Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Նիւ Եորք

Անձնուրաց ծառայողներ. Նիւ Եորք

ՔԱՆԻ մը տարի առաջ, Սեսար եւ իր կինը՝ Ռօսիօ, հանգստաւէտ կեանք մը կ’ապրէին Քալիֆորնիայի մէջ, ուր Սեսար լման ժամանակով կ’աշխատէր ջեռուցման, օդափոխութեան եւ պայմանադրուած օդի մարզերուն մէջ, իսկ Ռօսիօ մասնակի ժամանակով կ’աշխատէր բժիշկի մը գրասենեակին մէջ։ Անոնք իրենց տան սեփականատէրն էին եւ զաւակներ չունէին։ Սակայն բան մը պատահեցաւ, որ իրենց կեանքը փոխեց։ Ի՞նչ։

2009–ի հոկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը ԱՄՆ–ի բոլոր ժողովքներուն նամակ մը ղրկեց, հմուտ կամաւորները հրաւիրելով, որ Բեթէլի ժամանակաւոր ծառայութեան դիմումնագիր ներկայացնեն, որպէսզի Նիւ Եորքի Ուոլգիլին մէջ մասնաճիւղին շէնքերը ընդարձակելու գործին թիկունք կանգնին։ Հրաւիրուած էին նոյնիսկ անոնք, որոնք Բեթէլի ծառայութեան դիմելու առաւելագոյն տարիքը անցած էին։ «Քանի որ տարիքով մեծ էինք, գիտակցեցանք թէ ասիկա Բեթէլի մէջ ծառայելու մեր միակ առիթը կրնար ըլլալ», կը պատմեն Սեսարն ու Ռօսիոն։ «Չուզեցինք այս առիթը փախցնել»։ Զոյգը անմիջապէս իր դիմումնագիրները լեցուց։

Ուօրուիքի մէջ աշխատող կարգ մը կամաւորներ

Աւելի քան մէկ տարի անցաւ, բայց Սեսարն ու Ռօսիոն Բեթէլ չհրաւիրուեցան։ Այսուհանդերձ, անոնք իրենց նպատակակէտին հասնելու համար յաւելեալ քայլեր առին՝ իրենց կեանքը պարզացնելով։ «Մենք մեր կառատունը մէկ սենեակնոց բնակարանի վերածեցինք, որպէսզի մեր տունը վարձու տանք։ Ապա քանի մը տարի առաջ մեր շինած երազային 200 քառակուսի մեթր տունէն դուրս ելանք եւ 25 քառակուսի մեթր բնակարանին մէջ տեղաւորուեցանք։ Այս փոփոխութիւնները մտցնելը», կ’ըսէ Սեսար, «մեզ աւելի ի վիճակի դարձուց Բեթէլի հրաւէր մը ընդունելու, եթէ հրաւիրուէինք»։ Ետքը ի՞նչ եղաւ։ «Մեր փոխադրուելէն մէկ ամիս ետք», կը պատմէ Ռօսիոն, «հրաւէր ստացանք Ուոլգիլի մէջ ծառայելու որպէս ժամանակաւոր կամաւորներ։ Մեզի համար յստակ էր, թէ մեր կեանքը պարզացնելով՝ Եհովային առիթ տուինք որ մեզ օրհնէ»։

Ճէյսըն, Սեսար եւ Ուիլիամ

ԱՆՈՆՔ Կ’ՕՐՀՆՈՒԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՁՆԱԶՈՀ ՈԳԻԻՆ ՀԱՄԱՐ

Սեսարի եւ Ռօսիոյի նման հարիւրաւոր եղբայրներ ու քոյրեր զոհողութիւններ ըրած են, որպէսզի Նիւ Եորք նահանգին մէջ կատարուող շինարարական գործին մէջ բաժին բերեն։ Ասոնցմէ ոմանք Ուոլգիլի մէջ կ’օգնեն, մինչ շատեր ալ առանձնաշնորհումը ունին Ուօրուիքի մէջ գլխաւոր կեդրոնատեղիի շինարարութեան թիկունք կանգնելու *։ Բազմաթիւ զոյգեր ձգած են իրենց գեղեցիկ տուները, շահաւէտ գործերը եւ նոյնիսկ ընտանի անասունները, որպէսզի Եհովային աւելի՛ ծառայեն։ Արդեօք Եհովան անոնց անձնազոհ ոգին օրհնա՞ծ է։ Ա՛րդարեւ օրհնած է։

Ուէյ

Օրինակի համար, Ուէյ, որ ելեկտրագէտ է, եւ իր կինը՝ Տեպրա, որոնք 50–ական տարիքը աւարտելու վրայ են, Քանսասի մէջ իրենց տունն ու ունեցուածքը ծախեցին եւ փոխադրուեցան Ուոլգիլ, ծառայելու համար որպէս երթեւեկող բեթէլականներ *։ Թէեւ ասիկա կարգ մը ճշդումներ պահանջեց իրենց կեանքին մէջ, բայց անոնք կը զգան թէ կ’արժէր զոհողութիւններ ընել։ Բեթէլի իր նշանակումին առնչութեամբ, Տեպրա կ’ըսէ. «Երբեմն կը զգամ թէ մեր հրատարակութիւններուն այն նկարներուն մէջ եմ, որոնք Դրախտին վերաբերող շինարարական տեսարաններ կը ներկայացնեն»։

Մելվըն եւ Շարոն իրենց տունն ու ստացուածքը ծախեցին Հարաւային Քարոլայնայի մէջ, որպէսզի կարենան Ուօրուիքի մէջ օգնութեան ձեռք տալ։ Այսպիսի զոհողութիւններ ընելը դժուար ըլլալով հանդերձ, զոյգը այդ պատմական ծրագրին մէջ պարփակուած ըլլալը առանձնաշնորհում կը համարէ։ Անոնք կ’ըսեն. «Հիանալի ուրախութիւն մը կը զգաս, երբ կը գիտակցիս թէ կ’իրագործես բան մը, որ երկրապարփակ կազմակերպութեան օգուտ պիտի բերէ»։

Գեննեթ

Գեննեթ, հանգստեան կոչուած շինարար մը, եւ իր կինը՝ Մորին, որոնք իրենց 50–ական տարիքի կիսուն են, Քալիֆորնիան թողուցին՝ Ուօրուիքի ծրագրին մէջ ծառայելու համար։ Փոխադրուելու համար, անոնք ժողովքին մէջ քրոջմէ մը խնդրեցին որ իրենց տան հոգ տանի եւ հարազատներէն ալ խնդրեցին որ Գեննեթի տարիքոտ հօրը հոգ տանին։ Անոնք Բեթէլ գալու համար իրենց կատարած զոհողութիւններուն վրայ կը զղջա՞ն։ Ո՛չ։ «Մենք մեծապէս կ’օգտուինք», կ’ըսէ Գեննեթ։ «Մարտահրաւէրներէ զե՞րծ ենք։ Անշուշտ ոչ, բայց շատ վարձահատոյց կեանք մը կ’ապրինք, եւ այս ծառայութիւնը սրտանց կը յանձնարարենք ուրիշներուն»։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

Ինքզինքնին մատչելի ընողներէն շատեր որոշ խոչընդոտներ պէտք էր յաղթահարէին։ Օրինակ, Ուիլիամ եւ Սանտրա, որոնք իրենց 60–ական տարիքի սկիզբն են, հանգիստ կեանք մը կը վայելէին Փէնսիլվանիայի մէջ։ Անոնք մեքենաներու կտորներ արտադրող յաջող ընկերութիւն մը ունէին՝ 17 գործաւորներով։ Անոնք տակաւին իրենց մանկութեան ժողովքին մէջ կը ծառայէին եւ իրենց ազգականներուն մեծ մասը իրենց շրջանը կ’ապրէր։ Ուստի երբ Ուոլգիլի մէջ որպէս երթեւեկողներ ծառայելու առիթը ընծայուեցաւ, անոնք գիտակցեցան թէ ասիկա պիտի նշանակէր հեռանալ իրենց շրջանակէն։ «Անկասկած, մեզի համար ամէնէն դժուար մարտահրաւէրը մեր հանգստաւէտ կեանքը ձգելը եղած է», կ’ըսէ Ուիլիամ։ Սակայն շատ աղօթելէ ետք, զոյգը որոշեց փոխադրուիլ,– որոշում մը որուն վրայ բնաւ չեն զղջար։ «Գործին մէջ ուղղակի բաժին բերելը եւ Բեթէլի ընտանիքին հետ միասնաբար ծառայելը անհամեմատելի ուրախութիւն է», կ’ըսէ Ուիլիամ։ «Ես ու Սանտրան որեւէ ժամանակէ աւելի ուրախ ենք»։

Ուոլգիլի մէջ աշխատող կարգ մը զոյգեր

Ռիքի, շինարարական ծրագիրի տնօրէն մը Հաուայիի մէջ, հրաւիրուեցաւ ծառայելու որպէս երթեւեկող բեթէլական Ուօրուիքի ծրագրին մէջ։ Իր կինը՝ Քէնտրա, կ’ուզէր որ ան հրաւէրը ընդունէր։ Բայց անոնք կարեւոր մտահոգութիւն մը ունէին. իրենց 11 ամեայ տղուն՝ Ճէյքըպի բարօրութիւնը։ Անոնք հարց տուին թէ արդեօք իմաստութի՛ւն է ընտանիքը տեղափոխել Նիւ Եորք նահանգ եւ արդեօք իրենց որդին պիտի կարենա՛ր բոլորովին տարբեր մթնոլորտի մը ընտելանալ։

«Մեր նախապատուութիւններէն մէկն էր՝ գտնել հոգեւոր պատանիներով օժտուած ժողովք մը», կ’ըսէ Ռիքի։ «Ուզեցինք որ Ճէյքըպը լաւ ընկերակցութիւններ ունենայ»։ Ի վերջոյ, անոնք փոխադրուեցան ժողովքի մը, ուր քիչ երեխաներ կային բայց՝ շատ մը բեթէլականներ։ Ռիքի կ’ըսէ. «Հոն մեր առաջին ժողովին ներկայ ըլլալէ ետք, Ճէյքըպին հարցուցի թէ ի՛նչ կը խորհի նոր ժողովքին մասին, մանաւանդ որ իրեն տարեկիցներ չկան։ Ան ինծի ըսաւ. ‘Հոգ մի՛ ըներ պապ։ Ընկերներս այդ երիտասարդ բեթէլականները պիտի ըլլան’»։

Ճէյքըպ եւ իր ծնողքը իրենց ժողովքի բեթէլականներուն ընկերակցութիւնը կը վայելեն

Եւ իրապէս, երիտասարդ բեթէլականները բարեկամացան Ճէյքըպին հետ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Գիշերով մը, տղուս սենեակին քովէն կ’անցնէի եւ նկատեցի թէ լոյսը չէ մարած», կը պատմէ Ռիքին։ «Կարծեցի որ ելեկտրոնային խաղ կը խաղայ, բայց տղաս Աստուածաշո՛ւնչը կը կարդար։ Երբ հարցուցի թէ ի՛նչ կ’ընէր, Ճէյքըպ պատասխանեց. ‘Ես պատանի բեթէլական մը կ’ըլլամ, եւ Աստուածաշունչը մէկ տարուան մէջ պիտի ամբողջացնեմ’»։ Հարկ չկայ ըսելու թէ Ռիքին եւ Քէնտրան հրճուած են, ոչ միայն քանի որ Ռիքին Ուօրուիքի շինարարութեան կը մասնակցի, այլեւ՝ քանի որ իրենց փոխադրութեան պատճառով, իրենց տղան հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ (Առ. 22։6

ԱՊԱԳԱՅՈՎ ՉԵՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԱԾ

Լուիս եւ Տէյլ

Ուոլգիլի եւ Ուօրուիքի շինարարական ծրագիրները ի վերջոյ պիտի աւարտին, ուստի օգնողները կը գիտակցին որ իրենց Բեթէլի ծառայութիւնը ժամանակաւոր է։ Արդեօք այս եղբայրներն ու քոյրերը չափազանց մտահոգուա՞ծ են թէ ո՛ւր պիտի երթան կամ ի՛նչ պիտի ընեն։ Բնա՛ւ։ Շատեր կը բաժնեն Ֆլորիտայէն եկած եւ միջին տարիքի պատկանող հետեւեալ երկու զոյգերուն զգացումները։ Ճոն, որ շինարարութեան տնօրէն է, եւ իր կինը՝ Գարմէն, որոնք Ուօրուիքի մէջ կը ծառայեն որպէս ժամանակաւոր կամաւորներ, կ’ըսեն. «Տեսած ենք թէ Եհովան մինչեւ հիմա ինչպէ՛ս մեր մասնայատուկ կարիքները հոգացած է։ Կը տրամաբանենք, որ Եհովան անշուշտ մեզ հոս չէ բերած, որ ետքը մեզ երեսէ ձգէ» (Սաղ. 119։116Լուիս, որ հրշէջ սարքեր կը ծրագրէ, եւ իր կինը՝ Քուէնիա, Ուոլգիլի մէջ կը ծառայեն։ Անոնք կ’ըսեն. «Մենք արդէն իսկ տեսած ենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս առատաձեռնօրէն կը հոգայ մեր նիւթական կարիքները։ Թէեւ չենք գիտեր թէ ինչպէ՛ս, ե՛րբ կամ ո՛ւր, բայց վստահ ենք որ ան պիտի շարունակէ մեզի հոգ տանիլ» (Սաղ. 34։10. 37։25

«ԱՅՆՔԱՆ ՇԱՏ [ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ] ՈՐ ԲԱՒԱԿԱՆ ՏԵՂ ՉԸԼԼԱՅ»

Ճոն եւ Մելվըն

Նիւ Եորքի մէջ շինարարութեան թիկունք կանգնողներուն մեծամասնութիւնը կրնար պատճառներ գտնել կամաւոր չըլլալու։ Բայց անոնք Եհովան փորձեցի՛ն,– ինչպէս որ ան բոլորիս կոչ կ’ուղղէ որ ընենք. «Զիս փորձեցէ՛ք. . . թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ» (Մաղ. 3։10

Դուն ալ պիտի փորձե՞ս Եհովան եւ իր տուած ճոխ օրհնութիւնները վայելես։ Աղօթքով նկատի առ թէ ի՛նչ կրնաս ընել այս հետաքրքրական գործին մասնակցելու, ըլլայ ատիկա Նիւ Եորքի մէջ կամ աստուածպետական ուրիշ շինարարական ծրագիրներու մէջ, եւ աչքովդ տես թէ Եհովան քեզ ինչպէ՛ս պիտի վարձատրէ (Մար. 10։29, 30

Կէրի

Տէյլ, որ երկրաչափ է, եւ իր կինը՝ Քաթի, որոնք Ալապամայէն են, մեծապէս կը յանձնարարեն այս ծառայութիւնը։ Ուոլգիլի մէջ կամաւորապէս աշխատելով, անոնք կ’ըսեն. «Եթէ համարձակութիւնը ունիս հանգստաւէտ կեանքդ ձգելու, պատեհութիւնը պիտի ունենաս Եհովայի հոգիին գործունէութիւնը տեսնելու»։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես որ մատչելի ըլլաս։ Տէյլ կ’ըսէ. «Կեանքդ պարզացուր, պարզացուր եւ ետքը, քիչ մըն ալ պարզացուր։ Բնաւ պիտի չզղջաս»։ Կէրի, որ Հիւսիսային Քարոլայնայէն եկած է, շինարարութեան գործեր տնօրինելու 30 տարուան փորձառութիւն ունի։ Ան եւ իր կինը՝ Մորին, կ’ըսեն թէ Ուօրուիքի մէջ իրենց վայելած օրհնութիւններէն մէկն է՝ «ծանօթանալ եւ աշխատիլ շատ մը հիանալի եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայեն Բեթէլի մէջ»։ Կէրի կ’աւելցնէ. «Բեթէլի մէջ ծառայելու համար, պէտք է պարզ կեանք մը վարես, որ լաւագոյն կենցաղն է այս դրութեան մէջ»։ Ճէյսըն, որ ելեկտրագէտ մըն է, եւ իր կինը՝ Ճենիֆըր, Իլինոյէն եկած են եւ կ’ըսեն, թէ Ուոլգիլի մէջ բեթէլական ծրագրի մը մէջ աշխատիլը, «նոր աշխարհի կեանքին ամէնէն մօտ նմոյշներէն մէկն է»։ Ճենիֆըր կ’աւելցնէ. «Շատ ազդեցիկ է գիտնալ, թէ Եհովան ջանքերդ կը գնահատէ եւ թէ կատարուած գործը մնայուն արժէք ունի իր աչքին։ Եհովան անպայման քեզ մեծապէս կը վարձատրէ»։

^ պարբ. 6 Տե՛ս 2014–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, էջ 12-13 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 7 Մասնակի ժամով երթեւեկող բեթէլականները իրե՛նք կը ստանձնեն իրենց բնակարանային եւ այլ ծախսերը, մինչ շաբաթը մէկ կամ աւելի օրեր կ’աշխատին Բեթէլի մէջ։