Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Գրքերը կը հասկնա՞ս’

‘Գրքերը կը հասկնա՞ս’

«Անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան» (ՂՈՒԿ. 24։45

1, 2. Իր յարութեան օրը, Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշակերտները զօրացուց։

ՏԱԿԱՒԻՆ Յիսուսի յարութեան օրն էր։ Երկու աշակերտներ քալելով կ’երթային գիւղ մը, որ Երուսաղէմէն 11,2 քմ. անդին էր։ Անոնք տխուր ու տրտում էին, լուր չունենալով որ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Յանկարծ, Յիսուս երեւցաւ եւ սկսաւ իրենց հետ քալել։ Ան այս աշակերտները մխիթարեց։ Ինչպէ՞ս։ «Սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր» (Ղուկ. 24։13-15, 27)։ Աշակերտներուն սիրտը իրենց ներսիդին բորբոքեցաւ, քանի որ ան Սուրբ Գրութիւնները «կը մեկնէր» իրենց (Ղուկ. 24։32

2 Նոյն օրուան երեկոյեան, այս երկու աշակերտները վերադարձան Երուսաղէմ։ Մինչ անոնք առաքեալներուն կը պատմէին իրենց փորձառութիւնը, Յիսուս բոլորին երեւցաւ։ Առաքեալները վախցան, իրենց մտքէն հազար ու մէկ կասկած անցնելով։ Բայց Յիսուս անոնց սիրտը զօրացուց։ Ինչպէ՞ս։ Կը կարդանք. «Անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան» (Ղուկ. 24։45

3. ա) Ծառայութեան մէջ ինչո՞ւ թերեւս վհատինք։ բ) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել ուրախ մնալու։

3 Մենք ալ թերեւս երբեմն այդ աշակերտներուն պէս տխրինք։ Տէրոջը գործին մէջ զբաղած ըլլալով հանդերձ, թերեւս վհատինք երբ արդիւնք չտեսնենք (Ա. Կոր. 15։58)։ Կամ, թերեւս թուի թէ անոնք, որոնց հետ կ’ուսումնասիրենք, շատ դանդաղ կը յառաջդիմեն։ Ուրիշներ, որոնց կ’օգնենք, թերեւս նոյնիսկ Եհովային կռնակ դարձնեն։ Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի մեր ծառայութեան նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած Յիսուսի առակներուն իմաստը լիովին հասկնալը մեզի կ’օգնէ։ Ուստի այդ առակներէն երեքը քննարկենք եւ տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։

ԱՃՈՂ ՍԵՐՄԸ

4. Աճող սերմի առակին իմաստը ի՞նչ է։

4 Կարդա՛ Մարկոս 4։26-29։ Աճող սերմի առակին իմաստը ի՞նչ է։ Առակին մէջի մարդը կը ներկայացնէ ամէն ով որ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանէ։ Սերմը Թագաւորութեան պատգամն է, որ ազնուասիրտ մարդոց կը քարոզուի։ Սերմնացանը ամէն մարդու պէս, «[կը] քնանայ եւ [կ’]արթննայ գիշեր ու ցորեկ»։ Աճելու գործընթացը ժամանակ կ’առնէ, ցանելէն մինչեւ վերջին հնձումը։ Այդ ժամանակամիջոցին, «սերմը [կը] բուսնի ու [կը] մեծնայ»։ Այս աճը «ինքնիրմէ» կ’ըլլայ, աստիճանաբար եւ հանգրուաններով։ Հոգեւոր աճը նոյնպէս կ’ըլլայ աստիճանաբար եւ հանգրուաններով։ Երբ անհատ մը այն աստիճան կը յառաջդիմէ, որ կը մղուի Եհովային ծառայելու, պտուղ կու տայ՝ այն առումով որ իր կեանքը Եհովային կը նուիրէ ու կը մկրտուի։

5. Յիսուս ինչո՞ւ աճող սերմին առակը պատմեց։

5 Յիսուս ինչո՞ւ այս առակը պատմեց։ Յիսուս մեզի կ’օգնէ անդրադառնալու, թէ Եհովա՛ն է որ ճշմարտութիւնը կ’աճեցնէ անոնց սրտին մէջ, որոնք «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած» են (Գործք 13։48, ՆԱ. Ա. Կոր. 3։7)։ Մենք կը ցանենք ու կը ջրենք, բայց չենք կրնար ստիպել որ սերմը աճի, ոչ ալ կրնանք աճումը արագացնել։ Առակին սերմնացանին նման, չենք գիտեր թէ աճը ինչպէ՛ս տեղի կ’ունենայ։ Մինչ առօրեայ գործունէութիւններով կը զբաղինք, յաճախ չենք նկատեր թէ սերմը կ’աճի։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Թագաւորութեան սերմը կրնայ պտուղ տալ։ Այն ատեն, նոր աշակերտը հունձքի գործին մէջ մեզի կը միանայ եւ իր օգնութենէն կ’օգտուինք (Յովհ. 4։36-38

6. Հոգեւոր աճման առնչութեամբ, ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք։

6 Այս առակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունինք որ չենք կրնար Աստուածաշունչի աշակերտին հոգեւոր աճումին ազդել։ Համեստ ըլլալը մեզի պիտի օգնէ, որ չփորձենք աշակերտին վրայ ճնշում բանեցնել կամ ստիպել որ մկրտուի։ Մեր ամէն կարելին կ’ընենք անհատին օգնելու եւ թիկունք կանգնելու, բայց խոնարհաբար կ’ընդունինք, որ նուիրումի որոշումը ի վերջոյ անհատին կ’իյնայ։ Եհովա Աստուած կ’ընդունի միայն այն անհատներուն նուիրումը, որոնք իրեն հանդէպ սէրէ մղուած եւ յօժարակամ սրտով կը նուիրուին (Սաղ. 51։12. 54։6. 110։3

7, 8. ա) Աճող սերմին առակէն ուրիշ ի՞նչ դասեր կը քաղենք. օրինակ մը տուր։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։

7 Երկրորդ, այս առակէն քաղուած դասը հասկնալը մեզի պիտի օգնէ, որ չվհատինք եթէ սկիզբը մեր քարոզչութենէն արդիւնք չտեսնենք։ Հարկ է որ համբերող ըլլանք (Յակ. 5։7, 8)։ Եթէ մեր կարելին ըրած ենք աշակերտին օգնելու, բայց սերմը պտուղ չի տար, ասիկա չի նշանակեր որ լաւ ուսուցիչներ չենք։ Եհովան ճշմարտութեան սերմը կ’աճեցնէ միայն այն սրտին մէջ, որ խոնարհ է եւ յօժար է փոփոխութիւններ ընելու (Մատ. 13։23)։ Ուստի մեր ծառայութեան ո՛րքան ազդու ըլլալը կախեալ չէ անոր տուած արդիւնքէն։ Եհովան չի նայիր թէ մարդիկ ինչպէ՛ս մեր քարոզչութեան կ’ընդառաջեն որպէսզի որոշէ, թէ մեր ծառայութիւնը որքանո՛վ յաջող է։ Փոխարէն, ան մեր անխոնջ ջանքերը կ’արժեւորէ, ինչ որ ալ ըլլայ արդիւնքը (կարդա՛ Ղուկաս 10։17-20. Ա. Կորնթացիս 3։8

8 Երրորդ, միշտ չէ որ անհատին մէջ եղած փոփոխութիւններուն կ’անդրադառնանք։ Օրինակ, զոյգ մը իրենց հետ ուսումնասիրող միսիոնարին մօտեցան եւ խնդրեցին որ չմկրտուած հրատարակիչներ դառնան։ Ան զոյգին յիշեցուց, որ որակեալ ըլլալու համար պէտք էր դադրէին ծխախոտ գործածելէ։ Բայց ի զարմանք միսիոնարին, անոնք ըսին որ ամիսներէ ի վեր չէին ծխած։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անդրադարձած էին, որ նոյնիսկ եթէ գաղտնաբար ծխեն, Եհովան կրնայ տեսնել եւ ան կ’ատէ կեղծաւորութիւնը։ Ուստի իրենց սիրտը մղեց որ որոշում մը առնեն,– կա՛մ միսիոնարին առջեւ ալ ծխել եւ կամ բնաւ չծխել։ Եհովայի հանդէպ իրենց մէջ աճող սէրը օգնեց, որ ճիշդ որոշումը կայացնեն։ Անոնք հոգեւորապէս աճած էին, հակառակ որ միսիոնարը այդ փոփոխութեան տեղեակ չէր։

ՈՒՌԿԱՆԸ

9. Ուռկանի առակին իմաստը ի՞նչ է։

9 Կարդա՛ Մատթէոս 13։47-50։ Ուռկանի առակին իմաստը ի՞նչ է։ Յիսուս ամբողջ մարդկութեան ուղղուած Թագաւորութեան պատգամին քարոզչութիւնը նմանցուց մեծ ուռկանի մը ծովը ձգուելուն։ Ինչպէս որ ուռկան մը անխտիր, մեծ թիւով եւ «ամէն տեսակ ձուկ» կը բռնէ, մեր քարոզչութիւնն ալ ամէն տեսակ եւ միլիոնաւոր մարդիկ կը հրապուրէ (Եսա. 60։5)։ Եւ առ ի ապացոյց, ամէն տարի մեծ թիւով անհատներ ներկայ կ’ըլլան մեր համաժողովներուն եւ Յիշատակատօնին։ Այս այլաբանական ձուկերէն ոմանք «աղէկ» ըլլալով, քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը կը դառնան։ Բայց ուրիշներ «անշահ» ձուկերու պէս են եւ Եհովան զանոնք չ’ընդունիր։

Մատթէոս 13։47-50–ը կարդալէ ետք, այժմու կիրարկում մը նկատի առ

Ճշմարտութեամբ հրապուրուած անհատներէն ոմանք, Եհովայի կողմը դիրք պիտի բռնեն (տե՛ս պարբերութիւն 9-12)

10. Յիսուս ինչո՞ւ ուռկանին առակը պատմեց։

10 Յիսուս ինչո՞ւ այս առակը պատմեց։ Ձուկերուն զատումը չ’ակնարկեր մեծ նեղութեան ընթացքին կատարուելիք վերջին դատաստանին, հապա կ’ընդգծէ ի՛նչ որ պիտի պատահէր այս չար աշխարհի վերջին օրերուն ընթացքին։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ո՛չ ամէն ով որ ճշմարտութեամբ հրապուրուի, Եհովայի կողմը դիրք պիտի բռնէ։ Շատեր, որոնք մեր ժողովներուն եկած են կամ մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտած են, յօժար չեն նուիրումի քայլը առնելու (Գ. Թագ. 18։21)։ Ուրիշներ նոյնիսկ դադրած են քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցելէ։ Կարգ մը պատանիներ ճշմարտութեան մէջ մեծցած ըլլալով հանդերձ, Եհովայի չափանիշներուն հանդէպ սէր չեն մշակած։ Պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Յիսուս ըսաւ թէ ամէն մարդ պէտք է ի՛ր անձնական որոշումը կայացնէ։ Եհովան պաշտելու որոշումը առնողները իր կողմէ կը նկատուին «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները» (Ան. 2։7

11, 12. ա) Ուռկանին առակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։

11 Ուռկանին առակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Այս առակէն քաղուած դասը հասկնալը մեզի կ’օգնէ որ չափէ դուրս չնեղուինք կամ չվհատինք, եթէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը կամ մեր զաւակներէն մէկը ճշմարտութիւնը չիւրացնէ։ Թերեւս մեր ձեռքէն եկածը ըրինք զինք մարզելու։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունիլը կամ ճշմարտութեան մէջ մեծնալը չի նշանակեր, որ անհատը ինքնաբերաբար զօրաւոր անձնական փոխյարաբերութիւն պիտի զարգացնէ Եհովայի հետ։ Անոնք որոնք յօժար չեն Եհովայի իշխանութեան հպատակելու, չեն կրնար իր ժողովուրդին մաս կազմել։

12 Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ բնաւ թոյլ պիտի չտրուի, որ ճշմարտութիւնը ձգած անհատները ժողովքին վերադառնան, կամ թէ անհատ մը որ իր կեանքը Եհովային չի նուիրեր, յաւիտեան «անշահ» ձուկ պիտի սեպուի։ Ո՛չ։ Այսպիսի անհատներ տակաւին պատեհութիւն ունին, առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի։ Կարծես Եհովան իրենց այս կոչը կ’ուղղէ. «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ» (Մաղ. 3։7)։ Այս իրողութիւնը ընդգծուած է ուրիշ առակի մը մէջ, որ Յիսուս տուաւ,– անառակ որդիին առակը (կարդա՛ Ղուկաս 15։11-32

ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ

13. Անառակ որդիի առակին իմաստը ի՞նչ է։

13 Անառակ որդիի առակին իմաստը ի՞նչ է։ Այս առակին մէջի կարեկից հայրը կը պատկերացնէ մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան։ Իր ժառանգը խնդրող՝ ապա վատնող որդին կը պատկերացնէ անոնք, որոնք ժողովքէն խոտորած են։ Ժողովքը ձգելով, կարծես անոնք կ’երթան «հեռու երկիր մը»՝ Սատանային աշխարհը, որ Եհովայէն օտարացած է (Եփ. 4։18. Կող. 1։21)։ Սակայն յետագային, ոմանք ինքզինքնին կու գան եւ Եհովայի կազմակերպութեան վերադառնալու մարտահրաւէրը կ’ընդունին։ Մեր ներող Հայրը կարօտով կ’ողջունէ այս խոնարհ եւ զղջացող անհատները (Եսա. 44։22. Ա. Պետ. 2։25

14. Յիսուս ինչո՞ւ անառակ որդիին առակը պատմեց։

14 Յիսուս ինչո՞ւ այս առակը պատմեց։ Այս գրաւիչ առակով, Յիսուս բացատրեց թէ Եհովան կ’ուզէ որ ճշմարտութենէն խոտորած անհատները Իրեն վերադառնան։ Առակին մէջի հայրը բնաւ իր յոյսը չկտրեց, որ օրին մէկը իր տղան կը վերադառնայ։ Եւ երբ «շատ հեռու»էն տեսաւ իր որդին, անմիջապէս քովը վազեց եւ ողջունեց զայն։ Ի՜նչ զօրաւոր դրդապատճառ, որ ճշմարտութիւնը ձգած անհատները առանց ուշանալու Եհովային վերադառնան։ Թերեւս հոգեւորապէս ուժասպառ են, կ’ամչնան եւ կը դժուարանան այս քայլը առնելու։ Բայց կ’արժէ՛ ջանք թափել,– նոյնիսկ երկինքը պիտի ուրախանայ երբ վերադառնան (Ղուկ. 15։7

15, 16. ա) Յիսուսի տուած անառակ որդիի առակէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք. օրինակներ տուր։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային եւ Յիսուսին մասին։

15 Անառակ որդիին առակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Պէտք է Եհովան ընդօրինակենք։ Բնաւ չենք ուզեր այնքան «շատ արդար» ըլլալ, որ զղջացող մեղաւորներուն բարի գալուստ չմաղթենք, քանի որ այս կեցուածքը մեր հոգեւորութիւնը կը ‘փճացնէ’ (Ժող. 7։16, ԱԾ)։ Առակէն ուրիշ դաս ալ կրնանք քաղել։ Ժողովքը ձգող անհատը պէտք է նկատենք ոչ թէ անյոյս պարագայ, այլ՝ «կորսուած ոչխար» (Սաղ. 119։176)։ Եթէ հանդիպինք անձի մը որ ժողովքէն խոտորած է բայց չէ վտարուած, պիտի մղուի՞նք սիրալիր եւ գործնական կերպով անոր օգնելու որ վերադառնայ։ Ան վտարուած ըլլայ կամ ոչ, անմիջապէս երէցներուն լուր պիտի տա՞նք, որպէսզի կարենան անոր օգնել։ Այդպէս պիտի ընենք, եթէ իրապէս հասկնանք եւ կիրարկենք այն դասը, որ անառակ որդիին առակը կը սորվեցնէ։

16 Նկատէ թէ Եհովայի ողորմութիւնը եւ ժողովքին սէրն ու աջակցութիւնը գնահատող այժմու անառակ որդիներէն ոմանք ինչպէ՛ս արտայայտուած են։ Եղբայր մը որ 25 տարի վտարուած էր, կ’ըսէ. «Վերահաստատումէս ի վեր, ուրախութիւնս աւելցած է, քանի որ Եհովայէն ‘սփոփանքի ժամանակներ’ վայելած եմ (Գործք 3։19, 20)։ Ամէն անհատ սիրալիրօրէն ինծի թիկունք կը կանգնի։ Ես այժմ հիանալի հոգեւոր ընտանիք մը ունիմ»։ Երիտասարդուհի քոյր մը, որ Եհովայէն հեռացած էր եւ հինգ տարի անգործունեայ էր, իր վերադարձին նկատմամբ ըսաւ. «Չեմ կրնար ձեզի բացատրել թէ ի՛նչ զգացի, երբ ինծի հանդէպ յստակօրէն ցուցաբերեցին այն սէրը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ։ Եհովայի կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալը անգին է»։

17, 18. ա) Ի՞նչ գործնական դասեր քաղեցինք մեր քննարկած երեք առակներէն։ բ) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Ի՞նչ գործնական դասեր քաղեցինք այս երեք առակներէն։ Առաջին, պէտք է ընդունինք որ չենք կրնար ուրիշներուն հոգեւոր աճումին ազդել. աճեցնողը Եհովան է։ Երկրորդ, իրապաշտ եղած չենք ըլլար, եթէ ակնկալենք որ մեզի հետ սերտող եւ ժողովքին ընկերակցող բոլո՛ր անհատները ճշմարտութեան կողմը դիրք պիտի բռնեն։ Երրորդ, եթէ ոմանք ճշմարտութիւնը ձգեն եւ Եհովային կռնակ դարձնեն, միշտ յուսանք որ պիտի վերադառնան։ Եւ եթէ վերադառնան, զանոնք սիրալիրօրէն ողջունենք՝ Եհովան ընդօրինակելով։

18 Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող շարունակէ փնտռել գիտութիւն, հասկացողութիւն եւ իմաստութիւն։ Երբ Յիսուսի առակները կը կարդանք, հարցնենք թէ անոնց իմաստը ի՛նչ է, ինչո՛ւ գրուած են Աստուածաշունչին մէջ, քաղուած դասերը ինչպէ՛ս կրնանք կիրարկել եւ հետեւաբար ի՛նչ կը սորվինք Եհովային եւ Յիսուսին մասին։ Ասիկա ընելը ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛րապէս կը հասկնանք Յիսուսին խօսքերը։