի եւ իր որդւոյն Յովնաթանի դիակները այրուեցան եւ ապա թաղուեցան (Ա. Թագ. 31։2, 8-13. 6/15, էջ 7)։
Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուած գէշ բաներ չի պատճառեր։
Աստուած արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։ Ան անիրաւութիւն չունի, հաւատարիմ եւ ուղիղ է։ Ան նաեւ բազմագութ ու ողորմած է (Բ. Օր. 32։4. Սաղ. 145։17. Յակ. 5։11. 7/1, էջ 4)։
Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ այն անհատը, որ օտար երկիր կը փոխադրուի, որպէսզի ծառայէ հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։
Երեք մարտահրաւէր. 1) Տարբեր կենցաղակերպի յարմարիլ, 2) Տնատենչութեան հետ գլուխ ելլել, եւ 3) Տեղացի եղբայրներուն հետ բարեկամութիւն հաստատել։ Այս մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլողները առատապէս օրհնուած են (7/15, էջ 4-5)։
Յովսէփի եղբայրները ինչո՞ւ զինք ատեցին։
Պատճառներէն մէկն էր, թէ Յակոբ Յովսէփի մասնաւոր հաճութիւն ցոյց տուաւ, իրեն մասնայատուկ պատմուճան մը տալով։ Յովսէփի եղբայրները նախանձեցան ու զինք որպէս ստրուկ ծախեցին (8/1, էջ 11-13)։
Նոր թերթիկները ինչո՞ւ շատ ազդեցիկ են եւ դիւրաւ կը գործածուին։
Բոլորն ալ նոյն ձեւը ունին։ Իւրաքանչիւր թերթիկ թոյլ կու տայ որ համար մը կարդանք եւ տանտիրոջ հարցում մը ուղղենք։ Ան ինչ որ ալ պատասխանէ, կրնանք ներսի կողմը բանալ ու ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ։ Նաեւ կրնանք վերայցելութեան համար հարցում մը մատնանշել (8/15, էջ 13-14)։
Ի՞նչ է ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը։
Ասորերէնը արամերէնին բարբառներէն մէկն է։ Անիկա սկսաւ մեծապէս գործածուիլ Ք.Ե. երկրորդ կամ երրորդ դարուն։ Այնպէս կ’երեւի թէ ասորերէնը առաջին լեզուն էր, որով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն հատուածներ թարգմանուեցան։ Ասորերէն Աստուածաշունչը ճանչցուեցաւ որպէս Փէշիթա (9/1, էջ 13-14)։
Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ կրնան ընել, որ իրենց զաւակները հովուեն։
Էական է մտիկ ընել զաւակներուն, զանոնք ճանչնալու համար։ Հարկ է զանոնք հոգեւորապէս կերակրել։ Սիրով զանոնք առաջնորդել, զոր օրինակ, երբ ճշմարիտ պաշտամունքին նկատմամբ կասկածներ ունենան (9/15, էջ 18-21)։
Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, այլեւս ի՞նչ բաներ պիտի չըլլան։
Այլեւս պիտի չըլլան՝ առողջապահական խնդիրներ, մահ, անգործութիւն, պատերազմ, ուտելիքի պակասութիւն եւ աղքատութիւն (10/1, էջ 6-7)։
Աստուածաշունչին մէջ ո՞ր ուխտը ուրիշներու թոյլ կու տայ Քրիստոսի հետ իշխել։
Վերջին Պասեքը տօնելէ ետք, Յիսուս իր հաւատարիմ աշակերտներուն հետ ուխտ մը ըրաւ, որ յաճախ կը կոչուի Թագաւորութեան ուխտ (Ղուկ. 22։28-30)։ Այս ուխտը զիրենք հաւաստիացուց, թէ երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի իշխէին (10/15, էջ 16-17)։
Աստուածաշնչական երկու օրինակ տուր, որոնք կը փաստեն թէ Սատանան իրական է։
Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն, թէ Սատանան Յիսուսի հետ խօսեցաւ, ջանալով զինք փորձել։ Նաեւ, Յոբի օրերուն, Սատանան Աստուծոյ հետ խօսեցաւ։ Այս արձանագրութիւնները կը փաստեն, թէ Սատանան իրական անձ մըն է (11/1, էջ 4-5)։
Որո՞նք կազմեցին «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար», ինչպէս արձանագրուած է Գործք 15։14–ի մէջ։
Անոնց մէջ կային թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ հաւատացեալներ, որոնց Աստուած ընտրեց որ ընտիր ցեղ մը ըլլան եւ ‘հռչակեն իր առաքինութիւնները’ (Ա. Պետ. 2։9, 10. 11/15, էջ 24-25)։
Թիմկատ ո՞ւր կը գտնուէր, եւ հոն ոմանք ի՞նչ կեցուածք ունէին։
Թիմկատ հռոմէական մեծ քաղաք մըն էր Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ (այժմու Ալճերիա)։ Հոն ոմանց կեցուածքը նշելով, յայտնաբերուած քանդակագրութիւն մը կ’ըսէ. «Որսալ, լոգնալ, խաղալ, խնդալ. ա՛յս է կեանքը»։ Ասիկա համանման է այն տեսակէտին, որ նշուած է Ա. Կորնթացիս 15։32–ի մէջ (12/1, էջ 8-10)։