Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ տուր որ Եհովան ամուսնութիւնդ զօրացնէ եւ պահպանէ

Թոյլ տուր որ Եհովան ամուսնութիւնդ զօրացնէ եւ պահպանէ

«Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (ՍԱՂ. 127։1բ

1, 2. ա) 24,000 իսրայէլացիներ ինչո՞ւ կորսնցուցին հիանալի օրհնութիւններ։ բ) Այդ դէպքը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար։

ԻՍՐԱՅԷԼ ազգը Աւետեաց երկիրը չմտած, հազարաւոր տղամարդիկ «Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսա[ն] պոռնկութիւն ընել»։ Առ ի հետեւանք, 24,000 իսրայէլացիներ մեռան։ Երեւակայէ,– իսրայէլացիները երկար ատենէ սպասուած իրենց ժառանգին տիրանալու վրայ էին, բայց քանի որ փորձութեան տեղի տուին, հիանալի օրհնութիւններ կորսնցուցին (Թուոց 25։1-5, 9

2 Այդ աղէտալի դէպքը գրի առնուեցաւ «խրատ ըլլալու համար» մեզի, մինչ «դարերուն վերջ»ին հասած ենք (Ա. Կոր. 10։6-11)։ Մենք «վերջին օրեր»ուն վերջին հանգրուանին մէջ կ’ապրինք եւ արդար նոր աշխարհի մը սեմին ենք (Բ. Տիմ. 3։1. Բ. Պետ. 3։13)։ Բայց ցաւօք սրտի, Եհովայի երկրպագուներէն ոմանք իրենց բարոյական չափանիշները ցածցնելով՝ անբարոյութեան ծուղակը ինկած են եւ դառն հետեւանքներ կրած են։ Այսպիսիներ կրնան նոյնիսկ յաւիտենական օրհնութիւններ կորսնցնել։

3. Ամուսնացած զոյգեր ինչո՞ւ Եհովայի ուղղութեան եւ պաշտպանութեան կարիքը ունին (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Որովհետեւ անբարոյութիւնը պատած է այսօրուան աշխարհը, այրեր եւ կիներ Եհովայի ուղղութեան եւ պաշտպանութեան կարիքը ունին, որպէսզի ամուսնութիւնը պահպանելու իրենց ջանքերը պարապի չերթան (կարդա՛ Սաղմոս 127։1)։ Պիտի տեսնենք թէ ամոլներ ինչպէ՛ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը զօրացնել՝ իրենց սիրտը պահպանելով, Աստուծոյ մօտենալով, նոր անձնաւորութիւնը հագնելով, իմաստալից հաղորդակցութիւն ունենալով եւ ամուսնական պարտքը վճարելով։

ՍԻՐՏԴ ՊԱՀՊԱՆԷ

4. Ի՞նչ բաներ կարգ մը քրիստոնեաները անբարոյութեան առաջնորդած են։

4 Ինչպէ՞ս կարելի է որ քրիստոնեայ մը անբարոյ վարքի մէջ մխրճուի։ Անբարոյութեան աղէտալի ճամբան յաճախ կը սկսի աչքերով։ Յիսուս բացատրեց. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատ. 5։27, 28. Բ. Պետ. 2։14)։ Անբարոյութիւն գործած քրիստոնեաներէն շատեր իրենց հոգեւոր պաշտպանութիւնը տկարացուցած են՝ պոռնկագրութիւն դիտելով, տռփագրգիռ նիւթեր կարդալով կամ համացանցի վրայ սոսկալի բաներ դիտելով։ Ուրիշներ դիտած են անբարոյ ֆիլմեր, բեմադրութիւններ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներ։ Ոմանք գացած են գիշերային ակումբներ եւ վայրեր՝ ուր մերկացող պարուհիներու ներկայացումներ կ’ըլլան, կամ այցելած են տռփագրգիռ մարձումի սրահներ։

5. Մեր սիրտը ինչո՞ւ պէտք է պահպանենք։

5 Ոմանք փորձութեան տեղի կու տան, քանի որ կ’ուզեն որ իրենց կողակիցը չեղող անհատ մը իրենց ուշադրութիւն ընծայէ։ Այս անզուսպ եւ անբարոյութեամբ ողողուած աշխարհին մէջ, խաբեբայ եւ անյուսալի սիրտը շատ դիւրաւ կրնայ ուրիշի հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ զարգացնել (կարդա՛ Երեմիա 17։9, 10)։ Յիսուս ըսաւ. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ» (Մատ. 15։19

6, 7. ա) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ մեր խաբեբայ սիրտը սխալ ցանկութիւններ զարգացնէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք բարոյական անկումէ խուսափիլ։

6 Անգամ մը որ սխալ ցանկութիւններ իրենց խաբեբայ սրտերուն մէջ արմատ կապեն, իրարմով հրապուրուած երկու անձեր թերեւս սկսին այնպիսի նիւթեր քննարկել, որոնք միայն իրենց կողակիցին հետ պէտք է նկատի առնուին։ Շուտով, անոնք հետզհետէ առիթներ կը փնտռեն միասին ըլլալու, եւ անմեղ թուող «պատահական» հանդիպումները կը սկսին աւելնալ։ Մինչ իրենց զգացումները աւելի կը զարգանան, իրենց բարոյական պաշտպանութիւնը կը տկարանայ։ Անոնք ո՛րքան աւելի մխրճուին մեղքի ճահիճին մէջ, ա՛յնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ անկէ դուրս գալը, թէպէտ որ գիտեն թէ իրենց ըրածը սխալ է (Առ. 7։21, 22

7 Այս երկու անձերուն հոգեւոր պարիսպները աստիճանաբար փուլ կու գան, մինչ սխալ ցանկութիւններէն եւ զրոյցներէն մղուած՝ կը սկսին իրարու ձեռք բռնել, համբուրել, փայփայել, ցանկայարոյց փաղաքշանքներ ընել եւ խանդաղատանքի ա՛յլ դրսեւորումներ կատարել, որոնք բոլորն ալ միա՛յն իրենց կողակիցին պէտք է վերապահուած ըլլան։ Ի վերջոյ, անոնք ‘իրենց ցանկութիւններէն կը հրապուրուին ու կը խաբուին’ կամ կը բռնուին՝ ինչպէս խայծով։ Իսկ երբ ցանկութիւնը յղանայ, «մեղք կը ծնանի»,– այս պարագային՝ սեռային անբարոյութիւն (Յակ. 1։14, 15)։ Ի՜նչ ցաւալի է։ Երկուքն ալ կրնային այս բարոյական անկումէն խուսափիլ, եթէ թոյլ տուած ըլլային, որ Եհովան ամուսնութեան սրբութեան նկատմամբ իրենց յարգանքը աւելցնէր։ Բայց ինչպէ՞ս։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼ

8. Եհովայի հետ բարեկամութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ բարոյական գետնի վրայ։

8 Կարդա՛ Սաղմոս 97։10։ Եհովայի հետ բարեկամութիւնը մեզ կրնայ պաշտպանել բարոյական գետնի վրայ։ Մինչ Աստուծոյ հիանալի յատկութիւններուն մասին կը սորվինք ու կը ջանանք իրեն ‘նմանող ըլլալ սիրելի զաւակներու պէս եւ սիրով վարուիլ’, զօրութիւն պիտի ունենանք մերժելու ‘պոռնկութիւնը եւ ամէն կերպ պղծութիւն’ (Եփ. 5։1-4)։ Գիտակցելով որ «Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները», ամուսնացած զոյգերը շատ ջանք կը թափեն, որ իրենց ամուսնութիւնը պատուական եւ անարատ ըլլայ (Եբ. 13։4

9. ա) Յովսէփ անբարոյութիւն գործելու փորձութեան ինչպէ՞ս դէմ դրաւ։ բ) Յովսէփի օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։

9 Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք իրենց բարոյական պաշտպանութիւնը տկարացուցած են՝ գործի ժամերէն դուրս ընկերակցելով Վկայ չեղող գործակիցներու հետ։ Փորձութիւնը կրնայ նոյնիսկ գործի ժամերուն ծագիլ։ Օրինակ, վայելչակազմ պատանի Յովսէփ իր գործատեղին անդրադարձաւ որ իր գործատիրոջ կինը աչք տնկեր էր իր վրան։ Կինը օրէ օր կը փորձէր հրապուրել զինք։ Վերջ ի վերջոյ, «տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. ‘Պառկէ՛ ինծի հետ’»։ Բայց Յովսէփ կրցաւ անկէ փախչիլ։ Ի՞նչ բան Յովսէփին օգնեց, որ այդ փորձիչ պարագաներուն տակ իր հոգեւոր պաշտպանութիւնը անխախտ պահէ։ Ան վճռած էր Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութիւնը չաւերել. ուստի անարատ եւ ուղղամիտ մնաց։ Իր այս վճռականութեան պատճառով, իր գործը կորսնցուց եւ անիրաւօրէն բանտ նետուեցաւ, բայց Եհովան օրհնեց զինք (Ծն. 39։1-12. 41։38-43)։ Ըլլանք գործատեղին կամ այլուր, պէտք է խուսափինք փորձիչ պարագաներէ։

ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԳՈՒԷ

10. Նոր անձնաւորութիւնը ինչպէ՞ս բարոյապէս կը պաշտպանէ։

10 Որովհետեւ նոր անձնաւորութիւնը «Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է», կարեւոր դեր կը խաղայ ամուսնացած զոյգի մը հոգեւոր պաշտպանութեան մէջ (Եփ. 4։24)։ Անոնք որոնք նոր անձնաւորութիւնը կը հագուին, ‘կը սպաննեն’ իրենց մարմնի անդամները՝ «պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը» (կարդա՛ Կողոսացիս 3։5, 6)։ «Սպաննեցէք» բառը ցոյց կու տայ, թէ լուրջ քայլեր պէտք է առնենք անբարոյ ցանկութիւններուն դէմ։ Պէտք է խուսափինք որեւէ բանէ, որ մեր մէջ սեռային ցանկութիւն կրնայ արթնցնել անհատի մը հանդէպ, որ մեր կողակիցը չէ (Յոբ 31։1)։ Մինչ մեր կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ կը ներդաշնակենք, կը սորվինք ‘չարէն զզուիլ’ եւ ‘բարիին յարիլ’ (Հռով. 12։2, 9

11. Նոր անձնաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնութիւնը զօրացնել։

11 Երբ նոր անձնաւորութիւնը կը հագնինք, Եհովայի յատկութիւնները կ’ընդօրինակենք (Կող. 3։10)։ Ի՜նչ օրհնութիւններ կը քաղեն այն այրերն ու կիները, որոնք իրենց բարոյական պաշտպանութիւնը կը զօրացնեն՝ իրենց վրայ հագնելով «գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը [եւ] երկայնմտութիւնը» (Կող. 3։12)։ Անոնք իրարու հետ աւելի համաձայն կ’ըլլան, երբ թոյլ կու տան որ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը [իրենց] սրտերուն մէջ թագաւորէ» (Կող. 3։15)։ Ի՜նչ վարձահատոյց է, երբ կողակիցներ «իրարու գորովալից» ըլլալով, «պատուելու մէջ իրարմէ [կ’անցնին]» կամ նախաձեռնութիւնը կ’առնեն (Հռով. 12։10

12. Ըստ քեզի, ո՞ր յատկութիւնները կարեւոր են երջանիկ ամուսնութեան համար։

12 Երբ Սիտ անունով տղամարդու մը հարցուեցաւ թէ ո՛ր յատկութիւնները իր ամուսնութիւնը կ’երջանկացնեն, պատասխանեց. «Սէրը գլխաւոր յատկութիւնն է, որուն վրայ միշտ աշխատած ենք։ Հեզութիւնը նոյնպէս շատ կարեւոր նկատած ենք»։ Իր կինը՝ Սոնիան, համաձայն գտնուելով կ’աւելցնէ. «Ազնուութիւնը վստահաբար կարեւոր յատկութիւն է։ Եւ մենք նաեւ փորձած ենք խոնարհութիւն ցոյց տալ, թէպէտ որ միշտ ալ դիւրին չէ»։

ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԻՐ

13. Կայուն ամուսնութեան մէկ բանալին ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ։

13 Կայուն ամուսնութեան բանալիներէն մէկն է՝ շնորհալի խօսակցութիւն։ Ցաւալի պիտի ըլլար, եթէ կողակիցներ աւելի յարգանքով խօսէին օտարներու կամ նոյնիսկ իրենց ընտանի անասուններուն, քան՝ իրարու հետ։ Երբ ամուսնութեան մէջ ըլլան «դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն», զոյգին հոգեւոր պաշտպանութիւնը կը տկարանայ (Եփ. 4։31)։ Քննադատական եւ վիրաւորիչ կեցուածքով ամուսնութիւնը կործանելու փոխարէն, կողակիցները պէտք է իրենց փոխյարաբերութիւնը ամրապնդեն՝ քաղցր, քնքուշ եւ կարեկից խօսքեր գործածելով (Եփ. 4։32

14. Ի՞նչ բաներէ խուսափիլը իմաստութիւն է։

14 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «լռելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։7)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ պէտք է լուռ կենանք, քանի որ հաղորդակցութիւնը անհրաժեշտ է լաւ ամուսնութեան համար։ Գերմանիոյ մէջ, տիկին մը կ’ըսէ. «Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, լռութիւնը կրնայ վիրաւորել կողակիցդ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Թէեւ ճնշումի տակ հանդարտ մնալը միշտ դիւրին չէ, բայց անդին ջղայնութիւն պարպելն ալ լաւ չէ, քանի որ ինքնաբերաբար կ’ըսես կամ կ’ընես բան մը, որ կրնայ կողակիցդ վիրաւորել եւ հարցը միայն վատթարացնել»։ Վերջ ի վերջոյ, պոռալը կամ իրարու հետ չխօսիլը չի լուծեր ամուսնական խնդիրները։ Ամուսնութիւնը կը զօրանայ, երբ ամուսինն ու կինը իրենց միջեւ եղած անհամաձայնութիւնները շուտով կը լուծեն եւ թոյլ չեն տար որ ատոնք վիճաբանութիւններու վերածուին։

15. Լաւ հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կը զօրացնէ ամուսնութիւնը։

15 Ամուսնական կապը կ’ամրապնդուի, երբ կողակիցները ժամանակ կը յատկացնեն իրենց զգացումները եւ գաղափարները բաժնելու։ Ինչպէ՛ս խօսիլը նոյնքան կարեւոր է որքան ի՛նչ խօսիլը։ Հետեւաբար, դժուարին պարագաներու մէջ անգամ, ջանա՛ խօսքերդ շնորհալի պահել, թէ՛ ձայնիդ թոնով եւ թէ բառերուդ ընտրութեամբ։ Այսպիսով, կողակիցդ աւելի դիւրութեամբ քեզի մտիկ պիտի ընէ (կարդա՛ Կողոսացիս 4։6)։ Այրն ու կինը կրնան լաւ հաղորդակցութեամբ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնել, խօսելով «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար» (Եփ. 4։29

Այրն ու կինը կրնան լաւ հաղորդակցութեամբ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնել (տե՛ս պարբերութիւն 15)

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ ՎՃԱՐԷ

16, 17. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ կողակիցներ իրարու զգացական եւ սեռային կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայեն։

16 Զոյգեր կրնան իրենց ամուսնական կապը նաեւ զօրացնել, երբ իրենց կողակիցին շահը իրենց շահէն առաջ կը փնտռեն (Փլպ. 2։3, 4)։ Այրեր ե՛ւ կիներ պէտք է իրենց կողակիցին զգացական եւ սեռային կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայեն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։3, 4

17 Ցաւօք սրտի, կարգ մը կողակիցներ խանդաղատանք ցոյց տալէ կամ սեռային մտերմութիւն ունենալէ խոյս կու տան։ Կարգ մը տղամարդիկ կը կարծեն թէ քնքուշ ըլլալը տկարութեան նշան է։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դո՛ւք, ամուսիննե՛ր, գիտակցելո՛վ բնակեցէք անոնց հետ» (Ա. Պետ. 3։7, ԱԾ)։ Ամուսինը պէտք է գիտակցի, որ ամուսնական պարտքը ֆիզիքական միութենէն աւելի՛ն կը պարփակէ։ Երբ ամուսինը սեռային յարաբերութենէն դուրս ալ սէր եւ խանդաղատանք ցոյց կու տայ, աւելի հաւանական է որ կինը ամուսնական մտերմութենէն հաճոյք առնէ։ Երբ երկուքն ալ սիրալիր եւ նկատառու կ’ըլլան, աւելի հաւանական է որ մէկը միւսին զգացական եւ ֆիզիքական կարիքները գոհացնէ։

18. Այրը եւ կինը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնական կապը զօրացնել։

18 Ճիշդ է որ ամուսնութեան մէջ անհաւատարմութիւնը արդարացում չունի, բայց քնքշութեան պակասը կրնայ պատճառ դառնալ, որ կողակիցներէն մէկը ուրիշէ մը խանդաղատանք ու մտերմութիւն փնտռէ (Առ. 5։18. Ժող. 9։9)։ Ասոր համար Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգերուն այս յորդորը կու տայ. «Մէկզմէկ մի՜ զրկէք [ամուսնական պարտքէն], եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը»։ Ինչո՞ւ։ «Որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար» (Ա. Կոր. 7։5)։ Ի՜նչ աղէտալի պիտի ըլլայ, եթէ կողակիցներ թոյլ տան, որ Սատանան իրենց «անժուժկալութիւնը» շահագործէ եւ պատճառ դառնայ, որ իրենցմէ մէկը փորձութեան տեղի տալով շնութիւն գործէ։ Միւս կողմէ, երբ իւրաքանչիւր կողակից կը ջանայ ոչ թէ «իր անձին օգուտը փնտռ[ել], հապա իր ընկերինը», եւ ամուսնական պարտքը սէրէ մղուած կը վճարէ եւ ոչ թէ առ ի պարտականութիւն, սիրալիր եւ մտերմիկ փոխյարաբերութիւնը կրնայ զօրացնել ամուսնական կապը (Ա. Կոր. 10։24

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԴ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել եւ ինչո՞ւ։

19 Մենք արդար եւ նոր աշխարհին սեմին ենք։ Ահա թէ ինչո՛ւ աղէտալի կրնայ ըլլալ եթէ մարմնաւոր ցանկութիւններուն տեղի տանք, ինչպէս որ եղաւ 24,000 իսրայէլացիներուն, Մովաբի դաշտերուն մէջ։ Այդ ամօթալի եւ ցաւալի դէպքը նկարագրելէ ետք, Աստուծոյ Խօսքը կը զգուշացնէ. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ» (Ա. Կոր. 10։12)։ Ուստի որչա՜փ կարեւոր է որ մեր ամուսնութիւնը զօրացնենք՝ մեր երկնաւոր Հօր եւ մեր կողակիցին հաւատարիմ մնալով (Մատ. 19։5, 6)։ Այժմ, որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է ջանանք, որ Ան մեզ «անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։13, 14