Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Շատ թանկարժէք շրջան մը»

«Շատ թանկարժէք շրջան մը»

ԱՄՆ–ի Փէնսիլվանիա նահանգի Փիթցպըրկի մէջ (Էլլիկէյնի), 1870–ին խմբակ մը սկսաւ Սուրբ Գրութիւնները հետազօտել։ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի առաջնորդութեամբ, անոնք Քրիստոսի փրկանքը քննարկեցին եւ շուտով զատորոշեցին անոր գլխաւոր տեղը Եհովայի նպատակին մէջ։ Անոնք շատ ոգեւորուեցան՝ գիտնալով որ փրկանքը փրկութեան տանող ճամբան կը բանայ, նոյնիսկ անոնց առջեւ՝ որոնք տակաւին Յիսուսի մասին չեն լսած։ Գնահատութեամբ լեցուած, անոնք մղուեցան ամէն տարի Յիսուսի մահը յիշատակելու (Ա. Կոր. 11։23-26

Եղբայր Ռասըլ հրատարակեց Սիօնի դիտարանը պարբերաթերթը, որ պաշտպանեց փրկանքի վարդապետութիւնը որպէս Աստուծոյ սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնը։ Դիտարան–ը Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնի ժամանակը կոչեց «շատ թանկարժէք շրջան մը», եւ ընթերցողները յորդորեց որ զայն յիշատակեն Փիթցպըրկի մէջ, կամ այլուր՝ առանձին խմբակներով։ «Նոյնիսկ եթէ նոյն թանկագին հաւատքը բաժնող երկու կամ երեք հոգի ըլլան»,– կամ միայն մէկ հոգի,– ‘առումով մը Տէրը իրենց հետ ներկայ պիտի ըլլայ’։

Իւրաքանչիւր տարի, հետզհետէ աւելի անհատներ եկան Փիթցպըրկ՝ Յիշատակատօնին համար։ «Հոս ջերմ սիրտեր ձեզի բարի գալուստ պիտի մաղթեն», նշեց հրաւիրագիրը։ Արդարեւ, տեղացի Աստուածաշունչի Աշակերտները յօժարաբար իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն քնանալու տեղ եւ ուտելիք հայթայթեցին։ 1886–ին, Յիշատակատօնի շրջանին՝ քանի մը օր տեղի ունեցաւ «Ընդհանուր ժողով մը»։ «Եկէք», քաջալերեց Դիտարան–ը, «Տէրոջ եւ իր եղբայրներուն ու իր ճշմարտութեան հանդէպ սիրով յորդող ձեր սրտերով»։

Լոնտոնի խորանին մէջ Յիշատակատօնի խորհրդանիշները ինչպէ՛ս հրամցնելու ցուցակ

Երկար տարիներ, Աստուածաշունչի Աշակերտները Փիթցպըրկի մէջ ունեցան համաժողովներ փրկանքին հաւատացողներուն համար, որոնք Յիշատակատօնին համար հոն կու գային։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն թիւը աւելնալով, աշխարհի տարածքին Յիշատակատօնի տօնակատարութեան հանդիպումները աւելցան եւ բազմաթիւ անհատներ ներկայ եղան։ Շիքակօ ժողովքէն Ռէյ Պոփ մտաբերեց, թէ 1910–ական թուականներուն, քանի մը ժամ կ’առնէր խորհրդանիշներուն հրամցնելը հարիւրաւոր ներկաներուն, քանի որ գրեթէ բոլորն ալ խորհրդանիշներուն կը մասնակցէին։

Ի՞նչ խորհրդանիշներ կը գործածուէին։ Ուշադրութեան յանձնելով հանդերձ թէ Տէրոջ ընթրիքի ընթացքին Յիսուս գինի գործածեց, Դիտարան–ը յանձնարարեց գործածել թարմ խաղողի հիւթը կամ եփուած չամիչը, որպէսզի «մարմինի կողմանէ տկար» եղողները փորձութեան չմատնուին։ Սակայն գինի հայթայթուեցաւ անոնց, որոնք խորհեցան թէ «գինի գործածուելու է»։ Յետագային Աստուածաշունչի Աշակերտները ըմբռնեցին, թէ զուտ՝ կարմիր գինին, Յիսուսի արեան պատշաճ խորհրդանիշն է։

Նիքարակուայի մէկ բանտին մէջ, այս թուղթն ու մատիտը խցիկէ խցիկ փոխանցուեցան, Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը արձանագրելու համար

Յիսուսի մահը յիշատակելը լուրջ խորհրդածութեան պատեհութիւն ընծայեց։ Սակայն կարգ մը ժողովքներու մէջ, սուգի մթնոլորտ կը տիրէր եւ յայտագրին աւարտին բոլորը կը մեկնէին առանց սիրտ ունենալու որ բառ մը ըսեն։ 1934–ին լոյս տեսաւ Եհովա գիրքը եւ իր էջերուն մէջ նշեց, թէ Յիշատակատօնը պէտք է տօնակատարուի ոչ թէ Յիսուսի ցաւալի մահուան համար «վշտանալով», հապա «ուրախանալով» որ ան 1914–էն ի վեր կը թագաւորէ։

1957–ին Մորտովիոյ մէջ, Ռուսաստան, եղբայրներ տաժանակրութեան ճամբարին մէջ հաւաքուած են Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար

Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը ազդուեցաւ արմատական փոփոխութենէ մը, որ 1935–ին տեղի ունեցաւ, երբ Յայտնութիւն 7։9–ի մէջ նշուած «մեծ բազմութիւն» արտայայտութեան իմաստը յստակացաւ։ Մինչեւ այդ ատեն, Եհովայի ծառաները այս խումբը կը բնորոշէին որպէս նուիրուած քրիստոնեաներ, որոնք նուազ նախանձախնդիր են։ Բայց այժմ ի յայտ եկաւ, թէ անոնք հաւատարիմ երկրպագուներ են, որոնք կը յուսան դրախտային երկրի վրայ ապրիլ։ Այս յստակացումէն ետք եւ ուշադիր ինքնաքննութենէ ետք, Ռասըլ Փոկկէնսի ընդունեց. «Երկնային յոյսը իմ մէջս չարթնցաւ Եհովայի կողմէ՝ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ»։ Եղբայր Փոկկէնսի դադրեցաւ խորհրդանիշներուն մասնակցելէ, բայց շարունակեց Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ,– ինչպէս որ բազմաթիւ հաւատարիմներ ալ ըրին։

Այս «շատ թանկարժէք շրջան»ին, մասնաւոր քարոզչական արշաւներ ընտիր կերպ մը տուին բոլորին, որ փրկանքին հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ցոյց տան։ 1932–ին հրատարակուած Տեղեկագիր մը յորդորեց քրիստոնեաները, որ «Յիշատակատօնի սուրբեր» չըլլան, այսինքն՝ չըլլան այնպիսիներ, որոնք խորհրդանիշներուն կը մասնակցին, բայց ճշմարտութեան պատգամը քարոզող «իսկական աշխատողներ» չեն։ 1934–ին, Տեղեկագիր–ը պահանջեց «օժանդակներ»՝ ըսելով. «Յիշատակատօնի ժամանակ, արդեօք 1000 օժանդակ պիտի ըլլա՞յ»։ Օծեալներուն առնչութեամբ, Տեղեկատու թերթիկը նշեց. «Անոնց ուրախութիւնը կրնայ կատարեալ ըլլալ՝ միայն բաժին բերելով Թագաւորութեան վկայութեան մէջ»։ Ժամանակի ընթացքին, նոյնը պիտի կիրարկուէր երկրային յոյս ունեցողներուն *։

Հէրոլտ Քինկ, մինչ առանձնացած բանտարկութեան դատապարտուած էր, Յիշատակատօնին մասին բանաստեղծութիւններ ու երգեր յօրինեց

Եհովայի ամբողջ ժողովուրդին համար, Յիշատակատօնը տարուան ամէնէն սուրբ երեկոն է։ Անոնք զայն կը տօնակատարեն նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։ 1930–ին, երկու քոյրեր՝ Փըրլ Ինկլիշ եւ Օրա, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու համար, շուրջ 80 քմ. քալեցին։ Միսիոնար Հէրոլտ Քինկ, մինչ Չինաստանի մէջ առանձնացած բանտարկութեան դատապարտուած էր, Յիշատակատօնին մասին բանաստեղծութիւններ ու երգեր յօրինեց եւ խորհրդանիշները սեւ հաղարջէն ու բրինձէն պատրաստեց։ Արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ, եւ այլուր, քաջասիրտ քրիստոնեաներ պատերազմի պատճառած վիճակներ կամ արգիլում դիմագրաւելով հանդերձ, Յիսուսի մահը յիշատակած են։ Ո՛ւր որ ալ ըլլանք կամ մեր կացութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, թանկարժէք Յիշատակատօնի շրջանին միասնաբար կը հաւաքուինք, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսը պատուելու համար։

^ պարբ. 10 Տեղեկագիր–ը յետագային կոչուեցաւ Տեղեկատու, իսկ այժմ՝ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը։