Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս հին աշխարհին վախճանը միասին դիմագրաւենք

Այս հին աշխարհին վախճանը միասին դիմագրաւենք

«Մենք իրարու անդամներ ենք» (ԵՓ. 4։25

1, 2. Պատանի ըլլանք թէ տարեց, Աստուած կ’ուզէ որ զինք ինչպէ՞ս պաշտենք։

ԵԹԷ պատանի մըն ես, վստահ եղիր որ Եհովայի համաշխարհային ժողովքին մէկ մասը ըլլալով, ի՛րապէս գնահատուած ես։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մկրտուողներէն շատեր պատանիներ են։ Եւ որքա՜ն կը քաջալերուինք, տեսնելով որ բազմաթիւ պատանիներ կը միանան անոնց, որոնք որոշած են Եհովային ծառայել։

2 Կ’ուրախանա՞ս երբ քեզի պէս ուրիշ պատանիներու հետ կ’ըլլաս։ Շատ հաւանաբար այո՛։ Տեսակ մը ուրախութիւն կը զգանք, երբ մեր տարեկիցներուն հետ հաճելի ժամանակ կ’անցընենք։ Սակայն, մեր տարիքը կամ ենթահողը ինչ որ ալ ըլլայ, Աստուած կ’ուզէ որ զինք միութեա՛մբ պաշտենք։ Պօղոս առաքեալ գրեց, թէ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Իսկ Յայտնութիւն 7։9–ն Աստուծոյ երկրպագուներուն մասին կ’ըսէ, որ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» կու գան։

3, 4. ա) Այսօրուան պատանիներէն շատեր ի՞նչ ոգի կը ցուցաբերեն։ բ) Ո՞ր կեցուածքը ներդաշնակ է Եփեսացիս 4։25–ի խօսքին հետ։

3 Հսկայ տարբերութիւն կայ Եհովան պաշտող պատանիներուն եւ աշխարհիկ պատանիներուն միջեւ։ Եհովային չծառայող պատանիներէն շատեր անձնակեդրոն կեանք մը կ’ապրին, միմիայն իրենց ուզածին վրայ կեդրոնանալով։ Կարգ մը հետազօտիչներ զանոնք «Եսասիրական սերունդ» կը կոչեն։ Այս պատանիները իրենց խօսելակերպով եւ հագուելակերպով ցոյց կու տան, թէ իրենցմէ մեծ եղողները չեն յարգեր եւ զանոնք «հին գլուխ» կը նկատեն։

4 Այս ոգին մեր չորս կողմը կը տիրէ։ Ուստի իրապէս ջանք կը պահանջէ Եհովայի պատանի ծառաներէն, որ այս ոգիէն խուսափին եւ Իր տեսակէտը որդեգրեն։ Նոյնիսկ առաջին դարուն, Պօղոս հարկ տեսաւ հաւատակիցները խրատելու, որ դիմադրեն «այն ոգիին», որ «ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» եւ որուն համաձայն «ժամանակին կը քալ[էին]» (կարդա՛ Եփեսացիս 2։1-3)։ Գովասանքի՛ արժանի են այն պատանիները, որոնք այդ ոգիէն կը խուսափին եւ միութեամբ կ’աշխատին իրենց եղբայրներուն հետ։ Այս կեցուածքը ներդաշնակ է Պօղոսի խօսքերուն հետ, որ ըսաւ. «Մենք իրարու անդամներ ենք» (Եփ. 4։25)։ Այս հին աշխարհին վախճանին որքան աւելի մօտենանք, այնքան աւելի կարեւոր կը դառնայ մեր միութեամբ աշխատիլը։ Աստուածաշունչէն կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք, որոնք մեզի ցոյց պիտի տան, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ իրարու կառչինք եւ միացած ըլլանք։

ԱՆՈՆՔ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱՑԻՆ

5, 6. Ի՞նչ դաս կը սորվինք Ղովտէն եւ իր երկու աղջիկներէն։

5 Անցեալին, Եհովան պաշտպանեց իր ծառաները, երբ նեղութեան ատեն միաբանութեամբ իրարու օգնեցին։ Բոլորս ալ, երիտասա՛րդ թէ տարեց, կրնանք դասեր քաղել այդ վաղեմի ծառաներուն օրինակէն։ Անոնցմէ մէկն է՝ Ղովտ։

6 Ղովտ եւ իր ընտանիքը վտանգաւոր կացութեան մէջ էին, քանի որ իրենց բնակած քաղաքը՝ Սոդոմ, պիտի կործանուէր։ Աստուծոյ հրեշտակները Ղովտը յորդորեցին, որ քաղաքէն դուրս ելլէ եւ լեռնային շրջանը ապահովութիւն գտնէ։ «Անձդ ազատելու համար փախիր», ըսին անոր (Ծն. 19։12-22)։ Ղովտ եւ իր աղջիկները հրեշտակներուն ըսածին հնազանդեցան։ Բայց ցաւօք սրտի, իր միւս ազգականները մտիկ չըրին։ Իր աղջիկներուն նշանուած երիտասարդներուն աչքին, Ղովտ «ծաղրելի մէկը երեւցաւ»։ Անոնք իր ըսածը լուրջի չառին եւ հետեւաբար իրենց կեանքը կորսնցուցին (Ծն. 19։14)։ Միայն Ղովտ եւ իրեն կառչած երկու աղջիկները ազատեցան։

7. Եհովան ինչպէ՞ս օգնեց Եգիպտոսէն ելլող բազմութեան, որոնք իրարու կառչած մնացին։

7 Ուրիշ օրինակ մը նկատի առ։ Երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս կ’ելլէին, անկախ խումբեր չկազմեցին, հապա ամէնքը միասնաբար նոյն ճամբան բռնեցին։ Իսկ երբ Մովսէս «իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց» եւ Եհովան ջուրերը ճեղքեց, ան առանձին կամ քանի մը մարդոցմով չանցաւ։ Ամբողջ ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցաւ՝ Եհովային պաշտպանութիւնը ունենալով (Ել. 14։21, 22, 29, 30)։ Նոյնիսկ իսրայէլացի չեղող «խառն բազմութիւն» մը որոշեց Եհովային ծառայել եւ իսրայէլացիներուն հետ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ։ Բոլորն ալ իրարու կառչած մնացին (Ել. 12։38)։ Յիմարութիւն պիտի ըլլար, եթէ քանի մը հոգի, թերեւս խումբ մը պատանիներ, ժողովուրդէն զատուէին եւ իրենց նախընտրած ճամբով երթային, առանց Եհովայի պաշտպանութիւնը ունենալու (Ա. Կոր. 10։1

8. Յովսափատի օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՞ս միութիւն ցոյց տուաւ։

8 Յովսափատ թագաւորի օրերուն, Աստուծոյ ժողովուրդը ահարկու թշնամիներու «մեծ բազմութիւն» մը դիմագրաւեց (Բ. Մն. 20։1, 2)։ Գովելի է որ Աստուծոյ ծառաները չփորձեցին իրենց ուժով յաղթել թշնամիին, հապա՝ Եհովայի՛ն դիմեցին (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 20։3, 4)։ Անոնք միա՛սնաբար Եհովայէն օգնութիւն խնդրեցին եւ ոչ թէ ինչպէս որ ամէն մէկը կ’ուզէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին» (Բ. Մն. 20։13)։ Երիտասա՛րդ թէ տարեց, անոնք հաւատքով միասնաբար ջանացին Եհովայի ուղղութեան հետեւիլ, եւ Եհովան զիրենք պաշտպանեց (Բ. Մն. 20։20-27)։ Ասիկա ընտիր օրինակ մըն է մեզի, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կրնայ դժուարութիւնները միասին դիմագրաւել։

9. Առաջին դարու քրիստոնեաներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

9 Առաջին դարու քրիստոնեաները ե՛ւս ցոյց տուին թէ միաբան էին։ Օրինակ, երբ բազմաթիւ հրեաներ եւ նորահաւատներ քրիստոնէացան, «առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէ» եղան (Գործք 2։42)։ Այս միութիւնը մասնաւորաբար հալածանքի ատեն երեւցաւ, երբ իրարու շատ պէտք ունէին (Գործք 4։23, 24)։ Չե՞ս համաձայնիր որ դժուարին ժամանակներուն միաբանութեամբ գործելը կարեւոր է։

ՄԻԱԲԱՆԻՆՔ՝ ՄԻՆՉ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐԸ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ

10. Յատկապէս ե՞րբ միութեան շատ պէտք պիտի ունենանք։

10 Մարդկային պատմութեան ամէնէն մռայլ ժամանակաշրջանը կը մօտենայ։ Յովէլ մարգարէն զայն նկարագրեց որպէս «խաւարի ու մէգի օր» (Յվլ. 2։1, 2. Սոփ. 1։14)։ Այդ ատեն, Աստուծոյ ժողովուրդը որեւէ ժամանակէ աւելի միացած պէտք է ըլլայ։ Յիսուսին խօսքը յիշէ. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի» (Մատ. 12։25

11. Սաղմոս 122։3, 4–էն ի՞նչ կրնանք սորվիլ միութեան մասին (տե՛ս բացման պատկերը)։

11 Երբ այս աշխարհը մօտալուտ տագնապը դիմագրաւէ, մենք ի՛րապէս միութեան պէտք պիտի ունենանք։ Այս հոգեւոր միութիւնը կրնանք բաղդատել վաղեմի Երուսաղէմի տուներուն մօտիկութեան հետ։ Այդ տուները ա՛յնքան իրարու մօտ շինուած էին, որ սաղմոսերգուն ըսաւ որ Երուսաղէմը «ինքնիրեն ամրօրէն միացած» քաղաք մըն է։ Ասոր շնորհիւ, բնակիչները դիւրաւ իրարու կ’օգնէին եւ կը պաշտպանէին։ Ասկէ զատ, իրենց բառացի մօտիկութիւնը կրնար յիշեցնել ամբողջ ազգին հոգեւոր միութիւնը, երբ «Տէրոջը ցեղերը» մէկտեղ կը հաւաքուէին պաշտամունք մատուցանելու (կարդա՛ Սաղմոս 122։3, 4)։ Մենք ալ նոյն կերպով «ամրօրէն միացած» պէտք է ըլլանք հիմա եւ գալիք նեղութեան օրերուն։

12. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ վերապրինք, երբ Գոգ Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակի։

12 Մեր «ամրօրէն միացած» ըլլալը այդ օրերուն ինչո՞ւ շատ կարեւոր պիտի ըլլայ։ Եզեկիէլ գիրքի 38–րդ գլուխը կը մարգարէանայ, թէ ‘Մագոգի երկիրը եղող Գոգը’ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի։ Վստահաբար, այդ ժամանակ թոյլ պէտք չէ տանք, որ որեւէ բան մեզ իրարմէ բաժնէ։ Աշխարհին օգնութեան դիմելու փոխարէն, մեր եղբայրներուն կառչած պիտի մնանք։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ խումբի մը մաս կազմելը բաւարար պիտի ըլլայ փրկութեան համար։ Անձա՛մբ պէտք է վստահինք եւ հնազանդինք Եհովային։ Այդ պարագային է որ Եհովան եւ իր Որդին մեզ Գոգի յարձակումէն պիտի փրկեն ու մտցնեն նոր աշխարհը (Յվլ. 2։32. Մատ. 28։20)։ Բայց միթէ տրամաբանակա՞ն է խորհիլ, որ Աստուծոյ հօտէն խոտորած,– ինքնագլուխ եղած,– անհատները պիտի ազատին (Միք. 2։12

13. Աստուածավախ պատանիներ ի՞նչ դասեր կրնան քաղել մեր քննարկած օրինակներէն։

13 Ուստի յստակ չէ՞, որ յիմարութիւն է հետեւիլ այն պատանիներուն ճամբային, որոնք անջատուելով իրենց առանձնացած աշխարհը կը կերտեն։ Ահա ժամանակը կը մօտենայ, երբ իրարու շատ պէտք պիտի ունենանք։ Ասոր մէջ բոլո՛րս պարփակուած ենք,– մե՛ծ թէ պզտիկ։ Այո, հի՛մա է ժամանակը միասին աշխատիլ սորվելու եւ այնպիսի միութիւն մշակելու, որ շատ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ գալիք օրերուն։

«ԻՐԱՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ»

14, 15. ա) Եհովան ի՞նչ ի մտի ունի, մինչ մեզ կը մարզէ միաբան ըլլալու։ բ) Եհովան մեզի ի՞նչ խրատներ կու տայ որ կարենանք միացած ըլլալ։

14 Եհովան մեզի կ’օգնէ որ «մէկ սրտով» կամ ուս–ուսի ծառայենք (Սոփ. 3։8, 9)։ Ան մեզ կը մարզէ ապագային համար, երբ «ամէն բան [պիտի] բովանդակէ Քրիստոսով» (կարդա՛ Եփեսացիս 1։9, 10)։ Այո, ան նպատակադրած է տիեզերքի բոլոր արարածները միաւորել, եւ կասկած չկայ թէ այս նպատակին պիտի հասնի։ Ասիկա քեզի կ’օգնէ՞, որ պատանի ըլլալով տեսնես, թէ պէտք է միաբանութեամբ աշխատիս Եհովայի կազմակերպութեան հետ։

15 Եհովան մեզի կը սորվեցնէ որ հիմակուընէ միաբան ըլլանք, որպէսզի կարենանք խաղաղութեամբ իրարու հետ ապրիլ նոր աշխարհին մէջ։ Աստուածաշունչը բազմիցս կ’ըսէ որ «միեւնոյն խնամքը ունենան[ք] իրարու վրայ», «իրարու գորովալից» ըլլանք, «մէկզմէկ մխիթար[ենք]» եւ ‘իրարու օգնենք’ (Ա. Կոր. 12։25. Հռով. 12։10. Ա. Թես. 4։17. 5։11)։ Եհովան գիտէ որ մեր անկատարութեան պատճառաւ երբեմն կը դժուարանանք միաբան ըլլալու։ Ուստի մեզ կը յորդորէ որ ջանանք առատապէս ‘իրարու ներել’ (Եփ. 4։32

16, 17. ա) Ինչո՞ւ քրիստոնէական ժողովներ կ’ունենանք։ բ) Պատանիները ի՞նչ դաս կրնան քաղել 12 ամեայ Յիսուսի օրինակէն։

16 Որպէսզի մեզի միաբանութիւն սորվեցնէ, Եհովան նաեւ քրիստոնէական ժողովներ կը հայթայթէ։ Եբրայեցիս 10։24, 25–ը, որ յաճախ կը կարդանք, մեզ կը քաջալերէ որ «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով»։ Յատկանշական է, որ ժողովներուն մէկ նպատակն է, որ «մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսն[ենք]»։

17 Յիսուս իր պատանի հասակին հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ այսպիսի կարգադրութիւններ գնահատելու մէջ։ Երբ 12 տարեկան էր, իր ծնողքին հետ հոգեւոր մեծ համախմբումի մը գնաց։ Հոն, իր ծնողքը ատեն մը զինք չգտաւ, ոչ թէ քանի որ ուրիշ պատանիներու հետ ժամանակ կ’անցընէր, հապա՝ քանի որ տաճարին մէջ վարդապետներուն հետ հոգեւոր բաներ կը քննարկէր (Ղուկ. 2։45-47

18. Աղօթքը ինչպէ՞ս կը զօրացնէ մեր միութիւնը։

18 Իրարու հանդէպ սէր մշակելու եւ քրիստոնէական ժողովներուն միջոցով մեր միութիւնը զօրացնելու կողքին, նաեւ կրնանք իրարու համար աղօթել։ Երբ մեր եղբայրներուն համար մասնայատուկ աղօթքներ կ’ընենք, իրարու հանդէպ մեր հոգածութիւնը կ’ամրանայ։ Ասոնք բաներ չեն որ միայն չափահաս քրիստոնեայ մը կրնայ ընել եւ պէտք է ընէ։ Եթէ պատանի ես, ինչո՞ւ այս առիթներէն չօգտուիս հոգեւոր ընտանիքիդ հետ կապդ ամրապնդելու։ Ասիկա ընելը քեզի պիտի օգնէ որ վստահ ըլլաս, որ այս հին աշխարհին կապուած պիտի չըլլաս, երբ վերջապէս ընկղմի։

Բոլորս կրնանք մեր եղբայրներուն համար աղօթել (տե՛ս պարբերութիւն 18)

ՑՈՅՑ ՏԱՆՔ ԹԷ «ԻՐԱՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԵՆՔ»

19-21. ա) Ի՞նչ աչքառու կերպով ցոյց կու տանք, թէ «իրարու անդամներ ենք». օրինակներ տուր։ բ) Ի՞նչ դաս կը քաղես այն կերպէն, որով եղբայրները իրարու օգնեցին աղէտի ժամանակ։

19 Եհովայի ժողովուրդը ներկայիս կը գործադրէ Հռովմայեցիս 12։5–ի մէջ նշուած այս սկզբունքը. «Ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք»։ Առ ի ապացոյց, նկատի առ թէ մեր եղբայրները ի՛նչ ըրին, երբ 2011–ի դեկտեմբերին, արեւադարձային փոթորիկ մը հարուածեց ֆիլիփինեան Մինտանաու կղզին։ Մէկ գիշերուան մէջ, հեղեղէն վնասուեցան աւելի քան 40,000 տուներ, ներառեալ՝ շատ մը եղբայրներու տուները։ Սակայն, մասնաճիւղը տեղեկագրեց, թէ «նոյնիսկ նախքան աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբերուն գործի լծուիլը, ուրիշ շրջաններ ապրող եղբայրներ օգնութիւն կը հասցնէին»։

20 Նմանապէս, երբ Ճափոնի արեւելքը մեծ ուժգնութեամբ երկրաշարժ եղաւ եւ ապա ցունամի մը հարուածեց, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր մեծ կորուստներ կրեցին։ Ոմանք գրեթէ ամէն բան կորսնցուցին։ Եօշիքօ, որ Թագաւորութեան սրահէն 40 քմ. անդին կ’ապրէր, իր տունը կորսնցուց։ Ան կ’ըսէ. «Զարմացանք երբ գիտցանք թէ երկրաշարժին յաջորդ օրը, շրջանային տեսուչը եւ ուրիշ եղբայր մը եկած էին մեզ փնտռելու»։ Մեծ ժպիտով, քոյրը կ’աւելցնէ. «Մենք իրապէս գնահատեցինք եղբայրները, երբ ժողովքին միջոցով մեր հոգեւոր կարիքները առատապէս հոգացին։ Աւելին, մենք ստացանք վերարկուներ, կօշիկներ, պայուսակներ եւ գիշերանոցներ»։ Աղէտէ տուժածներու օգնող յանձնախումբի անդամներէն մէկը կը նշէ. «Եղբայրները Ճափոնի չորս կողմերէն գալով՝ միաբանութեամբ կը փորձէին իրարու օգնել։ Մինչեւ իսկ Միացեալ Նահանգներէն եղբայրներ եկան օգնելու։ Երբ անոնց հարցուեցաւ թէ ինչո՛ւ այդքան երկար ճամբայ կտրեցին, պատասխանեցին. ‘Մենք Ճափոնի մեր եղբայրներուն հետ մէկ ենք եւ անոնք օգնութեան կարիք ունին’»։ Չե՞ս պարծենար մաս կազմելով կազմակերպութեան մը, որ իր անդամներուն այսչափ հոգ կը տանի։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեծապէս կը հաճի՝ միութեան այսպիսի ոգի մը տեսնելով։

21 Եթէ հիմակուընէ այդ միութեան ոգին ունենանք, ապագային պատրաստուած պիտի ըլլանք նեղութեան օրերը միասի՛ն դիմագրաւելու։ Նոյնիսկ եթէ որոշ երկիրներ ապրող եղբայրներու հետ չկարենանք հաղորդակցիլ, մեր երկրին եղբայրներուն հետ միացած պիտի մնանք։ Ֆումիքօ՝ Ճափոնի մէջ փոթորկահովէ տուժած քոյր մը, կ’ըսէ. «Վախճանը շատ մօտ է։ Պէտք է շարունակենք հաւատակիցներուն աջակցիլ, մինչ յոյսով կը սպասենք այն օրուան, երբ ա՛լ աղէտ պիտի չըլլայ»։

22. Մեր միաբան ըլլալը ապագային ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի։

22 Երիտասարդ թէ տարեց, անոնք որոնք կը ջանան հիմակուընէ միաբանութիւն սորվիլ, խորքին մէջ կը նախապատրաստուին վերապրելու այս չար ու պառակտուած աշխարհին վախճանէն։ Ինչպէս որ էր պարագան վաղեմի օրերուն, Աստուած իր ժողովուրդը պիտի ազատէ (Եսա. 52։9, 10)։ Միշտ ի մտի ունեցիր, որ կրնաս փրկուողներու շարքին ըլլալ, եթէ ջանաս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ միացած մնալ։ Ուրիշ ի՞նչ կրնայ մեզի օգնել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է նաեւ աւելի գնահատենք ինչ որ արդէն ստացած ենք։