Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ ո՞րքան իրական է

Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ ո՞րքան իրական է

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (ՅԱԿ. 4։8

1. Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը ինչո՞ւ զօրաւոր պէտք է պահենք։

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ու մկրտուած՝ Եհովայի վկա՞յ մըն ես։ Եթէ այո, ուրեմն ունիս բան մը որ շատ արժէքաւոր է,– Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն։ Բայց թէ՛ Սատանային աշխարհը եւ թէ մեր անկատար մարմինը յարձակում կը գործեն այդ փոխյարաբերութեան վրայ։ Ամէն քրիստոնեայ այս փորձիչ կացութիւնը կը դիմագրաւէ։ Ուստի Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կարելի եղածին չափ զօրաւոր պէտք է պահենք։

2. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնել։

2 Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւնդ ո՞րքան իրական է քեզի համար։ Կ’ուզե՞ս զայն զօրացնել։ Յակոբոս 4։8–ը կը նշէ կերպը. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Նկատէ թէ ասիկա երկկողմանի գործընթաց է։ Եթէ քայլեր առնես Եհովային մօտենալու, Եհովան ալ քայլեր պիտի առնէ քեզի մօտենալու։ Երբ այս բանը յաճախ կը կրկնուի, Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ աստիճանաբար կը զօրանայ եւ առ ի արդիւնք, շատ իրական կը դառնայ քեզի համար։ Կ’ունենաս նոյն վստահութիւնը, որ Յիսուս ունէր երբ ըսաւ. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է. . . ես կը ճանչնամ զանիկա» (Յովհ. 7։28, 29)։ Սակայն ի՞նչ մասնայատուկ քայլեր կրնաս առնել Եհովային մօտենալու համար։

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ (տե՛ս պարբերութիւն 3)

3. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հետ հաղորդակցիլ։

3 Եթէ կ’ուզես Եհովային մօտենալ, շատ կարեւոր է որ իրեն հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիս։ Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կը հաղորդակցիս բարեկամի մը հետ, որ քեզմէ շա՜տ հեռու տեղ մը կ’ապրի։ Շատ հաւանաբար, յաճախ իրարու նամակ կը գրէք եւ հեռաձայնով կը խօսիք։ Եհովային կը խօսիս յաճախակի աղօթքներուդ միջոցով (կարդա՛ Սաղմոս 142։2)։ Եւ թոյլ կու տաս որ Եհովան քեզի խօսի, կանոնաւորաբար իր գրաւոր Խօսքը կարդալով եւ ատոր վրայ խոկալով (կարդա՛ Եսայի 30։20, 21)։ Տեսնենք թէ այս երկկողմանի հաղորդակցութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ Եհովայի հետ մեր կապը զօրացնել եւ զինք մեր իսկական Ընկերը ընել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ. ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ԿԸ ԽՕՍԻ

4, 5. Եհովան ինչպէ՞ս քեզի կը խօսի երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես. օրինակ մը տուր։

4 Անկասկած կը համաձայնիս, որ Աստուածաշունչը բոլորին ուղղուած Աստուծոյ պատգամն է։ Բայց Աստուածաշունչը կրնա՞յ մասնաւորապէս քեզի օգնել, որ Եհովային աւելի մօտենաս։ Անշո՛ւշտ կրնայ։ Ի՞նչպէս։ Մինչ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կը կարդաս եւ կ’ուսումնասիրես, նկատի առ թէ կարդացածիդ ինչպէ՛ս կ’ընդառաջես եւ մտածէ թէ զայն ինչպէ՛ս կրնաս կիրարկել։ Այսպէս, Եհովային թոյլ տուած կ’ըլլաս որ քեզի խօսի իր Խօսքին միջոցով։ Ասիկա քեզ ա՛լ աւելի պիտի մօտեցնէ իրեն (Եբ. 4։12. Յակ. 1։23-25

5 Օրինակի համար, կարդա՛ Յիսուսին այս խօսքը. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք»։ Այժմ խոկա՛ ատոր վրայ։ Եթէ կը խորհիս որ Թագաւորութեան շահերը արդէն առաջին տեղը դրած ես կեանքիդ մէջ, պիտի զգաս որ Եհովան քեզ կը գովէ։ Իսկ եթէ անդրադառնաս որ պէտք է կեանքդ պարզացնես եւ Թագաւորութեան շահերուն վրայ աւելի կեդրոնանաս, ուրեմն Եհովան քեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ դուն ո՛ր մարզին մէջ կրնաս աշխատիլ, որ իրեն աւելի մօտենաս (Մատ. 6։19, 20

6, 7. ա) Երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, մեր եւ Եհովայի միջեւ եղած սիրոյն ի՞նչ կը պատահի։ բ) Մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, երբ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք։

6 Երբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք, ոչ միայն կը գիտնանք թէ ո՛ր մարզերուն մէջ կրնանք հոգեւորապէս բարելաւուիլ, այլեւ՝ Եհովայի սիրալիր ճամբաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը խորանայ եւ այսպէս՝ զինք աւելի կը սիրենք։ Եւ մինչ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ’աճի, մեզի հանդէպ իր սէրը կը խորանայ. այսպէս՝ իրեն հետ մեր կապը կը զօրանայ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։3

7 Բայց որպէսզի Եհովային մօտենանք, կարեւոր է որ ճիշդ շարժառիթով ուսումնասիրենք։ Յովհաննէս 17։3–ը կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ Ուստի մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ պարզապէս գիտութիւն առնել, այլ՝ Եհովան աւելի լաւ «ճանչնալ» իբրեւ Անձ (կարդա՛ Ելից 33։13. Սաղ. 25։4

8. ա) Ազարիա թագաւորին հետ Եհովայի վարուելու կերպին առնչութեամբ, ոմանք թերեւս ի՞նչ զգան։ բ) Եհովան ճանչնալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ չկասկածինք իր արարքներուն վրայ։

8 Մինչ Եհովան աւելի մօտէն կը ճանչնանք, անհարկիօրէն պիտի չշփոթինք, եթէ Աստուածաշունչին մէջ որոշ դէպքեր Եհովայի գործելակերպին շուրջ կասկածներ արթնցնեն։ Ի՞նչ կը զգաս, զոր օրինակ, երբ կը կարդաս թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Յուդայի Ազարիա թագաւորին հետ (Դ. Թագ. 15։1-5)։ Նկատէ որ Ազարիա «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ», հակառակ որ «ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին»։ Բայց «Տէրը թագաւորը զարկաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր»։ Ինչո՞ւ։ Արձանագրութիւնը չ’ըսեր։ Պէ՞տք է արդեօք նեղանանք ու մտածենք թէ Եհովան անարդար էր, թէ առանց լուրջ պատճառի պատժեց Ազարիան։ Ո՛չ։ Եթէ Եհովան շատ լաւ կը ճանչնանք, ուրեմն գիտենք թէ ան միշտ «չափաւորութեամբ» կը խրատէ (Եր. 30։11)։ Ուստի նոյնիսկ եթէ չենք գիտեր թէ Ազարիան ինչո՛ւ բորոտութեամբ զարնուեցաւ, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ըրաւ ինչ որ ճիշդ է։

9. Ո՞ր մանրամասնութիւնները մեզի կ’օգնեն, որ հասկնանք թէ Եհովան ինչո՛ւ պատժեց Ազարիան։

9 Այս պարագային սակայն, Աստուածաշունչը այլուր յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տայ։ Ազարիա թագաւորը նաեւ ճանչցուած էր Ոզիա անունով (Դ. Թագ. 15։7, 32Բ. Մնացորդաց 26։3-5, 16-21–ը կարդալով կը տեսնենք, որ թէեւ Ոզիան ատեն մը Եհովայի առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ետքը «սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ»։ Թագաւորը համարձակեցաւ ընել բան մը, որ միմիայն քահանաներուն արտօնուած էր։ 81 քահանաներ իրեն դէմ կեցան, ըսելով որ իր ըրածը սխալ էր։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Իր սիրտը ա՛յնքան հպարտացած էր որ քահանաներուն դէմ «բարկացաւ»։ Ահա թէ ինչու Եհովան զինք բորոտութեամբ զարկաւ։

10. ա) Ինչո՞ւ պէտք չունինք Եհովայի ըրածներուն պատճառները գիտնալու։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի վստահ ըլլալ, որ Եհովան միշտ ճիշդը կ’ընէ։

10 Ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը քաղենք։ Ազարիա թագաւորի արձանագրութեան մէջ բաւարար մանրամասնութիւններ ունինք հասկնալու, թէ Եհովան ինչո՛ւ պատժեց զինք։ Բայց ի՞նչ պիտի ընես երբ կարդաս դէպք մը, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները չեն նշուած։ Պիտի կասկածի՞ս թէ Եհովայի ըրածը իրապէս ճիշդ էր, թէ ոչ պիտի տրամաբանես թէ Աստուածաշունչին մէջ բաւարար տեղեկութիւններ կան քեզի վստահեցնելու, որ Եհովան միշտ ճիշդը կ’ընէ (Բ. Օր. 32։4)։ Մինչ Եհովայի անձնաւորութիւնը աւելի լաւ կը ճանչնաս, զինք ա՛յնքան պիտի սիրես ու վստահիս իրեն, որ պէտք պիտի չունենաս իր ամէն մէկ արարքին պատճառը գիտնալու։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, Եհովան քեզի աւելի իրական պիտի ըլլայ եւ իրեն աւելի պիտի մօտենաս (Սաղ. 77։12, 13

ԱՂՕԹՔ. ԴՈՒՆ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻՍ

11-13. Ինչպէ՞ս գիտես թէ Եհովան աղօթքները մտիկ կ’ընէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

11 Երբ կ’աղօթենք, Եհովային կը մօտենանք։ Զինք կը փառաբանենք, շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ օգնութիւն կը խնդրենք (Սաղ. 32։8)։ Բայց որպէսզի Եհովայի հետ իսկական փոխյարաբերութիւն ունենաս, պէտք է համոզուած ըլլաս որ ան աղօթքները կը լսէ։

12 Ոմանք կը խորհին որ աղօթքին միակ օգուտը հոգեպէս հանգստանալն է։ Անոնք կ’ըսեն թէ անհատը կը կարծէ որ իր աղօթքը պատասխանուեցաւ, պարզապէս որովհետեւ իր գաղափարները խօսքերու վերածեց, գիտցաւ թէ խնդիրը ի՛նչ է եւ ապա լուծումի նայեցաւ։ Բայց այս տեսակ օգուտներէ զատ, ուրկէ՞ գիտես թէ Եհովան ի՛րապէս կը լսէ անկեղծ աղօթքներդ։

13 Հետեւեալը նկատի առ։ Երկրի վրայ ապրելէն առաջ, Յիսուս տեսած էր թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ընդառաջէր իր մարդկային ծառաներուն աղօթքներուն։ Իսկ երբ երկրի վրայ կը ծառայէր, ան աղօթքո՛վ իր երկնաւոր Հօր յայտնեց իր մտածումներն ու զգացումները։ Ան նոյնիսկ լման գիշեր մը աղօթքով անցուց (Ղուկ. 6։12. 22։40-46)։ Եթէ ան խորհէր որ Եհովան իրականութեան մէջ մտիկ չ’ըներ, պիտի աղօթէ՞ր։ Իր աշակերտներուն աղօթել պիտի սորվեցնէ՞ր, եթէ խորհէր որ աղօթքը միմիայն հոգեբանական հանգստութիւն կը բերէ։ Յստակ է որ Յիսուս գիտէր թէ աղօթքը իսկական հաղորդակցութիւն է Եհովայի հետ։ Առիթով մը ան ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես»։ Մենք ալ կրնանք վստահութիւն ունենալ, թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է (Յովհ. 11։41, 42. Սաղ. 65։2

14, 15. ա) Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ մեր աղօթքներուն մէջ մասնայատուկ բաներ կը խնդրենք։ բ) Քրոջ մը աղօթքները իրեն ինչպէ՞ս օգնեցին որ Եհովային աւելի մօտենայ։

14 Երբ աղօթքներուդ մէջ մասնայատուկ բաներ խնդրես, աւելի լաւ կը նկատես Եհովայի պատասխանները, նոյնիսկ եթէ բացայայտ չըլլան։ Աղօթքներդ պատասխանուելով, Եհովան աւելի իրական Անձ պիտի ըլլայ քեզի համար։ Ասկէ զատ, ո՛րքան աւելի արտայայտես խոր մտահոգութիւններդ Եհովային, ան ա՛յնքան աւելի պիտի մօտենայ քեզի։

15 Նկատի առ Քաթիին * փորձառութիւնը։ Ան դաշտի ծառայութենէն հաճոյք չէր առներ, թէպէտ որ կանոնաւորաբար կը մասնակցէր ատոր։ Ան կը բացատրէ. «Դաշտի ծառայութենէն չէի ախորժեր. իսկապէս չէի ախորժեր։ Երբ աշխարհիկ գործէս հանգստեան կոչուեցայ, երէց մը մաղթեց որ կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլամ. ան նոյնիսկ դիմումնագիր մը տուաւ։ Որոշեցի ռահվիրայութիւն ընել, բայց նաեւ սկսայ ամէն օր Եհովային աղօթել, որ ինծի օգնէ որ դաշտի ծառայութենէն ախորժիմ»։ Եհովան քրոջ աղօթքներուն պատասխանե՞ց։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա ռահվիրայութեան երրորդ տարիս է։ Ծառայութեան աւելի ժամանակ տրամադրելուն եւ ուրիշ քոյրերէ սորվելուն առ ի արդիւնք, վկայելու կարողութիւնս աստիճանաբար բարելաւուած է։ Այսօր ոչ թէ կ’ախորժիմ դաշտի ծառայութենէն, հապա՝ կը սիրեմ զայն։ Ասկէ աւելի, առաջուընէ շատ աւելի մօտիկ եմ Եհովային»։ Քաթիին աղօթքները արդարեւ իրեն օգնեցին, որ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը իրական ըլլայ։

ՄԵՐ ԴԵՐԸ ԿԱՏԱՐԵՆՔ

16, 17. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ շարունակենք Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնել։ բ) Ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

16 Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնելը վերջ չունի։ Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզի մօտենայ, պէտք է քայլեր առնենք իրեն մօտենալու։ Ուստի ամէն գնով շարունակե՛նք Աստուծոյ հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիլ, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ աղօթելով։ Այսպիսով Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը հետզհետէ պիտի զօրանայ եւ առ ի արդիւնք, պիտի կարենանք իր օգնութեամբ յաջողապէս գլուխ ելլել մեր փորձութիւններուն հետ։

Եհովայի հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն զարգացնելը վերջ չունի (տե՛ս պարբերութիւն 16, 17)

17 Բայց երբեմն, շարունակաբար Եհովային աղօթելով հանդերձ, մեր անձնական խնդիրները չեն լուծուիր։ Այդ պարագաներուն, թերեւս Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը պակսի։ Թերեւս զգանք թէ Եհովան մեր աղօթքները չի լսեր կամ նոյնիսկ կասկածինք թէ ան մեզ իր բարեկամը կը սեպէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի պարագաներու հետ գլուխ ելլել եւ համոզուած մնալ, որ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը իրական է։ Յաջորդ յօդուածը այս կէտը պիտի քննարկէ։

^ պարբ. 15 Անունը փոխուած է։