Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարմօրէն աջակցիլ

Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարմօրէն աջակցիլ

«Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (ՄԱՏ. 25։40

1, 2. ա) Յիսուս իր սերտ բարեկամներուն ի՞նչ առակներ պատմեց (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մասին ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ՅԻՍՈՒՍ զրոյց ունենալով իր սերտ բարեկամներուն հետ,– Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս,– խօսեցաւ հաւատարիմ ծառային մասին ու պատմեց տասը կոյսերուն առակը եւ տաղանդներուն առակը։ Ան իր խօսակցութիւնը եզրափակեց յաւելեալ առակ մը տալով, ուր նկարագրեց ժամանակ մը, երբ «Որդին մարդոյ» պիտի դատէր «բոլոր ազգերը»։ Յիսուս կեդրոնացաւ երկու խումբի վրայ, ոչխարներ ու այծեր, եւ ցցուն ըրաւ երրորդ կարեւոր խումբ մը՝ «թագաւոր»ին «եղբայրներ»ը (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-46)։ Այս լուսաբանութիւնը որքա՜ն աշակերտները հրապուրած ըլլալու էր։

2 Եհովայի ծառաները այս առակով շատոնց հետաքրքրուած են, մանաւանդ քանի որ կը յայտնէ, թէ ինչո՛ւ ոմանք յաւիտենական կեանք պիտի ստանան, իսկ ուրիշներ մշտնջենապէս պիտի բնաջնջուին։ Մեր կեանքը կախեալ է Յիսուսի հաղորդած ճշմարտութիւնները հասկնալէ ու ի գործ դնելէ։ Ուստի քննարկենք հետեւեալ հարցումները. Եհովան ինչպէ՞ս աստիճանաբար յստակացուց այս առակին բացատրութիւնը։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ առակը կ’ընդգծէ քարոզչութեան կարեւորութիւնը։ Որո՞նք քարոզելու յանձնարարութիւնը կը ստանան։ Եւ ինչո՞ւ «թագաւոր»ին եւ իր «եղբայրներ»ուն հաւատարիմ ըլլալու ժամանակը հիմա է։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՒԵԼԻ ՅՍՏԱԿ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆՔ

3, 4. ա) Ոչխարներուն եւ այծերուն առակը հասկնալու համար, ի՞նչ բաներ պէտք է գիտնանք։ բ) 1881–ին, Սիօնի դիտարանը ինչպէ՞ս բացատրեց այս առակը։

3 Ոչխարներուն եւ այծերուն առակը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, հարկ է գիտնալ անձնաւորութիւններուն ինքնութիւնը, դատաստանին սահմանուած ժամանակը եւ իբրեւ ոչխար կամ այծ դասուելու պատճառը։

4 1881–ին, Սիօնի դիտարանը ըսաւ որ Յիսուսն է «Որդին մարդոյ» եւ «թագաւորը»։ Առաջին Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան, թէ «եղբայրներս» բառը կ’ակնարկէր անոնց, որոնք Քրիստոսի հետ պիտի իշխէին, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր մարդոց, երկրային կատարելութեան հասնելէ ետք։ Անոնք խորհեցան որ ոչխարներուն զատումը այծերէն տեղի պիտի ունենար Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, եւ թէ մարդիկ իբրեւ ոչխարներ պիտի դասուէին, քանի որ Աստուծոյ սիրոյ օրէնքին համաձայն ապրեցան։

5. 1923–ին, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս առակը հասկցան։

5 1920–ական թուականներուն սկիզբը, Եհովան իր ծառաներուն օգնեց, որ այս առակին առնչութեամբ իրենց հասկացողութիւնը յղկեն։ Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 1923 թիւը հաստատեց, թէ Յիսուսն է «Որդին մարդոյ»։ Իսկ աստուածաշնչական փաստեր ներկայացնելով, Քրիստոսի եղբայրներուն ինքնութիւնը սահմանափակեց անոնց, որոնք երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի իշխէին, եւ նշեց թէ ոչխարները անոնք են՝ որոնք կը յուսան երկրի վրայ ապրիլ Քրիստոսի Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ Ոչխարները այծերէն զատելու ժամանակին նկատմամբ, յօդուածը դիտել տուաւ որ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Քրիստոսի եղբայրները երկինքը ըլլալով, կարելի չէ որ երկրային դասակարգ մը իրենց օգնէ կամ զիրենք անտեսէ։ Հետեւաբար, ոչխարները այծերէն զատելը տեղի ունենալու է Հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէ առաջ։ Եւ յօդուածը նշեց թէ անհատներ պիտի բնորոշուէին իբրեւ ոչխարներ, քանի որ Յիսուսը կ’ընդունէին որպէս իրենց Տէրը եւ կը յուսային որ Թագաւորութի՛ւնը բերէ աւելի լաւ վիճակներ։

6. 1990–ական թուականներուն կիսուն, մեր տեսակէտը ինչպէ՞ս յղկուեցաւ։

6 Առ ի արդիւնք այդ նոր բացատրութեան, Աստուծոյ ժողովուրդը խորհեցաւ թէ անհատներ վերջին օրերուն ընթացքին կը դատուէին իբրեւ ոչխար կամ այծ, ըստ իրենց ընդառաջումին Թագաւորութեան պատգամին։ Սակայն 1990–ական թուականներուն կիսուն, մեր տեսակէտը յղկումի ենթարկուեցաւ։ Դիտարան–ի 1 յունուար 1996 թիւին մէջ երկու յօդուածներ նկատեցին նմանութիւններ Մատթէոս 24։29-31–ի (կարդա՛) եւ Մատթէոս 25։31, 32–ի (կարդա՛) միջեւ *։ Եզրակացութի՞ւնը։ Գլխաւոր յօդուածը նշեց. «Ոչխարներու եւ այծերու առնչութեամբ դատավճռի արձակումը տակաւին ապագային պիտի ըլլայ»։ Ճիշդ ե՞րբ։ «Անիկա տեղի պիտի ունենայ Մատթէոս 24։29, 30–ին մէջ նշուած ‘մեծ նեղութիւնը’ պայթելէն եւ ‘Որդին մարդոյ իր փառքով գալ’էն ետք. . . Ապա, ամբողջ ամբարիշտ դրութիւնը, իր վախճանին հասած ըլլալով, Յիսուս ատեան պիտի բանայ եւ իր դատավճիռը պիտի արձակէ ու գործադրէ»։

7. Այժմ ի՞նչ յստակ հասկացողութիւն ունինք։

7 Այսօր, ոչխարներուն եւ այծերուն առակը յստակօրէն կը հասկնանք։ Նշուած անձնաւորութիւններուն ինքնութեան նկատմամբ, Յիսուսն է «Որդին մարդոյ», Թագաւորը։ Անոնք որոնք «եղբայրներս» կոչուած են, հոգիով օծուած տղամարդիկ ու կիներ են, որոնք երկինքէն Քրիստոսին հետ պիտի իշխեն (Հռով. 8։16, 17)։ «Ոչխարներ»ն ու «այծեր»ը կը ներկայացնեն բոլոր ազգերէն մարդիկ, որոնք սուրբ հոգիով չեն օծուած։ Ե՞րբ է դատելու ժամանակը։ Դատավճիռ արձակելը տեղի պիտի ունենայ մօտալուտ մեծ նեղութեան գրեթէ վերջաւորութեան։ Իսկ ի՞նչ պատճառով մարդիկ պիտի դատուին իբրեւ ոչխար կամ այծ։ Այս հիման վրայ. անոնք ինչպէ՛ս վարուած են Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն հետ։ Ամբարիշտ աշխարհի վերջը շատ մօտեցած ըլլալով, որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ աստիճանաբար լոյս սփռած է այս առակին եւ յարակից առակներուն վրայ, որոնք Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած են։

ԱՌԱԿԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԸՆԴԳԾԷ

8, 9. Ոչխարները ինչո՞ւ կը նկարագրուին որպէս «արդարներ»։

8 Ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ, Յիսուս քարոզչութիւնը ուղղակի չի նշեր։ Արդ, ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ առակը կ’ընդգծէ քարոզելու կարեւորութիւնը։

9 Առաջին, նկատէ որ Յիսուս լուսաբանութեան մը միջոցով կը սորվեցնէ։ Բացորոշ է որ ան բառացի ոչխարներ բառացի այծերէ զատելու մասին չի խօսիր։ Նմանապէս, ան չ’ըսեր որ ոչխար սեպուած անհատը պէտք է բառացիօրէն կերակրէ, հագուեցնէ, խնամէ կամ Իր բանտարկեալ եղբօր այցելէ։ Փոխարէն, ան կը լուսաբանէ իր եղբայրներուն հանդէպ այլաբանական ոչխարներուն ցուցաբերած կեցուածքը։ Ան ոչխարները նկարագրեց որպէս «արդարներ», քանի որ կը զատորոշեն թէ Քրիստոս երկրի վրայ ունի խումբ մը օծեալ եղբայրներ, եւ այս դժուարին վերջին օրերուն ընթացքին հաւատարմօրէն օծեալներուն կ’աջակցին (Մատ. 10։40-42. 25։40, 46. Բ. Տիմ. 3։1-5

10. Ոչխարները Քրիստոսի եղբայրներուն հանդէպ ինչպէ՞ս կրնան ազնուութիւն ցուցաբերել։

10 Երկրորդ, նկատի առ Յիսուսի ամբողջ խօսակցութիւնը։ Ան կը քննարկէ իր ներկայութեան ու աշխարհի վախճանին նշանը (Մատ. 24։3)։ Իր խօսքին սկիզբը, ան նշեց թէ նշանը պիտի պարփակէր ուշագրաւ երեսակ մը,– Թագաւորութեան բարի լուրը ‘բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուէր’ (Մատ. 24։14)։ Եւ ոչխարներուն ու այծերուն մասին խօսելէ ճիշդ առաջ, ան պատմեց տաղանդներուն առակը։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, Յիսուս այս առակը տուաւ, որպէսզի իր օծեալ աշակերտներուն՝ իր «եղբայրներ»ուն՝ շեշտէ, թէ պէտք է նախանձախնդրութեամբ մասնակցին քարոզչութեան։ Սակայն, Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին երկրի վրայ եղող փոքրաթիւ օծեալները հսկայ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն,– վերջը չեկած՝ «բոլոր ազգերուն» քարոզել։ Ոչխարներուն եւ այծերուն առակը ցոյց կու տայ, թէ օծեալները օգնութիւն պիտի ստանային։ Հետեւաբար, քարոզչութեան մէջ Քրիստոսի եղբայրներուն աջակցիլը, գլխաւոր կերպերէն մէկն է, որով ոչխարներ սեպուած անհատները անոնց ազնուութիւն կը ցուցաբերեն։ Բայց այդ աջակցիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ Միայն նիւթական նուիրատուութիւններ եւ զգացական մխիթարութի՞ւն։

ՈՐՈ՞ՆՔ ՊԷՏՔ Է ՔԱՐՈԶԵՆ

11. Ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ եւ ինչո՞ւ։

11 Ներկայիս Յիսուսի ութ միլիոն աշակերտներուն մեծ մասը սուրբ հոգիով օծուած չէ։ Անոնք չեն ստացած այն տաղանդները, որոնք Յիսուս իր օծեալ ծառաներուն տուաւ (Մատ. 25։14-18)։ Ուստի հարց կը ծագի. ‘Արդեօք քարոզելու յանձնարարութիւնը իսկապէս կը կիրարկուի՞ անոնց, որոնք սուրբ հոգիով օծուած չեն’։ Նկատի առ կարգ մը պատճառներ, թէ ինչու պատասխանը այո՛ է։

12. Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։

12 Յիսուս իր բոլոր աշակերտներուն պատուիրեց որ քարոզեն։ Յիսուս իր յարութենէն ետք, իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աշակերտեն, սորվեցնելով պահել «այն բոլոր բաները», որոնք ինք պատուիրեց։ Իր պատուէրներէն մէկն էր՝ քարոզելու յանձնարարութիւնը (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Ուրեմն, Քրիստոսի բոլոր աշակերտները պէտք է քարոզեն, իրենց յոյսը ըլլա՛յ երկինքի մէջ իշխել կամ երկրի վրայ ապրիլ (Գործք 10։42

13. Յովհաննէսի տեսած տեսիլքը ի՞նչ բան ցոյց կու տայ եւ ինչո՞ւ։

13 Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ, թէ քարոզչութիւնը թէ՛ օծեալներուն եւ թէ ուրիշներու կողմէ պիտի կատարուէր։ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալի տուաւ տեսիլք մը, ուր «հարս»ը՝ Քրիստոսի իշխանակից 144,000 օծեալները՝ մարդիկը կը հրաւիրէ ‘կենաց ջուրը ձրի առնելու’ (Յայտ. 14։1, 3. 22։17)։ Այդ խորհրդանշական ջուրը կը ներկայացնէ՝ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ձերբազատելու Եհովայի կարգադրութիւնները (Մատ. 20։28. Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Փրկանքը մեր քարոզած պատգամին առանցքն է, եւ օծեալները առաջնորդութիւնը կ’առնեն մարդոց օգնելու, որ սորվին անոր մասին եւ անկէ օգտուին (Ա. Կոր. 1։23)։ Բայց տեսիլքին մէջ Յովհաննէս կը տեսնէ ուրիշներ, որոնք հարս դասակարգէն չեն եւ անոնց ալ կ’ըսուի որ ըսեն՝ «Եկո՛ւր»։ Անոնք կը հնազանդին եւ ուրիշներ ալ կը հրաւիրեն կենաց ջուրը առնելու։ Այս խումբին պատկանողները երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունին։ Հետեւաբար, այս տեսիլքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ բոլոր անոնք որոնք «Եկո՛ւր» հրաւէրը կ’ընդունին, ուրիշներու քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունին։

14. «Քրիստոսին օրէնք»ին հնազանդիլը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։

14 «Քրիստոսին օրէնք»ին բոլոր յարողները պէտք է քարոզեն (Գաղ. 6։2)։ Եհովան երկու տեսակ չափանիշներ չունի։ Օրինակ՝ ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Բնիկին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլալու է» (Ել. 12։49. Ղեւ. 24։22)։ Քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին ներքեւ չեն։ Բայց ամէնքս, ըլլա՛նք օծեալ կամ ոչ, «Քրիստոսին օրէնք»ին ենթակայ ենք, որ կը պարփակէ Յիսուսի բոլոր սորվեցուցածները։ Իսկ անոր կարեւորագոյն մէկ ուսուցումն է, թէ իր հետեւորդները պէտք է սէր ցուցաբերեն (Յովհ. 13։35. Յակ. 2։8)։ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը հիմնական կերպ մըն է, որով Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ մեր ընկերին հանդէպ մեր սէրը կը դրսեւորենք (Յովհ. 15։10. Գործք 1։8

15. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել թէ Յիսուսի պատուէրը կը կիրարկուի իր բոլոր հետեւորդներուն։

15 Պզտիկ խումբի մը ուղղուած Յիսուսի խօսքերը կրնան մեծ խումբի մը կիրարկուիլ։ Օրինակ՝ Յիսուս Թագաւորութեան ուխտը ըրաւ միայն 11 աշակերտներու հետ, բայց այդ ուխտը իրապէս կը կիրարկուի ամբողջ 144,000–ին (Ղուկ. 22։29, 30. Յայտ. 5։10. 7։4-8)։ Նմանապէս, իր յարութենէն ետք, Յիսուս միայն փոքրաթիւ անհատներու պատուիրեց որ քարոզեն (Գործք 10։40-42. Ա. Կոր. 15։6)։ Բայց առաջին դարու իր բոլոր հաւատարիմ աշակերտները գիտակցեցան, որ այդ պատուէրը իրենց կը կիրարկուէր, նոյնիսկ եթէ անձամբ զայն Յիսուսէն չէին լսած (Գործք 8։4. Ա. Պետ. 1։8)։ Նոյնպէս այսօր, Յիսուս անձամբ չէ խօսած Թագաւորութեան ութ միլիոն հրատարակիչներէն ոեւէ մէկուն։ Բայց բոլորն ալ կը գիտակցին, թէ Քրիստոսին հաւատք ընծայելու եւ քարոզչութեամբ այդ հաւատքը դրսեւորելու պարտաւորութիւն ունին (Յակ. 2։18

ՀԻՄԱ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԸԼԼԱԼՈՒ

16-18. Ապագայ ոչխարները ինչպէ՞ս կրնան Քրիստոսի եղբայրներուն աջակցիլ, եւ ասիկա ինչո՞ւ հիմա պէտք է ընեն։

16 Սատանան պատերազմ կը մղէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն մնացորդին դէմ, եւ ա՛լ աւելի յարձակումներ պիտի կատարէ, մինչ իր «քիչ ժամանակ»ը կը լրանայ (Յայտ. 12։9, 12, 17)։ Խիստ փորձութիւններու տոկալու կողքին, օծեալները կ’առաջնորդեն մեծագոյն քարոզչական արշաւը պատմութեան մէջ։ Կասկած չի վերցներ թէ Յիսուս անոնց հետ է, իրենց ջանքերը ուղղելով (Մատ. 28։20

17 Ապագայ ոչխարները առանձնաշնորհում կը սեպեն Քրիստոսի եղբայրներուն աջակցիլ ոչ միայն քարոզչութեան մէջ, այլ՝ ուրիշ գործնական կերպերով ալ։ Օրինակ՝ անոնք նիւթական նուիրատուութիւններ կ’ընեն, կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահներ, Համաժողովի սրահներ ու մասնաճիւղի շէնքեր կառուցանելու, եւ հաւատարմօրէն կը հնազանդին անոնց, որոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ կը նշանակուին առաջնորդութիւն առնելու (Մատ. 24։45-47. Եբ. 13։17

Ոչխարանման անհատները զանազան կերպերով Քրիստոսի եղբայրներուն կ’աջակցին (տե՛ս պարբերութիւն 17)

18 Մօտ օրէն հրեշտակները մեծ նեղութեան կործանիչ հովերը պիտի արձակեն։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ, երկրի վրայ Քրիստոսի մնացեալ բոլոր եղբայրները իրենց վերջնական կնքումը ստանալէն ետք (Յայտ. 7։1-3)։ Իսկ Արմագեդոնը չսկսած, օծեալները երկինք պիտի առնուին (Մատ. 13։41-43)։ Հետեւաբար, անոնք որոնք կը յուսան դատուիլ իբրեւ ոչխարներ, հիմա է ժամանակը որ Քրիստոսի եղբայրներուն հաւատարմօրէն աջակցին։

^ պարբ. 6 Այս առակին մանրամասն քննարկման համար, տես Դիտարան–ի 1 յունուար 1996 թիւին մէջ, «Դատաստանի աթոռին առջեւ ի՞նչ վճիռ պիտի ստանանք» եւ «Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է» յօդուածները։