ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Փետրուար 2015

Այս թիւը կը բովանդակէ 2015–ի ապրիլ 6–էն մինչեւ մայիս 3 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Անակնկալ նուէր Ճափոնի համար

Ճափոնի մէջ «Աստուածաշունչ. Աւետարան ըստ Մատթէոսի» խորագրով նոր գրքոյկ մը լոյս տեսաւ։ Ատիկա ի՞նչ կերպով տարբեր է։ Ինչո՞ւ պատրաստուած է։

Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը

Ա. Պետրոս 2։21 կ’ըսէ որ Յիսուսին շաւիղներուն հետեւինք։ Բայց անկատար ըլլալով հանդերձ, ինչպէ՞ս կրնանք իրեն պէս խոնարհ ու քնքուշ ըլլալ։

Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը

Աստուածաշունչը մեզի կը գիտցնէ թէ Յիսուս ինչպիսի՛ մէկն է։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը ընդօրինակել։

Ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահէ

Գիտենք որ այժմու կարեւորագոյն գործը բարի լուրի քարոզչութիւնն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք ատոր մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը վառ պահել։

Ազգերը պատրաստել «Տէրոջը վարդապետութեան» համար

Պատմութեան այլ ժամանակաշրջաններու հետ բաղդատած, առաջին դարուն ի՞նչ ազդակներ դիւրացուցին քրիստոնեաներուն քարոզչութիւնը։

Եհովան կ’առաջնորդէ մեր սորվեցնելու համաշխարհային գործը

Վերջին տարիներուն, ի՞նչ գիւտեր Եհովայի ծառաներուն օգնած են, որ համայն աշխարհի մէջ բարի լուրը ազդուօրէն քարոզեն։

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Ի՞նչ կարելի է ընել այն հաւատակիցներուն համար, որոնք անուշահոտի հանդէպ գերզգայնութիւն ունին։ Ե՞րբ քոյր մը գլուխի ծածկոց պէտք է գործածէ։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Շատ թանկարժէք շրջան մը»

«Դիտարան»–ը Յիշատակատօնի ժամանակը կոչեց «շատ թանկարժէք շրջան մը»։ Այդ օրերուն, Յիշատակատօնը ինչպէ՞ս կը տօնակատարուէր։