Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տաղանդներուն առակէն սորվէ

Տաղանդներուն առակէն սորվէ

«Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ» (ՄԱՏ. 25։15

1, 2. Յիսուս ինչո՞ւ տաղանդներուն առակը տուաւ։

ՅԻՍՈՒՍ տաղանդներուն առակով յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ իր օծեալ հետեւորդները պարտականութիւն մը ունին։ Հարկ է որ հասկնանք այս առակին իմաստը, քանի որ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կ’ազդէ, թէ՛ երկնային եւ թէ երկրային յոյս ունեցողներուն։

2 Յիսուս տաղանդներուն առակը տուաւ, երբ աշակերտներուն կը պատասխանէր իր «ներկայութեան եւ աշխարհի վախճանին նշան»ին մասին (Մատ. 24։3, ՆԱ)։ Ուստի այս առակը մեր օրերուն կը կատարուի եւ մաս կը կազմէ այն նշանին, որ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս ներկայ է եւ կը թագաւորէ։

3. Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած առակներէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք։

3 Մատթէոս 24։45–էն մինչեւ 25։46 կան չորս առակներ, որոնցմէ մէկը այս տաղանդներուն առակն է։ Միւս երեքը,– հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային առակը, տասը կոյսերուն առակը ու ոչխարներուն եւ այծերուն առակը,– նոյնպէս մաս կը կազմեն Յիսուսի պատասխանին իր ներկայութեան նշանին շուրջ։ Չորս առակներուն մէջ ալ, Յիսուս կ’ընդգծէ յատկութիւններ, որոնք պիտի զատորոշէին իր ճշմարիտ հետեւորդները այս վերջին օրերուն մէջ։ Ծառային, կոյսերուն եւ տաղանդներուն մասին տուած առակները իր օծեալ հետեւորդներուն ուղղուած են։ Հաւատարիմ ծառայի առակին մէջ, Յիսուս կը շեշտէ որ հաւատարիմ եւ իմաստուն պէտք է ըլլայ այն օծեալ խումբը, որուն նշանակուած է կերակրել Իր տան ծառաները վերջին օրերուն մէջ։ Կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս կ’ընդգծէ թէ իր բոլոր օծեալ հետեւորդները պէտք է պատրաստ եւ արթուն ըլլան, գիտնալով որ ինք պիտի գայ այնպիսի օր մը կամ ժամ մը, որ չեն գիտեր։ Տաղանդներուն առակին մէջ, Յիսուս ցոյց կու տայ թէ օծեալները պէտք է ժրաջան ըլլան իրենց քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կատարելուն մէջ։ Իսկ վերջին առակին՝ ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ երկրային յոյս ունեցողներուն։ Ան կ’ընդգծէ թէ անոնք պէտք է հաւատարիմ ըլլան եւ լիովին աջակցին իր օծեալ եղբայրներուն *։ Այժմ կեդրոնանանք տաղանդներուն առակին վրայ։

ՏԷՐԸ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾ ԳՈՒՄԱՐ ԿՈՒ ՏԱՅ

4, 5. Առակին մէջի տէրը զո՞վ կը ներկայացնէ, եւ տաղանդը ո՞րքան արժէք ունի։

4 Կարդա՛ Մատթէոս 25։14-30։ Մեր հրատարակութիւնները տարիներ շարունակ բացատրած են, թէ առակին մէջ նշուած մարդը կամ տէրը Յիսուսն է, եւ թէ ան օտար կամ հեռու երկիր ճամբորդեց, երբ Ք.Ե. 33–ին երկինք համբարձաւ։ Նախկին առակի մը մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ ի՛նչ նպատակաւ հեռու երկիր պիտի ճամբորդէր,– «իրեն թագաւորութիւնը առնելու» համար (Ղուկ. 19։12)։ Ան երկինք վերադառնալէն ետք անմիջապէս Թագաւոր չեղաւ *։ Հապա «Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ անկէ յետոյ [սպասեց], մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին» (Եբ. 10։12, 13

5 Առակին մէջ, տէրը ութ տաղանդ ունէր, որ հսկայական գումար մըն էր այդ օրերուն *։ Նախքան հեռու երկիր ճամբորդելը, ան տաղանդները իր ծառաներուն բաժնեց, իւրաքանչիւրէն ակնկալելով որ իր բացակայութեան ընթացքին դրամով գործեն։ Այդ մարդուն նման, Յիսուս թանկարժէք բան մը ունէր, առաջ որ երկինք համբառնար։ Ի՞նչ։ Պատասխանը կապ ունի երկրի վրայ կատարած իր գործին հետ։

6, 7. Տաղանդները ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն։

6 Յիսուս մեծ կարեւորութիւն տուաւ իր քարոզչութեան եւ սորվեցնելու գործին (կարդա՛ Ղուկաս 4։44)։ Ատոր միջոցով, ան մշակեց «արտ» մը, որմէ առատ «բերքեր» կ’ակնկալուէր։ Նախապէս, ան իր աշակերտներուն ըսած էր. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են» (Յովհ. 4։35-38)։ Ան ի մտի ունէր թէ շատ մը բարեսիրտ անհատներ պիտի ընդունէին բարի լուրը եւ պիտի ըլլային իր աշակերտները։ Լաւ հողագործի մը նման, Յիսուս հնձուելու պատրաստ արտը պիտի չլքէր։ Ուստի իր յարութենէն քիչ ետք եւ համբառնալէն առաջ, ան իր աշակերտներուն այս ծանրակշիռ յանձնարարութիւնը տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18-20)։ Այսպիսով, Յիսուս անոնց յանձնեց թանկագին գանձ մը՝ քրիստոնէական ծառայութիւնը (Բ. Կոր. 4։7

7 Ուստի ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց աշակերտել, կարծես թէ «իր ունեցածը» տուաւ անոնց,– իր տաղանդները (Մատ. 25։14)։ Պարզ խօսքով, տաղանդները քարոզելու եւ աշակերտելու պատասխանատուութեան կ’ակնարկեն։

8. Տէրը իր ծառաներէն ի՞նչ ակնկալեց, հակառակ անոր որ իւրաքանչիւրին տարբեր քանակով տաղանդ տուաւ։

8 Տաղանդներուն առակը կը նշէ թէ տէրը առաջին ծառային հինգ տաղանդ տուաւ, երկրորդ ծառային՝ երկու տաղանդ, իսկ երրորդին՝ մէկ տաղանդ (Մատ. 25։15)։ Թէեւ տէրը ամէն մէկուն տարբեր քանակով տաղանդ տուաւ, բայց բոլորէն ակնկալեց, որ տաղանդները ժրաջանութեամբ գործածեն։ Նմանապէս, Յիսուս իր օծեալ հետեւորդներէն ակնկալեց որ իրենց լաւագոյնը ընեն ծառայութեան մէջ (Մատ. 22։37. Կող. 3։23)։ Առաջին դարուն, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն սկսեալ, Քրիստոսին հետեւորդները սկսան տաղանդներով գործել։ Քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ իրենց ժրաջանութիւնը բացայայտ է Աստուածաշունչի Գործք գրքին մէջ (Գործք 6։7. 12։24. 19։20) *։

ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՎ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

9. ա) Երկու հաւատարիմ ծառաները ի՞նչ ըրին տաղանդներով, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ բ) «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ դեր կը խաղան։

9 Վերջին օրերուն ընթացքին, մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր, Քրիստոսի հաւատարիմ օծեալ ծառաները Տէրոջ տաղանդներով գործած են երկրի վրայ։ Առաջին եւ երկրորդ ծառաներուն պէս, օծեալ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց ունեցածով իրենց լաւագոյնը ըրած են։ Հարկ չկայ ենթադրելու թէ որո՛նք հինգ տաղանդ ստացան, եւ որո՛նք՝ երկու տաղանդ։ Առակին մէջ, երկու ծառաներն ալ իրենց յանձնուած գումարը կրկնապատկեցին, ուստի երկուքն ալ հաւասարապէս ժրաջան էին։ Իսկ երկրային յոյս ունեցողնե՛րը ի՞նչ դեր կը խաղան։ Շատ կարեւոր դեր մը։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակէն կը սորվինք, որ երկրային յոյս ունեցողները պատիւը ունին քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ հաւատարմօրէն աջակցելու Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն։ Այս վերջին օրերուն ընթացքին, երկու խումբերն ալ որպէս «մէկ հօտ» միասին կը գործեն՝ նախանձախնդրօրէն աշակերտելու գործը կատարելով (Յովհ. 10։16

10. Յիսուսի ներկայութեան նշանին աչքառու մէկ երեսակը ի՞նչ է։

10 Տէրոջը իրաւունքն է արդիւնքներ ակնկալել։ Ինչպէս որ նշեցինք, Յիսուսի առաջին դարու հաւատարիմ աշակերտները անկասկած աւելցուցին իր ունեցածը։ Ի՞նչ կարելի է ըսել այս վերջին օրերուն մասին, երբ տաղանդներուն առակը կը կատարուի։ Յիսուսի հաւատարիմ եւ ժրաջան ծառաները պատմութեան մէջ ցարդ մեծագոյն քարոզչական եւ աշակերտական գործը կատարած են։ Անոնց ջանքերուն շնորհիւ, ամէն տարի հարիւր հազարաւոր նոր աշակերտներ կ’աւելնան Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու շարքին վրայ։ Այսպիսով, քարոզելու եւ աշակերտելու գործը՝ Յիսուսի ներկայութեան նշանին աչքառու մէկ երեսակը կը դառնայ։ Ասիկա անկասկած հաճոյք կը պատճառէ իրենց Տէրոջը։

Յիսուս իր ծառաներուն յանձնած է քարոզելու թանկագին պատասխանատուութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 10)

ՏԷՐԸ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՀԱՇԻՒ ՈՒԶԵԼՈՒ

11. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս մեծ նեղութեան ընթացքի՛ն պիտի գայ հաշիւ ուզելու։

11 Իր ծառաներէն հաշիւ ուզելու համար, Յիսուս պիտի գայ մօտալուտ մեծ նեղութեան գրեթէ վերջաւորութեան։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ գրուած իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս իր գալը կրկին անգամ նշեց։ Մեծ նեղութեան ընթացքին կատարուելիք դատաստանին ակնարկելով, ան ըսաւ թէ մարդիկ «պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ Ան վերջին օրերուն մէջ ապրող իր հետեւորդները յորդորեց որ արթուն մնան, ըսելով. «Չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» եւ «Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր» (Մատ. 24։30, 42, 44)։ Ուստի երբ Յիսուս ըսաւ թէ «այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց», ակներեւաբար կ’ակնարկէր այն ժամանակին, երբ պիտի գայ այս աշխարհի վերջաւորութեան դատաստան ի գործ դնելու (Մատ. 25։19) *։

12, 13. ա) Տէրը առաջին երկու ծառաներուն ի՞նչ կ’ըսէ եւ ինչո՞ւ։ բ) Օծեալները իրենց վերջնական կնքումը ե՞րբ կը ստանան (տե՛ս « Հաշիւ տալ մահուան ատեն» շրջանակը)։ գ) Որպէս ոչխար դատուած անհատները ի՞նչ վարձատրութիւն պիտի ստանան։

12 Առակին համաձայն, երբ տէրը կու գայ, կը տեսնէ որ հինգ տաղանդ առած եւ երկու տաղանդ առած ծառաները հաւատարիմ գտնուած են, իրենց տաղանդները կրկնապատկելով։ Տէրը երկուքին ալ նոյն բանը կ’ըսէ. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ» (Մատ. 25։21, 23)։ Հետեւաբար ի՞նչ կ’ակնկալենք, երբ Տէրը՝ փառաւորեալ Յիսուս, ապագային գայ դատելու։

13 Առաջին երկու ծառաներով ներկայացուած ժրաջան օծեալները, արդէն իսկ ստացած պիտի ըլլան իրենց վերջնական կնքումը առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի (Յայտ. 7։1-3)։ Արմագեդոնէն առաջ, Յիսուս անոնց պիտի տայ խոստացուած երկնային վարձատրութիւնը։ Իսկ քարոզչութեան մէջ Քրիստոսի եղբայրներուն աջակցող երկրային յոյս ունեցողները դատուած պիտի ըլլան որպէս ոչխարներ, եւ երկրի վրայ Թագաւորութեան ներքեւ ապրելու առանձնաշնորհումը պիտի ստանան (Մատ. 25։34

ՉԱՐ ԵՒ ԾՈՅԼ ԾԱՌԱՅ ՄԸ

14, 15. Յիսուս ըսել ուզե՞ց որ իր օծեալ եղբայրներէն մեծ մաս մը չար եւ ծոյլ պիտի ըլլար. բացատրէ՛։

14 Առակին մէջ, երրորդ ծառան իր տաղանդը գետնին տակ պահեց, փոխանակ ատորմով գործելու կամ նոյնիսկ զայն սեղանաւորներուն տալու։ Այս ծառան վատ ոգի ցուցաբերեց, քանի որ դիտումնաւոր կերպով իր տէրոջ շահերուն հակառակ աշխատեցաւ։ Տէրը իրաւացիօրէն զինք «չար եւ ծո՛յլ» կոչեց, ապա տաղանդը առաւ անկէ եւ տուաւ այն ծառային, որ տասը տաղանդ ունէր։ Անկէ ետք, չար ծառան «դուրսի խաւարը» հանեցին. «հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» (Մատ. 25։24-30. Ղուկ. 19։22, 23

15 Երբ Յիսուս ըսաւ թէ երեք ծառաներէն մէկը չար եւ ծոյլ էր, ան ըսել չուզեց թէ օծեալներուն մէկ երրորդը այդպէս պիտի ըլլար։ Շուրջի համարները նկատի առ։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայի առակին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ չար ծառայի մը մասին, որ իր ծառայակիցները կը ծեծէր։ Ան ըսել չուզեց որ չար ծառայ դասակարգ մը պիտի ելլէր։ Փոխարէն, ան հաւատարիմ ծառան կը զգուշացնէր, որ այդ չար ծառային չնմանէր։ Նմանապէս, տասը կոյսերուն առակին մէջ, Յիսուս չէր մատնանշեր որ իր օծեալ հետեւորդներուն կէսը պիտի նմանէր հինգ յիմար կոյսերուն։ Փոխարէն, ան իր հոգեւոր եղբայրները կը զգուշացնէր թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ արթուն ու պատրաստ չըլլային *։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել, թէ տաղանդներուն առակին մէջ Յիսուս ըսել չէր ուզեր թէ վերջին օրերուն մէջ իր օծեալ եղբայրներէն մեծ մաս մը չար եւ ծոյլ պիտի ըլլար. հապա ան իր օծեալ հետեւորդները կը զգուշացնէր, որ ժրաջանութեան կարիքին գիտակից ըլլան,– իրենց տաղանդով ‘գործեն’,– եւ չար ծառայի մը կեցուածքներն ու արարքները չորդեգրեն (Մատ. 25։16

16. ա) Տաղանդներուն առակէն ի՞նչ դասեր կը քաղենք։ բ) Այս յօդուածը ինչպէ՞ս յստակացուց տաղանդներուն առակին բացատրութիւնը (տե՛ս « Տաղանդներուն առակը հասկնալ» շրջանակը)։

16 Ի՞նչ երկու դասեր կը քաղենք տաղանդներուն առակէն։ Առաջին, Տէրը՝ Քրիստոս, իր օծեալ ծառաներուն տուած է բան մը որ թանկարժէք կը նկատէ,– քարոզելու եւ աշակերտելու յանձնարարութիւնը։ Երկրորդ, Քրիստոս բոլորէս կ’ակնկալէ որ ժրաջան ըլլանք քարոզչութեան մէջ։ Եթէ ժրաջան ենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Տէրը պիտի վարձատրէ մեր հաւատքը, արթնութիւնը եւ հաւատարմութիւնը (Մատ. 25։21, 23, 34

^ պարբ. 3 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային ինքնութիւնը բացատրուած է Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւին մէջ, էջ 21-22, պարբերութիւն 8-10։ Կոյսերուն ինքնութիւնը բացատրուած է այս թիւին նախորդ յօդուածին մէջ։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակը բացատրուած է Դիտարան–ի 1 յունուար 1996 թիւին մէջ, էջ 27-31, եւ այս թիւին յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 5 Յիսուսի օրերուն, մէկ տաղանդը համահաւասար էր շուրջ 6000 դահեկանի։ Մէկ դահեկանը մէկ օրավարձ էր, ուստի սովորական գործաւոր մը պէտք էր մօտ 20 տարի աշխատէր՝ միմիայն մէկ տաղանդ շահելու համար։

^ պարբ. 8 Առաքեալներուն մահէն ետք, հաւատուրացութիւնը տարածուեցաւ ժողովքներէն ներս։ Դարե՜ր շարունակ, շատ չնչին ջանքեր թափուեցան քարոզչութեան մէջ։ Բայց «հունձքի» ժամանակ, կամ վերջին օրերուն մէջ, քարոզչութիւնը վերստին թափ պիտի առնէր (Մատ. 13։24-30, 36-43)։ Տե՛ս Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը, էջ 9-12։

^ պարբ. 15 Տե՛ս այս թիւին մէջ, «‘Արթուն’ պիտի կենա՞ս» յօդուածին 13–րդ պարբերութիւնը։