Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ստացածդ կը գնահատե՞ս

Ստացածդ կը գնահատե՞ս

«Առինք. . . այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի» (Ա. ԿՈՐ. 2։12

1. Յաճախ ի՞նչ կ’ըսուի։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ առած մը կ’ըսէ. «Ջուրի յարգը կը հասկնանք, երբ հորը չորնայ»։ Երբեմն այդպէս զգացա՞ծ ես։ Թերեւս մէկը լիովին չգնահատէ այն բաները որ մանկութենէն ստացած է։ Օրինակ, հարուստ ընտանիքի մէջ մեծցած անհատը թերեւս իր ունեցածը թեթեւի առնէ։ Նոյնն է պարագան այն պատանիներուն, որոնք անփորձ ըլլալով թերեւս լիովին չըմբռնեն թէ ի՛նչ բաներ իսկական արժէք ունին կեանքի մէջ։

2, 3. ա) Քրիստոնեայ պատանիները ի՞նչ մտածելակերպէ պէտք է զգուշանան։ բ) Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ մեր ունեցածը գնահատելու։

2 Եթէ պատանի ես, ի՞նչը քեզի համար կարեւոր է։ Աշխարհին մէջ, շատերու կեանքը նիւթական բաներու շուրջ կը դառնայ,– լաւ աշխատավարձ, գեղեցիկ տուն կամ նորագոյն ելեկտրոնային սարքեր։ Բայց եթէ մենք միա՛յն այս բաներով հետաքրքրուած ենք, ասիկա կը նշանակէ թէ կարեւոր բան մը պակաս է,– հոգեւոր հարստութիւն։ Ցաւօք սրտի, այսօր միլիոնաւորներ չեն սկսած իսկ այս հարստութիւնը փնտռել։ Ճշմարտութեան մէջ մեծցող ո՛վ պատանիներ, պէտք է ուշադիր ըլլաք, որ չմոռնաք ձեր ստացած հոգեւոր ժառանգին արժէքը (Մատ. 5։3)։ Գնահատութեան պակասը կրնայ ցաւալի հետեւանքներ ունենալ ձեր կեանքին մնացած օրերուն վրայ։

3 Սակայն կրնաս թոյլ չտալ որ այդ մէկը պատահի։ Ինչպէ՞ս։ Աստուածաշունչէն նկատի պիտի առնենք կարգ մը օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչո՛ւ իմաստութիւն է գնահատել մեր հոգեւոր ժառանգը։ Այս օրինակները ոչ միայն պատանիներուն պիտի օգնեն, այլեւ՝ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ իրապէս գնահատեն այն ինչ որ հոգեւորապէս ստացած են։

ԱՆՈՆՔ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵՑԻՆ

4. Ա. Թագաւորաց 8։1-5–ը ի՞նչ կը յայտնէ Սամուէլի որդիներուն մասին։

4 Աստուածաշունչը կը նշէ կարգ մը մարդիկ, որոնք հոգեւոր ճոխ ժառանգ ստացան, բայց զայն չգնահատեցին։ Սամուէլ մարգարէն մանկութենէն Եհովային ծառայեց եւ հաւատարիմ մնաց (Ա. Թագ. 12։1-5)։ Ան լաւ օրինակ հանդիսացաւ իր որդիներուն՝ Յովէլին եւ Աբիային, որոնք լաւ կ’ընէին եթէ զինք ընդօրինակէին։ Սակայն անոնք իրենց ունեցածը թերագնահատեցին եւ գէշ բաներ ըրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անոնք, իրենց հօր հակառակը, «իրաւունքը կը ծռէին» (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 8։1-5

5, 6. Ի՞նչ պատահեցաւ Յովսիայի որդիներուն եւ թոռնիկին։

5 Նոյնն էր պարագան Յովսիա թագաւորի որդիներուն։ Յովսիա հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։ Երբ Աստուծոյ Օրէնքին գիրքը գտնուեցաւ եւ Յովսիային առջեւ կարդացուեցաւ, ան ջանք թափեց Եհովայի ուղղութիւնները կիրարկելու։ Ան երկրէն վերցուց կռապաշտութիւնը եւ ոգեհարցութիւնը, ու ժողովուրդը քաջալերեց որ Եհովային հնազանդին (Դ. Թագ. 22։8. 23։2, 3, 12-15, 24, 25)։ Ի՜նչ մեծ հոգեւոր ժառանգ մը իր որդիներուն համար։ Ժամանակի ընթացքին, իր որդիներէն երեքը եւ թոռնիկ մը թագաւորներ եղան, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը գնահատեց իր այս ժառանգը։

6 Յովսիային յաջորդեց իր որդին՝ Յովաքազը. բայց ան «Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ»։ Յովաքազ միայն երեք ամիս թագաւորեց. Եգիպտոսի փարաւոնին կողմէ բանտարկուեցաւ եւ գերութեան մէջ մեռաւ (Դ. Թագ. 23։31-34)։ Իր Յովակիմ եղբայրը թագաւորեց 11 տարի։ Ան ալ թերագնահատեց այն ինչ որ իր հօրմէն ստացած էր։ Յովակիմի չարութեան համար, Երեմիան մարգարէացաւ. «Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի» (Եր. 22։17-19)։ Յովսիային յաջորդող միւս թագաւորները,– իր որդին՝ Սեդեկիա եւ իր թոռնիկը՝ Յովաքին,– աւելի լաւ չէին. անոնք ալ որոշեցին չհետեւիլ Յովսիայի ուղիղ ճամբաներուն (Դ. Թագ. 24։8, 9, 18, 19

7, 8. ա) Սողոմոն ի՞նչ կերպով իր հոգեւոր ժառանգը կորսնցուց։ բ) Ի՞նչ դաս կը քաղենք Աստուածաշունչին մէջ նշուած այն մարդոցմէն, որոնք իրենց հոգեւոր ժառանգին յարգը չգիտցան։

7 Սողոմոն թագաւոր իր հօրմէն՝ Դաւիթէն, շատ բան ստացաւ։ Հոգեւորապէս ճոխ ենթահող եւ լաւ սկիզբ ունենալով հանդերձ, ան յետագային թերագնահատեց ուղիղ ճամբան։ «Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր» (Գ. Թագ. 11։4)։ Հետեւաբար, Սողոմոն Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուց։

8 Ի՜նչ ցաւալի է գիտնալ, թէ այս մարդիկը իրենց խոստումնալից ենթահողին եւ ճիշդ բաներ ընելու պատեհութեան յարգը չգիտցան։ Բայց անդին կային պատանիներ, որոնք լաւ օրինակ կը հանդիսանան այժմու քրիստոնեայ պատանիներուն։ Նկատի առնենք անոնցմէ ոմանք։

ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ՍՏԱՑԱԾԸ ԳՆԱՀԱՏԵՑԻՆ

9. Նոյի որդիները ինչպէ՞ս հոյակապ օրինակ հանդիսացան (տե՛ս բացման պատկերը)։

9 Նոյի որդիները հոյակապ օրինակ հանդիսացան։ Եհովան Նոյին պատուիրեց տապան մը շինել եւ ընտանեօք անոր մէջ մտնել։ Նոյի որդիները ակներեւաբար հասկցան, թէ պէտք է Եհովայի կամքը կատարեն եւ իրենց հօր հետ համագործակցին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք իրեն օգնեցին տապանը շինելու, եւ ապա տապանը մտան (Ծն. 7։1, 7)։ Ի՞նչ նպատակով։ Ծննդոց 7։3–ը մեզի կ’ըսէ թէ անոնք անասունները տապանը մտցուցին՝ «բոլոր երկրի վրայ անոնց սերունդը ողջ պահելու համար»։ Մարդիկ ալ փրկուեցան։ Որովհետեւ Նոյի որդիները իրենց հօրմէն ստացածը արժեւորեցին, առանձնաշնորհումը ունեցան բաժին բերելու մարդկութեան պահպանման մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մաքրուած երկրագունդին վրայ ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատելուն մէջ (Ծն. 8։20. 9։18, 19

10. Բաբելոնի մէջ, չորս եբրայեցի պատանիներ ինչպէ՞ս ցոյց տուին, թէ կը գնահատէին իրենց հոգեւոր ժառանգը։

10 Դարեր ետք, չորս եբրայեցի պատանիներ ցոյց տուին, թէ գիտէին ինչն էր աւելի կարեւորը։ Ք.Ա. 617–ին, Անանիա, Միսայէլ, Ազարիա եւ Դանիէլ Բաբելոն տարուեցան։ Անոնք տեսքով գեղեցիկ, խելացի պատանիներ էին, որոնք կրնային դիւրութեամբ յարմարիլ բաբելոնական ապրելակերպին։ Բայց անոնք այդպէս չըրին։ Իրենց արարքները ցոյց կու տան, թէ յիշեցին իրենց ժառանգը, մանկութենէն իրենց սորված հոգեւոր դասերը։ Եւ Եհովան մեծապէս օրհնեց զանոնք (կարդա՛ Դանիէլ 1։8, 11-15, 20

11. Ուրիշներ Յիսուսի հոգեւոր ժառանգէն ինչպէ՞ս օգտուեցան։

11 Լաւ օրինակներու մէջ հարկ է նշել մեծագոյն օրինակը՝ Աստուծոյ Որդին Յիսուս։ Ան իր Հօրմէն շատ բան սորված էր, եւ իր սորվածը իրապէս կ’արժեւորէր։ Ասիկա ակնյայտ է իր այս խօսքերէն. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ» (Յովհ. 8։28)։ Ան կ’ուզէր որ ուրիշներ ալ իր ստացածէն օգտուէին։ Ան բազմութեան ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։18, 44)։ Աշխարհը չ’արժեւորեր հոգեւոր ճշմարտութիւնները, եւ այս պատճառով Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, որ ‘աշխարհին մէկ մասը չըլլան’ (Յովհ. 15։19, ՆԱ

ՍՏԱՑԱԾԴ ԳՆԱՀԱՏԷ

12. ա) Բ. Տիմոթէոս 3։14-17–ն ինչպէ՞ս կը կիրարկուի այժմու շատ մը պատանիներու։ բ) Քրիստոնեայ պատանիները ի՞նչ ինքնաքննութիւն պէտք է ընեն։

12 Մեր քննարկած պատանիներուն նման, թերեւս դուն ալ Եհովա Աստուծոյ նուիրուած ծնողքի մը կողմէ մեծցած ես։ Ուրեմն Տիմոթէոսի մասին Աստուածաշունչին ըսածը կրնայ քեզի ալ կիրարկուիլ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։14-17)։ Ծնողքէդ ‘սորվեցար’ ճշմարիտ Աստուծոյ եւ զինք հաճեցնելու կերպին մասին։ Ծնողքդ շատ հաւանաբար մանկութենէդ սկսաւ քեզի սորվեցնել։ Ասիկա վստահաբար քեզի օգնած է, որ ըլլաս «իմաստուն. . . փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը» եւ «պատրաստուած»՝ Աստուծոյ ծառայելու։ Ուստի կը մնայ հարցնել. ցոյց պիտի տա՞ս, թէ ստացածդ կը գնահատես։ Ասիկա թերեւս քեզ մղէ ինքնաքննութիւն ընելու։ Դուն քեզի հարց տուր. «Ի՞նչ կը զգամ, երբ մտածեմ թէ հաւատարիմ վկաներու երկար շարքի մը կը պատկանիմ։ Ի՞նչ կը զգամ, գիտնալով որ Աստուծոյ բարեկամը եղող փոքրամասնութեան մէկ մասն եմ։ Կը գիտակցի՞մ թէ ճշմարտութիւնը գիտնալը ի՜նչ յատուկ եւ մեծ առանձնաշնորհում է»։

Ի՞նչ կը զգաս, երբ մտածես թէ հաւատարիմ վկաներու երկար շարքի մը կը պատկանիս (տե՛ս պարբերութիւն 9, 10, 12)

13, 14. ա) Քրիստոնեայ պատանիներէն ոմանք ո՞ր փորձութեան առջեւ կը գտնուին։ բ) Այդ փորձութեան տեղի տալը ինչո՞ւ յիմարութիւն է. օրինակ մը տուր։

13 Ճշմարտութեան մէջ մեծցող պատանիներէն ոմանք թերեւս չտեսնեն այն մեծ տարբերութիւնը՝ մեր ընթացիկ հոգեւոր դրախտին եւ Սատանայի խաւար աշխարհին միջեւ։ Ոմանք նոյնիսկ փորձած են աշխարհիկ ապրելակերպը համտեսել։ Բայց միթէ արագ ինքնաշարժի մը առջեւ կը նետուի՞ս, պարզապէս որպէսզի գիտնաս թէ ո՛րքան պիտի ցաւիս կամ մահուան պիտի մօտենաս։ Անշուշտ ոչ։ Նմանապէս, պէտք չունինք այս աշխարհի «անառակութիւնը» համտեսելու, որպէսզի գիտնանք թէ ատիկա ի՜նչ ահռելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ (Ա. Պետ. 4։4

14 Ճեներ, որ Ասիա կ’ապրի, ճշմարտութեան մէջ մեծցաւ եւ 12 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Բայց յետագային, աշխարհիկ ապրելակերպով հրապուրուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ուզեցի աշխարհին հրամցուցած ‘ազատութիւնը’ համտեսել»։ Ան սկսաւ կրկնակի կեանք վարել։ 15 տարեկանին, ան արդէն իր չար ընկերակիցներուն կարգ մը սովորութիւնները որդեգրած էր։ Անոնց պէս կը խմէր ու կը հայհոյէր։ Անոնց հետ յաճախ գնդամուղ (billiards) եւ համակարգչային վայրագ խաղեր կը խաղար, եւ ուշ տուն կը վերադառնար։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Ճեներ անդրադարձաւ թէ այս աշխարհի հրապոյրները իսկական գոհացում չեն տար, այլ՝ ունայնութիւն են։ Ժողովքին վերադարձած ըլլալով, ան կ’ըսէ. «Տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ունիմ, բայց Եհովայի տուած օրհնութիւնները անոնցմէ շատ աւելի են»։

15. Ճշմարտութեան մէջ մեծցած ըլլա՛նք կամ ոչ, բոլորս ինչի՞ մասին պէտք է մտածենք։

15 Ժողովքին մէջ վստահաբար կան պատանիներ, որոնք ճշմարտութեան մէջ չեն մեծցած։ Եթէ անոնցմէ մէկն ես, մտածէ թէ այժմ ի՜նչ հիանալի առանձնաշնորհում կը վայելես՝ Ստեղծիչը ճանչնալով եւ իրեն ծառայելով։ Երկրի վրայ միլիառաւոր անհատներ կան, բայց Եհովան քիչեր իրեն քաշած է՝ Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը բացայայտելով (Յովհ. 6։44, 45)։ Ամէն հազարէն միայն մէկը ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունի, եւ դուն անոնցմէ ես. ի՜նչ օրհնութիւն։ Ճշմարտութեան մէջ մեծցած ըլլա՛նք կամ ոչ, ասիկա ուրախանալու պատճառ մը չէ՞ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 2։12)։ Ճեներ կ’ըսէ. «Մարմինս փուշ–փուշ կ’ըլլայ երբ ասոր մասին մտածեմ։ Ես ո՞վ եմ որ ճանչցուիմ Եհովային՝ տիեզերքի Տէրոջը կողմէ» (Սաղ. 8։4)։ Նոյն շրջանէն եղող քոյր մը ըսաւ. «Աշակերտները կը պարծենան երբ իրենց ուսուցիչը զիրենք ճանչնայ։ Ո՛րքան աւելի առանձնաշնորհում է ճանչցուիլ Եհովային՝ Մեծ Ուսուցիչին կողմէ»։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

16. Ո՞ր քայլը իմաստութիւն է այժմու քրիստոնեայ պատանիներուն համար։

16 Սքանչելի առանձնաշնորհումդ նկատի առնելէ ետք, ինչո՞ւ չվճռես մնալ անոնց մէջ, որոնք ճիշդ ապրելակերպը ընտրած են։ Այդպիսով, կրնաս Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներու երկար շարքին միանալ։ Այս քայլը շատ աւելի իմաստութիւն է, քան՝ հետեւիլ պատանիներուն մեծամասնութեան, որոնք այս աշխարհին հետ կուրօրէն դէպի կործանում կ’ընթանան (Բ. Կոր. 4։3, 4

17-19. Ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ աշխարհէն տարբեր ըլլալուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենաս։

17 Անշուշտ, ասիկա չի նշանակեր թէ աշխարհէն տարբեր ըլլալը միշտ դիւրին պիտի ըլլայ։ Բայց այդպէս վարուիլը իմաստութիւն է։ Լուսաբանենք. նկատի առ ողիմպիական մարզիկը։ Անկասկած, ան միւս մարզիկներէն տարբեր ըլլալով այդ հանգրուանին հասած է։ Հաւանաբար ան հրաժարած է շատ մը բաներէ, որոնք իր կեդրոնացումը եւ ժամանակը կը խլեն։ Բայց ան յօժարած է տարբեր ըլլալ, ինչ որ թոյլ տուած է որ աւելի մարզուի եւ որակեալ ըլլայ ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու։

18 Աշխարհը կեանքի նկատմամբ կարճատես հայեցակէտ ունի։ Իսկ եթէ դուն հեռատես ըլլաս, աշխարհէն տարբեր ըլլալով եւ անոր բարոյապէս ու հոգեւորապէս կործանիչ սովորութիւններէն ետ կենալով, «յաւիտենական կեանքը» ձեռք պիտի ձգես (Ա. Տիմ. 6։19)։ Վերոնշեալ քոյրը կ’ըսէ. «Եթէ հաւատալիքներուդ կառչած մնաս, օրուան վերջաւորութեան ուրախ պիտի զգաս։ Ասիկա պիտի փաստէ որ զօրութիւնը ունիս Սատանայի աշխարհին հոսանքին դէմ դնելու։ Ամէն բանէ աւելի, կարծես թէ կը տեսնես, որ Եհովա Աստուած քեզմով կը պարծենայ եւ քեզի կը ժպտայ։ Այդ ատեն է որ տարբեր ըլլալովդ կ’ուրախանաս»։

19 Կեանքիդ օրերը մի՛ վատներ, միայն կեդրոնանալով թէ հի՛մա ինչ կրնաս ձեռք ձգել (Ժող. 9։2, 10)։ Եթէ պատանի ես եւ կեանքիդ նպատակն ու հաւանական տեւողութիւնը նկատի կ’առնես, չե՞ս կարծեր թէ խելացութիւն է չքալել այնպէս՝ ինչպէս «ուրիշ հեթանոսներ [կամ ազգեր] կը քալեն», եւ վարել կեանք մը որ իսկապէս իմաստալից է (Եփ. 4։17. Մաղ. 3։18

20, 21. Եթէ ճիշդ որոշումներ կայացնենք, մեզի ի՞նչ վերապահուած է, իսկ Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

20 Եթէ ճիշդ որոշումներ առնենք, կրնանք հիմակուընէ գոհացուցիչ կեանք ունենալ, իսկ ապագային՝ յաւիտենական կեանք, ըլլալով անոնց մէջ, որոնք «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Եհովա Աստուած մեր երեւակայածէն շատ աւելի պիտի օրհնէ մեզ (Մատ. 5։5. 19։29. 25։34)։ Բայց ան այդ օրհնութիւնները ամէնուն չի տար, հապա միայն անոնց, որոնք իր պատուիրաններուն կը հնազանդին (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3, 4)։ Ուստի վստահաբար կ’արժէ հիմա ջանք թափել իրեն հաւատարմօրէն ծառայելու։

21 Աստուծմէ այսչափ բան ստանալը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է։ Մենք իր Խօսքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունինք ու յստակօրէն կը հասկնանք ճշմարտութիւնը իր եւ իր նպատակներուն մասին։ Պատիւը ունինք իր անունը կրելու եւ իր Վկաները ըլլալու։ Աստուած խօսք կու տայ որ մեզի հետ է (Սաղ. 118։7)։ Թող բոլորս, պատանի՛ թէ տարեց, գնահատութիւն դրսեւորենք, ունենալով ապրելակերպ մը, որ ցոյց կու տայ թէ զօրաւոր փափաք ունինք իրեն տալու «փառք յաւիտեանս» (Հռով. 11։33-36. Սաղ. 33։12