ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Ապրիլ 2015

Այս թիւը կը բովանդակէ 2015–ի յունիս 1–էն մինչեւ յունիս 28 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Երէցնե՛ր, ուրիշները մարզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաք

Տես թէ ուրիշները յաջողապէս մարզող երէցներ ի՛նչ եօթը թելադրութիւններ կու տան։

Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու

Երէցները կրնան Յիսուսի մարզումի մեթոտը ընդօրինակել, մինչ մարզուողները կրնան Եղիսէի օրինակին հետեւիլ։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Օրհնութիւններ՝ «նպաստաւոր ժամանակներուն եւ դժուար ժամանակներուն»

Դրոֆիմ Նսոմպայի կենսագրութիւնը, որ Մալաուիի մէջ վայրագ հալածանքի տոկաց, կրնայ հաւատարիմ մնալու վճռականութիւնդ ամրացնել։

Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ ո՞րքան իրական է

Որեւէ փոխյարաբերութիւն հաղորդակցութեամբ կը զօրանայ։ Այս սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնաս կիրարկել Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեանդ։

Միշտ Եհովայի վստահէ

Տես թէ ո՛ր խոչընդոտը պէտք է յաղթահարես, որպէսզի կարենաս Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը կերտել։

Վտարումը ինչո՛ւ սիրալիր կարգադրութիւն է

Խոր վիշտ պատճառող բան մը ինչպէ՞ս կրնայ բոլորին բարիքին համար ըլլալ։

Կտրուած ծառը կրնա՞յ վերստին ծլիլ

Ապագային նկատմամբ ունեցած յոյսդ կախեալ է այս հարցումին պատասխանէն։