Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու

Երէցները ինչպէ՛ս ուրիշները կը մարզեն որակեալ ըլլալու

«Այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր. . . հաւատարիմ մարդոց յանձնէ» (Բ. ՏԻՄ. 2։2

1. ա) Աստուծոյ ծառաները հինէն ի վեր ի՞նչ բան ըմբռնած են մարզումի մասին, եւ ասիկա ներկայիս ինչպէ՞ս կը կիրարկուի։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ծառաները հինէն ի վեր ըմբռնած են, թէ մարզումը յաջողութիւն կը բերէ։ Աբրամ նահապետը իր «մարզուած ծառաները հանեց» Ղովտը ազատելու,– եւ ծառաները յաջողեցան (Ծն. 14։14-16, ԱԾ)։ Դաւիթ թագաւորի օրերուն, «Տէրոջը երգեր սորված» երգիչները Աստուած կը փառաբանէին (Ա. Մն. 25։7)։ Իսկ ներկայիս, հոգեւոր պատերազմ մը կը մղենք Սատանային եւ անոր հետեւորդներուն դէմ (Եփ. 6։11-13)։ Նաեւ ջանք կը թափենք Եհովային փառք բերելու համար (Եբ. 13։15, 16)։ Ուստի Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն պէս, յաջողութիւն գտնելու համար հարկ է որ մարզուինք։ Ժողովքին մէջ, Եհովան երէցներուն յանձնած է ուրիշները մարզելու պատասխանատուութիւնը (Բ. Տիմ. 2։2)։ Փորձառու երէցները ի՞նչ մեթոտներ կը գործածեն եղբայրները մարզելու, որ որակեալ ըլլան հօտը հոգալու։

ՄԱՐԶՈՒՈՂԸ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

2. Նախքան մարզուողին կարգ մը հմտութիւններ սորվեցնելը, երէց մը թերեւս ի՞նչ ուզէ ընել եւ ինչո՞ւ։

2 Որպէս երէց կրնաս համեմատուիլ պարտիզպանի մը հետ։ Հունտերը ցանելէն առաջ, պարտիզպանը թերեւս հարկ տեսնէ հողին մէջ սննդանիւթ աւելցնելու։ Նմանապէս, նուազ փորձառու եղբօր մը կարգ մը հմտութիւններ սորվեցնելէն առաջ, թերեւս հարկ տեսնես սուրբգրային սննդարար գաղափարներ փոխանցելու, որոնք իրեն պիտի օգնեն որ պատրաստ ըլլայ իր սորվածը կիրարկելու (Ա. Տիմ. 4։6

3. ա) Երբ մարզուողին հետ կը զրուցէ, մարզողը ինչպէ՞ս կրնայ գործածել Յիսուսին այն խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Մարկոս 12։29, 30–ի մէջ։ բ) Երէցին աղօթքը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մարզուողին վրայ։

3 Որպէսզի գիտնաս թէ մարզում ստացողը ո՛րչափ թոյլ տուած է որ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը իր մտքին ու սրտին ազդէ, թերեւս իրեն հարցնես. «Եհովային կատարած նուիրումդ ինչպէ՞ս ազդած է առած որոշումներուդ»։ Այդ հարցումը կրնայ իմաստալից խօսակցութեան մը դուռը բանալ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել (կարդա՛ Մարկոս 12։29, 30)։ Թերեւս խօսակցութեան աւարտին, աղօթք մը ընես՝ Եհովայէն խնդրելով որ մարզուողին հարկ եղած սուրբ հոգին տայ։ Եղբօր համար որքա՜ն քաջալերական պիտի ըլլայ, երբ լսէ թէ սրտանց իրեն համար կ’աղօթես։

4. ա) Նշէ Աստուածաշունչի հատուածներ, որոնք կրնան մարզուողին օգնել հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ բ) Մարզելու ատեն, երէցները ի՞նչ նպատակակէտ ի մտի ունին։

4 Մարզումի առաջին հանգրուանին, քննարկէ Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածներ, որոնք կրնան մարզուողին օգնել՝ յօժարակամ, վստահելի եւ խոնարհ ըլլալուն կարեւորութիւնը տեսնելու (Գ. Թագ. 19։19-21. Նէ. 7։2. 13։13. Գործք 18։24-26)։ Այս յատկութիւնները մարզուողին համար նոյնքան կարեւոր են, որքան սննդանիւթերը՝ հողին։ Անոնք եղբօր հոգեւոր աճը կ’արագացնեն։ Ֆրանսայի մէջ, Ժան–Քլոտ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մարզելու գլխաւոր նպատակակէտս է՝ մարզուողին օգնել հոգեւոր մտայնութիւն ունենալու։ Առիթներ կը փնտռեմ մասնայատուկ համար մը միասին կարդալու, որ մարզուողին ‘աչքերը բանամ’, որպէսզի Աստուածաշունչին բովանդակած ‘հրաշքները’ տեսնէ» (Սաղ. 119։18)։ Մարզուողը զօրացնելու ուրիշ ի՞նչ կերպեր կան։

ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԵՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՏՈՒՐ

5. ա) Մարզուողին հետ հոգեւոր նպատակակէտերու մասին խօսիլը ո՞րքան կարեւոր է։ բ) Երէցները ինչո՞ւ պէտք է պատանիները մարզեն (տե՛ս ստորանիշը)։

5 Մարզուողին հարցուր. «Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր ունիս»։ Եթէ որոշ նպատակակէտ մը չունի, իրեն օգնէ որ տրամաբանական եւ հասանելի նպատակակէտ մը դնէ։ Իրեն պատմէ թէ ինչպէ՛ս ատեն մը դուն ինքդ հոգեւոր նպատակակէտ մը դրիր եւ խանդավառօրէն ըսէ թէ որքա՜ն ուրախացար երբ հասար ատոր։ Այս կերպը թերեւս պարզ թուի, բայց ազդու մեթոտ է։ Ափրիկէի մէջ, Վիքթըր անունով երէց մը, որ նաեւ ռահվիրայ է, կը մտաբերէ. «Երբ պատանի էի, երէց մը ինծի լաւ–ընտրուած քանի մը հարցումներ ուղղեց նպատակակէտերուս շուրջ։ Այդ հարցումները ինծի օգնեցին, որ սկսիմ ծառայութեանս մասին լրջօրէն մտածել»։ Փորձառու երէցներ կ’ըսեն, թէ կարեւոր է եղբայրները պատանեկութենէն մարզել, անոնց տարիքին համապատասխան գործեր տալով ժողովքին մէջ։ Այս կանուխ մարզումը պատանի եղբայրներուն պիտի օգնէ, որ երբ երիտասարդութեան սեմին հասնին եւ դիմագրաւեն բազմաթիւ շեղումներ, իրենց աչքը հոգեւոր նպատակակէտերու վրայ սեւեռած պահեն (կարդա՛ Սաղմոս 71։5, 17) *։

Եղբօր բացատրէ թէ որոշ գործ մը ինչո՛ւ պէտք է կատարէ, եւ մինչ ատոր մէջ ջանք կը թափէ, գովասանքի խօսքեր յայտնէ (տե՛ս պարբերութիւն 5-8)

6. Յիսուս ի՞նչ կարեւոր մեթոտ մը գործածեց ուրիշները մարզելու։

6 Մարզուողին մէջ ծառայելու փափաքը նաեւ պիտի արթնցնես, երբ իրեն ոչ միայն ըսես թէ ի՛նչ ընէ, այլեւ՝ ինչո՛ւ ընէ։ Պատճառներ տալով, ընդօրինակած կ’ըլլաս Մեծ Ուսուցիչը՝ Յիսուս։ Օրինակ, առաջ որ իր առաքեալներուն աշակերտելու յանձնարարութիւնը տայ, Յիսուս հասկցուց թէ ինչո՛ւ պէտք է հնազանդին, ըսելով. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Ապա աւելցուց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18, 19)։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսի մարզելու կերպը ընդօրինակել։

7, 8. ա) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսի մարզելու կերպը ընդօրինակել։ բ) Մարզուող անհատը գովելը ո՞րքան կարեւոր է։ գ) Ի՞նչ թելադրութիւններ կրնան երէցներուն օգնել ուրիշները մարզելու (տե՛ս « Ուրիշները ինչպէ՛ս մարզել» շրջանակը)։

7 Երբ մարզուող անհատէն բան մը կը խնդրես որ ընէ, բացատրէ թէ ատոր ետին ի՛նչ սուրբգրային պատճառներ կան։ Այսպէս, իրեն սորվեցուցած կ’ըլլաս, որ Աստուածաշունչին սկզբունքներուն հիման վրայ գործէ։ Օրինակի համար, եթէ եղբօրմէն կը խնդրես որ Թագաւորութեան սրահին մուտքը մաքուր պահէ, կրնաս Տիտոս 2։10–ը նշել եւ բացատրել թէ իր գործը ինչպէ՛ս ‘պիտի զարդարէ մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը’։ Մարզուող եղբօրմէն նաեւ խնդրէ, որ մտածէ թէ իր այս գործը ինչպէ՛ս պիտի օգտէ ժողովքին տարեցներուն։ Մարզելու ընթացքին երբ այսպիսի խօսակցութիւններ կ’ունենաս, ասիկա եղբօր պիտի օգնէ որ մարդոց վրայ աւելի կեդրոնանայ քան՝ կանոններու վրայ։ Ան պիտի ուրախանայ, երբ տեսնէ թէ ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս կ’օգտուին իր ծառայութենէն։

8 Ասկէ զատ, միշտ գովէ մարզուող եղբայրը, երբ տուած թելադրութիւններդ կիրարկէ։ Ասիկա ո՞րքան կարեւոր է։ Ինչպէս որ ջուրը ծաղիկը կ’աճեցնէ, այնպէս ալ անկեղծ գովասանքը մարզուողին կ’օգնէ որ յառաջդիմէ (համեմատէ՛ Մատթէոս 3։17

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

9. ա) Բարգաւաճ երկիրներու մէջ կարգ մը երէցներ ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։ բ) Պատանի եղբայրներէն ոմանք ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը առաջին տեղը չեն դրած։

9 Բարգաւաճ երկիրներու մէջ երէցները թերեւս յաւելեալ մարտահրաւէր դիմագրաւեն. 20–ական եւ 30–ական տարիքի մէջ եղող եղբայրները ինչպէ՛ս մղել որ ժողովքային գործունէութիւններուն մէջ բաժին բերեն։ Արեւմտեան շուրջ 20 երկիրներու մէջ, փորձառու երէցներէ խնդրեցինք որ մեզի ըսեն, թէ ինչո՛ւ կը խորհին թէ երիտասարդ եղբայրներէն ոմանք կը քաշուին ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ընդունելէ։ Մեծամասնութիւնը ըսաւ որ եղբայրներէն ոմանք երբ դեռ դեռատի էին, իրենց ծնողներուն կողմէ չքաջալերուեցան որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեն։ Իսկ երբ կարգ մը պատանիներ ուզեցին աւելին ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, ծնողները զիրենք քաջալերեցին որ աշխարհի՛կ նպատակակէտեր հետապնդեն։ Այդ զաւակներուն համար ճշմարտութիւնը բնաւ առաջին տեղը չգրաւեց (Մատ. 10։24

10, 11. ա) Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ աստիճանաբար եղբօր մը օգնել, որ իր մտածելակերպը փոխէ։ բ) Ո՞ր համարները կրնան եղբայր մը խթանել որ աւելին ընէ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս ստորանիշը)։

10 Եթէ թուի թէ եղբայր մը փափաքը չունի ժողովքին մէջ աւելին տալու, շատ ջանք եւ համբերութիւն կը պահանջէ որ իր մտածելակերպը փոխուի, բայց անկարելի չէ։ Ինչպէս որ պարտիզպանը կրնայ որոշ բոյսերու աճը ճշդել ցօղունները հետզհետէ շտկելով, դուն ալ կրնաս որոշ եղբայրներու աստիճանաբար օգնել, որ հարկ տեսնեն առանձնաշնորհումներ ընդունելու նկատմամբ իրենց կեցուածքը փոխելու։ Բայց ինչպէ՞ս։

11 Ժամանակ տրամադրէ եղբօր հետ բարեկամանալու։ Թող գիտնայ թէ ժողովքը իրեն պէտք ունի։ Ապա, ժամանակի ընթացքին, իրեն հետ նստէ եւ որոշ համարներու վրայ պատճառաբանելով օգնէ իրեն, որ Եհովային կատարած իր նուիրումին մասին մտածէ (Ժող. 5։4. Եսա. 6։8. Մատ. 6։24, 33. Ղուկ. 9։57-62. Ա. Կոր. 15։58. Բ. Կոր. 5։15. 13։5)։ Թերեւս հարցնես. «Եհովային ի՞նչ խոստացար երբ իրեն նուիրուեցար»։ Փորձէ մարզուողին սիրտը խթանել, հարցնելով. «Ըստ քեզի, Եհովան ի՞նչ զգացած ըլլալու է երբ մկրտուեցար» (Առ. 27։11)։ «Սատանա՛ն ի՞նչ զգաց» (Ա. Պետ. 5։8)։ Ուշադրութեամբ ընտրուած համարներ կարդալը կրնայ խորապէս ազդել եղբօր. ասիկա բնաւ թեթեւի մի՛ առներ (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։12) *։

ՄԱՐԶՈՒՈՂՆԵ՛Ր, ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԷՔ

12, 13. ա) Եղիսէն ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց երբ կը մարզուէր։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս վարձատրեց Եղիսէն իր հաւատարմութեան համար։

12 Պատանի՛ եղբայրներ, ժողովքը ձեր օգնութեան պէտք ունի։ Ո՞ր կեցուածքը ձեզի պիտի օգնէ որ յաջողիք։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր, որոնք տեղի ունեցան վաղեմի մարզուողի մը հետ։

13 Գրեթէ 3000 տարի առաջ, Եղիա մարգարէն երիտասարդ Եղիսէն հրաւիրեց որ իր սպասաւորը ըլլայ։ Իսկ Եղիսէն անմիջապէս ընդառաջեց եւ հաւատարմօրէն ծառայեց տարեց մարդուն, համեստ գործեր կատարելով (Դ. Թագ. 3։11)։ Շուրջ վեց տարի մարզուելէ ետք, Եղիսէն իմացաւ թէ Իսրայէլի մէջ Եղիային գործը ամբողջանալու վրայ էր։ Այդ ատեն, Եղիան իր մարզուած ընկերակիցը յորդորեց որ դադրի իրեն հետեւելէ, բայց Եղիսէն երեք անգամ ըսաւ. «Ես քեզ չեմ թողուր»։ Ան որոշած էր կարելի եղածին չափ իր մարզողին քով մնալ։ Իսկ Եհովան, իր կարգին, վարձատրեց Եղիսէին հաւատարմութիւնը, անոր թոյլ տալով որ Եղիային հրաշալի մեկնիլը տեսնէ (Դ. Թագ. 2։1-12

14. ա) Այժմու մարզուողները ինչպէ՞ս կրնան Եղիսէն ընդօրինակել։ բ) Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ մարզուողը հաւատարիմ ըլլայ։

14 Ինչպէ՞ս կրնաք Եղիսէն ընդօրինակել։ Անմիջապէս ընդունեցէք նշանակումները, ներառեալ՝ համեստ գործերը։ Ձեր մարզողը բարեկամ նկատեցէք, եւ գիտցուցէք թէ ձեզի ի նպաստ իր տարած ջանքերը որքա՜ն կը գնահատէք։ Ձեր ընդառաջելով կարծես կ’ըսէք. «Ես քեզ չեմ թողուր»։ Ամէն բանէ աւելի, ձեզի յանձնուած որեւէ նշանակում հաւատարմօրէն կատարեցէք։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Որովհետեւ երբ երէցները ձեր հաւատարիմ եւ վստահելի ըլլալը տեսնեն, վստահ կ’ըլլան թէ Եհովան կ’ուզէ որ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնէք (Սաղ. 101։6. կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։2

ՅԱՐԳԵՑԷՔ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԵՐԷՑՆԵՐԸ

15, 16. ա) Եղիսէն ի՞նչ կերպերով յարգեց իր մարզողը (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Եղիսէն ինչո՞ւ միւս մարգարէներուն վստահութիւնը շահեցաւ։

15 Եղիսէին օրինակը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ այժմու եղբայրներ ինչպէ՛ս կրնան փորձառու երէցները յարգել։ Երիքովի մէջ խումբ մը մարգարէներու այցելութիւն տալէ ետք, Եղիան եւ Եղիսէն դէպի Յորդանան գետը գացին։ Հոն, «Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան»։ Գետը կտրեցին ու «խօսելով կ’երթային»։ Յստակ է որ Եղիսէն չէր խորհեր թէ այլեւս ամէն բան գիտէր։ Ան ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ Եղիային խօսքերը, մինչեւ որ ժամանակը եկաւ որ իր մարզողը երթայ։ Ապա, Եղիան մրրիկով երկինք բարձրացաւ։ Անկէ ետք, երբ Եղիսէն նորէն Յորդանան գետը պիտի կտրէր, Եղիային վերարկուն առաւ եւ ջուրերուն զարկաւ՝ ըսելով. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Ջուրերը դարձեալ բաժնուեցան (Դ. Թագ. 2։8-14

16 Նկատեցի՞ր որ Եղիսէին առաջին հրաշքը Եղիայի վերջին հրաշքին կրկնօրինակն էր։ Ասիկա ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։ Ակնյայտ է, որ Եղիսէն չխորհեցաւ թէ ղեկը այժմ իր ձեռքը ըլլալով, պէտք էր ուղղութիւնը անմիջապէս փոխէր։ Փոխարէն, ան իր մարզողը յարգեց, ծառայութեան մէջ անոր կերպը ընդօրինակելով. ասիկա միւս մարգարէներուն օգնեց որ իրեն վստահին (Դ. Թագ. 2։15)։ Յետագային սակայն, Եհովան Եղիսէն մղեց որ Եղիայէն շատ աւելի հրաշքներ գործէ իր 60 տարուան ծառայութեան մէջ իբրեւ մարգարէ։ Ո՛վ մարզուող, ի՞նչ դաս կրնաս քաղել ասկէ։

17. ա) Այժմու մարզուողները ինչպէ՞ս կրնան Եղիսէին կեցուածքը ընդօրինակել։ բ) Եհովան ժամանակի ընթացքին ինչպէ՞ս կրնայ մարզուող հաւատարիմ եղբայրները գործածել։

17 Մի՛ խորհիր թէ ժողովքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանալուդ պէս, պէտք է ուղղութիւնը փոխես, այսինքն՝ կարգ մը գործունէութիւններ բոլորովին ա՛յլ կերպով կատարես։ Ժողովքին կարիքները եւ Եհովայի կազմակերպութենէն մեր ստացած ցուցմունքներն են, որ կ’որոշեն թէ փոփոխութիւն ընելու պէտք կայ, եւ ոչ թէ քու փափաքդ։ Ինչպէս որ Եղիսէն Եղիային մեթոտներուն հետեւելով զինք յարգեց եւ միւս մարգարէներուն վստահութիւնը շահեցաւ, դուն ալ կրնաս փորձառու երէցները յարգել՝ իրենց աստուածաշնչական մեթոտներուն հետեւելով, եւ այսպէս հաւատակիցներուդ վստահութիւնը շահիլ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։17)։ Բայց մինչ փորձառութիւնդ կ’աւելնայ, վստահաբար բաժին պիտի բերես որոշ փոփոխութիւններ կիրարկելու մէջ, որոնք ժողովքին պիտի օգնեն Եհովայի յառաջդիմական կազմակերպութեան հետ քայլ պահելու։ Եղիսէին պարագային պէս, թերեւս Եհովան ժամանակի ընթացքին քեզ ալ մղէ, որ մարզողէդ աւելի մեծ գործեր ընես (Յովհ. 14։12

18. Ժողովքներուն մէջ եղբայրները մարզելը ինչո՞ւ նախապատուութիւն մըն է։

18 Կը յուսանք որ այս եւ նախորդ յօդուածին առաջարկները աւելի մեծ թիւով երէցներ մղեն, որ ուրիշները մարզելու ժամանակ յատկացնեն։ Կը մաղթենք որ որակեալ եղբայրներ ուրախութեամբ այդպիսի մարզում ընդունին եւ ապա զայն իմաստունօրէն գործածեն, մինչ Եհովային ոչխարներուն հոգ կը տանին։ Այս մարզումը աշխարհի տարածքին ժողովքները պիտի զօրացնէ եւ իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ, որ գալիք նշանակալից դէպքերուն ընթացքին հաւատարիմ մնանք։

^ պարբ. 5 Եթէ պատանի մը ցոյց տայ թէ քրիստոնէական հասունութիւն ունի, խոնարհ է եւ սուրբգրային միւս որակումներուն գոհացում կու տայ, երէցները կրնան յանձնարարել որ օգնական ծառայ նշանակուի, նոյնիսկ եթէ տակաւին 20 տարեկան չէ (Ա. Տիմ. 3։8-10, 12. տե՛ս մայիս 2000–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ «‘Առաջ թող փորձուին’. ինչպէ՞ս» յօդուածը)։