ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Աւելի վարձահատոյց ասպարէզ մը գտանք
ԵՐԲ ես եւ Կուէն հինգ տարեկան էինք, սկսանք պարել սորվիլ։ Տակաւին իրարու չէինք հանդիպած։ Բայց մինչ կը մեծնայինք, իւրաքանչիւրս վճռեցինք պալէ պարելը մեր ասպարէզը ընել։ Երբ մեր արհեստին մէջ գրեթէ գագաթնակէտին հասանք, անկէ վազ անցանք։ Ինչո՞ւ։
ՏԷՅՎԻՏ.– 1945–ին ծնայ Շրափշայր մարզ, Անգլիա։ Հայրս խաղաղ գիւղադաշտին մէջ ագարակ մը ունէր, ուր դպրոցէն ետք հաճոյքով կը կերակրէի հաւերը, անոնց հաւկիթները կը հաւաքէի, եւ արջառներուն ու ոչխարներուն հոգ կը տանէի։ Իսկ դպրոցի արձակուրդներուն, հունձքին կը մասնակցէի եւ երբեմն մեր թրաքթորները կը քշէի։
Սակայն ուրիշ հետաքրքրութիւն մը սկսաւ իմ մէջս արմատ նետել։ Հայրս նկատած էր որ շատ փոքր տարիքիս կ’ուզէի պարել ամէն անգամ որ երաժշտութիւն լսէի։ Ուստի, երբ հինգ տարեկան եղայ, ան ըսաւ մօրս որ զիս տանի պար սորվեցնող տեղական դպրոց մը, որպէսզի տափապար (tap dancing) սորվիմ։ Պարուսոյցը կարողութիւններս զատորոշելով, զիս նաեւ մարզեց որպէս պալէ պարող։ 15 տարեկանիս կրթաթոշակ շահեցայ, որպէսզի յաճախեմ պատուաբեր «Արքայական պալէի դպրոց»ը, Լոնտոնի մէջ։ Հոն Կուէնին ծանօթացայ, եւ պարընկերներ եղանք։
ԿՈՒԷՆ.– 1944–ին ծնայ Լոնտոն՝ խճողուած քաղաքը։ Հինգ տարեկանիս սկսայ պարի դասեր առնել։ Վեց տարի ետք շահեցայ մրցում մը, որուն մասնակցեցան պարողներ ամբողջ Բրիտանիայէն, եւ մրցանակն էր՝ «Արքայական պալէի դպրոց»ին մէջ աշակերտ ըլլալ, որ կը գտնուէր Ուայթ Լաճի մէջ,– գեղեցիկ ապարանք մը Ռիչմընտ Փարքի մէջ, Լոնտոնի ծայրամասը։ Դպրոցին մէջ թէ՛ ուսում առի եւ թէ անուանի պարուսոյցներու կողմէ պալէի մարզում ստացայ։ Աստուծոյ հանդէպ խոր հաւատք ունէի, եւ փորձեցի Աստուածաշունչս կարդալ, բայց զայն դժուարահասկնալի գտայ։ 16 տարեկանիս, Լոնտոնի կեդրոնը գտնուող «Արքայական պալէի դպրոց»ին մէջ աւարտական դասարանի աշակերտուհի եղայ, եւ հոն Տէյվիտին ծանօթացայ։ Քանի մը ամիս ետք, Լոնտոնի Գաւենդ Կարտնի մէջ գտնուող «Արքայական օփերայի թատրոն»ի օփերաներու պալէի տեսարաններուն մէջ սկսանք բաժին բերել։
ՏԷՅՎԻՏ.– Արդարեւ, ինչպէս Կուէն նշեց, մեր ասպարէզին շնորհիւ պարեցինք հռչակաւոր «Արքայական օփերայի թատրոն»ի մէջ եւ «Լոնտոնի հանդիսաւոր պալէ»ի հետ (այժմ՝ Անգլիական ազգային պալէ)։ «Արքայական պալէ»ի մէկ պարագիրը, Գերմանիոյ Վուփըրթալ քաղաքին մէջ միջազգային հաստատութիւն մը հիմնեց եւ մեզ ընտրեց որ ըլլանք երկու մենակատար պարողները։ Տարիներու ընթացքին, աշխարհի տարածքին բազմաթիւ թատրոններու մէջ պարեցինք, նոյնիսկ այնպիսի համբաւաւոր անձերու հետ՝ ինչպէս Մարկօ
Ֆանդէյն եւ Ռուտոլֆ Նուրէյֆ։ Այս մրցակցական ապրելակերպը մեր մէջ հպարտութիւն հրահրեց ու մենք մեր արհեստին բոլորովին նուիրուեցանք։ԿՈՒԷՆ.– Ամբողջ միտքս ու մարմինս պարարուեստին տրամադրած էի։ Տէյվիտը եւ ես փայլուն աստղեր ըլլալու փառասիրութիւնը ունէինք։ Ուրախութեամբ ինքնագիրներ կը ստորագրէի, ծաղկեփունջեր կը ստանայի եւ հանդիսատեսներուն ծափահարութիւնը կը լսէի։ Թատրոնի աշխարհին մէջ, շուրջիններէս շատեր անբարոյութիւն կը գործէին, կը ծխէին եւ չափազանց խմիչք կը գործածէին։ Այլ պարողներու նման, բախտի հմայեակներուս կ’ապաւինէի։
ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ
ՏԷՅՎԻՏ.– Պարելու արհեստին մէջ տարիներ անցընելէ ետք, յոգնեցայ անդադար ճամբորդելէ։ Ագարակի մէջ մեծցած ըլլալով, սկսայ տենչալ գիւղական շրջանի մէջ աւելի պարզ կեանք ունենալ։ Ուստի, 1967–ին ասպարէզս լքեցի եւ սկսայ ծնողքիս տան մօտ եղող մեծ ագարակի մը մէջ աշխատիլ։ Ագարակատէրը թոյլ տուաւ որ խրճիթ մը վարձեմ։ Ապա թատրոն հեռաձայնեցի եւ Կուէնի ձեռքը խնդրեցի։ Ան դժուար որոշումի առջեւ գտնուեցաւ, քանի որ իր ասպարէզը կը յառաջդիմէր եւ մենակատար պարուհի եղած էր։ Բայց եւ այնպէս, ան յօժարեցաւ ամուսնանալ եւ անցաւ գիւղական կեանքին, որուն մասին չնչին գիտէր։
ԿՈՒԷՆ.– Այո, գիւղական կեանքին վարժուիլը դիւրին չէր։ Գիտցած աշխարհէս բոլորովին տարբեր էր՝ կովերը կթելը, խոզերն ու հաւերը կերակրելը, ի՛նչ որ ալ ըլլար օդի վիճակը։ Տէյվիտ սկսաւ քոլէճի մը մէջ ինը ամիս տեւող դասընթացք առնել, որպէսզի սորվի խաշինքին հոգ տանելու նոր մեթոտները, եւ ես տունը առանձին կը մնայի մինչեւ իրիկուն, երբ կը վերադառնար։ Ունեցանք մեր առաջին դուստրը՝ Կիլլի։ Տէյվիտի առաջարկով, սորվեցայ ինքնաշարժ քշել, եւ օր մը՝ մինչ կ’այցելէի մօտակայ գիւղաքաղաք մը, Կէյլը տեսայ, որուն հանդիպած էի, երբ նախապէս մեր շրջանի մէկ խանութին մէջ կ’աշխատէր։
Կէյլ ազնուաբար զիս հրաւիրեց իր բնակարանը։ Թէյ խմելով՝ հարսանիքի լուսանկարներ աչքէ անցուցինք, եւ ուշադրութիւնս գրաւեց «Թագաւորութեան սրահ» անունը։ Հարցուցի թէ անիկա ինչպիսի՛ եկեղեցի մըն է։ Երբ ըսաւ թէ ինք ու իր ամուսինը Եհովայի վկաներ են, հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ, յիշելով որ Վկայ հօրաքոյր մը ունէի։ Նաեւ յիշեցի թէ ինչպէս հայրս ջղայնութեամբ անոր հրատարակութիւնները աղբանոց նետեց։ Հարց կու տայի թէ ինչո՛ւ հայրս, որ սովորաբար շատ բարեկամական է, քաղցրաբարոյ հօրաքրոջս դէմ այսքան զայրացած էր։
Վերջապէս պատեհութիւն ունեցայ գիտնալու, թէ հօրաքրոջս հաւատալիքները ինչպէ՛ս եկեղեցական ուսուցումներէն տարբեր էին։ Կէյլ ինծի Ժող. 9։5, 10. Յովհ. 14։28. 17։3)։ Աւելին, առաջին անգամ ըլլալով տեսայ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա (Ել. 6։3)։
ցոյց տուաւ թէ Աստուածաշունչը իսկապէս ինչ կը սորվեցնէ։ Շատ զարմացայ երբ տեսայ որ բազմաթիւ վարդապետութիւններ, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը եւ հոգիին անմահութիւնը, Սուրբ Գրութիւններուն կը հակասեն (ՏԷՅՎԻՏ.– Կուէն ինծի իմացուց իր սորվածները։ Յիշելով հօրս խօսքը, երբ երեխայ էի, որ պէտք է Սուրբ Գիրքը կարդամ, Կուէնի հետ համաձայնեցայ որ Կէյլ ու իր ամուսինը՝ Տերիք, մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտեն։ Վեց ամիս ետք, մեր պզտիկ ագարակը վարձու տուինք ու փոխադրուեցանք Ազուէսթրի, նոյն Շրափշայր մարզին մէջ։ Տեղացի Վկայ մը՝ Տիրտրի, համբերութեամբ շարունակեց վարել մեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը։ Սկիզբը մեր յառաջդիմութիւնը դանդաղ էր, քանի որ խաշինքին հոգ տանիլը մեզ շատ զբաղած պահեց։ Այսուհանդերձ, ճշմարտութիւնը մեր սրտին մէջ աստիճանաբար արմատացաւ։
ԿՈՒԷՆ.– Նախապաշարումը յաղթահարուելիք մեծ խոչընդոտ մըն էր։ Եսայի 65։11–ը (ՆԱ) ինծի օգնեց Եհովայի տեսակէտը բնորոշելու անոնց նկատմամբ, որոնք ‘Բախտի աստուծոյն սեղան կը պատրաստեն’։ Աղօթքներ պահանջեց ու ժամանակ առաւ որ բոլոր հմայեակներէս եւ թալիսմաններէս ձերբազատուիմ։ Իսկ սորվելով թէ «ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ», անդրադարձայ թէ Եհովան ինչպիսի անձ կը փնտռէ (Մատ. 23։12)։ Ուզեցի ծառայել Աստուծոյ, որ մեզի համար զոհեց իր թանկագին Որդին որպէս փրկանք։ Մեր երկրորդ դուստրը՝ Տենիզ՝ ծնած էր, եւ բերկրալի էր գիտնալ թէ մեր ընտանիքը կրնայ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։
ՏԷՅՎԻՏ.– Երբ ըմբռնեցի Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն սքանչելի կատարումը, զոր օրինակ՝ Մատթէոս 24–րդ գլուխի եւ Դանիէլ գիրքի մարգարէութիւնները, համոզուեցայ որ ա՛յս է ճշմարտութիւնը։ Գիտակցեցայ որ աշխարհին մէջ ո՛չ մէկ բան նոյնքան արժէքաւոր է որքան Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալը։ Հետեւաբար, ժամանակի ընթացքին նուազ փառասէր եղայ։ Հասկցայ թէ կինս ու դուստրերս նոյնքան կարեւոր են որքան ես։ Փիլիպպեցիս 2։4–ը զիս համոզեց որ մտածումներս պէտք չէ կեդրոնացնեմ անձիս վրայ ու աւելի մեծ ագարակ ունենալու փափաքիս վրայ։ Փոխարէն, Եհովայի ծառայութեան առաջնահերթութիւն պէտք է տամ։ Ծխելը դադրեցուցի։ Միւս կողմէ, դիւրին չէր մեր պայմանները դասաւորել, որպէսզի Շաբաթ օրը 10 քմ. ճամբայ կտրելով ներկայ ըլլայինք երեկոյեան ժողովին, քանի որ այդ պահուն կովերը պէտք էր կթուէին։ Բայց Կուէնի օգնութեամբ ո՛չ մէկ ժողով փախցուցինք, ինչպէս նաեւ կրցանք ամէն կիրակի առաւօտուն մեր դուստրերուն հետ քարոզչութեան մասնակցիլ,– կովերը կթելէ ետք։
Մեր ազգականները մեր ըրած փոփոխութիւններուն չհաճեցան։ Կուէնի հայրը վեց տարի իրեն հետ չխօսեցաւ։ Ծնողներս ալ փորձեցին Վկաներուն հետ մեր ընկերակցութիւնը դադրեցնել։
Ղուկ. 18։29, 30)։ 1972–ին մեր կեանքը Եհովային նուիրեցինք ու մկրտուեցանք։ Ցանկալով կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել որ ճշմարտութիւնը ճանչնան, ռահվիրայութեան ձեռնարկեցի։
ԿՈՒԷՆ.– Եհովան մեզի օգնեց այս դժուարութիւններուն տոկալու։ Եւ ժամանակի ընթացքին, Ազուէսթրի ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը մեզի համար նոր ընտանիք մը եղան, սիրալիրօրէն մեզի թիկունք կանգնելով (ՎԱՐՁԱՀԱՏՈՅՑ ՆՈՐ ԱՍՊԱՐԷԶ
ՏԷՅՎԻՏ.– Մեր ագարակին հոգ տանիլը յոգնեցուցիչ աշխատանք էր. բայց եւ այնպէս, ջանացինք հոգեւոր գետնի վրայ մեր դուստրերուն լաւ օրինակ հանդիսանալ։ Երբ կառավարական նպաստը նուազեցաւ, ստիպուեցանք ագարակէն վազ անցնիլ։ Աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն եւ առաջնորդութիւն հայցեցինք. տուն եւ գործ չունէինք ու մեր երրորդ դուստրը՝ Տեպի՝ մէկ տարեկան էր։ Որոշեցինք պարի սթիւտիօ բանալ ու մեր տաղանդը օգտագործել։ Եհովայի պաշտամունքին նախապատուութիւն տալ վճռելը լաւ արդիւնք տուաւ։ Մեծ ուրախութեամբ տեսանք թէ ինչպէս երեք դուստրերն ալ ռահվիրաներ եղան, երբ դպրոցը աւարտեցին։ Եւ Կուէն ռահվիրայ ըլլալով, անոնց հետ ամէն օր կը ծառայէր։
Կիլլի եւ Տենիզ ամուսնանալէ ետք, փակեցինք պարի սթիւտիոն։ Մասնաճիւղէն խնդրեցինք որ ցոյց տայ թէ ո՛ւր կրնանք օգնութեան ձեռք տալ։ Մեզի ըսուեցաւ երթալ Անգլիոյ հարաւարեւելեան գիւղաքաղաքները։ Տան մէջ միայն մէկ դուստր ունենալով, ես ալ ռահվիրայութեան ձեռնարկեցի։ Հինգ տարի ետք, խնդրուեցաւ որ օգնենք՝ աւելի հիւսիս գտնուող ժողովքներուն։ Տեպիի ամուսնութենէն ետք, տասը տարի անցուցինք միջազգային շինարարական ծրագիրներու մէջ, այցելելով Զիմպապուէ, Մոլտովիա, Հունգարիա եւ Փղոսկրեայ Ափունք։ Ապա վերադարձանք Անգլիա, որպէսզի Լոնտոնի Բեթէլին մէջ շինարարական գործունէութեան մասնակցինք։ Իսկ փորձառու ըլլալով, ինձմէ խնդրուեցաւ Բեթէլի ագարակին օգնել։ Այժմ որպէս ռահվիրաներ կը ծառայենք Անգլիոյ հիւսիս–արեւմուտքը։
ԿՈՒԷՆ.– Մեր առաջին նուիրումը,– պալէի,– հաճոյալի էր, բայց վաղանցիկ։ Մեր երկրորդ եւ կարեւորագոյն նուիրումը,– Եհովայի,– մեծ ուրախութիւն բերած է եւ յաւիտենական է։ Մենք տակաւին գործակիցներ ենք, բայց այս անգամ մեր ոտքերը կը գործածենք ոչ թէ միասնաբար պարելու, հապա միասնաբար ռահվիրայութիւն ընելու։ Բազմաթիւ անհատներու օգնելը, որ թանկագին ու փրկարար ճշմարտութիւններ սորվին, մեզի խոր երջանկութիւն բերած է։ Այս «յանձնարարութեան թուղթեր»ը աւելի լաւ են, քան աշխարհիկ համբաւը (Բ. Կոր. 3։1, 2)։ Եթէ ճշմարտութեան չծանօթանայինք, այժմ պիտի ունենայինք միայն մեր նախկին ասպարէզէն յիշատակներ, հին լուսանկարներ եւ թատրոնի յայտագիրներ։
ՏԷՅՎԻՏ.– Եհովայի ծառայութեան մէջ ասպարէզ ունենալը մեր կեանքը մեծապէս փոխած է։ Փորձառաբար գիտեմ որ անիկա օգնած է որ բարելաւուիմ իբրեւ ամուսին ու հայր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Մարիամ, Դաւիթ թագաւոր եւ ուրիշներ, պարելով իրենց ուրախութիւնը դրսեւորեցին։ Եւ մենք, բազմաթիւ ուրիշներու կողքին, կը տենչանք Եհովայի նոր աշխարհին մէջ ուրախութեամբ պարել (Ել. 15։20. Բ. Թագ. 6։14)։