Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երէցնե՛ր, ուրիշները մարզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաք

Երէցնե՛ր, ուրիշները մարզելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաք

«Ամէն բանի ատենը կայ» (ԺՈՂ. 3։1

1, 2. Շրջանային տեսուչներ ի՞նչ բան նկատած են շատ մը ժողովքներու մէջ։

ԵՐԲ շրջանային տեսուչը երէցներու մարմինին հետ իր հանդիպումը կ’եզրափակէր, խանդաղատանքի խոր զգացում մը ունեցաւ, նայելով այդ ժրաջան հովիւներուն դէմքին, որոնցմէ ոմանք տարեց էին։ Բայց եւ այնպէս, բանով մը մտահոգուած էր։ Ուստի հարցուց. «Եղբայրնե՛ր, ի՞նչ ջանք թափեցիք ուրիշները մարզելու, որ աւելի պատասխանատուութիւններ ստանձնեն ժողովքին մէջ»։ Անոնք շատ լաւ յիշեցին, որ շրջանային տեսուչը իր նախկին այցելութեան ընթացքին զիրենք յորդորած էր, որ աւելի ժամանակ տրամադրեն ուրիշները մարզելու։ Վերջապէս անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Խօսքին բացը, շատ բան չենք ըրած»։ Միւս երէցներն ալ համաձայն գտնուեցան։

2 Եթէ երէց մըն ես, թերեւս դուն ալ նոյնանման պատասխան մը տայիր։ Աշխարհի տարածքին շրջանային տեսուչներ նկատած են, թէ շատ մը ժողովքներու մէջ, երէցներ պէտք է աւելի՛ ջանք թափեն եղբայրները,– երիտասարդ թէ տարեց,– մարզելու, որ հօտին հոգ տանին։ Բայց ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։

3. ա) Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ ուրիշները մարզելը կարեւոր է. եւ ինչո՞ւ բոլորս պէտք է այս նիւթով հետաքրքրուինք (տե՛ս ստորանիշը)։ բ) Կարգ մը երէցներ ինչո՞ւ թերեւս դժուարանան ուրիշները մարզել։

3 Որպէս հովիւ, անկասկած կը գիտակցիս թէ անհատական մարզումը կարեւոր է *։ Գիտես, թէ եղբայրներու աւելի մեծ կարիք կայ, որ ժողովքները հոգեւորապէս զօրաւոր մնան եւ նոր ժողովքներ կազմուին (կարդա՛ Եսայի 60։22)։ Նաեւ գիտես, թէ Աստուծոյ Խօսքը քեզ կը յորդորէ որ «ուրիշներուն սորվեցնե[ս]» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։2)։ Բայց եւ այնպէս, թերեւս ասիկա ընելը դժուար գտնես, բացման մէջ նշուած երէցներուն պէս։ Ընտանիքիդ կարիքները հոգալէն, գործիդ պահանջներուն գոհացում տալէն, ժողովքային պատասխանատուութիւնները կատարելէն եւ ա՛յլ հրատապ հարցեր ձեռք առնելէն ետք, այնպէս կը թուի թէ ժամանակ չի մնար ժողովքին մէջ ուրիշները մարզելու։ Քանի որ պարագան այս է, քննարկենք թէ ուրիշները մարզելը որքա՛ն կարեւոր պէտք է նկատուի։

ՄԱՐԶԵԼԸ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ Է

4. Ատեններ, ինչո՞ւ կարգ մը երէցներ ուրիշները մարզելը կը յետաձգեն։

4 Կարգ մը երէցներ հաւանաբար ինչո՞ւ դժուարանան ժամանակ տրամադրել ուրիշները մարզելու։ Թերեւս ոմանք այսպէս կը մտածեն. «Ճիշդ է որ մարզելը կարեւոր է, բայց այդքան հրատապ չէ որքան ժողովքային այն հարցերը, որոնք կարելի չէ յետաձգել։ Եթէ ուրիշները մարզելը յետաձգեմ, ժողովքը տակաւին պիտի գործէ»։ Թէեւ ճիշդ է որ բազմաթիւ հարցեր պէտք է անմիջապէս նկատի առնուին, բայց եղբայրներու մարզումը ուշացնելը կրնայ ժողովքին հոգեւոր բարօրութեան վնաս հասցնել։

5, 6. ա) Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել վարորդին օրինակէն։ բ) Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք համեմատել ժողովքին եղբայրները մարզելուն հետ։

5 Օրինակով մը լուսաբանենք։ Ինքնաշարժը լաւ վիճակի մէջ պահելու համար, վարորդը գիտէ թէ շարժիչին իւղը պէտք է կանոնաւորաբար փոխէ։ Ասով հանդերձ, թերեւս ան խորհի թէ ասիկա այդքան հրատապ չէ որքան պենզին լեցնելը։ Վերջ ի վերջոյ, եթէ պենզին չլեցնէ, ինքնաշարժը շուտով պիտի կենայ։ Ան թերեւս պատճառաբանէ. «Եթէ ժամանակ չունենամ իւղը փոխելու, շարժիչը մինչեւ որոշ ժամանակ պիտի չդադրի աշխատելէ»։ Բայց վտանգը ո՞ւր է։ Եթէ վարորդը շարունակէ իւղ փոխելը յետաձգել, օրը պիտի գայ երբ ինքնաշարժը պիտի աւրուի։ Այդ ատեն, ան պիտի ստիպուի բաւակա՜ն ժամանակ եւ դրամ վատնել զայն նորոգելու համար։ Դասը ի՞նչ է։

6 Բազմաթիւ կարեւոր պարտականութիւններ կան, որոնք երէցները պէտք է արագօրէն կատարեն, ապա թէ ոչ ժողովքը կրնայ ժխտականօրէն ազդուիլ։ Ուստի ճիշդ ինչպէս որ օրինակին մէջի վարորդը պէտք է կանոնաւորաբար պենզին լեցնէ, երէցներն ալ պէտք է վստահ ըլլան որ «աւելի կարեւոր» բաները կը կատարեն (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Սակայն, կարգ մը երէցներ ա՛յնքան զբաղած կ’ըլլան հրատապ հարցերով, որ կ’անտեսեն ուրիշներ մարզելը,– այլաբանօրէն՝ շարժիչին իւղը փոխելը։ Բայց եթէ երէցները եղբայրներու մարզումը ձգձգեն, ուշ թէ կանուխ ժողովքը բաւականաչափ որակեալ եղբայրներ պիտի չունենայ բոլոր կարիքները հոգալու համար։

7. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք այն երէցները, որոնք մարզելու համար ժամանակ կը տրամադրեն։

7 Ուստի բնաւ պէտք չէ խորհինք, թէ մարզելը նախապատուութիւն մը չէ։ Այն երէցները, որոնք իրենց ժողովքին ապագայով կը հետաքրքրուին եւ նուազ փորձառու եղբայրները մարզելու համար ժամանակ կը տրամադրեն, իմաստուն տնտեսներ են եւ օրհնութիւն մը՝ բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։10)։ Ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։

ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԼԱՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

8. ա) Ի՞նչ բաներ կը մղեն երէցները ուրիշները մարզելու։ բ) Ի՞նչ հրատապ պատասխանատուութիւն ունին այն երէցները, որոնք կը ծառայեն հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ (տե՛ս « Հրատապ առաքելութիւն մը» շրջանակը)։

8 Նոյնիսկ ամէնէն փորձառու երէցները պէտք է համեստօրէն ընդունին, որ մինչ տարիքով կը մեծնան, աստիճանաբար պիտի չկարենան հիմակուան չափ գործ տեսնել ժողովքէն ներս (Միք. 6։8)։ Ասկէ զատ, անոնք իրապաշտօրէն հաշուի պէտք է առնեն, թէ ‘ժամանակի ու դիպուածի’ պատճառով յանկարծ կրնայ իրենց համար դժուար ըլլալ ժողովքային պատասխանատուութիւնները հոգալ (Ժող. 9։11, 12. Յակ. 4։13-15ա)։ Ուստի Եհովայի ոչխարներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած ըլլալով, հեռատես երէցները կը ջանան երիտասարդ եղբայրներուն փոխանցել ինչ որ տարիներու ընթացքին սորված են (կարդա՛ Սաղմոս 71։17, 18

9. Ո՞ր ապագայ դէպքին ի տես ուրիշները մարզելը շատ կարեւոր է։

9 Ուրիշ ի՞նչ պատճառով հօտին օրհնութիւն մըն են ուրիշներ մարզող երէցները։ Անոնք ժողովքին պաշտպանութիւնը կ’ամրացնեն։ Ինչպէ՞ս։ Ուրիշները մարզելու երէցներու ջանքերուն շնորհիւ, յաւելեալ եղբայրներ պատրաստ պիտի ըլլան ժողովքին օգնելու, որ հաստատուն կայնի ու միացած մնայ, ոչ միայն հիմա, հապա յատկապէս երբ տագնապալից ժամանակները գան մեծ նեղութեան ընթացքին (Եզեկ. 38։10-12. Միք. 5։5, 6)։ Հետեւաբար, ո՛վ սիրելի երէցներ, կը խնդրենք ձեզմէ որ այս օրուընէ սկսեալ կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէք ուրիշները մարզելու։

10. Ուրիշները մարզելու ժամանակ ունենալու համար, երէցը ի՞նչ կրնայ ընել։

10 Կը գիտակցինք որ ձեր յայտագիրը արդէն խճողուած է, քանի որ ժողովքային կարեւոր հարցերու հոգ կը տանիք։ Ուստի, կրնաք այդ պատասխանատուութիւններուն յատկացուած ժամանակէն մաս մը առնել ու գործածել մարզում հայթայթելու (Ժող. 3։1)։ Ասիկա ընելը ժամանակի շատ լաւ գործածութիւն պիտի ըլլայ եւ ապագային ժողովքին պիտի օգտէ։

ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ

11. ա) Այլազան երկիրներէ եղող երէցներուն տուած թելադրութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ բան ուշագրաւ է։ բ) Առակաց 15։22–ի համաձայն, ուրիշ երէցներու թելադրութիւնները նկատի առնելը ինչո՞ւ օգտաշատ պիտի ըլլայ։

11 Վերջերս հարցում ուղղուեցաւ երէցներու, որոնք յաջողապէս եղբայրներու կ’օգնեն որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն, թէ ի՛նչ մօտեցում կը գործածեն երբ ուրիշները կը մարզեն *։ Այս երէցներուն պարագաները իրարմէ շատ տարբեր ըլլալով հանդերձ, անոնք նոյնանման խրատ տուին։ Ասիկա կը յայտնէ, թէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մարզումը կիրարկելի է «ամէն տեղ» եւ «բոլոր» ժողովքներուն մէջ, ինչպէս որ էր պարագան Պօղոս առաքեալի օրերուն (Ա. Կոր. 4։17)։ Ուստի, այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ, երէցներուն ներկայացուցած կարգ մը թելադրութիւնները նկատի պիտի առնենք (Առ. 15։22

12. Հարկ է որ մարզողը ի՞նչ ստեղծէ եւ ինչո՞ւ։

12 Հարկ է որ մարզողը մարզում տալու յարմար պայմաններ ստեղծէ։ Ճիշդ ինչպէս որ պարտիզպանը պէտք է հողը հերկէ նախքան սերմանելը, նոյնպէս մարզողը պէտք է մարզուողին սիրտը պատրաստէ, կամ քաջալերէ, նախքան նոր հմտութիւններ սորվեցնելը։ Ուստի, մարզողները ինչպէ՞ս մարզելու յարմար պայմաններ կը ստեղծեն։ Անոնք կ’ընդօրինակեն Սամուէլ մարգարէին գործածած մօտեցումը։

13-15. ա) Սամուէլ մարգարէն ի՞նչ նշանակում ստացաւ։ բ) Սամուէլ իր պարտականութիւնը ինչպէ՞ս կատարեց (տե՛ս բացման պատկերը)։ գ) Աստուածաշունչի այս հատուածը ինչո՞ւ յատկապէս այժմու երէցները պէտք է հետաքրքրէ։

13 Աւելի քան 3000 տարի առաջ, Եհովան օր մը տարեց Սամուէլին ըսաւ. «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛» (Ա. Թագ. 9։15, 16)։ Սամուէլ գիտակցեցաւ որ իր դերը իբրեւ առաջնորդ վերջ գտած էր եւ Եհովան կ’ուզէր որ ինք յաջորդ մը օծէ։ Ան մտածած ըլլալու էր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այդ տղամարդը պատրաստել իր նոր նշանակումին համար’։ Ան գաղափար մը յղացաւ ու ծրագիր մը դրաւ։

14 Յաջորդ օրը, երբ Սաւուղ եկաւ, Եհովան Սամուէլի ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս»։ Սամուէլ անմիջապէս սկսաւ իր ծրագիրը գործադրել։ Ան Սաւուղը ճաշի հրաւիրեց կերակուրին սրահը, ուր անոր ու անոր ծառային տուաւ լաւագոյն տեղերը եւ խոհարարը Սաւուղին առջեւ դրաւ ազդրը վրայի մսովը։ Ապա Սամուէլ ըսաւ. «Կեր. . . անիկա քեզի համար պահուած է»։ Ճաշէն ետք, միասնաբար հաճոյալի խօսակցութիւն ունենալով, Սամուէլ եւ Սաւուղ քալեցին դէպի մարգարէին տունը։ Ճաշին ու պտոյտին ստեղծած հաճելի մթնոլորտը օգտագործելով, Սամուէլ զինք հրաւիրեց որ տան տանիքը ելլեն։ Երեկոյեան զով զեփիւռը վայելելով, Սամուէլ շարունակեց ‘տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսիլ’, մինչեւ որ ժամանակը եկաւ քնանալու։ Յաջորդ օրը, Սամուէլ զինք օծեց, համբուրեց եւ յաւելեալ ուղղութիւններ տուաւ։ Անկէ ետք, ան Սաւուղը արձակեց, գալիք իրադարձութիւնները դիմագրաւելու պատրաստուած (Ա. Թագ. 9։17-27. 10։1

15 Ազգի մը առաջնորդը ըլլալու համար անհատ մը օծելը անշուշտ չի նմանիր ժողովքին մէջ եղբայր մը մարզելուն, որ երէց կամ օգնական ծառայ ըլլայ։ Այսուհանդերձ երէցները կրնան Սամուէլի մօտեցումէն արժէքաւոր դասեր քաղել։ Քննարկենք երկու կէտ։

ՅՕԺԱՐԱԿԱՄ ՄԱՐԶՈՂՆԵՐ ԵՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

16. ա) Սամուէլ ի՞նչ զգաց երբ իսրայէլացիները թագաւոր մը պահանջեցին։ բ) Սամուէլ Սաւուղը օծելու իր նշանակումը ի՞նչ կեցուածքով կատարեց։

16 Յօժարակա՛մ եղիր, ոչ թէ անտրամադիր։ Երբ Սամուէլ առաջին անգամ լսեց, որ իսրայէլացիները մարդկային թագաւոր մը կ’ուզէին, յուսախաբ եւ իր ժողովուրդէն մերժուած զգաց (Ա. Թագ. 8։4-8)։ Իրականութեան մէջ, ան ժողովուրդին պահանջածը ընելու այնքան անտրամադիր էր, որ Եհովա երեք անգամ հարկ տեսաւ իրեն ըսելու որ անոնց խօսքը մտիկ ընէ (Ա. Թագ. 8։7, 9, 22)։ Այս կեցուածքը ունենալով հանդերձ, Սամուէլ թոյլ չտուաւ որ իր սրտին մէջ արմատ բռնէ դառնութիւն կամ դժգոհութիւն՝ զինք փոխարինող անձին դէմ։ Երբ Եհովան իրեն ըսաւ որ Սաւուղը օծէ, ան հնազանդեցաւ ոչ թէ կէս սրտով եւ առ ի պարտականութիւն, հապա կամովին եւ սէրէ մղուած։

17. Այժմու երէցները ինչպէ՞ս Սամուէլի կեցուածքը կ’ընդօրինակեն, եւ ասիկա իրենց ի՞նչ կը պատճառէ։

17 Սամուէլի նման, այժմու փորձառու երէցները մարզուողներու հանդէպ ազնիւ կը գտնուին (Ա. Պետ. 5։2)։ Այսպիսի երէցներ ետ չեն կենար ուրիշները մարզելէ, վախնալով որ մարզուողները իրենցմէ խլեն ժողովքային որոշ առանձնաշնորհումներ։ Անոնք կամեցող մարզուողները կը նկատեն ոչ թէ մրցակիցներ, հապա «գործակից»ներ,– թանկարժէք պարգեւներ ժողովքին (Բ. Կոր. 1։23. Եբ. 13։16)։ Եւ այսպիսի անձնուրաց մարզողներ ի՜նչ գոհունակութիւն կը զգան, մինչ կը նշմարեն թէ մարզուողները ինչպէս իրենց կարողութիւնները կը գործածեն ժողովքին յօգուտ (Գործք 20։35

18, 19. Երէցը ինչպէ՞ս կրնայ մարզուողին սիրտը պատրաստել, եւ ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

18 Բարեկա՛մ եղիր, ոչ թէ պարզապէս մարզող։ Այն օրը երբ Սամուէլ տեսաւ Սաւուղը, կրնար օծման իւղը առնել ու աճապարանօք զայն թափել անոր գլուխին վրայ, ապա նոր թագաւորը արձակել,– լիովին օծուած բայց բոլորովին անպատրաստ։ Փոխարէն, Սամուէլ ազնուօրէն ժամանակ տրամադրեց Սաւուղի սիրտը քայլ առ քայլ պատրաստելու։ Ընտիր ճաշ ուտելէ, հաճոյքով ճեմելէ, երկար խօսակցելէ եւ լաւ քնանալէ ետքն էր միայն որ Սամուէլ զգաց, թէ Սաւուղը օծելու յարմար ատենը եկաւ։

Ուրիշները մարզելու առաջին քայլն է՝ բարեկամութիւն մշակել (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

19 Նմանապէս այսօր, մարզողը պէտք է սկսի մարզել, հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու եւ մարզուողին հետ բարեկամանալու համար ժամանակ յատկացնելով։ Այսպիսի ջերմ փոխյարաբերութիւն մը գոյացնելու համար երէցին առած մասնայատուկ քայլերը որոշ չափով պիտի տարբերին երկրէ երկիր, տեղական պարագաներէ ու սովորութիւններէ կախեալ ըլլալով։ Բայց եւ այնպէս, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրիս, եթէ որպէս բազմազբաղ երէց ժամանակ տրամադրես մարզուողին, կարծես անոր կ’ըսես. «Դուն ինծի համար կարեւոր ես» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10)։ Ամէնուրեք կամեցող մարզուողներ այդ լռելեայն պատգամը յստակօրէն պիտի ըմբռնեն ու խորապէս արժեւորեն։

20, 21. ա) Ինչպէ՞ս կը նկարագրես յաջող մարզողը։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

20 Երէցնե՛ր, մի՛ մոռնաք թէ յաջող մարզողը այն է, որ ոչ միայն կը սիրէ ուրիշը մարզել, այլեւ կը սիրէ մարզուողը (համեմատէ՛ Յովհաննէս 5։20)։ Մարզուողը դիւրաւ կը զատորոշէ մարզողին տրամադրութիւնը եւ ըստ այնմ կ’ընդառաջէ տրուած մարզումին։ Ուստի, սիրելի՛ երէցներ, պարզապէս մարզում տուող մի՛ ըլլաք. լաւ բարեկամ եղէք (Առ. 17։17. Յովհ. 15։15

21 Մարզուողին սիրտը պատրաստելէ ետք, երէցը պիտի ջանայ հարկ եղած հմտութիւնները անոր հաղորդել։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ երէցը ի՛նչ մեթոտներ կրնայ գործածել։

^ պարբ. 3 Ճիշդ է որ այս եւ յաջորդ յօդուածը գրուած են յատկապէս երէցներուն համար, բայց ամբողջ ժողովքը պէտք է հետաքրքրուի այս տեղեկութիւններով։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ յօդուածները բոլոր մկրտուած եղբայրներուն պիտի օգնեն, որ գիտակցին թէ ժողովքին մէջ աւելին ընելու համար մարզուիլը անհրաժեշտ է։ Եւ երբ աւելի եղբայրներ մարզուած ըլլան, ամէն ոք պիտի օգտուի։

^ պարբ. 11 Այս երէցները հետեւեալ երկիրներէն են. Աւստրալիա, Հարաւային Ափրիկէ, Ճափոն, Մեքսիքա, Միացեալ Նահանգներ, Նամիպիա, Նիկերիա, Պանկլատէշ, Պելճիքա, Պրազիլ, Ռիեունիոն, Ռուսիա, Քորէա, Ֆրանսա եւ Ֆրանսական Կուիանա։